Wednesday 02 07 14, volume # 9, issue # 122

Page 1

Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 122, էջ 1

è²Î زØàôÈ

ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Օրուայ Յօդուածը

ՔԱՐԵՐՆ ԱԼ ԿԸ ԽՕՍԻՆ Հայրենի Լուրեր Մեկնարկեց «Իմ Հայաստան» Համահայկական II Փառատօնը (Տեսնել՝ էջ 5)

Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան Հբըմ-Հեը «Արին» Պարախումբը Մեկնեցաւ Հայաստան Մասնակցելու «Իմ Հայաստան Բ» Փառատօնին (Տեսնել՝ էջ 7)

ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ ragmamoul@gmail.com

www.facebook.com/RAGmamoul

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Աւելի քան 4 հազար տարուան բնօրրանի մը վրայէն հազիւ դար մը առաջ անհետացած մեծ մշակոյթի մը հետքերն են, որ նախ կը խանդավառեն Մինաս Գոճայեանը: 2011 եւ 2012-ին դէպի պատմական Հայաստան կատարուած երկու ճամբորդութիւններու տպաւորութիւնները հատորի մը վերածուած եւ «Մորմոքող անցեալի արահետներով» խորագիրով դրուած է մեր սեղանին վրայ: Հեղինակը` Մինաս Գոճայեան, նմանաբնոյթ երրորդ ուխտագնացութեան մը ընծայած առիթը օգտագործած եւ այցելած է խմբագրատունս: Այս հանդիպումը ինքնին առիթ դարձաւ, որ մենք աւելի մօտէն ծանօթանանք արմատներով կիլիկեցի, ծնունդով լիբանանցի, իսկ այժմ լոսանճելըսաբնակ մտաւորականի մը հետ: Ինչպէս նախորդ անգամներ, ան այս անգամ ալ իրեն հետ ունի ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբ մը եւ այդ խումբին պատմական Տոլմապահչէյի պալատը շրջած պահուն ինք կարճատեւ փախուստ մը տուած ու այցելած է մեզի: Այս սենեակի մէջ բաժնելու շատ բան կը գտնէ Մինաս Գոճայեան, քանի որ «Ակօս»-ի հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը նոյնպէս բազմիցս

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան:


Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 122, էջ 2

շրջած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքները` յատկապէս հոն որոնելով հայ անցեալի մեր օրերուն մնացած հնութիւնները: Առաջին ծանօթացումով կը յիշուի նաեւ նոյն ճանապարհներու այլ ուղեւորներ` Արմէն Արոյեան կամ Սեւան Նշանեան եւս: Երկուքն ալ բազում ապրումներ ունեցած են այս բացակայ անուններուն հետ, որոնք յիշելով` կրկին ու կրկին կը յիշատակուի հայ ժողովուրդի քաղաքաշինական, ճարտարապետական կամ ալ, կարճ խօսքով, ստեղծագործական եզակի յատկութիւնները: Վաստակաւոր ուսուցիչ մըն է մեր հիւրը եւ արդէն կարճատեւ զրոյցէն կարելի կ՛ըլլայ ենթադրել իր այս յատկութիւնը: Իրաւ ալ ասպարէզները իրենց դրոշմը կը դնեն այդ ասպարէզով զբաղողներու բնաւորութեան վրայ: Զգուշ դիտորդ մը կրնայ նկատել, թէ իր խօսակիցը մեծ հաւանականութեամբ ուսուցիչ մըն է, բժիշկ մը, մի գուցէ կամ ալ` իրաւապաշտպան մը: Կ՛երեւի այդպէս եղաւ, եւ մենք ալ երբեք չզարմացանք, երբ լսեցինք մեր խօսակիցին բազմամեայ ծառայութիւնը կրթութեան ոլորտէ ներս: Ան իր գիրքին կողքի շապիկին վրայ արձանագրած է ծննդեան տարեթիւն ու վայրը` 1946, Պէյրութ: Ապա կը բացատրէ իր հօրենական եւ մօրենական ընտանիքին բնօրրանը: Նախակրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ռուբինեան վարժարանը, իսկ երկրորդական ուսումը` ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական եւ պատմութեան բաժինները: Գալով իր հեղինակած ճանապարհագրութեան` մենք անվերապահօրէն կրնանք ըսել, որ այսքան վառ տողերով շարադրուած նկարագրականը ընթերցողին մօտ անխուսափելիօրէն կ՛աւելցնէ այդ վայրերը սեփական աչքերով տեսնելու անդիմադրելի ցանկութիւնը: Մինաս Գոճայեան լոկ զբօսաշրջական ուղեցոյցի մը հեղինակը չէ: Անոր բացատրութիւններուն մէջ անբաժան են նաեւ իր սեփական տպաւորութիւնները, պատմական անդրադարձները եւ այդ ուղղութեամբ իր մեկնաբանութիւնները: Շատ անգամ հիացման զգացումներուն կ՛ընկերակցի ապերախտութեան կամ ուրացումի դէմ ընդվզումը: Ան չի հանդուրժեր Կիլիկիոյ դաշտին «Չուքուրովա» վերանուանման: «Փոսադաշտ» կը թարգմանէ այս թրքերէնացուած անունը, որ տեղանուններու փոփոխութիւնով երկրի անցեալը մոռացութեան մատնելու թշուառ ռազմավարութիւն մըն է: Այս բաժնի մէջ յայտնուած դիւրազգացութիւնը շատ աւելի հասկնալի կը դառնայ, քանի որ բաժնի ենթախորագիրն է «Դէպի Կիլիկիա, դէպի նախնեաց հող Չորք-Մարզպան (Տէօրթեօլ)»: Այս աւանի մասին վկայութիւնները կը շարունակուին «պապերուս ծննդավայր նարնջաստան Չորք-Մարզպան» խորագրեալ յաջորդ բաժնի մէջ ալ:

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան


Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 122, էջ 3

Այս բնոյթի ուխտագնացութիւններու համար որդեգրուած ուղղութենէն կը շեղինք Մինաս Գոճայեանի առաջնորդած տարբերակով: Ուստի այս ուղեւորութիւնը կը սկսի Պոլսոյ Սապիհա Կէօքչեն օդակայանէն դէպի Անտիոք կատարուած թռիչքով: Առաջին կայանը կը հանդիսանայ Հանրապետական Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը` Վաքըֆ: Այս գիւղը իսկապէս իմաստալից է մանաւանդ խումբին մաս կազմող մուսալեռցիներու համար: Ի դէմ բազմաթիւ ժխտման կամ ուրացումի պատմութեան, իրենք ուղղակիօրէն կը շփուին այն մարդկանց հետ, որոնցմով նոյնիսկ նոյն բարբառը կ՛օգտագործեն: Կամ ալ կը ցնցուին` տեսնելով, թէ իրենց համար «կորուսեալ» դարձածը վաքըֆցիներու համար առօրեայ է: Հոգ չէ թէ Մուսա Լերան եօթը գիւղերէն այսօր մնացած ըլլայ միայն մէկ գիւղ, այդ գիւղը իր էութեամբ կը շարունակէ ռուբինեան հարստութեան կենդանի ներկայացուցիչը մնալ նաեւ մեր ժամանակներուն: Ծառը երկարակեաց է` բաղդատմամբ մարդ արարածի կեանքի տեւողութեան: Սակայն հազար տարին ծառի մը համար ալ գերազանց երկար տեւողութիւն է, որուն պատճառով անհամար կը դառնան անոր ձօնուած աւանդազրոյցները, առասպելները եւ նոյնիսկ յիշատակները: Ահա այս տեսակի բնական կոթող մըն է Խըտըրպէկ գիւղի հազարամեայ սօսին, որուն զով հովանիին ներքեւ կը վերակենդանանան վերոնշեալ յիշատակները: Սակայն նման ճանապարհորդութիւններու մէջ այս տեսակի դադարները ստիպուած են կարճատեւ ըլլալու, քանի որ դեռ պիտի այցելուին կիլիկեան այլ շրջաններ` Չորք-Մարզպանը, Լեւոնի բերդը, քոզանուած Սիսը եւ Ատանան: Ուղեցոյցի սլաքը այժմ ցոյց կու տայ Կապադովկիոյ շրջանը, Իւրկիւպ եւ Կեսարիա: Իսկ Կեսարիայէն ետք դարձեալ բազմաթիւ ապրումներով հարուստ բնօրրան մը` Ուլնիա կամ Զէյթուն: Ապա 12-րդ բաժնին մէջ պիտի այցելենք Գերմանիկ-Մարաշ, որ այսօր կը յիշուի Քահրաման Մարաշ: Մինաս Գոճայեանի խումբը կ՛ընթանայ աքսորի կարաւաններու հակառակ ուղղութեամբ: Այսպէս, կիլիկեան երկրէն կ՛ուղղուինք դէպի Հայկական բարձրաւանդակ: Եւ այստեղ ամէն աւան, ամէն բլուր, ամէն առու կը վերածուի Մեծ եղեռնի դաժան յուշերու վերապրումի մը: Միթէ ուրիշ կերպ կարելի է՞, երբ Սուրբ Կարապետէն մնացած միակ հետքի, փուլ եկած պատի մը սրբատաշ քարերուն մօտ գիւղացիի մը մատուցած լաւաշը ձեռիդ կը մրմնջաս Մուրատատույի աղերսուած աղօթքը` «Չանկլի, զիմ մուրազը տուր, զիմ սրտի սիրածը տուր»: Այս աղերսանքով սոյն փլատակի վրայ կարելի է Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի հետ կապուած դեռ բազում երազներով տարուիլ, օրինակի համար` ուխտագնացութեան թափօրները երազել, աշուղները, քենտիրպազները, փահլեւանները պատկերացնել աչքերու առջեւ: Բայց ինչպէս վերեւ ալ նշած էինք, ժամանակը թանկ է: Դեռ Բալահովիտ պիտի երթանք: Բալու պիտի այցելենք: Պիտի տեսնենք «Հրանդ Տինք հիմնադրամ»-ի այդ հրաշալի աշխատութիւնով վերանորոգուած Հաւաւի աղբիւրները: Երկար ճամբայ ունինք մեր առջեւ: Այն բախտաւորներն ենք, որ Արարատը հանդիպակաց կողմէն պիտի տեսնենք ու մեր թոքերուն թոյլ տուած ամենագոռ ձայնով պիտի արտասանենք «Ես իմ Մասիս սարն եմ սիրում»: Աւելի քան 4 հազար տարուան բնօրրանի մը վրայէն հազիւ դար մը առաջ անհետացած մեծ մշակոյթի մը հետքերն են, որ նախ կը խանդավառեն Մինաս Գոճայեանին խումբը եւ այս հրատարակութիւնով ալ` ընթերցողը:


Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 122, էջ 4

Այդ խանդավառութիւնը, կ՛երեւի, բոլորս կը պարտինք հեղինակին դիւրահաղորդ գրելաոճին, որ թարգման կը հանդիսանայ համահայկական զգացումներու: Այդ շունչով է, որ կը մագլցինք այս անգամ Մարութայ սար: Սասուն հասած ենք, Դաւթի վաթանն ենք: Նոյնիսկ սա սուլող քամին եթէ զգուշ լսենք, մեր ականջներուն պիտի հասնի նաեւ Ձէնով Օհանի կանչը: Մենք ալ տոգորուած ենք` լսելով այդ կանչը: Խոր մտածումներու մէջ ենք ինկած` արդեօք ո՞ր ձին մեզ շուտով կը հասցնէ Դաւթի մօտ… Հայ ժողովուրդի հերոսապատումները սահմանուած չեն առասպելներով: Վարդան Մամիկոնեանի տնկած սօսիին նոյն տեղը 15 դար յետոյ սօսի տնկեց հայ ժողովուրդի այլ զօրավար զաւակ մը` մարաջախտ Բաղրամեան: Իսկ եթէ Միսաք Մանուշեան կամ Սողոմոն Թեհլիրեան իրենց ձեռքով տնկած սօսիներ չունին հայոց հողին վրայ, ի՛նչ փոյթ, հայ ժողովուրդը անոնց յիշատակին կառուցուած դպրոցներ ունի, որոնց հունձքը պիտի ըլլան մերօրեայ հերոսները: Իբրեւ խոստովանութիւն` նշենք, թէ մեր մտքի այս տեսակի թռիչքները գիրքին ներշնչումէն կը ծագի: Հեղինակն է մեզ այս ու նման խորհուրդներու մատնողը: Զբօսաշրջիկ բառի յուշածը այլ բան է, պատմական Հայաստանի մէջ շրջող հայ ուխտաւորի ապրումները` այլ բան: Այդ տարբերակին գիտակցութեամբ է, որ Մինաս Գոճայեան նպատակադրած է իր աշխատութիւնը թարգմանել անգլերէնի եւ թրքերէնի: Եւ այս թարգմանութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ ո՛չ միայն հայախօսութենէ դադրած հայ ընթերցողին, այլ` մայրենին թրքերէն եղող շատ աւելի հոծ հասարակութեան մը: Բայց մենք խորհուրդ կու տանք բոլոր այն հայերուն, որոնք նախապէս չեն գտնուած Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին, նախքան ճամբորդելը` անպայման կարդան այս գիրքը: Նոյնիսկ բովանդակ ճամբորդութեան ընթացքին ալ ունենան իրենց մօտ` ընդմիշտ թարմացնելու համար այնտեղ յիշատակուած տեղեկութիւնները, քանի որ, ինչպէս այս գրքի նախաբանի հեղինակ փրոֆ. Արտեմ Սարգսեանն ալ կը վկայէ, «…այս ուխտագնացութեան հատորէն քարերն անգամ կը խօսին, ինչպէս` հեղինակը, կ՛ըմբոստանան այս կացութեան դէմ, որ անփոփոխ կը մնայ արդէն շուրջ հարիւր տարի…»:

Քաղուած «Ակօս»-էն


Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 122, էջ 5

Հայրենի Լուրեր ՄԵԿՆԱՐԿԵՑ «ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ II ՓԱՌԱՏՕՆԸ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարձր հովանիի տակ 2012 թուականէն կ’իրականացնէ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը: Այս մասին կը հաղորդէ hayernaysor.am-ը: Յուլիս 1-ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ «Իմ Հայաստան» համահայկական II փառատօնը, որուն ներկայ էին ՀՀ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը, Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը եւ այլ պաշտօնատար անձինք, հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ: Բացման արարողութիւնը բաղկացած էր հիմնական երեք մասերէ` պատուիրակութիւններու շքերթ, բուն համերգային ծրագիր, մասնակիցներու ընդհանուր շուրջպար: Բուն համերգային ծրագիրը մեկնարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով` Աննա Մայիլեանի կատարմամբ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «ՀՀ Կառավարութեան եւ անձամբ իմ անունից ջերմօրէն ողջունում եմ բոլոր մասնակիցներին: Բարո՛վ էք եկել Հայաստան: Ազգը ճանաչելի դարձնելու լաւագոյն միջոցը մշակոյթն է: Այստեղ համախմբուել է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի եռամիասնութիւնը, որը մեր ուժի իրական գրաւականն է: Հաւաքուելով հայրենիքում եւ ձեր ներուժը ներդնելով հայրենի մշակոյթի զարգացման գործում` դուք ձեր նպաստն էք բերում Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումների իրականացման գործընթացում: Սա հայանպաստ, հայանուէր միջոցառում է: Շնորհակալութիւն եւ բարի երթ բոլոր մասնակիցներին»: Այնուհետեւ հանդիսավարներ Աւետ Բարսեղեան եւ սուրիահայ ուսանողուհի


Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 122, էջ 6

Լիւսի-Վանա Կարապետեան բեմ հրաւիրեցին «Իմ Հայաստան» փառատօնի «Պարարուեստի օրերեծրագրին մասնակցելու համար աշխարհի 12 երկրներից հայրենիք ժամանած 36 պարախմբերին` ՌԴից` «Շիրակ», «Տաշիր», «Կռունկ», «Հայասա», «Արմաւիր», «Նարեկ», «Արին Բերդ», «Տարօն», «Նարէ», «Արենի», «Կարօտ», «Արփի», «Հայաստանի փայլեր», «Արտոյտ», «Նաիրի», «Անի», «Թերպսիխորա», «Նոյեան», Վրաստանէն` «Անի», «Ֆանտազիա», «Վանք», «Ջեյրան», «Վաչեան», «Բարալեթ», «Նաիրի», Ուքրանիայէն` «Արաքս», «Արմենիա», Լիբանանէն` «Արին», Քուէյթէն` «Շաքէ», Աւստրալիայէն` «Նաիրի», Քանատայէն` «Անի», Ֆրանսայէն` «Արա», ԱՄՆ-էն` «Զուարթնոց» պարային խումբերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի պարախումբերուն: 2012թ. առաջին անգամ իրականացած «Իմ Հայաստան» փառատօնի մասին պատմող տեսաերիզը դիտելէ յետոյ Արցախի պարի պետական խումբը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագիրով պարային համարը: Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Շուշան Պետրոսեանը, ՀՀ ժողովրդական արտիստ Թովմաս Պօղոսեանի ղեկավարած «Սայաթ-Նովա» մշակութային միութեան նորօրեայ աշուղներու խումբը, ՀՀ վաստակաւոր արտիստ, դուդուկահար Գէորգ Դաբաղեանը եւ անոր սաները, ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Լէյլա Սարիբէկեանը, երգիչներ Համլէթ Գէորգեանը եւ Արմինկան, պարային կատարումով` «Բերդ» ՀՀ վաստակաւոր պարային խումբը: Փառատօնի բացման առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պարային սիւիտ: Մասնակիցները հանդէս եկան առանձին համարներով եւ միասին պարեցին հայկական աւանդական քոչարին: Համերգը ուղեկցուեցաւ Հայաստանի տեսարժան վայրերու ցուցադրութեամբ եւ «Իմ Հայաստան» առաջին փառատօնի մասին պատմող պատկերներով: Ձեռնարկի աւարտին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքէն ժամանած պարախումբերու եւ անոնց պարուսոյցներու մասնակցութեամբ Ալ.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնը ցնծաց հայկական քոչարիի հուժկու հնչիւններուն տակ:


Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 122, էջ 7

Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» Պարախումբը Մեկնեցաւ Հայաստան Մասնակցելու «Իմ Հայաստան Բ» Փառատօնին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Արին պարախումբի 48 անդամներ` գլխաւորութեամբ իրենց գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի, բեմավար Վարդան Մկրտիչեանի եւ ՀԵԸ «Արին» պարախումբի վարչական անդամներու` Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:25-ին մեկնեցան Հայաստան` մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» համահայկական Բ. փառատօնին տարբեր ծրագիրներուն:

Այս փառատօնին ընթացքին ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը պիտի ունենայ չորս ելոյթներ: Առաջին ելոյթը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014-ին, Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ` «Իմ Հայաստան» փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին: Երկրորդ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 3 Յուլիս 2014-ին Լոռի մարզի Վանաձոր քաղաքի թատերասրահին մէջ: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբի երրորդ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 4 յուլիսին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի փակման ընթացքին` ներկայութեամբ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին: ՀԵԸ «Արին» պարախումբի վերջին ելոյթը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 5 Յուլիս 2014-ին, Արագածոտնի մարզի Օշական գիւղին մէջ, «Գիւղի տատիկ» խորագիրով բացօթեայ տօնախմբութեան ընթացքին:

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ ragmamoul@gmail.com Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:


Սիրելի ընթերցող, ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր նամակները: Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի ըլլայ որոշ խմբագրումի:

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space. Send a Letter to the Editor to: ragmamoul@gmail.com


Advertise in

è²Î زØàôÈ Make it reach to our 25000+ worldwide subscribers everyday

Promotional Price List Duration Yearly Contract Monthly Contract

Weekly Contract

Daily Contract

Size

Price

Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner

US 999$ US 599$ US 399$ US 199$ US 149$ US 59$ US 159$ US 59$ US 29$ US 59$ US 29$ US 9$ (Offer valid till 31/08/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact: ragmamoul@gmail.com RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round



All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:




ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ: Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան: MONTH, YEAR VOL # ISSUE # Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Պատասխանատու Խմբագիր՝ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Խմբագրական Կազմ՝ ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ) ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ-ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ (Երեւան- Հայաստան) ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս) ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա) ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա) ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ) ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա) ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին) Վարչական Պատասխանատու՝ ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ Հեռ. +961 3 824 833 Հեռատիպ +1 647 435 0800 +374 77 00 22 11 +1 936 666 2011 ե-նամակ՝ ragmamoul@gmail.com

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a variety of lively and realistic settings. It gives to young learners a sound and enjoyable introduction to the presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email: cadmusproject.leb@gmail.com


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.