Friday 16 05 14 volume # 9 issue # 90

Page 9

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014

9րդ Տարի, Թիւ 90

էջ 9

Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ ԻՆԾԻ ՏՈՒԱՒ ԻՆՔՆԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՁԵՒԱՒՈՐԵՑ ԶԱՅՆ. ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին, Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Լիբանանի հայերը» (Բ.) նիւթով գիտաժողովին: Ներկայութեամբ պետական, քաղաքական, ակադեմական, միութենական անձնաւորութիւններու եւ երիտասարդ համալսարանականներու կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ անդրադարձաւ գիտաժողովի ընդհանուր նիւթին` Լիբանանի հայերը` նշելով, որ ասիկա այս ծիրին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովներու շարքին երկրորդն է: Դոկտ. Տագէսեան դիտել տուաւ, որ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի առաքելութեան գլխաւոր նպատակներէն է պրպտել ու պարզել Լիբանանի հայութեան ապրած դառն ու խանդ օրերու յուշերն ու նախորդներու կտակած աւանդին իմաստը: Դոկտ. Տագէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւր բանախօս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին եւ ներկայացուց անոր կենսագրականն ու գործերը եւ իրագործումները:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան

Այս առիթով նաեւ իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ բարձր գնահատեց Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի դերը` յայտնաբերելու եւ հանրութեան ներկայացնելու լիբանանահայութեան կենսական դերը Լիբանանի ու առհասարակ սփիւռքի մէջ: Հայկազեանի նախագահը բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան դերը Լիբանանի, Միջին Արեւելքի, սփիւռքահայութեան ու առհասարակ հայութեան յետեղեռնեան պատմութեան կերտումին մէջ: Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան

ԾԱՆՕԹ՝ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ ragmamoul@gmail.com


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.