Monday 23 06 14, volume # 9 issue # 116

Page 1

Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 116, էջ 1

è²Î زØàôÈ

ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Օրուայ Յօդուածը

Լուրեր Սփիւռքէն Օքլընտ Կարտընզ – Նիւ Եորք Նիւ Եորքի Սնավ-ի Հիւրերը` Արտա Եւ Հրայր Ճէպէճեաններ (Տեսնել՝ էջ 3)

ՍինկափուրՀայկական Խաչքար Սինկափուրի Մէջ (Տեսնել՝ էջ 7)

Ֆրանսա 50 Հազար Եւրօ Քեսապի Հայկական Վարժարաններուն Նորոգութեան Համար (Տեսնել՝ էջ 8)

Մշակութային Էջեր Ղազարոս Աղայեանի “Անահիտ” Հեքիաթի Հիման Վրայ Մանուկներու Համար Ֆիլմ Նկարահանուած Է (Տեսնել՝ էջ 9)

ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ ragmamoul@gmail.com

www.facebook.com/RAGmamoul

ՀԱՅ ՈՍԿԵՐՉՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՒՈՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ ԵՒՍ…

ՖՈՒԹՊՈԼԻ «ՄՈՆՏԻԱԼ»Ի ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ՝ ՀՈԼԻՎՈՒՏԵԱՆ «ԳԵՐ-ԱՍՏՂ» ՃԵՆԻՖԸՐ ԼՈՓԵԶ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՆԱՒ ԶԱՐԴԱՐՈՒԱԾ «ԵՓՐԵՄ» ՈՍԿԵՐՉԱԿԱՆ ՏԱՆ ԳՈՀԱՐԵՂԷՆՆԵՐՈՎ… ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ Շաբաթ մը առաջ, 12 Յունիս 2014-ին, Պրազիլի Սաօ Փաուլօ “մեկաՊոլիս”ին մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի «Մոնտիալ»ի բացման հանդիսութեան, բազմահազար ներկաներու եւ բազմամիլիոն հեռուստադիտողներուն վերապահուած էր անակնկալ մը եւս։ Հոլիվուտի երգարուեստի, պարարուեստի ու սինեմարուեստի “փայլատակող աստղ” Ճենիֆըր Լոփեզ, ելոյթ ունեցաւ զարդարուած… «ԵՓՐԵՄ» ոսկերչական տան գոհարեղէններով։ Իր հիմնադրութեան 50 ամեակին առիթով, պահպանելով հայ ոսկերչութեան դարաւոր եւ փառաւոր աւանդոյթները, Լիբանանի «ԵՓՐԵՄ» ոսկերչական տունը “փոթորիկ” յառաջացուց Հոլիվուտի մէջ, մասնակցելով շարք մը միջազգային ցուցահանդէսներու։ «ԵՓՐԵՄ»ի ստեղծագործութիւններով հիացան եւ զարդարուեցան նաեւ արուեստի եւ երգարուեստի աշխարհահռչակ դէմքեր՝

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան:


Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 116, էջ 2

Ռիհաննան, Մատոննան, դերասանուհի գեղեցկուհի Քէյթի Փերի, որ “հայկական” ոսկեայ զարդեղէններով նկարահանուեցաւ «V Magazine»ի համար։ Անոր հետեւեցան Միրանտա Լեմպըրթը, շողշողալով «ԵՓՐԵՄ»եան օղերով եւ մատանիներով, CMT-ի 2014 թուականի մրցանակաբաշխութեան։ Մինչ՝ երկու առիթներով ալ, Victoria Secret-ի երկու “հրեշտակներ”՝ Ատրիանա Լիման եւ Քառլի Քլոզ նոյնպէս ելոյթ ունեցան հայ ոսկերչական տան “գլուխ-գործոց”ներով…։ Այժմ, հոլիվուտեան թէ արտասահմանեան “աստղահոյլ”երու շարքը կ’երկարի, որոնք ցանկութիւն յայտնած են մեր երկրագունդի լաւագոյն՝ հայ ոսկերչութեան արժանի ներկայացուցիչներէն՝ «ԵՓՐԵՄ»ի հիանալի ադամանդակուռ եւ գոհարազարդ ստեղծագործութիւնները կրելու։ Մաղթենք որ այս յաղթարշաւը շարունակուի, ի փառս 4000ամեայ պատմութիւն ունեցող հայ ոսկերչութեան դպրոցին ու շնորհապարտ վարպետներուն։

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան


Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 116, էջ 3

Լուրեր Սփիւռքէն Օքլընտ Կարտընզ – Նիւ Եորք

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍՆԱՎ-Ի ՀԻՒՐԵՐԸ` ԱՐՏԱ ԵՒ ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆՆԵՐ ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Քանի մը տարի առաջ էր, Միացեալ Նահանգներու այս ափին ելեկտրոնային կապով ուշադրութիւնս գրաւեց Կիպրոսէն հասնող խիստ շահեկան, հայերէնով ուսումնասիրութիւն մը` դոկտ. Արտա Ճէպէճեան ստորագրութեամբ, «Երանի ծնողքս հայերէն սորվեցուցած ըլլային ինծի» վերնագիրով: Նոյն շաբաթն իսկ հանգուցեալ լրագրող եւ թարգմանիչ Արիս Սեւակ անգլերէնի թարգմանուած պատճէնը կը ղրկէր յօդուածին շահեկանութեան համար եւ մանաւանդ` հայերէն չկարդացողներուն ուշադրութեան յանձնելու: Շատ չանցած` Հրայր Ճէպէճեանի ստորագրութեամբ մակագրուած հատոր մը հասաւ ինծի` «ՀԱՅՈՒՆ ԳՈՅԱՊԱՅՔԱՐԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ» ընդհանուր խորագրով: Հալէպցի ըլլալուս, Ճէպէճեան գերդաստանին անունը ծանօթ էր: Հալէպի մէջ ակնաբուժ տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեանը հանրածանօթ մասնագէտ մըն էր: Միջին Արեւելքի մէջ դեռ 50-ականներուն կոյր մարդու մը տեսողութիւն տուած էր` նոր մահացած մէկուն աչքէն «լոյս»-ը անմիջապէս հանելով եւ այդ աչազուրկին պատուաստելով: Հրաշքի համազօր երեւոյթ էր, որ այդ օրերուն յաջողեցաւ:


Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 116, էջ 4

Հայ թէ արաբ տուներէն ներս բերնէ բերան ճամբորդող, հիացմունքով խօսուող (Դիմատետրի չգոյութեան) ամենատաք նիւթն էր: Իսկ մեր մանուկ հոգիներուն մէջ հպարտութիւնը անսահման էր: Ճէպէճեան մականունով հալէպեան յուշերն էին, որ յորդիլ սկսան: Ունէի դասընկերներ, որոնք բոլորն ալ վերապրողներու զաւակ` հպարտ եւ յաջողակ այնթապցիներ էին: Հաւանաբար բոլորն ալ` նոյն արմատէն սերած: Երբ ուսուցչութեան սկսայ Հալէպի «Այնթապու կրթասիրաց վարժարան»-ին մէջ (1965-ին), քանի մը ամիս ետք խնամակալութեան երէց ատենապետ Սարգիս Ճէպէճեանը մահացաւ: Ամբողջ դպրոցով` աշակերտներ, ուսուցչական կազմ եւ տնօրէնութիւն, թափօր կազմած, դագաղին ետեւէն քալեցինք մինչեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի (Քառասուն Մանկանցի շրջափակին մէջ նախկին եկեղեցին)` առ ի յարգանք վարժարանի արժանաւոր հոգաբարձու-խնամակալին: Կորսուած հարազատներ գտնելու չափ հաճելի էր կապ հաստատել նոր սերունդի ներկայացուցիչ Ճէպէճեան ամոլին հետ: Քաղաքացիական-ընկերային կապերէն աւելի` զիս հիմա կը հետաքրքրէր այս երկու արժէքաւոր մասնագէտներուն ներդրումը մեր այս օրերու արտասահմանեան կեանքին մէջ: Ծանօթ ամոլին ստորագրութեամբ մէկը միւսին յաջորդող ուսումնասիրուած հետաքրքրական յօդուածներ սկսան երեւիլ (կամ` իմ աչքէս չփախչիլ) մեր անգլիատառ թէ հայատառ մամուլին մէջ. դոկտ. Արտա Ճէպէճեան «Denial of Genocide: History or Politics» Dr. Arda Jebejian, Հրայր Ճէպէճեան` «Համաշխարհայնացումը` ազգային-մշակութային ինքնութեան վերացո՞ւմ, թէ՞ վերանորոգում»: Կիպրոսէն Միացեալ Նահանգներ ճամբորդող եւ արտասահմանեան մամուլին մէջ երեւցող այս անունները զիս աւելի եւս մօտեցուցին այս մասնագէտներուն: Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի (ՍՆԱՎ) ընտանիքն ալ կ՛արժէր, որ ծանօթանար այս արժէքաւոր մասնագէտներուն: Մանաւանդ մեր օրերու ծնողներուն միտքը յուզող, հրատապ հարցեր շօշափող նիւթեր էին ներկայացուելիքները: Չորեքշաբթի, մայիս 14, 2014-ի երեկոյեան, Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեանները հրաւիրուած էին ՍՆԱՎ-ի ընտանիքին հետ հանդիպումի մը: Հակառակ անոր որ միմիայն մէկ շաբաթով կը գտնուէին Նիւ Եորք, անոնք յանձն առին հանդիպիլ վարժարանի ընտանիքին հետ: Ընկերալեզուաբան Արտա Պոյներեան-Ճէպէճեանը իր դոկտորականը ստացած է Անգլիայէն (University of Leicester, UK): Ան այժմ դասախօս է Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ համալսարանին ընկերային գիտութիւններու ամպիոնին մէջ: Դոկտոր Արտան իր լուրջ ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ հիմնուելով եւ սահիկներու օգնութեամբ ցոյց տուաւ, թէ որքան սխալ պիտակներ կը շրջին տակաւին նոյնիսկ ներկայ ընկերութեան մտածելակերպին մէջ, թէ` «Երկլեզու անհատը անբախտ է, դիւրին գործ չի կրնար գտնել տուեալ ընկերութեան մէջ, ապուշ է, ստորակայութեան բարդոյթ կ՛ունենայ, գաղթական կամ աղքատ փոքրամասնութեան կը պատկանի. եւ այլն»:

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ ragmamoul@gmail.com Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:


Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 116, էջ 5

Մատը մեր ազգային վէրքին վրայ դնելով` դոկտոր Արտան անդրադարձաւ մտածելակերպին այն հայ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն ականջը կը լեցնեն` ըսելով, թէ` «Հայերէնը հաց չի կերցներ», «Հայերէնը միջազգային լեզու չէ», եւ բնական է, որ նոր սերունդէն պիտի լսենք` «Հայերէնի ուսուցիչ չեմ ուզեր ըլլալ, հայերէնը յետամնաց եւ անօթի կը պահէ»: Հակառակ անոր որ դոկտոր Արտային ուսումնասիրական աշխատանքները գլխաւորաբար կեդրոնացած էին Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան վրայ, բայց պատկերը նոյնը չէ՞ արդեօք հայ կեանքին մէջ քիչ մը ամէնուրեք: Մինչ այդ պէտք է հասկնալ ե՛ւ հասկցնել, թէ միմիայն մայրենի՛ լեզուի հասկացողութեամբ է, որ մենք մեզ արմատներուն մօտ կրնանք զգալ` ըմբռնելու համար մեր պատմութեան խորքը, գրականութեան նրբութիւնը, եւ մեր զաւակները պիտի կարենան հայ երաժշտութեան հայեցի թրթռացումներով հաղորդուիլ, մեր հարուստ մշակոյթով հպարտանալ: Խիստ հետաքրքրական պատկեր կը ներկայացնէր այն սահիկը, որ դոկտ. Արտան պաստառի վրայ պահեց քանի մը վայրկեան` առ ի գիտութիւն բոլոր ազգութիւններու ծնողներուն: Անկէ հետեւցնելով ահաւասիկ պատկեր մը. ուսումնասիրուած է, որ եթէ կարելի ըլլայ աշխարհի բոլոր լեզուները խօսող անհատները յարաբերաբար ճիշդ թիւով ներկայացնել ՀԱՐԻՒՐ հոգինոց հաւաքոյթի մը մէջ, պիտի տեսնենք, որ այդ հարիւրէն 17 հոգին չինարէն կը խօսի, 6-ը սպաներէն, 5-ը անգլերէն, 4-ը հինտու, 3-ը արաբերէն, 3-ը պենկալի, 2-ը ռուսերէն… եւ այսպէս… Հայ ծնողներուն կը մնայ որոշել, թէ ո՛ր մեծամասնութեան լեզուին պէտք է հետեւիլ… իրենց զաւակներուն «ապագայ մը ապահովելու» համար: Նոյն երեկոյեան ներկաները վայելեցին նաեւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին ամփոփ ելոյթը: Ճիշդ նոյն օրը Հրայր Ճէպէճեան պաշտպանելով իր թեզը` արժանացած էր դոկտորական վկայականին, Նիւ Եորքի Աստուածաբանական ճեմարանէն աստուածաշունչի յանձնառութիւն ճիւղին մէջ (Bible Engagement): Ներկաները սրտագին ծափահարութիւններով ողջունեցին լուրը եւ շնորհաւորեցին դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը` այս պատուաւոր տիտղոսին արժանանալուն առթիւ: Ս. Գիրքի Հրատարակչական ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներուն վարչական տնօրէնն է Հրայր Ճէպէճեան: Ան մագիստրոսի իր վկայականը ստացած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն: Իր գրչին արգասիքն են անցնող 30 տարիներու ընթացքին լոյս տեսած անհամար յօդուածները` լուսարձակի տակ դնելով երկրագունդի բնակիչ ՀԱՅՈՒՆ կեանքը, քիչ մը ամէնուրեք: Մանրավէպի համ տուող այդ յօդուածներուն մեծ մասը ներփակուած է 460 էջնոց «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը» ընդհանուր խորագիրը կրող հատորի մը մէջ, որ լոյս տեսած է 2010-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչութենէն, Պէյրութ: Հրայրին իւրաքանչիւր յօդուածը արտասահմանեան մեր հայ իրականութեան մէկ պատկերն է, որ կը նկարագրէ, կը պատմէ, մտածել կու տայ, կը ներշնչէ, կը յուսադրէ, լաւատեսութեան կը մղէ:


Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 116, էջ 6

Դոկտ. Արտան լաւագոյնս կը բնութագրէ Հրայրին գրիչին վաստակը իր խմբագիրի խօսքին մէջ. «Հրայրը վաղուց հասկցած էր հայուն պատմութիւնը` սպանդ, անարդարութիւն, պանդխտութիւն, սփիւռք եւ պահանջատիրութիւն: Իւրաքանչիւր յօդուած կ՛արտացոլայ հայուն պայքարը ամէնուրեք, բայց միեւնոյն ժամանակ իւրաքանչիւր յօդուած կ՛արժեւորէ հայուն հաւատքը, ուժը, հաւատարմութիւնը, սէրը, համբերութիւնը, արդարութիւնը, եւ կամքը` երէկ, այսօր եւ վաղը»: Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան համաշխարհայնացումի հարցին շուրջ իր ուսումնասիրութիւններէն բխած հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու մէջբերումներով հարցին ժխտական եւ դրական կողմերը լուսաբանեց. մէկ խօսքով` նոյն վիճակին հակադիր երեսները նշելով, որ` «եթէ մէկ կողմէն համաշխարհայնացումը կը ստեղծէ միացնող ուժը, միւս կողմէ` նոյն այս ուժը նաեւ քաղաքական ինքնութեան ձգտումները կը տարանջատէ»: Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան անձնական օրինակներով համեմեց իր ելոյթը, դարձեալ սահիկներու օգնութեամբ: Ապա Արամ Ա. կաթողիկոսին մէջբերումով եզրափակեց իր խօսքը. «Ճիշդ յարաբերութիւնը համաշխարհայնացումի հետ պիտի մղէ մեր մշակոյթը, որպէսզի վերանորոգէ ինքզինք: Եւ վերանորոգուած մշակոյթը եւ ինքնութիւնը պիտի քաջալերէ հայը, որպէսզի աւելի լաւ շաղկապուի ուրիշ մշակոյթներու հետ: Մշակոյթ մը, որ չի վերանորոգեր ինքզինք, դատապարտուած է մահուան: Նոյնքան նաեւ ժողովուրդ մը, որ հաւատարիմ չի մնար իր մշակոյթին, պիտի անհետանայ պատմութեան սլացքին»: Մեր ժողովուրդին կը մնայ իմաստութեամբ կողմնորոշուիլ` հաւասարակշռութիւն պահպանելու համար այս ժամանակակից իրավիճակին մէջ, որմէ` «կարելի չէ խուսափիլ, ոչ ալ կարելի է անտեսել»: Ճէպէճեան ամոլը ազգային, միութենական եւ համագաղութային կեանքին մէջ իսկական նուիրեալներ են եւ լայն գործունէութիւն ունին: Պոյներեան եւ Ճէպէճեան վերապրող գերդաստաններու ժառանգ` երկու մասնագէտներ` Արտան եւ Հրայրը, որոնք հարիւր տարի ետք ալ իրենց արեան կանչով կը շարունակեն հեղինակաւոր անհատներ ըլլալ մեր արտասահմանեան կեանքին մէջ: Անոնք ըսելիք ունին աշխարհով մէկ ցրուած հայերուն` լուսաբանելու, մասնագիտական եւ գիտական տուեալներով ըսելու, թէ միալեզու երեխան աւելի խելացի կամ «լեզուն բերնին մէջ դարձող» անհատը չէ անպայման, կամ` տան մէջ իր մայրենին իւրացնողը եւ դպրոցին մէջ ուրիշ լեզու սորվողը ոչինչով նուազ խելացի է միւս միալեզու աշակերտէն: Ընդհակառակը, քանի մը լեզու խօսող պատանին իր լեզուամտածողութեամբ աւելի ճկուն է եւ հասկցող, քան` միւսը, որ միմիայն մէկ լեզու գիտէ: Չի բաւեր «ախ ու վախ»-ով ձեռնածալ նստիլ, երբ կը լսենք, կը կարդանք, թէ հայերէնը կորսուելու դատապարտուած լեզու մըն է, այլ` համախմբուած ջանքով համազգային զօրաշարով աշխատանք տանիլ մեր զաւակներուն մտքին մէջ փոքր տարիքէն մայրենիին սէրը հրահրելու: Ընկերային եւ ազգային կարեւոր այս հարցերը լրջօրէն շօշափող երեկոն հարց-պատասխանով աւարտեցաւ: Ներկաները աւելի եւս տպաւորուեցան եւ սքանչացան վարժարանին հիւր, մասնագէտ հեղինակաւոր այս անձնաւորութիւններուն ընկերային, ազգային եւ գիտական մարզերու մէջ ունեցած հարուստ պաշարին: Շնորհակալութեան որեւէ բառացի արտայայտութիւն շատ տկար է գնահատելու եւ ՍՆԱՎ-ի ընտանիքին կողմէ երախտագիտութիւն փոխանցելու համեստ ու հիանալի այս ամոլին ելոյթին, որ այդ երեկոյ անոնք սիրայօժար նուիրեցին հայ վարժարանի ընտանիքին:


Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 116, էջ 7

Սինկափուր

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՉՔԱՐ ՍԻՆԿԱՓՈՒՐԻ ՄԷՋ Սինկափուրի հայկական ժառանգութիւնը աւելցաւ եւս մէկով: Օրերս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուեցաւ Հայկական խաչքար` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Եկեղեցւոյ Յիշողութեան պարտէզը, ուր ամփոփուած են բազմաթիւ հայկական տապանաքարեր, հարստացաւ եւս մէկ հայկական ներկայութեամբ: Սա առաջին Հայկական խաչքարն է, որ տեղաղադրուած է Ասիոյ մէջ (2013թուականի նոյեմբերին Հայկական խաչքար տեղադրուած էր Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատան տարածքին մէջ): Նախաձեռնողը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Բուդաղեանն է: «Քանի մը տարի առաջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի ժողովի ժամանակ Կրեկ Պասմաճեան, որ Սինկափուրի հայկական համայնքի հնաբնակներէն է, առաջարկեց եկեղեցւոյ բակին մէջ խաչքար տեղադրել: Միտքը ինծի ներշնչեց իրականացնելու այդ գաղափարը»,- մեզի հետ զրոյցին ըսաւ Արմէն Բուդաղեան: Ամիսներ անց` Երեւան կատարած այցի ժամանակ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Միջեկեղեցական Յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն,Արթիկի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանի խորհուրդով Արմէն Բուդաղեան հանդիպում ունեցած է քանդակագործ Վարազդատ Համբարձումեանի հետ, որ եւ խորհրդանշական խաչքարի հեղինակն է:Խաչքարի տեղադրումը Սինկափուրի պէս երկրի մէջ հայկական փոքրաթիւ համայնքի հերթական յաղթանակը կարելի է համարել, ինչ որ, սակայն,ինչպէս իր խօսքին մէջ նշեց Արմէն Բուդաղեան, հնարաւոր չէր ըլլար կեանքի կոչել առանց աջակիցներու. «Միայնակ հնարաւոր չէր այս ամէնը իրականութիւն դարձնել: Շատ օգնողներ եղան. Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հայկական համայնքին, հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն, Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանին, «Արեւա գրուպ» ընկերութեան ներկայացուցիչ Պաւել Կարապետեանին, Երեւանի «Կիլիկիա» գարեջուրի գործարանին, որ օժանդակած է խաչքարը տեղափոխել Սինկափուր»: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ամենահին քրիստոնէական կառոյցն է Սինկափուրի մէջ. կառուցուած է 1835 թուականին, օծուած` 1836-ին:Եկեղեցւոյ բակին մէջ բազմաթիւ հայկական տապանաքարեր կան, որոնք ամփոփուած են Յիշողութեան պարտէզին մէջ: Եկեղեցին կը գտնուի Սինկափուրի «Հիլլ» եւ «Արմենիա» փողոցներու միջեւ: Այն ազգային պատմական կոթող է (National Historical Monument), նշուած է Սինկափուրի բոլոր քարտէզներուն վրայ: ճարտարապետը իրլանտացի Ճորճ Քոլմանն է: Եկեղեցին հեղինակի ամենայայտնի գործերէն է:

Լ.Աբրահամեան Yerepouni.com


Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 116, էջ 8

Ֆրանսա

50 ՀԱԶԱՐ ԵՒՐՕ ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին կողմէ 50 հազար եւրօ տրամադրուած է՝ Քեսապի գրաւման ընթացքին նիւթական վնասի ենթարկուած վարժարաններու վերանորոգման համար: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութիւնը։ Նուիրատուութեան սոյն գումարը պիտի փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որ իր կարգին՝ զայն պիտի փոխանցէ առ որ անկ է:


Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 116, էջ 9

Մշակութային Էջեր ՂԱԶԱՐՈՍ ԱՂԱՅԵԱՆԻ “ԱՆԱՀԻՏ” ՀԵՔԻԱԹԻ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՖԻԼՄ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒԱԾ Է Ղազարոս Աղայեանի հեքիաթի հիման վրայ նկարահանուած “Աանահիտ” մուլտֆիլմը պիտի ցուցադրուի 2014-ի աշնանը: Ֆիլմի յետարտադրական աշխատանքներով կը զբաղի Sharm Pictures-ը: Այս մասին կը յայտնէ sharmholding-ը: «Անահիտ»-ի նկարահանման աշխատանքները «Ռոպերթ Սահակեանց փրոտաքշն»-ը սկսած է 2010-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան ֆինանսաւորումով:

Մուլթֆիլմը կը նկարահանուի միջազգային չափանիշներուն համապատասխան եւ որակական նոր հարթութիւն պիտի բերէ հայկական մուլթարտադրութիւն: Իբրեւ այդպիսին այն թիւով երրորդն է հայկական մուլթարտադրութեան մէջ` Ռոպերթ Սահակեանցի «Պանդոկ»-ը եւ Արման Մանարեանի «Սասունցի Դաւիթ» մուլթֆիլմերէն ետք: «Անահիտ» մուլթֆիլմի հերոսները հնչիւնաւորած են Ռաֆայէլ Քոթանջեանը, Շուշան Պետրոսեանը, Հրանդ Թոխատեանը, Նազենի Յովհաննիսեանը, Մկրտիչ Արզումանեանը, Դաւիթ Բաբայեանը, Վարդան Զատոյեանը, Խորէն Լեւոնեանը: Մուլթֆիլմի երաժշտահաններն են Արմէն Մարտիրոսեանը եւ Վարդան Ատոյեանը: Բեմադրող նկարիչ` Էռնեստ Մուրատեանը: Երգերը կը կատարեն Շուշան Պետրոսեանը, Տիգրան Պետրոսեանը, Գոռ Սուճեանը, Նիկ Էգիբեանը, Յասմիկ Կարապետեանը, ինչպէս նաեւ «Ակունք» ազգագրական խումբը: Երեւանեան ներկայացումէն ետք մուլթֆիլմը պիտի ցուցադրուի միջազգային փառատօններուն:


Սիրելի ընթերցող, ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր նամակները: Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի ըլլայ որոշ խմբագրումի:

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space. Send a Letter to the Editor to: ragmamoul@gmail.com


Advertise in

è²Î زØàôÈ Make it reach to our 25000+ worldwide subscribers everyday

Promotional Price List Duration Yearly Contract Monthly Contract

Weekly Contract

Daily Contract

Size

Price

Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner

US 999$ US 599$ US 399$ US 199$ US 149$ US 59$ US 159$ US 59$ US 29$ US 59$ US 29$ US 9$ (Offer valid till 31/08/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact: ragmamoul@gmail.com RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round



All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:




ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ: Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան: MONTH, YEAR VOL # ISSUE # Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Պատասխանատու Խմբագիր՝ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Խմբագրական Կազմ՝ ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ) ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս) ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա) ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա) ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ) ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա) ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին) Վարչական Պատասխանատու՝ ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ Հեռ. +961 3 824 833 Հեռատիպ +1 647 435 0800 +374 77 00 22 11 +1 936 666 2011 ե-նամակ՝ ragmamoul@gmail.com

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a variety of lively and realistic settings. It gives to young learners a sound and enjoyable introduction to the presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email: cadmusproject.leb@gmail.com


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.