Friday 20 12 13, volume # 8, issue # 240

Page 1

Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2013

8րդ Տարի, Թիւ 240 էջ 1

è²Î زØàôÈ

ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Էրտողանի Վերաբերմունքը 1915-ի Նկատմամբ ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Վարչապետ Էրտողան, կը ճանչցուի իր հակաիթթիհատական եւ հակա-Քեմալական մտայնութեամբ: Ամէն առիթով կը քննադատէ եւ կը դատապարտէ իթթիհատական մտայնութիւնը, պատմութեան մէջ իրենց այս հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդին դէմ գործած յանցագործութիւններուն եւ դաժանութիւններուն պատճառաւ: Ամէն անգամ որ առիթը ներկայանայ Վարչապետ Էրտողան կը յիշէ այս հողերուն վրայ, ալեւիներու եւ քիւրտերու դէմ գործադրուած կոտորածները: Իթթիհատականներու եւ նոյն մտայնութիւնը որդեգրողներու կողմէ իրագործուած բոլոր դաժանութիւններուն մասին ան շատ խիստ խօսքերով կ'արտայայտուի եւ կը դատապարտէ անոնց կողմէ գործադրուած բոլոր ոճիրները, ի բացառեալ 1915-ին հայերու դէմ գործադրուած մեծ ոճիրէն: Յուզիչ է տեսնել որ երբ խօսուի 1915-ի դէպքերուն մասին, վարչապետ Էրտողան կարծէք պաշտպան կը հանդիսանայ Իթթիհատականներուն եւ չ'ընդունիր որ այն նոյն Իթթիհատականները, զորս ինք միշտ կը քննադատէ, քիւրտերու եւ ալեւիներու դէմ իրենց կատարած ոճիրներու պատճառաւ, շատ աւե-լի մեծը եւ աւելի վայրագը գործած են հայերու դէմ: Կարելի չէ հասկնալ վարչապետ Էրտողանի այս վերաբերմունքը մասնաւորապէս երկու պատճառաւ.

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան:


Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2013

8րդ Տարի, Թիւ 240 էջ 2

Առաջինը այն է որ նոյն Իթթիհատականները 1919-1921 թուականներուն, Օսմանեան դատարանի կողմէ, առաջին աշխարհամարտին հայերու դէմ իրենց գործած ոճիրներու պատճառաւ, դատուած եւ հեռակայ կարգով մահուան դատապարտուած էին արդէն: Հեռակայ կարգով կ'ըսեմ որովհետեւ իրենք առաջուընէ տեղեակ պահուելով որ պիտի դատապարտուէին, երկրէն հեռացած եւ Գերմանիա ու այլ երկիրներ ապաստանած էին: անմարդկային գազանի ձայնով ես ճչացել, գոռացել եմ, ու մի քանի հարեւան որ փրկուել են, Ուրեմն ամենապարզ մէկ պատճառաբանութեամբ, յետոյ պատմում են, որ իմ այդ ճչոցից են վախեցել ու փախել: Թամբալ ամուսին ունենալը եթէ մտածելու ըլլանք, ինչո՞ւ համար ժամանակերեւի լաւ բան էր: Ճօճուիր կը ռոլիկը, կ'ըսէի՝ Աղաս, մեռայ ըսելով, էս անտէրը չես ձգէ, օր ուայ Օսմանական դատարանի կողմէ դատուած եւ լուացքս կախ չընկնի: Թոյլ էր ռոլիկը, ու երբ սկսեցի ձգուելը, ռոլիկը պոկուաւ պատից, ես մահուան դատապարտուած անձերուն գործած ընկայ գետին ու վազեցի առաջ: Գիտակցութիւնս տեղն էր, օր պիտի փախնիմ: Վազել եմ ոճիրը, իննսուն երկու տարի վերջ հերքելով, նեղ առաջ ու ընկել եմ: Երեխուս անունն եմ գոռացել անընդհատ»: կացութեան մէջ իյնալ: Այդ նոյն անձերը եւ նոյն մտայնութիւնը չէի՞ն որ այս հողերուն վրայ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն, նոյնիսկ մահմետական սիւննի Թուրք ժողովուրդին անգամ զուլում պատճառեցին պատմու-թեան մէջ: Ինչո՞ւ համար իննսուն երկու տարի առաջ Օսմանական ատեանին կողմէ մեղաւոր նկատուած անձերը հիմա պաշտպանել եւ իրենց գործած ոճիրը անտեսել: Երկրորդ զարմանալի կէտն ալ այն է որ վարչապետ Էրտողան, իր գործի գլուխ եկած 2002 թուականէն սկսեալ, միշտ պայքարած է երկրին քաղաքականութեան մէջ տիրող զօրապաշտական խնամակալութեան դէմ: Իր իշխանութեան շրջանին դատավարութեան ենթարկուեցան եւ դատապարտուեցան հանրապետութեան շրջանին Թուրքիոյ մէջ իրականացած զինուորական հարուածները եւ հարուածի փորձ ընողները: Առ այժմ քանի մը տասնեակ նախկին զօրավարներ եւ հարիւրէ աւելի բարձրաստիճան սպաներ բանտարկուած են զինուորական հարուած ծրագրած ըլլալու մեղադրանքով եւ դատավարութիւնները դեռ կը շարունակուին: Այդ հարուածներու ժամանակ դատապարտուող անձերուն եւ քաղաքագէտներուն պատիւը իրենց վերադարձուած է պետութեան կողմէ: Տրապիզոնի կուսակալ՝ իթթիհատական Ճեմալ Ազմի Պէյի մահավճիռի պատճէնը 22 Մայիս 1919 - Թիւ 3616

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան


Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2013

8րդ Տարի, Թիւ 240

էջ 3

Այս բոլորը լաւ, բայց հապա Իթթիհատականնե՞րը: Անոնք ինչպէ՞ս գործի գլուխ եկան Օսմանական Կայսրութեան ժամանակ արդեօք: Իթթիհատականներն ալ ի վերջոյ 13 Ապրիլ 1909 (31 Մարտ 1325) թուականին տեսակ մը զինուորական հարուածով է որ սուլթան Համիտը տապալելով իշխանութիւնը ձեռք անցուցին: Ուրեմն քանի որ վարչապետ Էրտողան դէմ է զօրապաշտական խնամակալութեան եւ քանի որ իր իշխանութեան շրջանին կը դատուին զինուորական յեղաշրջումները, ինչո՞ւ համար չդատել նաեւ Իթթիհատականներու կողմէ կազմակերպուած զինուորական հարուածը: Կամ ալ ժամանակը պիտի գա՞յ եւ Իթթիհատականներու հարուածն ալ պիտի դատուի՞ եւ դատապարտուի՞ արդեօք: Եթէ այսպիսի դատավարութիւն մը կատարուի եւ անոնք դատապարտուին զինուորական հարուած կատարելով ոճիր գործած ըլլալու մեղադրանքով, այդ պարագային ցեղասպանութեան հարցն ալ կարելի կրնայ ըլլալ լուծել, որովհետեւ այդ դէպքն ալ Իթթիհատականներու գործած մէկ ոճիրն էր: Սա, արդարեւ, իրականութիւն մըն է որ վարչապետ Էրտողան, իր գործի գլուխ եկած 2002 թուականէն մինչեւ այսօր, տասնմէկ տարիներու տեւողութեան, Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան որակը բարձրացնելու համար շատ կարեւոր եւ նոյնչափ ալ վտանգաւոր քայլեր առաւ, զորս տասնմէկ տարիներ առաջ երազել անգամ կարելի չէր: Այս քայլերուն ամէն մէկը ժողովուրդին համար մէյ մէկ պերլինեան պատի փլուզում էր, կատարելապէս: Ահաւասիկ այժմ Քրտական հարցն ալ կը հարթուի եւ կը հաւատամ որ եթէ այսպէս շարունակուի, կարգը ի վերջոյ պիտի հասնի նաեւ Հայկական հարցի լուծման: Վերջին տարիներուն Թուրքիա Հայկական հարցի մէջ ալ, ըստ իս, շատ կարեւոր քայլեր նետեց: Հրատարակուած գիրքերը եւ կազմակերպուած դասախօսութիւնները ասոր ամենալաւ ապացոյցներն են: Իսկ վերջին երեք տարիներուն Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ, մայր հրապարակներու վրայ սկսուած է 24 Ապրիլը ոգեկոչուիլ Հայ, Քիւրտ եւ նաեւ Թուրք հայրենակիցներու կողմէ, որ ասիկա, ըստ իս, շատ կարեւոր զարգացում մըն է: Հակառակ որ Թուրքիա պաշտօնապէս չ'ընդունիր ցեղասպանութիւնը, կ'արտօնէ որ փափաքողներ ոգեկոչեն 24 Ապրիլը: 24 Ապրիլի ոգեկոչումի ժամանակ պետութեան ոստիկանները, պաշտպանողական դիրք կ'առնեն 24 Ապրիլը ոգեկոչող հայրենակիցներուն դէմ ազգայնամոլ կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուելիք հաւանական յարձակումները կանխելու համար: Այսինքն՝ պետութիւնը կը պաշտպանէ անոնք, որոնք 24 Ապրիլը կ'ուզեն ոգեկոչել:


Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2013

կողմէ կատարուելիք հաւանական յարձակումները կանխելու համար: թիւնը կը պաշտպանէ անոնք, որոնք 24 Ապրիլը կ'ուզեն ոգեկոչել:

8րդ Տարի, Թիւ 240

Այսինքն՝ պետու-

Աւելի ուրախալի է տեսնել որ այս երեք տարիներու ընթացքին զգալի ոչ մէկ դէպք պատահեցաւ բացի 24 Ապրիլի հակառակ ցոյց ընող սակաւաթիւ խումբերէ: Ես կը հաւատամ որ բոլոր այս զարգացումները, կառավարութեան կողմէ Թուրք համայնքին մէջ համոզմունք ստեղծելու համար յատկապէս կ'արտօնուին, որպէսզի ժողովուրդը հետզհետէ լսելով վարժուի այդ գաղափարին եւ ուսումնասիրելով իմանայ թէ 1915 թուականին այս հողերուն վրայ հայերու դէմ ոճիր մը իրագործուած է իսկապէս:

Աւելի ուրախալի է տեսնել որ այս երեք տարիներու ընթացքին զգալի ոչ մէկ դէպք պատահեցաւ բացի 24 Ապրիլի հակառակ ցոյց ընող սակաւաթիւ խումբերէ: Ես կը հաւատամ որ բոլոր այս զարգացումները, կառավարութեան կողմէ Թուրք համայնքին մէջ համոզմունք ստեղծելու համար յատկապէս կ'արտօնուին, որպէսզի ժողովուրդը հետզհետէ լսելով վարժուի այդ գաղափարին եւ ուսումնասիրելով իմանայ թէ 1915 թուականին այս հողերուն վրայ հայերու դէմ ոճիր մը իրագործուած է իսկապէս:

էջ 4


Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2013

8րդ Տարի, Թիւ 240

էջ 5

Կը հաւատամ նաեւ որ մօտ օրէն այս հարցն ալ պիտի հարթուի, կը բաւէ որ կողմերը հարցը չվերածեն վրէժխնդրութեան հարցի, այլ զայն նկատեն պատմութեան մէջ պատահած անարդարութեան մը փոխարինութեան: Իսկ այս հարցին լուծումը կարելի կրնայ ըլլալ միայն վարչապետ Էրտողանի նման զօրաւոր, իր առած որոշումը, առանց վարանելու, ամէն գինով իրականացնող առաջնորդի մը վարչապետութեան ժամանակ: Պէտք է գիտնալ նաեւ որ այս հարցը յաղթական ելլելու կամ պարտուած մնալու հարց մը չէ: Ողբերգութեան յաղթականը չ'ըլլար: Կողմերէն մէկը այս ոճիրը գործած ըլլալով, իսկ միւսն ալ նոյն ոճիրը կրած ըլլալով արդէն պարտութիւն մը կրած են պատմութեան մէջ: Երբ օրը հասնի եւ կողմերը բանակցութեան սեղանի շուրջ նստին, երկուքն ալ պարտուած ըլլալով է որ պիտի սկսին բանակցութեան եւ այս հարցը լուծելով է որ միանգամայն պիտի ազատին հարիւր տարիներէ ի վեր զիրենք կապող շղթաներէն:

Պոլիս, Թուրքիա

www.facebook.com/RAGmamoul


Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2013

8րդ Տարի, Թիւ 240

Letters to the Editor Շատ սիրելի ու թանկագին ընկերներ, Ամանորի սեմին կը գտնուինք եւ մտերմիկ ու ջերմ զգացումներ կը լիացնեն մեր հոգիները: Ձեր բոլորին կը մաղթեմ սրտանց լիակատար առողջութիւն եւ երջանիկ նորանոր տարիներ: Առաւել եւս՝ մեր բոլորին հայրենանուէր գործունէութեան հեզասահ ընթացք եւ յաջոութիւն: Ի դէպ՝ ջերմ գնահատանքս կը յայտնեմ գեղագիտական բարձր ճաշակով իրականացուող ձեր էջադրումին համար: Մշտական սիրով՝ Արամ Սեփեթճեան Պէյրութ, Լիբանան

Comment on Raffi Bedrosyan’s article - Let's Welcome Islamicized Armenians -

Comment on Harut Sassounian’s article - Playing Partisan Politics with Artsakh Damages Armenian Interests -

It is a nice concept to welcome Islamicized Armenians. However, have you asked if they want to return to their roots? Just saying: I am Armenian does not count. In order to be considered Armenian one has to choose to accept Armenian traditions.

The delay by the Republic of Armenian in recognizing Artsakh as an independent state, is one of the reasons to what’s happening against Artsakh. Cristina Koutoudjian

Words are not enough but it should be done by deeds. Serj Bulanikian Los Angeles, California, USA

We should treat Turks as friends if only because it is easier to negotiate with friends than with enemies. If so far we have failed to do that it may be because we cannot even treat our brothers as friends. When was the last time an Armenian trusted another Armenian? Ara Baliozian

NOTE FROM THE EDITOR Our Liberal principles advocate ‘Freedom of speech’ as a mainstay of our beliefs; consequently the ideas presented here not necessarily reflect our point of view.

էջ 6


Սիրելի ընթերցող, ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Ուրբաթ օրուայ թիւով մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր նամակները: Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի ըլլայ որոշ խմբագրումի:

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Friday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space. Send a Letter to the Editor to: ragmamoul@gmail.com


Advertise in

è²Î زØàôÈ Make it reach to our 25000+ worldwide subscribers everyday

Promotional Price List Duration Yearly Contract Monthly Contract

Weekly Contract

Daily Contract

Size

Price

Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner Full Page Half Page Bottom Banner

US 999$ US 599$ US 399$ US 199$ US 149$ US 59$ US 159$ US 59$ US 29$ US 59$ US 29$ US 9$ (Offer valid till 31/01/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact: ragmamoul@gmail.com RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round






ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ: Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան: MONTH, YEAR VOL # ISSUE # Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Պատասխանատու Խմբագիր՝ ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ Խմբագրական Կազմ՝ ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ) ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս) ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան) ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա) ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա) ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ) ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա) ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին) Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces Վարչական Պատասխանատու՝ ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800 ե-նամակ՝ ragmamoul@gmail.com

Order through email: sevagh@cadmusproject.com


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.