Monday 30 06 14, volume # 9 issue # 120

Page 1

Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 120, էջ 1

è²Î زØàôÈ

ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Օրուայ Յօդուածը

Հայրենի Լուրեր Հայաստանեան Վեց Փառատօններ Ընդգրկուած են ԱՊՀ Երկիրներու Մէջ Զբօսաշրջային Տարուան Առիթով Իրականացուելիք Ձեռնարկներու Ցանկին (Տեսնել՝ էջ 3)

Լուրեր Սփիւռքէն Ուաշինկթըն, ԱՄՆ Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Վերադարձին Մասին Բանաձեւը Վաւերացուեցաւ (Տեսնել՝ էջ 5)

Պէյրութ, Լիբանան -

Հայրապետական Մաղթանք` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ընտրութեան Եւ Օծման 19-րդ Տարեդարձին Առիթով

-

Զուքի Պարտէզին Մէջ. Լիբանանահայ Թենոր Ճոնի Քուքեճեանի` Քեսապին Նուիրուած Ելոյթը

-

Մեսրոպեան Վարժարանի «Շուշի» Պարախումբի Անդրանիկ Ելոյթը Արժանացաւ Ներկաներու Մեծ Գնահատանքին

«ԱՆԹԵՂՈՒԱԾ ԿՐԱԿ» ԿԱՐՕՏ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Թարգմանեց՝ ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ Արեւմտահայեր, արեւելահայեր, սփիւռքահայեր: Այդ անուններով է յիշատակւում աշխարհասփիւռ հայութիւնը: Հիմա էլ, ուզենք թէ չուզենք, մայր հայրենիքում կան տարիներով գաղտնի ապրած «մուսուլման հայեր»:

(Տեսնել՝ էջ 6)

(Տեսնել՝ էջ 7)

(Տեսնել՝ էջ 8)

www.facebook.com/RAGmamoul

Այո՛, սխալ չլսեցիք, որքան էլ անուանումը զգայական թուայ: Ի դէպ, այդ զգայականութիւնը, այդ զգայական հանգամանքը զգայական է ե՛ւ մուսուլման, ե՛ւ քրիստոնեայ հայերի համար: Երկու կողմն էլ խիստ զգայական է համարում այդ հանգամանքը, որը մօտ ազգականների միջեւ անգամ դժգոհութիւն է յարուցում եւ այդպէս ընդունւում: Բռնի կամ սեփական կամքով իսլամացած քրիստոնեայ հայերը ներկայում շատ մեծ թիւ են կազմում իրենց հայրենի հողը համարուող Արեւմտեան Հայաստանում: Հարիւրամեակներ շարունակ թուրքերի կողմից նուաճման տակ գտնուող հայ բնակչութեան թիւը թէեւ հաստատուած չէ, սակայն ենթադրւում է 7-8 միլիոն: Սոյն թիւը, որը հնարաւոր չէ հաշուի չառնել, 3 անգամ աւել է Արեւելեան Հայաստան համարուող Հայաստանի բնակչութիւնից: Ներկայում որպէս Թուրքիայի տարածք նշուող հողերում 1890-1915 թուականների ընթացքում իսլամացած հայերից բացի,

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան:


Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 120, էջ 2

կան նաեւ համշենահայերը, որոնց մահմեդականացման գործընթացի ժամանակահատուածը եւ պատճառներն առայժմ վերջնականապէս հաստատուած չեն, եւ ովքեր բնակւում են սեւծովեան շրջանի առափնեայ հատուածում: Սոյն հայերի մի մեծ մասն ապրում է Ռիզէի, Արդուինի եւ Խոպայի կողմերում: Ինչ վերաբերւում է միւս շրջաններում բնակուող մուսուլմանացած հայերի մի ստուար զանգուածին, ապա վերջինս բռնի իսլամացուել է օսմանեան սուլթան Սելիմի օրօք, ինչպէս նաեւ, արաբների՝ Հայաստանի գրաւման ժամանակաշրջանում: Այդ մահմեդականացուած հայերը ներկայում յիշատակւում են որպէս ուծացուած քրդական աշիրեթներ, որոնց անդամների մեծ մասը կտրականապէս հրաժարւում է ընդունել իր հայկական ծագումը: Մի փոքր այլ է 1890-1915թթ. իսլամացած հայերի դէպքը, հայեր, ովքեր իսլամ են ընդունել՝ մահուան ահից ելնելով, զէնքի ուժով: Այդ հայերի թոռները, գիտակցելով այդ հանգամանքը, կարողացել են հայրենի հողում գաղտնի կերպով շարունակել իրենց գոյութիւնը: Այդ ծպտեալ հայերը մխում են մեր օրերում՝ «անթեղուած կրակի նման»: Դրա օրինակներից մէկը խիստ վառ կերպով դրսեւորուեց Դիարբեքիրում գտնուող Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցու վերականգնումից յետոյ: Նախքան եկեղեցու վերանորոգումը, զբօսաշրջիկների հետ մէկտեղ, այն այցելում էին ընդամէնը 8-10 հոգի: Եկեղեցու վերականգնումից եւ վերաբացումից յետոյ սկսեց ձեւաւորուել 15-20 հոգիանոց մի փոքրիկ համայնք, որի թիւը որոշ ժամանակ անց հասաւ 40-50 հոգու: Յետագայում եկեղեցին ունեցաւ շուրջ 80-100 հոգիանոց մշտական այցելու: Իսկ Սուրբ Զատիկին այդ թիւն անցաւ 1200ը: Որտեղի՞ց ենք սահմանել այդ թիւը: Սուրբ Յարութեան տօնին մօտ 1200 հատ հաւկիթ ու չեօրէկ (խմորեղէն, որ Սուրբ Զատիկի տօնին թխում են արեւմտահայերը-«Ակունք») էր պատրաստուել: Փաթեթները բաժանելուց յետոյ եղան անգամ այնպիսիք, որոնց ձու եւ չեօրէկ չհասաւ: Այդ 1200 հոգուց 200ը ժամանել էին Ստամբուլից, 200ը՝ Սփիւռքից, իսկ մնացեալը Դիարբեքիրի, Սասունի, Բիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Մարդինի կողմերից եկած իսլամացուած հայեր էին: (Ամէն Կիրակի, երբ եկեղեցի եմ այցելում, նկատում եմ, որ այդ թիւն աճում է): Այս թիւն արտայայտում է հետեւեալը. հայերը յառնում են մոխրից հենց իրենց մայր հայրենիքում: Նրանց թիւը կ՛աճի, եթէ փչես այդ անթեղուած կրակի վրայ: Կրակ, որ պէտք է փայփայել: Մի անգամ էլ դուք փորձէք…

Տիգրանակերտ garodsasunian@gmail.com «Ակունք»

ԿԱՐՕՏ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, Դիարբեքիրում բնակուող սասունահայ

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան


Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 120, էջ 3

Հայրենի Լուրեր Հայաստանեան Վեց Փառատօններ Ընդգրկուած են ԱՊՀ Երկիրներու Մէջ Զբօսաշրջային Տարուան Առիթով Իրականացուելիք Ձեռնարկներու Ցանկին Ազգային մթնոլորտ եւ աւանդոյթներ ներկայացնող հայաստանեան վեց փառատօններ ընդգրկուած են այն տօնակատարութիւններու ցանկին, որոնք տեղի պիտի ունենան ԱՊՀ երկիրներու մէջ զբօսաշրջային տարուան առիթով: Արուեստներուն եւ արհեստներուն, խորովածին, գինիին, հայկական գորգերուն, Օձունի գանձերուն եւ նոյնիսկ Սիւնեաց թութին նուիրուած փառատօնները այս տարի պիտի տարբերին իրենց ծաւալով: ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան՝ Armenpress.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ նման որոշում կայացուած է ԱՊՀ զբօսաշրջային խորհուրդի հետ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք: «Ակնկալում ենք, որ այս տարի փառատօնները կը լինեն աւելի մարդաշատ, միեւնոյն ժամանակ ԱՊՀ երկրների զբօսաշրջիկները կը ծանօթանան հայկական մշակոյթին եւ աւանդոյթներին: Սա լաւ հնարաւորութիւն է, որ Հայաստանը ներկայանայ իր բազմազանութեամբ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջային գրաւչութեամբ: Փառատօններ կը լուսաբանուեն ԱՊՀ միւս երկրներում, եւ, հնարաւոր է, յաջորդ տարիներին աւելի մասշտաբային դառնան»,- ըսած է Ապրեսեանը:

Թութի փառատօն Գորիսի մէջ Ընտրուած վեց փառատօններէն է “թութի փառատօն”-ը, որ պիտի իրականացուի Գորիս քաղաքի մէջ: Փառատօնը պիտի մեկնարկէ Գր. Տաթեւացիի անուան հրապարակէն եւ պիտի շարունակուի քաղաքի կեդրոնական հատուածին ու Հին Գորիսի մէջ: Փառատօնի ընթացքին հիւրերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան ականատես ըլլալու թութի օղիի թորման ողջ գործընթացին եւ, ի հարկէ, տեղւոյն վրայ վայելելու այդ հոգեթով խմիչքը: Պիտի կազմակերպուի թութի օղիի, թթի դօշաբի (ռուպ), Սիւնեաց աշխարհին յատուկ կերակրատեսակներու եւ ուտեստներու համտես-վաճառք: Փառատօնի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան հետաքրքրական եւ բազմազան ձեռնարկներ: Պիտի կազմակերպուի սիւնեցի արուեստագէտներու եւ կանանց ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք: Հին Գորիսի թատրոնին մէջ պիտի բեմադրուի «Մեր ձորերի խորհուրդը» ներկայացումը: Փառատօնի ողջ ընթացքին պիտի հնչեն ազգային երգեր, պիտի կատարուին ազգային պարեր:

Արուեստներու եւ արհեստներու փառատօն Գիւմրիի մէջ Այս տարի արդէն երկրորդ անգամ Գիւմրիի մէջ պիտի իրականացուի Արուեստներու եւ արհեստներու փառատօնը, որուն ծիրէն ներս պիտի ցուցադրուին տեղացի արհեստաւորներու, նկարիչներու, դարբիններու, ոսկերիչներու, գորգագործներու եւ քանդակագործներու աւանդական ոճի աշխատանքները:


Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 120, էջ 4

Փառատօնի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան տեղացի երաժիշտներ, պարախումբեր եւ դերասաններ, ինչպէս նաեւ պիտի մատուցուին գիւմրեցի խոհարարներու պատրաստած կերակրատեսակներ: Փառատօնի նպատակն է ներկայացնել Գիւմրիի պատմամշակութային արժէքներն ու աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ աջակցիլ զբօսաշրջային ներուժի զարգացման:

Խորովածի փառատօն Ախթալայի մէջ Ինչպէս իւրաքանչիւր տարուան Սեպտեմբերին, այս տարի եւս Ախթալայի մէջ պիտի կայանայ «խորովածի փառատօն»-ը: Փառատօնի նպատակն է բարձրացնել հայկական խոհանոցի իրազեկումը միջազգային մակարդակով, ինչպէս նաեւ զարգացնել տեղական եւ տարածաշրջանային զբօսաշրջութիւնը: Փառատօնի ընթացքին զբօսաշրջիկները հնարաւորութիւն կ’ունենան համտեսելու հայկական աւանդական խորովածի տարբեր տեսակներ:

Գինիի փառատօն Արենիի մէջ Ամէն տարի Արենի գիւղի մէջ տեղի կ’ունենայ արդէն աւանդոյթ դարձաձ Արենի գինիի փառատօնը, որուն, բացի տեղաբնակներէն, կը մասնակցին նաեւ մարդիկ Հայաստանի տարբեր մարզերէ, հիւրեր տարբեր երկիրներէ, այցելուներ եւ զբօսաշրջիկներ ամբողջ աշխարհէն: Սկսած հին ժամանակներէն Հայաստանը յայտնի եղած է գինիի պատրաստութեամբ, եւ իւրայատուկ աւանդոյթը պահպանուած է մինչ օրս: Խաղողի վազի հին հետքեր յայտնաբերուած են կաւէ լճին մէջ` տեղակայուած Վայոց Ձորի Եղէգիս գետի վերին հոսանքներուն մէջ, եւ այս հետքերու հնագիտական ուսումնասիրութիւնները կ’ապացուցեն անոնց հին ծագումը, խաղողը այստեղ ճզմուած եւ թորուած է պղինձէ դարուն, մօտաւորապէս 6000 տարի առաջ:

Գորգի փառատօն Դիլիջանի մէջ Հոկտեմբերին Դիլիջանի մէջ պիտի մեկնարկէ «Մշակութային վերածնունդ» գորգագործութեան եւ կիրառական արուեստի փառատօնը: Բացի հայկական աւանդական գորգերու եւ կիրառական արուեստի նմուշներու ցուցադրումէն, փառատօնի ընթացքին պիտի ներկայացուին հայկական խոհանոցի ուտեստներ՝ տեղի առանձնայատկութիւններով: Փառատօնը պիտի ուղեկցուի համերգային ծրագրերով:

Օձունի գանձերը Լոռիի մէջ «Օձունի գանձերը» փառատօնը պիտի ներկայացնի Լոռիի մարզի պատմամշակութային ժառանգութիւնը, գիւղատնտեսական ողջ ներուժը եւ պիտի նպաստէ համայնքներու մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման: Օձունիւ մէջ առաջին փառատօնը իրականացած է 2012 թուականին «Լոյս» հիմնադրամի «Զարգացնենք Հայաստանը» ծրագիրին ծիրէն ներս G2iA-ի, «Լոյս» հիմնադրամի, Օձունի գիւղապետարանի, եկեղեցոյ եւ մշակոյթի տան համատեղ ջանքերով: Այդ ընթացքին իրականացած է երեք ծրագիր` Օձունի գրադարանի եւ մշակոյթի տան վերանորոգում, վայրի խոտաբոյսերու մշակում եւ թէյերու փորձնական արտադրութիւն, «Օձունի գանձերը» ամենամեայ փառատօնի մեկնարկում:


Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 120, էջ 5

Լուրեր Սփիւռքէն Ուաշինկթըն, ԱՄՆ

Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Վերադարձին Մասին Բանաձեւը Վաւերացուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, Յունիս 26ին քննարկուած եւ քուէարկութեան դրուած՝ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններուն առնչուող երկկուսակցական բանաձեւը (HR-4347), վաւերացուած է յանձնախումբին կողմէ, հակառակ զայն ձախողութեան մատնելու թրքական ջանքերուն: Բանաձեւին նպատակն է երաշխաւորել Թուրքիա գտնուող քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ հազարաւոր քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ եկեղեցական գոյքի վերադարձը: Բանաձեւը Ռոյսի եւ քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլի կողմէ ներկայացուած էր Մարտին: Բանաձեւին մէջ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն կը պահանջուի տարեկան դրութեամբ զեկոյց ներկայացնել Թուրքիոյ եւ գրաւեալ Կիպրոսի բռնագրաւուած եկեղեցիներու եւ կրօնական կալուածներու վիճակին, ինչպէս նաեւ անոնց վերադարձը ապահովելու աշխատանքին մասին: Բանաձեւին իբրեւ հիմք քրիստոնէական տաճարներու

ծառայած է պարտադիր

վերադարձին մասին 2011ի Դեկտեմբեր 13ին վաւերացուած թիւ 306 բանաձեւը, որ օրին ներկայացուած էր Ռոյսի եւ Հաուըրտ Պըրմընի կողմէ: Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը շարունակուի Թուրքիոյ մէջ եւ մէկ օղակը կը հանդիսանայ սուլթանական, երիտթրքական, ինչպէս նաեւ քեմալականհանրապետական վարչակարգերուն կողմէ գործադրուած՝ Հայկական Հարցը «լուծել»ու միտող քաղաքականութեան: Հակառակ հայկական յուշարձաններուն վերաբերեալ հոգատար ըլլալու թրքական իշխանութիւններուն կատարած բարձրաձայն յայտարարութիւններուն, Անգարա չէ դադրեցուցած հայկական յուշարձաններու ոչնչացումը կամ թրքացնելու փորձերը: Թուրքերուն կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մէջ եւս քրիստոնէական ժառանգութիւնը ոչնչացնելու աշխատանքը կը շարունակուի:


Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 120, էջ 6

Պէյրութ, Լիբանան

Հայրապետական Մաղթանք` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ընտրութեան Եւ Օծման 19-րդ Տարեդարձին Առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Յուլիս 29-ին մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք` Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 19-րդ տարեդարձին առիթով: Այս առիթով, հայրապետական մաղթանքին ընթացքին միաբան հայրեր աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ կարդացին: Պատարագէն անմիջապէս ետք, միաբաններ, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ հաւատացեալներ բարձրացան վեհարանի դահլիճ, ուր Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան միաբանութեան եւ ներկայ ժողովուրդին անունով խօսք առնելով շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը` մաղթելով ուժ եւ կարողութիւն հովուելու համար հայ ժողովուրդը: Վեհափառը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մաղթանք ու աղօթք միայն չի կատարուիր աթոռակալին համար, այլ նաեւ աթոռին համար. աթոռ եւ աթոռակալ մէկ ու անբաժան ամբողջութիւն կը կազմեն: Աթոռակալը կայ ծառայելու համար աթոռին. վա՛յ այն աթոռակալին, որ իր արժէքը, իր նպատակը կը գտնէ ինքզինքին մէջ եւ աթոռով միայն կը բարձրանայ. Երանի՜ այն աթոռակալին, որ իր կեանքի որակով եւ իր ծառայութեամբ աթոռը կը բարձրացնէ: Այսպէս եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր նուիրեալ ծառայութեամբ նոր շունչ ու բարգաւաճում բերաւ այս Սուրբ աթոռի ծառայութեան: Անցնող 19 տարիներուն փորձեցի ես ալ նուիրումով ծառայել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով մեր եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին: Եթէ թերացումներ ունեցայ, թող Աստուած ներէ: Սակայն փորձեցի գերագոյնս ու կարելիս իբրեւ ծառայութիւն տալ հայրապետական այս դարաւոր աթոռին»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գոյութեան պատճառը եւ նպատակը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ինչպէս յաճախ կը յիշեցնեմ, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ծառայութիւն ու միայն ծառայութիւն: Հոս է մեր հզօրութիւնը, մեր պարտքը եւ պատիւը»: Աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով շնորհաւորեցին վեհափառ հայրապետը իր ընտրութեան եւ օծման 19-րդ տարեդարձին առիթով` ստանալով անոր օրհնութիւնը:


Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 120, էջ 7

ԶՈՒՔԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ. ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԵՆՈՐ ՃՈՆԻ ՔՈՒՔԵՃԵԱՆԻ` ՔԵՍԱՊԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵԼՈՅԹԸ Ուրբաթ, 27 յունիսի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Զուքի պարտէզին մէջ ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Քուքեճեան: Համերգը նուիրուած էր Քեսապի եւ կը կրէր «Կրանատայէն Երեւան» խորագիրը: Ճոնի Քուքեճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Զուքի քաղաքապետութեան, որ տրամադրած էր պարտէզը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սատարած էին ձեռնարկին յաջողութեան: Արդարեւ, աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Ճոնի Քուքեճեան մեկնաբանեց Խաչատրեանի, Ռոսինիի, Տի Սթեֆանոյի, Ռոթայի Ժիորտանոյի եւ այլոց ստեղծագործութիւններէն երգեր, ինչպէս` «Սանթա Լուչիա», «Ամոր թի վիեթա», «Ֆիւնիքիւլի ֆիւնիքիւլա», «Օ սոլէ միօ», «Փարլա փիու փիանօ», «Չիթարրա Ռոմանա», «Հայաստանի կարմիր գինին» եւ այլն: Նուագախումբի անդամներն էին Նանօր Մաճարեան` դաշնակ, Քամալ Մորքոս` ձեռնադաշնակ, Զահեր Սապաալի` թաւջութակ, Էլի Նժէյմ` թրոմփեթ, Ժիհատ Սայիտ` տրամզ, իսկ նուագախումբի ղեկավարն էր Մկրտիչ Միքայէլեան` կիթառ: Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Շողեր Օգնայեան «Կիլիկիա» պարով:

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ ragmamoul@gmail.com Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:


Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 120, էջ 8

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՇՈՒՇԻ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԵԼՈՅԹԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՆԵՐԿԱՆԵՐՈՒ ՄԵԾ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻՆ Երէկ` ուրբաթ, 27 Յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբի անդրանիկ ելոյթը, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստասէրներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ մեսրոպեանականներու:


Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 120, էջ 9

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, ելոյթը սկսաւ «Սասնայ պար»ի կատարումով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Աւօ Գարաքէշիշեան: Ան նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակը հանդիսացած է նորանոր իրագործումներու եւ ձեռքբերումներու հանգրուան մը, եւ «Շուշի» պարախումբի այս անդրանիկ ելոյթը կու գայ աւելցնելու յաջողութիւններուն վրայ նոր նուաճում մը: Ապա ելոյթ ունեցան պարախումբի հինգ խումբերը` փոքրերու եւ միջակներու խումբեր, «Տանս Տը Սալոն»ի փոքրերու եւ մեծերու խումբեր եւ նախկին սաներէ կազմուած խումբ մը: «Շուշի» պարախումբի պարուսոյցներն են Սարին Արթինեան-Տէմիրճեան եւ Սարին Պողչալեան: Մասնակիցները շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին պարեցին հայկական, լիբանանեան եւ այլ պարեր: Իւրայատուկ էր ելոյթին այլազանութիւնը պարատեսակներուն` ազգագրական, տապքէ, սալսա, թանկօ, չաչա, ռումպա... «Շուշի» պարախումբի 80 անդամները իրենց որակաւոր կատարումներով արժանացան ներկաներու գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն: Ելոյթի գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ պարային միացեալ կատարումով:


Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 120, էջ 10

Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ վարժարանի պարախումբի անդրանիկ ելոյթէն կը բացակայի պարախումբի հիմնադիր Յարութ Գարաճեանը, որուն ջանքերուն շնորհիւ ստեղծուած էր պարախումբը: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը մեծապէս արժեւորեց գործունէութիւնը երկու պարուսոյցներուն, որոնք հետեւողականութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կատարած են իրենց վստահուած պարտականութիւնը: Պրն. Գալուստ հաստատեց, որ այս ելոյթը լաւագոյն ապացոյցն է հաստատելու, որ Մեսրոպեան վարժարանը արժանի է 75-ամեայ պատմութիւն ունենալու եւ պարտաստ է երթը շարունակելու դէպի հարիւրամեակ:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


Սիրելի ընթերցող, ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր նամակները: Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի ըլլայ որոշ խմբագրումի:

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space. Send a Letter to the Editor to: ragmamoul@gmail.com


Advertise in

è²Î زØàôÈ Make it reach to our 25000+ worldwide subscribers everyday

Promotional Price List Duration Yearly Contract Monthly Contract

Weekly Contract

Daily Contract

Size

Price

Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner

US 999$ US 599$ US 399$ US 199$ US 149$ US 59$ US 159$ US 59$ US 29$ US 59$ US 29$ US 9$ (Offer valid till 31/08/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact: ragmamoul@gmail.com RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round



All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:




ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ: Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան: MONTH, YEAR VOL # ISSUE # Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Պատասխանատու Խմբագիր՝ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Խմբագրական Կազմ՝ ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ) ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ-ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ (Երեւան- Հայաստան) ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս) ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա) ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա) ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ) ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա) ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին) Վարչական Պատասխանատու՝ ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ Հեռ. +961 3 824 833 Հեռատիպ +1 647 435 0800 +374 77 00 22 11 +1 936 666 2011 ե-նամակ՝ ragmamoul@gmail.com

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a variety of lively and realistic settings. It gives to young learners a sound and enjoyable introduction to the presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email: cadmusproject.leb@gmail.com


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.