Wednesday 21 05 2014 volume # 9 issue # 93

Page 1

Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 93 էջ 1

è²Î زØàôÈ

ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Օրուայ Յօդուածը

ՌԱԿ-ի Լուրեր Լոս Անճելըս, ԱՄՆ Անուշ Նագգաշեանի Հետ (Տեսնել՝ էջ 4)

Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան - Յաճելի Երեկոյ Արա Էլէն Արզումանեանի Հետ «The Joy Of Eating» (Տեսնել՝ էջ 9)

-

Հայկազեան Համալսարանի մէջ «Լիբանանի Հայերը» Բ. Գիտաժողովը Եզրափակուեցաւ «Պատմական Պտոյտ Մը Պուրճ Համուտի Մէջ» Դասախօսութեամբ

ՀԱՅԱՍՊԱՆԱԳԻՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՅՈՎՍԷՓ ԱՐԹԻՆԵԱՆ Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայկական Բանասիրականի դասընկերներէս երկուքին` Վաչէ Եփրեմեանի եւ Մարգարիտ Եսայեանի /առաջինը աւաղ յետ մահու/ հրատարակած գիրքերը, նախապէս "Զարթօնք"ի մէջ ներկայացնելու առիթը ունեցայ:

ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ ragmamoul@gmail.com

Այժմ պիտի փորձեմ ներկայացնել նոյնպէս համալսարանական այլ դասընկերոջ մը` Յարութիւն Յարութիւնեանի իւրայատուկ գրական բերքը: Իւրայատուկ, որովհետեւ ան հայերէնի կողքին կը ստեղծագործէ նաեւ սպաներէն, Սպանիա փոխադրուելէ ետք լաւապէս տիրացած ըլլալով այդ երկրի լեզուին, որուն փաստը սպաներէնով բանաստեղծական վեց հատորներ հրատարակելն է եւ տասը հատ ալ անտիպ հատորներ ունենալը, ինչպէս նաեւ սպաներէնի այնքան լաւ իմացութիւնը, որ Սպանիոյ մէջ համալսարանի գրականութեան դասախօս է: Խօսքը տանք իրեն /մէջբերում նամակներէ/:

www.facebook.com/RAGmamoul

Բարեւ Յովսէփ, ծնուել եմ 1953 թ. Ապրիլի 20-ին, Էջմիածնի նախկինում Ակնաշէն գիւղում, սովորել եւ

(Տեսնել՝ էջ 11)

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան:


Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 93 էջ 2

աւարտել եմ այդ գիւղի միջնակարգ դպրոցը, սովորել եմ /արդէն գիտես/ Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայկական Բանասիրականում: Հիացումս եղել է սպանացի բանաստեղծ Ֆրետերիքօ Կարսիա Լորքայի բանաստեղծութիւնը: Աշխատել եմ որպէս մանկավարժ Էջմիածնի այն օրերին Ներսիսեան ճեմարան կոչվող դպրոցում, երկրի փլուզումից յետոյ /նկատի ունի Խորհրդային Միութիւնը, Յ.Ա./ երկու տարի զբաղուել եմ հողագործութեամբ, այնուհետեւ մեկնել եմ Սպանիա 1996 թ., նպատակս էր ծանօթանալ տեղի մշակոյթին ու լեզուին, որը եղել էր ցանկալի երիտասարդ տարիներիցս:

Յարութիւն Յարութիւնեան

Սպանիա եկայ, կարճ ժամանակում ընկերացայ իսպանացի երկու ընտանիքի հետ ու նրանց օգնութեամբ ընտանիքս էլ տեղփոխվեց եւ մինչեւ օրս ապրում եմ այստեղ. սկզբում զբաղուել եմ տարբեր արհեստներով, 2000 թ. լոյս ընծայեցի սպաներէնով իմ առաջին գիրքը` "Սիրոյ խճանկար" վերնագրով, 2002 թ. "Անձրեւը գնացքների կայարանում", ապա "Չմոռացուող կամ անմոռանալի յուշեր", մանկական գիրք` "Հսկում է կատուն", "Հեռացար արեւի հետ", "Արթիսթը", "Արեւի հետ" /հայերէն սպաներէն/: Անտիպ ունեմ տաս գրքեր, "Անսպառ լոյս", "Որդեգրած հող", "Երազուած լուսաբացներ", "Սիրոյ թրթիռներ", "Իմ պարտէզի երկինքը", "Գրուած ճակատագիր", "Սեւ ծովեան խճանկարներ", "Մոռացուած կայան", "Փշրուած գիշեր" եւ "Ստուերը ժամանակի", որոնք տպագրելու եմ հայերէն ու սպաներէն: Նաեւ սպաներէնից հայերէն եւ հակառակը բանաստեղծութիւնների թարգմանութիւններ եմ կատարում: Ապրում եմ Սեվիլիա քաղաքում, որեւէ խմբակցութեան չեմ մասնակցում, ուղղակի կապ ունեմ մի շարք լրագրողների եւ հրատարակիչների հետ, յօդուածներ են գրուել իմ եւ գործերիս մասին, առաջինը 2000 թ.Սեվիլիաի "Տիարիօ տէ Սեվիլիա" /"Diario de Sevilla"/ օրաթերթում, յետոյ "ABC" թերթում, "Էլ Մունտօ" /"El Mundo"/ շաբաթաթերթում: Հերթական գրքերի հրատարակութեանը զուգահեռ գրուել են շատ յօդածներ, չեմ կարող բոլորը ներկայացնել. հիմնականում շեշտը դրուել է այն հանգամանքի վրայ, թէ ինչպէ՞ս եմ ուրիշ լեզուով իմ մայրական լեզուի նման գրում, զարմացել են, որ այդքան կարճ ժամանակում սպաներէն լեզուն սովորել եմ, դա արդէն հայերէնի ու հայերի իւրայատկութիւներից է, կենսագրական

հարցեր են շոշափում, եւայլն: Ստորեւ կը ներկայացնեմ Յարութիւն Յարութիւնեանի "Արեւի հետ" հայերէն սպաներէն երկլեզուանի գիրքէն "Իմ Մայրը" բանաստեղծութեան պատճէնը: Ներքեւի լուսապատճէնն ալ ցոյց կու տայ սպանական "Ալֆրետօ Վալենզուելա ԷՖԷ" /"Alfredo Valenzuela, EFE"/ թերթին մէջ, որ լրատուական ընկերութիւն մըն է զանազան թերթերու եւ օրաթերթերու ընդգրկումով, ներառեալ հեռատեսիլի համար, որուն անուանման հապաւումն է EFE/ ներկայացումը մեր հայրենակիցին ու


Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 93 էջ 3

անոր գործին, նշելով անոր հայ ըլլալն ու մասնագիտական յատկութիւնները, որ ապացոյցն է վերը ըսուածին:

Հպանցիկ ներկայացնելով հայասպանագիր բանաստեղծ Յարութիւն Յարութիւնեանը, յուսամ յաջողեցայ ամփոփ ձեւով մատուցել իր գրական գործը: Յաջողութեան մաղթանքներ եւ գրական նորանոր ակնկալիքներ սպանաբանակ մեր արժէքաւոր հայրենակիցէն:

Պէյրութ, Լիբանան

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները ՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ ragmamoul@gmail.com Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:


Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 93 էջ 4

ՌԱԿ-ի Լուրեր Լոս Անճելըս, ԱՄՆ

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆԻ ՀԵՏ ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ Արեւմտահայերէնի ճակատագիրով մտահոգ լոսանճելըսահայութեան համար, Չորեքշաբթի, Մայիս 14-ի երեկոն հերթական դեղամիջոցը եղաւ երկարելու համար «Արեւմտահայերէն» կոչուող «հիւանդ»ին կեանքը: Մենք՝ գրող թէ ընթերցող, խօսող թէ լսող, մէկական բժիշկներ ենք, բուժքոյրեր ու բուժակներ, հող, ջուր եւ սնունդ հասցնողներ մեր սիրելի հիւանդին: Ան մահամերձ չէ... տակաւին: Այո, տակաւին...

Բանաստեղծուհին՝ Անուշ Նագգաշեան

Առաջնորդարանի Գալայճեան սրահին մէջ Անուշ Նագգաշեանի հետ հանդիպելու, անոր ստեղծագործութիւններուն աւելի մօտէն ծանօթանալու, ջուրը աղբիւրէն խմելու օրն էր այդ երեկոն՝ կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ հովանաւորութեամբ ու գործակցութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմին, գլխաւորութեամբ բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի: Ներկայ էին մեծ թիւով սաղիմահայեր, մտաւորական փաղանգ մը, հոգեւորականներ, միութենականներ, գրասէր լայն հասարակութիւն մը:


Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 93 էջ 5

Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Օրուան հանդիսավարն էր մեր բեմերուն վարպետ Պրն. Բարսեղ Գարթալեան, որ ամենայն պատասխանատուութեամբ վարեց օրուան յայտագիրը: Ներկայացնելէ ետք Երուսաղէմէն Լոս Անճելըս ժամանած բանաստեղծուհի, հասարակական գործիչ, մեծ հայրենասէր Անուշ Նագգաշեանը, հրաւիրեց ազգային-հասարակական գործիչ Պրն. Արա Ահարոնեանը, որպէսզի ներկայացնէ Նագգաշեան ազգայինհասարակական գործիչը:

Բարսեղ Գարթալեան


Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 93 էջ 6

Ահարոնեան անդրադարձաւ Անուշ Նագգաշեանի կեանքի հանգրուաններուն՝ Կազայէն Երուսաղէմ, Երեւան, Փարիզ եւ այսօր՝ «ջուրի ճամբու» վերածած Երուսաղէմ-Երեւան երթուղին, որ աւիշ ու կեանք կը ներարկէ բանաստեղծուհիին մէջ, իմաստաւորելով անոր կեանքը, հայ կեանքը, հայու կեանքը: Ահարոնեան անդրադարձաւ Նագգաշեանի հրատարակած գիրքերուն, Երուսաղէմի մէջ բանաստեղծուհիին հասարակական կեանքին՝ ինչպէս ՀԵՄ-էն ներս, խօսեցաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անոր անդամութեան եւ ազգային այն շունչին մասին, որ ի՛րն է, Անուշինն է, եւ միաժամանակ մերն է, բոլորիսն է:

Արա Ահարոնեան

Երկրորդ բանախօսն էր հանրածանօթ հասարակական գործիչ, "The Armenian Observer" շաբաթաթերթի խմբագիր Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, որ կեդրոնացաւ բանաստեղծուհիին գրական վաստակին վրայ: Քէշիշեան մէջբերումներ կատարելով Նագգաշեանի բանաստեղծութիւններէն, նմոյշներ հրամցուց, երեւան հանելով ոճական թէ կառուցային կազմութիւնները անոր ստեղծագործութիւններուն: Իսկ թեմանե՞րը՝ հայրենասիրութիւն, սէր՝ իր ընդհանրութեան մէջ, հայ մշակոյթ, գրականութիւն, մէկ բառով՝ Արմենիզմ է Անուշի փիլիսոփայութիւնը. սէր եւ հայկականութիւն: Թէ՛ հայաստանեան ուսանողական տարիները եւ թէ անկէ ետք կատարած այցելութիւնները, քաղաքացիութիւն ստանալը, այս բոլորը կոփած են Նագգաշեանի մէջ այն հայը, սփիւռքահայը որ է ան այսօր: Իր մէջ կը տեսնենք նաեւ իգական սեռի ներկայացուցիչը մեր մտաւորականութեան, եւ Քէշիշեանի իսկ խօսքերով՝ «տառապանքներէ կ'անցնի ան, բայց կը մնայ ներող, լաւատես, համամարդկային». երկու բառով, Քէշիշեան ըսաւ՝ «Երուսաղէմ եւ Արարատ», ահա թէ ուր է բանաստեղծուհիին հոգին: Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխացուցին իգական սեռի ներկայացուցիչները: Նախ՝ մայր ու դուստր Սօսի եւ Սալբի Քըրքունեաններ («Երկնային Տաղեր») իրենց յատուկ զգայնութեամբ, տաւիղով ու սրինգով դիւթեցին ներկաները ժողովրդական եղանակներով:


Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 93 էջ 7

Ապա, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի Տիկին Նազելի Գոճայեան խոր ապրումով ընթերցեց Նագգաշեանի «Ծաղիկները» եւ «Ըսէ» բանաստեղծութիւնները, արժանանալով մեծ գնահատանքի: 2014 էջ 1

9րդ Տարի, Թիւ 93

Նազելի Գոճայեան


Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 93 էջ 8

Հանդիսավար Բարսեղ Գարթալեան ընթերցեց ողջոյնի գիրը Արժ. Տէր Արշակ Աւագ Քահանայ Խաչատուրեանի եւ հրաւիրեց բանաստեղծուհիին ԵՊՀ-ի ուսանողական տարիներու սերնդակից մտաւորականներէն Յովսէփ Նալպանտեանը փոխանցելու համար սրտի իր խօսքը: Պահը հասաւ լսելու օրուան մեծարեալ Անուշին անուշ խօսքերը: Ան իր խօսքը համեմեց կարդալով իր գործերէն, պատառիկներ ծնողքին ուղղուած նամակներէ, ինչպէս նաեւ մանկութեան տարիներու յուշեր, երեւան բերելով ի՛ր Երեւանը, ի՛ր եւ մեր Հայաստանը, երէկուան Սովետականը, այսօրուան իրականը, սրբավայր Երուսաղէմն ու հայկական Երուսաղէմը: Ամէն ինչ իր գինը ունի, իսկ սրբութիւնը անգին է, ըսաւ ան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտի խօսքով ու աղօթքով վերջ գտաւ գրական եզակի այդ երեկոն: Յովնան Արքեպիսկոպոս վեր հանեց Նագգաշեանի գրական արժանիքները եւ «Հայաստանակարօտ» բառով սահմանեց ու մկրտեց Անուշն անոր գրական վաստակը: Անուշ Նագգաշեան Լոս Անճելըս այցելութեան այս օրերուն հանդիպումներ կ'ունենայ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան հետ, ներկայացնելով բանաստեղծութիւններու իր նոր գիրքը՝ «Ես հայ եմ», ուղղուած դպրոցական տարիքի մեր տղոց ու աղջիկներուն: Բարի կեցութիւն կը մաղթենք ազնիւ ու անուշ մեր Անուշին: 1


Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 93 էջ 9

Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան ՅԱՃԵԼԻ ԵՐԵԿՈՅ ԱՐԱ ԷԼԷՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

«THE JOY OF EATING» Ուրբաթ 16 Մայիս 2014ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, ՀԲԸՄ Տեմիրճեան Կեդրոնի Ասպետներու սրահը լեցուն էր հոծ բազմութեամբ, որոնց շարքին կը գտնուէր ՀԵԸի զանազան վարչութիւններէ անդամներ, որոնք հետաքրքրուած ըլլալով իրենց առողջութեամբ եկած էին ներկայ գտնուելու ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Վեթերան Սկաուտներու Համախմբումի Վարչութեան կազմակերպած «The Joy Of Eating» խորագրով դասախօսութեան. նորութիւններ սորվելու նպատակով: Սոյն ձեռնարկին դասախօսն էր Պրն. Արա Էլէն Արզումանեանը որ դարձեալ ՀԵԸ վեթերան սկաուտ է:

էջ 1


Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 93 էջ 10

Միջոցառման բացումը կատարեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Վեթերան Սկաուտներու Համախմբման ատենապետուհի Տիկ. Մայտա Քիւրէճեանը: Իր խօսքին մէջ ան ներկայացուց Պրն Արզումանեանի կեանքը եւ անոր գործունէութիւնները սննդագիտական աշխարհէն ներս: Ապա, շուրջ 25 վայրկեան տեւողութեամբ Պրն Արզումանեան ճոխացուց մթնոլորտը, խօսելով առողջապահական սնունդի մասին ինչպէս նաեւ ան ներկաներուն հետ կիսեց իր ունեցած փորձառութիւնները, զանազան երկիներու մէջ: Ձեռնարկին աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն, իրենց հարցումները ուղղելու Պրն Արզումանեանին, որոնց բոլորին ալ սիրայօժար պատասխանեց ան: Տիկ. Մայտա Քիւրէճեանը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք օրուայ զեկուցաբերին տեղի ունեցաւ աղցանի եւ գինիի հիւրասիրութիւն: Յաճելի զուգադիպութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ կարկանդակի հատում, որովհետեւ այդ օրը կը զուգադիպէր Պրն Արզումանեանի 47րդ տարեդարձը:

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան


Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 93 էջ 11

Հայկազեան Համալսարան

«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԵՐԸ» Բ. ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ «ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ» ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՄԲ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Լիբանանի հայերը» Բ. գիտաժողովի ծիրին մէջ, ուրբաթ, 16 Մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտը ներկայացնող դասախօսութիւն-ներկայացում մը:

միջնաբերդի տարիներ:

Վիգէն Աւագեան ներկայացուց «Պատմական պտոյտ մը Պուրճ Համուտի մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի զարգացման պայմաններուն եւ հանգրուաններուն: Ապա սահիկներու օգնութեամբ Վիգէն Աւագեան ներկայացուց Պուրճ Համուտի հիմնադրութեան եւ կազմաւորման տարիներէն մինչեւ այսօր երկարող հանգրուանային պատկերը, ան անդրադարձաւ 19291939 ժամանակաշրջանի կազմաւորման տարիներու հանգրուանին, ապա ներկայացուց Պուրճ Համուտի բնակչութեան 1939-1952 տարիներու ապրած տագնապի եւ խարխափումի հանգրուանը, որուն անմիջապէս յաջորդեց 1952-1975 ժամանակաշրջանը, որ Վիգէն Աւագեանի ներկայացուցած արժեւորումով կը ներկայացուէր իբրեւ բարգաւաճման եւ հայեցի դիմագիծը վերագտնելու հանգրուան, իսկ յաջորդող ժամանակաշրջանը` 1975-1990` իբրեւ ազգային

Վերջին բաժինով Վիգէն Աւագեան ներկայացուց 1990-էն մինչեւ այսօր երկարող ժամանակաշրջանը: Բոլոր հանգրուաններու ներկայացման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանահայութեան, յատկապէս Պուրճ Համուտի մէջ տիրող կրթական, մշակութային, միութենական, հոգեւոր դաստիարակութեան եւ քաղաքական-կուսակցական երեսներուն: Կեդրոնանալով վերջին հանգրուանին վրայ` դասախօսը ներկաներուն պարզեց Պուրճ Համուտի դիմագրաւած այսօրուան դժուարութիւնները` ընդգծելով, որ «Պուրճ Համուտը այսօր կը գտնուի իր սեփական ինքնութիւնն ու դիմագիծը կորսնցնելու լուրջ վտանգի տակ: Դիմագրաւուած մարտահրաւէրները մեծ են եւ կ՛ենթադրեն մեծ ճիգեր, Պուրճ Համուտը պէտք է մնայ ուժեղ եւ կազմակերպ ոչ միայն լիբանանահայութեան համար, այլեւ` բովանդակ հայութեան շահերուն համար», շեշտեց Վիգէն Աւագեան: Նշենք, որ դասախօսութեան յաջորդեց Պուրճ Համուտին նուիրուած լուսանկարներու եւ 1950-1970-ականներու լիբանանահայ երգիչներու եւ երգչախումբերու ձայնասկաւառակներու ցուցահանդէսի բացումը:

ԾԱՆՕԹ՝ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ ragmamoul@gmail.com


Սիրելի ընթերցող, ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր նամակները: Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի ըլլայ որոշ խմբագրումի:

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space. Send a Letter to the Editor to: ragmamoul@gmail.com


Advertise in

è²Î زØàôÈ Make it reach to our 25000+ worldwide subscribers everyday

Promotional Price List Duration Yearly Contract Monthly Contract

Weekly Contract

Daily Contract

Size

Price

Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner

US 999$ US 599$ US 399$ US 199$ US 149$ US 59$ US 159$ US 59$ US 29$ US 59$ US 29$ US 9$ (Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact: ragmamoul@gmail.com RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round






ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ: Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան: MONTH, YEAR VOL # ISSUE # Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Խմբագրական Կազմ՝ ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ) ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս) ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան) ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա) ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա) ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ) ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա) ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին) Վարչական Պատասխանատու՝ ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800 ե-նամակ՝ ragmamoul@gmail.com

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a variety of lively and realistic settings. It gives to young learners a sound and enjoyable introduction to the presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email: cadmusproject.leb@gmail.com


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.