Tuesday 1 07 14, volume # 9 issue # 121

Page 1

Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 1

è²Î زØàôÈ

ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Օրուայ Յօդուածը Լուրեր Սփիւռքէն

ՄԱՀՈՒԱՆ 60-ԱՄԵԱԿ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԴԵՍՊԱՆ ՈՒ ՄԵԾ ԲԱՆԱՍԷՐ`ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻ

Պէյրութ, Լիբանան Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը (Տեսնել՝ էջ 8)

Ֆրանսա Ֆրանսայի Մէջ Հայուհի Պատուոյ Լեգէոն Շքանշանի

մը

Կ’արժանանայ (Տեսնել՝ էջ 9)

Մշակութային Լուրեր Արցախի Տիգրանակերտի Արշաւախումբը Կը Ծրագրէ Բանալ Վաղ Քրիստոնէական Հրապարակի Երկրորդ Եկեղեցին (Տեսնել՝ էջ 10)

ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ ragmamoul@gmail.com

www.facebook.com/RAGmamoul

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ Չօպանեան ծնած էր Պէշիկթաշի շրջանը, Պոլիս, Յուլիս 15, 1872-ին: Հազիւ մէկ ամսական ան պիտի կորսնցնէր իր մայրը ու հասակ պիտի առնէր խորթ մօր մը խնամին տակ: Հայրը հակառակ արհեստաւորի համեստ պայմանները դիմակալող անձ զինք կրցած դիմակալող անձ մը մըըլլալուն, ըլլալուն, զինք կրցած էր մասնաւոր էր մասնաւոր դասատուներու մօտ դնել դասատուներու մօտ դնել նախնական կրթութեան նախնական կրթութեանուսման համար պիտի յաճախէր համար, ապա միջնակարգ ան տեղւոյն Մաքրուհեան վարժարանը աւարտելով զայն բացառիկ յաջողութեամբ 1886-ին: Պատանի տարիքին արդէն ընթերցանութեան նուիրուած էր ու վարժարանը չաւարտած 13 տարեկանին իր առաջին գրութիւնը հանդէս պիտի գար «Բուրաստան Մանկանց» հրատարակութեան մէջ, որ կը հրատարակուէր Պոլիս:

Արշակ Չօպանեան

Պոլսոյ կեդրոնական երկրորդական վարժարանը կրթութեան ուսումնարան պիտի հանդիսանար Չօպանեանի համար: Վարժարանի ատենի տնօրէնն էր Մինաս Չերազը: Ան պիտի մասնագիտանար հայ ու Եւրոպական գրականութեան մէջ աշակերտելով Գարեգին Սրուանձտեանցին, Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, Մաղաթիա Արք. Օրմանեանին, Թովմաս Թերզեանին

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան:


Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 2

եանին ու շատ մը ուրիշ երեւելի գործիչներու ու դաստիարակներու որոնց շունչին տակ ան պիտի աշխատակցէր նախ «Արեւելքը», ապա «Մասիս» թերթերուն: Իր մօտ կանուխէն կարողութիւններ կը տեսնէ Լեւոն Բաշալեան ու ցուցմունքներ կ՛ընէ Չօպանեանին եւ կը քաջալերէ իր գրչին արտադրութիւնը: 1889-ին առաջին իր պատմուածքներն ու քերթուածները լոյս պիտի տեսնէին «Արեւելք»ին մէջ: Արդէն քաջալերական խօսքերու անկեղծ արտայայտութիւնը խանդավառած էին վարժարանի ընթացքը չաւարտած հասուն պատանին, որուն յաջորդ քայլը պիտի ըլլար ֆրանսական գրականութենէն թարգմանութիւններ կատարել: Չօպանեան պիտի աւարտէր երկրորդական իր կրթութիւնը, 1891-ին, ու լման ժամանակով պիտի շարունակէր իր աշխատանքը լրագրութեան ասպարէզէն ներս: Պոլսոյ ժամանակակից հասարակական ու մշակոյթի ատենի գործիչները՝ Զօհրապ, Կամսարական, Բաշալեան եւ Արփիարեան արդէն տեսած էին 19 տարեկան Չօպանեանի մօտ բացառիկ տաղանդի յատկութիւնները ու այդ միտումով Արփիարեան պիտի հրաւիրէր զինք մաս կազմելու Պոլիս հրատարակուող «Հայրենիք»ի խմբագրական կազմին: Նոյն տարին լոյս պիտի տեսնէր իր անդրանիկ գործը՝ «Արշալոյսի Ձայներ» խորագրով: Նոյն տարուան աւարտէն առաջ ան կ՛անցնի ուսուցչութեան իր աւարտած կեդրոնական վարժարանէն ներս գրականութիւն դասաւանդելու, որովհետեւ Արփիարեանի հետ տարակարծութեան պատճառաւ ան որոշած էր ձգել «Հայրենիք»ին մէջ իր գործը: Յաջորդաբար 1802-ին իր ուսուցչական ասպարէզին կողքին ան կը հրատարակէ «Թուղթին Փառքը» վէպը, ապա հետաքրքրական բանաստեղծութիւններու շարք մը, որ պիտի կոչէր «Թռթռումներ»: Հազիւ 20 տարեկան, արդէն ան դարձած էր գրականագէտ մը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ զարգացող մտաւորական իրեն հասակակից սերունդին մօտ: Իրականացնելու համար իր երազը մօտէն ծանօթանալու ֆրանսական գրականութեան տիտաններուն, կ՛որոշէ ֆրանսա մեկնիլ բարձրագոյն կրթութեան համար: Այդ ծրագիրը պիտի իրականանար 1893-ի աշնան, ու մօտէն պիտի հետաքրքրուէր ֆրանսացի լրագրողներու ծանօթանալով, որոնց հետ ֆրանսերէն խօսելու ու ինքզինք արտայայտելու դժուարութիւնը պիտի չունենար: Շուրջ տարի մը ան պիտի մնար Փարիզ ու պիտի աշխատակցէր ֆրանսական մամուլին շնորհիւ իր ստեղծած անհատական բարեկամութեանց, նոյն ժամանակ իր ունեցած ժամանակը տրամադրելով մօտէն ծանօթանալու ֆրանսական գրականութեան: Պոլիս վերադառնալէ ետք կը նետուի ուսուցչական ասպարէզ, Պոլսոյ կեդրոնական վարժարանէն ներս, ու կը ձեռնարկէ լրագրական նոր հրատարակութեան մը 1895-ին՝ «Ծաղիկ» անունով, որուն մէջ առաջին անգամ լոյս պիտի տեսնէր Չօպանեանի ինքնատիպ ուսումնասիրութիւնը՝ Գրիգոր Նարեկացիի մասին որ նոյնութեամբ լոյս պիտի տեսնէր ֆրանսական «Մերքիւր տը ֆրանս» թերթին մէջ հինգ տարիներ ետք՝ 1900ին: Չօպանեան իր կարծիքը արտայայտելու տարբեր միջոցներու ալ պիտի դիմէր օգտակար ըլլալու համար իր տառապող ժողովուրդի արդար դատին: Համիտեան ջարդերու ցնցիչ ու քստմնելի արարքէն ետք ան կը դիմէր ֆրանսական մամուլի լուսաբանելու համար Եւրոպայի կարծիքը Արեւմտահայոց վիճակին մասին,

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան


Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 3

ինչպէս նաեւ ան պիտի հրատարակէր ֆրանսերէն լեզուով գրքոյկներ, ուր պիտի պարփակէր փաստացի ու վաւերական տուեալներ իր ժողովուրդին արժանիքներուն ու իրաւունքներուն շուրջ: Պոլսոյ իր համեստ բնակարանը յաճախ կ՛այցելէին Երուանդ Օտեանի, Զապէլ Եսայեանի, Էտկար Շահինի, Տիգրան Կամսարականի, Սուրէն Պարթեւեանի նման գործիչներ ու մտաւորականներ, որոնք համոզումով կը մօտենային Չօպանեանի ուղղութեան, երբ այդ օրերուն տակաւին որպէս ոչ կուսակցական, հասարակական գործիչ մը: 1896-ին ան վերջնականօրէն պիտի հաստատուէր Փարիզ, ուր իր առաջին գործը պիտի ըլլար «Հայկական ջարդեր» գիրքի պատրաստութիւնը ֆրանսերէն լեզուով ու հրատարակութեան յառաջաբանը պիտի վստահուէր Ճորճ Գլեմանսոյին, իսկ ֆրանսացի նշանաւոր գրադատ՝ Անաթոլ ֆրանս լրջօրէն պիտի անդրադառնար աշխատասիրութեան վաւերագրութեան շուրջ: Փարիզի մէջ էր, որ 1898-ին լոյս պիտի ընծայէր Չօպանեան «Անահիտ»ը, որ յետագային պիտի դառնար դիրքորոշող հրատարակութիւնը: «Անահիտ»էն օրինակներ կը հասնէին Պոլիս ու ատենի արեւմտահայ գրականութեան տիտաններուն կողմէ կը գնահատուէր իր աշխատանքը: Չօպանեան դարձած էր Փարիզի փոքրաթիւ գաղութի փնտռուած առաջնորդը, իր յօդուածներով եւ վերլուծումներով ան կրցած էր յարգանքը վայելել նորահաստատ հայրենակիցներու, որոնց մեծամասնութիւնը եկած էին Պոլսոյ շուրջի գաւառներէն: Չօպանեան իր գրութիւններով յաճախ քաղաքական ուղղութեան վերլուծում էր որ կը կատարէր, որովհետեւ արեւմտահայոց ապագան շատ ալ փայլուն չէր տեսներ 20-րդ դարու սկիզբէն արդէն: Իրեն համար Ռուսիոյ հետ մնայուն յարաբերութիւնը եւ բարեկամութեան կարեւորութիւնը որոշ բանի մը յենելու կարեւորութիւնը ունէր ու անոր համար ալ 1901-ին կը պատրաստէ ուսումնասիրութիւն մը «Ռուսիա եւ Հայեր» խորագրով, որմէ օրինակներ գաղտնաբար պիտի հասնէին արեւմտահայ գաւառներ ու որոշ զարթօնք մըն ալ պիտի տար անոնց թարգմանութիւնը յետագային Ֆրանսայի լրագրողներուն, որոնք հետզհետէ սկսած էին ծանօթանալ արեւմտահայոց դատին: Արշակ Չօպանեան այդ օրերուն տակաւին կուսակցական չէր ու իր գաղափարախօսութեամբ եւ մօտիկութեամբ կը քաջալերէր Լոնտոն եւ Փարիզ գտնուող վերակազմեալներու (Ռամկավար) ղեկավար տարրերուն, որոնց հետ յաճախ կը խորհրդակցէր սփիւրքահայոց մտահոգութիւններուն շուրջ, ու այդ միտումով ալ 1902-ին վերակազմեալները զինք կը հրաւիրեն երեք հոգինոց իրենց պատուիրակութեան, որ պիտի հանդիպէր Երիտասարդ Թուրքերու պատուիրակութեան հետ՝ Փարիզի մէջ կայացած համագումարի մը ընթացքին, որուն հետ ներկայ էին դաշնակցութեան ներկայացուցիչները: Հոն արտայայտուած միտքերը կը տպաւորեն 30-ամեայ Չօպանեանը որ Երիտթուրքերու ծրագիրին մէջ յստակօրէն կը տեսնէ արեւմտահայ զանգուածներու ձուլումն ու հեռացումը եւ ոչ թէ կազմել դաշնակցային պետութիւն մը, որուն մէջ արեւմտահայ ու կարգ մը քրիստոնեայ ազգեր որոշ իրաւունքներու պիտի տիրանային: Յետագայ տարիներուն ան պիտի յաջողէր վերակազմեալները լուսաբանել այս իրողութեան շուրջ: Բայց ցաւի սիրտ չկարողացաւ ընել նոյնը դաշնակցութեան համար, որովհետեւ 1908-ին անոնք համաձայնութիւն գոյացուցին Երիտթուրքերուն հետ անոնց հռչակած սահմանադրութեամբ: Չօպանեան հրաւէր ստացած էր 1908-ին մասնակցելու Էջմիածնի մէջ կաթողիկոսական ընտրութեանց, բայց նախ պիտի մնար իր ծննդավայրը՝ Պոլիս, ուր ամէն մտաւորական շրջանակ զինք խանդավառութեամբ


Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 4

պիտի ընդունէր, ապա աշնան ան պիտի հասնէր Էջմիածին, ուր հիւրը պիտի դառնար Կոմիտաս Վարդապետին քանի մը ամսուայ համար: Այս շրջանին էր որ տեղի կ՛ունենար Ատանայի կոտորածը (1909), ու Արեւելահայաստանի մէջ կատարուած ժողովրդային մէկ հաւաքին, ուր խօսք պիտի առնէր Շիրվանզադէ նաեւ Չօպանեանի կը տրուի խօսելու առիթ, ուր ան շեշտակի կը ջատագովէ ռուս ժողովուրդի հետ բարեկամութեան ու հաւատարմութեան հիմնահարցը:

Չօպանեան Կոմիտասի հետ՝ Օգոստոս 1917թ.

Փարիզ վերադարձին կ՛որոշէ դադրեցնել «Անահիտի»ի հրատարակութիւնը 11 տարիներ ետք, որ անկանոն դարձած էր իր ճամբորդութեանց պատճառաւ: Ան կ՛որոշէ կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերել «Բիւզանդիոն»ին, ապա Թիֆլիս հրատարակուող «Մշակ»ին, որուն դերը մեծ էր ու խօսքը լսելի՝ Կովկասահայութեան մօտ ու իր յօդուածներով ան կը զգուշացնէր հայութեան այն խաւը մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, որ կը ջանար հարցեր լուծել Երիտթուրք կառավարութեան հետ, առանց մտածելու ու հեռատես ըլլալու:

Չօպանեան Էջմիածին այցելութենէ ետք սկսած էր մնայուն նամակագրութիւն պահել արեւելահայ մտաւորականներու հետ առաւելաբար Թիֆլիս ապրող Լէօյին հետ, որուն մէկ նամակը ուղղուած 1912-ին ան կ՛անդրադառնար որ Ֆրանսա ու Անգլիա եթէ աջակցին Ռուսիոյ հետ կարելի պիտի դառնայ ազատել Արեւմտահայաստանը ու արդար լուծում մը գտնել հայկական հարցին: Նոյնանման գրութիւններով նաեւ ան կապ կը պահէր Միքայէլ Պապաջանեանի հետ, որ այդ շրջանին ռուսական խորհրդարանի անդամ ընտրուած էր: Հազիւ 40 տարին բոլորած, Չօպանեան դարձեալ հրաւէր պիտի ստանար գալու իր ծննդավայրը այս անգամ իրեն ի պատիւ ծրագրուած տօնակարութեան նշելու 25-ամեակը գրական ու հասարակական իր բեղում գործունէութեան, կազմակերպուած Պոլիս բնակող մտաւորականութեան կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ Գրիգոր Զօհրապի: Բայց վրայ պիտի հասնէր 1914-ի Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը ու տօնակատարութիւնը պիտի յետաձգուէր անորոշ ժամանակով: Չօպանեանի համար յարմար առիթ էր գրելու եւ խրախուսելու որ զինուորագրուին իրենց գտնուած երկիրներու բանակներուն կռուելու պատերազմի հասարակաց թշնամիին՝ թուրքին դէմ, որովհետեւ ան կը տեսնէր որ գուցէ այդ ձեւով պիտի իրականութիւն դառնար իր տարիներու երազը՝ Արեւմտահայոց հարցին լուծումը: Վրայ կը հասնի 1915-ին ցեղասպանութիւնը ու այս անգամ Չօպանեան տարբեր առիթով ու մանաւանդ գրութիւններով կ՛արտայայտուի որպէս Հրէշային ծրագրուած ոճիր անուանելով Մեծ Եղեռնը:


Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 5

Իր այս քարոզչական աշխատանքը պիտի շարունակէր մեծ թափով, օտարներուն ծանօթացնելով Մեծ Եղեռնի ոճիրին իրականութիւնը ու պիտի յաջողէր Սորպոնի մէջ Մեծ Եղեռնի առաջին տարելիցին առիթով կազմակերպել խորհրդաժողով մը նախագահութեամբ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ՝ Դեշանելի, ուր խօսք պիտի առնէին Ֆրանսայի կրթական նախարար՝ Պենլըվի եւ Անաթոլ Ֆրանս, որոնք պիտի բաժնէին Չօպանեանի տեսակէտը ծրագրուած կոտորածին մասին: Տարի մը ետք պիտի հրատարակէր երկու գործեր «Ֆրանսա եւ հայ ժողովները», ինչպէս նաեւ «Հայաստան եւ թրքական լուծը», որոնք աւելի եւս պիտի հիմնաւորէին Ֆրանսայի մէջ հանրային կարծիքը՝ Թուրքիոյ նկատմամբ: Մեծ Եղեռնի հետեւանքով Պոլսոյ եւ շրջակայքի հայութեան կարեւոր մէկ մասը պիտի գաղթէր Ֆրանսա, ապահով ապաստան մը ունենալու: Փարիզի մէջ հաստատուած պոլսահայեր յետագային իրենց կարեւոր ներդրումը պիտի ունենային Ֆրանսահայ կազմաւորուած գաղութի ապագային ու հասարակական ու ազգային կեանքէն ներս: Իսկ Չօպանեան փնտռուած առաջնորդ մը դարձած էր որպէս ատենոյ մտաւորական ու հրապարակախօս իր յստակ ու անշեղ գաղափարախօսութեամբ: 1908-ի վերակազմեալներու միացումով արմենականներուն, յառաջ եկած էր Աղեքսանդրիոյ մէջ, Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը: Բայց Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ վերակազմեալներու մասնաճիւղերը հեռու մնալով Սահմանադրական սկզբունքը որդեգրելէ, կազմեցին Ազատական Կուսակցութիւնը, որուն առաջնորդներէն դարձեր էր Արշակ Չօպանեան: Իր հաճելի նկարագրով ու անհատական յարաբերութիւններով, ան ստեղծած էր կարեւոր շրջանակ մը օտար բարեկամներու որոնք լրագրութեան մէջ կարեւոր ազդեցութիւն ունէին պետական շրջանակներու մօտ: Անմիջական յարաբերութեանց մէջ էր ան՝ Պօղոս Նուպարի, Գարրիէլ Նորատունկեանի, Վահան Թէքէեանի եւ Լեւոն Բաշալեանի հետ: Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի աւարտին (1918) ան տարուայ մը համար պիտի ստանձնէր «Վերածնունդ» երկշաբաթաթերթի խմբագրապետի պաշտօնը եւ պիտի լծուէր արեւմտահայ պահանջատիրութեան կարեւոր գործին: 1919 Փետրուարին Փարիզի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ազգային Համագումարը՝ նախագահութեամբ՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի, այլոց կողքին կը մասնակցի նաեւ Չօպանեան ու կ՛ընտրուի Ազգային Պատուիրակութեան անդամ: Այս շրջանին արդէն մերձեցման աշխատանք կը տարուէր Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան ու Ազգային Ազատական Միութեան միջեւ, որուն ջատագովներէն էր Արշակ Չօպանեան, որովհետեւ ան կը տեսնէր հայկական իրականութեան մէջ ժողովրդավարութեան սկզբունքները որդեգրող զուգահեռ հոսանքներ, որոնց միացումով պիտի հզօրանար կազմուած միութիւնը: Յաջորդ տարին իսկ ազգային պատուիրակութեան կողմէ ան պիտի ղրկուէր Պէյրութ, ուր կար Ֆրանսայի Պետութեան բարձրագոյն գոմիսարը: Անոր հանդիպելու առիթը պիտի ընծայուէր Չօպանեանի, ու ան բուռն եռանդով կը ներկայացնէ պատուիրակութեան տեսակէտը՝ Կիլիկիոյ մէջ հայկական պետութեան մը հաստատման մանին, որ պիտի ընդունուէր որպէս նախնական ծրագիր, բայց յետոյ պիտի ըլլար միայն պետական հռչակում Օգոստոս 1, 1920-ին: Առանց ընկրկումի իր առաքելութեան մէջ, Չօպանեան պիտի մնար Միջին Արեւելք՝ Պէյրութ եւ Երուսաղէմ ու Տարսոն եւ Աղեքսանտրէթ, գէթ վստահ ըլլալով որ Ֆրանսան պիտի չպարպէր Կիլիկիան՝ իր հայ բնակչութենէն:


Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 6

Տարի մը ետք ան պիտի վերադառնայ Փարիզ, ուր նոր հանգրուան մը լրացուած էր իր առջեւ խորհրդային Հայաստանի մը ստեղծումով, որուն հանդէպ իր հետեւորդներով ան նախ պիտի որդեգրէր վերապահ դիրք մը: 1921 Հոկտեմբերի 1-ին, Պոլսոյ մէջ պիտի յաջողէր կազմութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, որուն արդէն նախնական աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր դերը պիտի ունենար Արշակ Չօպանեան: Հիմնադիր ժողովը 49-ամեայ Չօպանեանը պիտի ընտրէր Կեդրոնական Վարչութեան առաջին ատենապետը, մէկ տարուան շրջանի մը համար, որ Փարիզէն պիտի ղեկավարէր կուսակցութեան աշխատանքները՝ առաւելաբար ապաւինելով իր ունեցած ժողովրդականութեան ու վայելած յարգանքին: Նորակազմ կուսակցութեան առաջին գործը պիտի ըլլար իր դիրքը յստակացնել Խորհրդական Հայաստանի նկատմամբ, օգտակար հանդիսանալով անոր վերաշինութեան ջանքերուն եւ աշխատանքին: Արդէն այս քայլը մղած էր դաշնակցական մամուլը անիմաստ եւ զօրաւոր յարձակումներ կատարելու Չօպանեանի վրայ: Չօպանեան նախ լուռ պիտի մնար, բայց պայքարէ չվախցող հեռատես հրապարակախօսը ատենին պիտի պատասխանէր սաստկութեամբ, նոյնիսկ ծեծի ենթարկուելով Փարիզի մէջ դաշնակցութեան քանի մը տաք գլուխ երիտասարդներու կողմէ: 1927-ի Լոզանի խորհրդաժողովի ձախողութենէն ետք, ան աւելի եւս պիտի ջատագովէր համախմբուիլ խորհրդային Հայաստանի շուրջ ու յօդուածներով հանդէս պիտի գար Ռամկավար Ազատական մամուլին մէջ՝ մանաւանդ մնայուն իր աշխատակցութիւնը պահելով «Արեւ»ին եւ «Պայքար»ին մէջ: 1924-ին ան լծած էր ՌԱԿ-ի շրջանակները խորհրդային Հայաստանի օժանդակելու գործին, մանաւանդ հանգանակութիւններով ան կրցած էր բազմահազար գիրքեր հասցնել հայրենիքէն ներս գտնուող համալսարանին: Իսկ 1924-ին եւ 1926-ին երկու տարբեր առիթներով Պոլսոյ շրջանէն կրցած էր գաղթականներ ու որբեր Հայաստան ղրկելու աշխատանքը յաջողցնել: 1920-ին կուսակցական որոշումով ան պիտի գար Միացեալ Նահանգնէր շուրջ 9 ամիս մնալով ու շրջելով Արեւելեան նահանգներու մէջ հաստատուած ամէն հայկական գաղութ ներառեալ մայրաքաղաք Ուաշինկթըն: Գոլոմպիա համալսարանին մէջ ան պիտի տար Ֆրանսերէն լեզուով դասախօսութիւն մը «Հայ բանաստեղծութիւն եւ արուեստ»ը նիւթին շուրջ ու ապա անոր որպէս հետեւանք զանազան առաջատար ամերիկեան թերթերու հետ պիտի ունենար որակաւոր հարցազրոյցներ, նշելով մի քանին այդ թերթերէն՝ «Տիթրոյթ Նիուգ»ը, «Քրիսչըն Մոնիթըր»ը եւայլն: Տարի մը ետք 1927-ին, ան կը վերադառնայ Փարիզ՝ իր առաքելութիւնը աւարտած, սակայն հանգիստ չգիտցող Չօպանեան պիտի շարունակէր մամուլի իր աշխատակցութիւնը, շինարար դեր վերցնելով հայրենիքի վերելքին մէջ: 1929-ին ան պիտի վերսկսէր «Անահիտ»ի հրատարակութեան, որ իր առաքելութեանց ու ճամբորդութիւններուն պատճառով ընդմիջումներով լոյս պիտի տեսնէր ու այս անգամ վերջնականապէս պիտի փակուէր 1949-ին, նիւթական ու այլազան դժուարութեանց պատճառաւ: Արշակ Չօպանեան դարձած էր Հայ Մշակոյթի Դեսպանը ու մեծ Բանասէրը որ գիտէր կարեւորութիւնը իր հաւատամքին ու անոր գրաւականը հանդիսացող հայրենասիրութեան ու հայրենաշինութեան: Առիթով մըն ալ 1934-ին պիտի յայտարարէր «Պանդուխտ ծնայ ու պանդուխտ ապրեցայ, ոսկորներս թող կարենան հանգչիլ մեր տոհմային հողին մէջ»: 1936-ին կը մասնակցի «Հայ Գաղթականաց Յանձնախումբի» աշխատանքներուն ու կը յաջողի շուրջ 2000 գաղթականներ, դարձեալ Պոլսոյ շրջանէն փոխադրել հայրենիք:


Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 7

Մելքոնեան հաստատութեան շրջանաւարտները Չօպանեանի հետ՝ 1953թ.

1938-ին Փարիզի մէջ պիտի տօնուէր իր գրական-հասարակական գործունէութեան 50-ամեակի յոբելեանը հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Յաջորդ տարիներուն ան յաճախ կը ձգտէր կազմակերպելու հրապարակագրական ձեռնարկներ ծանօթացնելու հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարելով ուսումնասիրութիւններ եւ թարգմանութիւններ որոնց որպէս արդիւնք 1945-ին Սորպոնի համալսարանին մէջ պիտի կազմակերպէր հայ մշակոյթէն նուիրուած գիտաժողով մը, որուն ներկայ պիտի գտնուէին նաեւ Ֆրանսացի գրողներ ու լրագրողներ: Յառաջացած տարիքը իր աշխուժութեան արգելք չէր կրնար հանդիսանալ: 1952-ին 80-ամեայ մշակոյթի ալեհեր դեսպանը պիտի հրաւիրուէր Պէյրութ՝ Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի հրաւէրով ու տարի մը պիտի մնար Լիբանան: Այդ շրջանին հոն կը գտնուէր ՌԱԿ-ի կեդրոնը ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը: Լիբանանի գաղութէն ներս իր առաքելութիւնը աւարտած Չօպանեան պիտի վերադառնար Փարիզ: 1954 Յունիսին ան զոհ պիտի երթար ինքնաշարժի մը 82 տարեկանին յաւիտեան իր աչքերը փակելով: Մեծ երախտաւորը պիտի մնայ Չօպանեան, որովհետեւ ան կրցաւ դրսեւորել հայ ժողովուրդը իր փառքով ու ցաւով՝ ներկայացնելով օտարին, իսկ սփիւռքահայութեան համար եղաւ ուժը հայրենաշինութեան:

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ ragmamoul@gmail.com Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:


Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 8

Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ Կիրակի, 29 Յունիս 2014-ին, վեհափառ հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ժալխը: Նախ եւ առաջ ան վեհափառ հայրապետին` իբրեւ խորհուրդի նախագահներէն մէկը, մանրամասն զեկուցում տուաւ Ամմանի մէջ տեղի ունեցած միջեկեղեցական հանդիպման մասին, ուր կարեւոր որոշումներ տրուած էին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ծրագրային առաջնահերթութիւններուն եւ վարչական դրութեան առնչութեամբ: Ան նաեւ զեկուցեց վեհափառին խորհուրդի ընդհանուր գործունէութեան մասին: Յայտնենք, որ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մաս կը կազմեն շրջանի բոլոր եկեղեցիները: Յիշեալ կառոյցը Միջին Արեւելքի մէջ միակ միջեկեղեցական կառոյցն է:


Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 9

Ֆրանսա

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՒՀԻ ՄԸ Կ’ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ ՊԱՏՈՒՈՅ ԼԵԳԷՈՆ ՇՔԱՆՇԱՆԻ Ֆրանսայի մէջ, փրոֆեսէօր Անահիտ Տօնապետեան, արժանացաւ պետութեան պատուաբեր գնահատանքին. ան Հնդեւրոպաբան եւ հայագէտ-լեզուաբան, հիմնարկի անդամ Շարլ տը Լամպերթըրիի կողմէ պարգեւատրուեցաւ Պատուոյ Լեգէոն շքանշանի: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»-ը: Արեւելեան լեզուներու հիմնարկի նախագահուհին՝ Մանիւէլ Ֆրանք եւ Լեզուաբանական հետազօտութեանց միաւորման տնօրէնուհի Իզապէլ Լեկլիզ՝ ներկայիս ղեկավարները այն հաստատութեանց, ուր տեղի ունեցած է Ա. Տօնապետեանի մասնագիտական յառաջընթացը, մանրամասնօրէն ներկայացուցին Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսի գիտական եւ մանկավարժական գործունէութիւնը: Մ. Ֆրանք մասնաւորաբար նշեց Տօնապետեանի վիթխարի աշխատասիրութիւնը, դժուարին իրավիճակներու մէջ լուծումներ գտնելու կարողութիւնը եւ մարդամօտութիւնը: Անթուան Մէյէի, Ժորժ Տիւմեզիլի, Ֆրետերիք-Արման Ֆէյտիի, ԺանՓիեռ Մահէի նման այնքա՜ն նշանաւոր գիտնականներէ ետք ստանձնելով ղեկավարութիւնը INALCO-ի Հայագիտական բաժինին՝ Տօնապետեան կրցաւ զայն վերածել Հայաստանէն դուրս ամէնէն լիակատար եւ ամբողջական հայագիտական կրթութիւն ապահովող համալսարանական ամպիոնին: Իզապէլ Լեկլիզ, իր կարգին, ընդգծեց, որ ինք յաջորդած է եւ ներկայիս կը ղեկավարէ Ա. Տօնապետեանի ժամանակին տնօրինած հետազօտական միջ-գիտակարգային միաւորումը, որ ձեւաւորուած եւ առաջին քայլերը առած է անոր օրօք (այժմ՝ «Լեզուներու կառուցուածք եւ ուժականութիւն»): Անահիտ իր երախտիքի բառերը ուղղեց, նախ եւ առաջ՝ իր ընտանիքին եւ ծնողներուն, որոնք ներկայ էին արարողութեան: 20-րդ դարասկզիբին Խարբերդի շրջանէն մազապուրծ եղած իր ընտանիքը մշտապէս թիկունք եւ ազդակ հանդիսացած է իր գործունէութեան: Մեծ Եղեռնէն վերապրած ընտանիքին միակ անդամը՝ Տօնապետ Տօնապետեանը, կռուած է ֆրանսական Արեւելեան լեգէոնի շարքերուն մէջ եւ մասնակցած Կիլիկիոյ մարտերուն: «Այժմ, այս պարտաւորող շքանշանը, որ կը շնորհուի ինծի, ես կը համարեմ յարգումը եւ պատուումը իմ մեծ հայր Տօնապետ Տօնապետեանի անմար յիշատակին. իսկական լեգէոնական, սակայն առանց Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ կոչումին…»՝

Փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան


Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 121, էջ 10

Մշակութային Լուրեր ԱՐՑԱԽԻ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ԱՐՇԱՒԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ԲԱՆԱԼ ՎԱՂ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵԿԵՂԵՑԻՆ Արցախի հնագիտական արշաւախումբը Տիգրանակերտի մէջ կը ծրագրէ բանալ կեդրոնական թաղամասի վաղ քրիստոնէական հրապարակի երկրորդ եկեղեցին, որ յայտնաբերուած է անցեալ տարուան պեղումներու ժամանակ է: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress-ը: Արշաւախումբը սկսած է այս տարուան իր պեղումները եւ ունի շարք մը ծրագրեր, զորս պիտի իրականացնի մինչեւ Օգոստոսի վերջ: Այս մասին Armenpress-ի հետ զրոյցին տեղեկացուցած է արշաւախումբի ղեկավար, ԵՊՀ մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչ Համլէթ Պետրոսեան: “Հիմա Տիգրանակերտում ենք: Պեղումներն սկսուել են Յունիսի 25-ին, այժմ զբաղուած ենք յուշարձանի տարածքը մաքրելով: “Պեղումների ծաւալը նախորդ տարիներին բաւականին մեծ է եղել, մօտ մէկ հեկտարից աւելի տարածութիւն է կազմում, եւ մենք ամէն տարի նախորդ բոլոր տարիների հետքերը մաքրում ենք, քանի որ անձրեւներ են գալիս, քարեր են ընկնում, հողածածկոյթ է առաջանում”,- ըսած է Համլէթ Պետրոսեան` յայտնելով, որ մաքրման աշխատանքներէն անմիջապէս ետք կը վերսկսին պեղումները: «Այս տարուայ ծրագրում ունենք նաեւ ընդարձակել ամբողջ հարաւային բակը, եթէ հնարաւոր լինի: Շարունակելու ենք պեղումները ամրացուած թաղամասի հիւսիսային պարսպապատի վրայ, որտեղ արդէն 220 մեթր պարիսպը բացուած է, ամէն տարի մօտ 20-30 մետր աւելացնում ենք: Պարիսպը մօտեցել է ընդհուպ արքայական աղբիւրներին, յոյս ունենք, որ այս երկու սեզոններին հանդիպենք հիմնական կամ գլխաւոր մուտքին ամրացուած թաղամասին: Քանի որ մեր կողմից վաւերացուած անտիկ թաղամասերը հինգն են, մենք միայն մէկում ենք պեղում իրականացնում, այս տարի ուզում ենք նաեւ սկսել երկրորդի փորձնական պեղումները”,յայտնած է Համլէթ Պետրոսեան: Անոնք յայտնած են, որ Տիգրանակերտի մերձակայքին մարդիկ որոշ հետքեր նկատած են, երբ արշաւախումբի անդամները գացած են ու ուսումնասիրած վայրը, պարզուած է, որ կայ այդ տարածքի մէջ կարասային թաղում, որ շատ կը հանդիպի այդ կողմերու մէջ: «Դա վերաբերում է մ. թ. ա. առաջինմ.թ. երկրորդ դարերին, պէտք է տարածքը պեղենք, մաքրենք, նիւթերը տեղափոխենք»,-ըսած է Պետրոսեան` աւելցնելով, որ Տիգրանակերտը այս տարի շատ աւելի բարեկարգ է, նոր շրջապարիսպ դրած են, շրջակայքի մէջ նոր բացատրագրեր դրուած են: «Այդ տեսակէտից ամէն ինչ լաւ է, մի քիչ ծանր է յուշարձանների պահպանութեան վիճակը, որը մեզ համար ամենակարեւորն է, քանի որ միշտ չէ, որ յաջողւում է տարածքը լաւ հսկել: Տեղացի բնակչութիւնը մտածում է` որտեղ շինութիւն չկայ, կարելի է անասուն արածացնել, որը վնասում է: Վաղ քրիստոնեկան բազիլիկ եկեղեցին ամրակայման կարիք ունի արդէն, պայմանաւորաւել ենք, որ այս տարի մասնագէտներ կը գան ու կը գտնահատեն տեխնիկական վիճակը եւ ամրակայման ծրագրեր կը մշակեն»,-յայտնած է մշակութաբանը:


Սիրելի ընթերցող, ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր նամակները: Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի ըլլայ որոշ խմբագրումի:

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space. Send a Letter to the Editor to: ragmamoul@gmail.com


Advertise in

è²Î زØàôÈ Make it reach to our 25000+ worldwide subscribers everyday

Promotional Price List Duration Yearly Contract Monthly Contract

Weekly Contract

Daily Contract

Size

Price

Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner

US 999$ US 599$ US 399$ US 199$ US 149$ US 59$ US 159$ US 59$ US 29$ US 59$ US 29$ US 9$ (Offer valid till 31/08/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact: ragmamoul@gmail.com RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round



All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:




ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ: Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան: MONTH, YEAR VOL # ISSUE # Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Պատասխանատու Խմբագիր՝ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Խմբագրական Կազմ՝ ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ) ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ-ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ (Երեւան- Հայաստան) ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս) ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա) ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա) ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ) ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա) ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին) Վարչական Պատասխանատու՝ ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ Հեռ. +961 3 824 833 Հեռատիպ +1 647 435 0800 +374 77 00 22 11 +1 936 666 2011 ե-նամակ՝ ragmamoul@gmail.com

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a variety of lively and realistic settings. It gives to young learners a sound and enjoyable introduction to the presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email: cadmusproject.leb@gmail.com


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.