Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #207

Page 1

«ՄԱՐԴՆ ԻՐ ՏԱՆ ՀԷ'Մ ԱՂԱՆ Է, ՀԷ՛Մ ԾԱՌԱՆ» | Նոյեմբեր 2024 November

Armenian Community Centre courtyard gets a major upgrade Spotlight → 3

Լիբանանի տագնապալի օրերուն՝ գանատահայութիւնը կը զօրակցի Զրոյց → 14

«Այլանդակ տառեր» Կարծիք → 19

եւ այլն/etc . → 30

Թորոնթոյի հայ կեդրոնի վերանորոգուած բակը նոր կեանք կը ստանայ Օնթարիոյի «Թրիլիում» հիմնադրամի դրամաշնորհով իրականացած ծրագիրը պաշտօնապէս բացուեցաւ ԹՈՐՈՆԹՕ–Կիրակի, 27 հոկտեմբեր 2024-ին, Թորոնթոյի հայ համայնքը պատմական օր մը ապրեցաւ, երբ հարիւրաւոր թորոնթոհայեր հաւաքուեցան Հայ կեդրոնի նորովի վերանորոգուած բակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Ձեռնարկին ներկայ էին՝ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ՝ Don Valley North ընտրատարածքի ներկայացուցիչ Վինսընթ Քի, Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, համայնքի ղեկավարներ ու բազմաթիւ հայրենակիցներ։ Բակի վերանորոգման այս կարեւոր ծրագիրը իրականացած է Օնթարիոյի կառավարութեան «Թրիլիում» հիմնադրամին կողմէ տրամադրուած 165 000 տոլարի դրամաշնորհին շնորհիւ։ Նախաձեռնութիւնը, որ առաջնորդուած է ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կողմէ, վերականգնած է Հայ կեդրոնի բակը՝ զայն վերածելով ապահով հաւաքատեղիի մը։ Բացման արարողութեան ընթացքին, «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս բակը աւելի քան պարզապէս ֆիզիքական տարածք մըն է. ան մեր համայնքի սիրտն է, ուր մեր համայնքի անդամները՝ երիտասարդ թէ տարեց, ընտանիքներ եւ բարեկամներ կը հաւաքուին վերահաստատելու իրենց կապերը, խաղալու, ճաշակելու

եւ պարելու՝ տօնախմբելով մեր հայկական ժառանգութիւնը եւ մեր հպարտութիւնը որպէս օնթարիոցիներ եւ գանատացիներ»։ Պաշտօնական ժապաւէնի հատումը կատարուեցաւ երեսփոխան Քիի, Հոթոյեան-Ժոլիի եւ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեանի կողմէ: Վերանորոգուած բակը պիտի ծառայէ համայնքի հազարաւոր անդամներուն եւ պիտի օգտագործուի ձեռնարկներու, մշակութային հաւաքոյթներու, ամառնային ճամբարներու եւ այլ նախաձեռնութիւններու համար որպէս ապահով տարածք, հաւաքավայր եւ խաղավայր։ Օնթարիոյի կառավարութեան «Թրիլիում» հիմնադրամի առաքելութիւնն է կառուցել առողջ եւ կենսունակ համայնքներ ողջ նահանգի տարածքին։ Անցեալ տարի, հիմնադրամը աւելի քան 110 միլիոն տոլար ներդրած է 1 044 համայնքային ծրագիրներու եւ բազմաոլորտ հաստատութիւններու մէջ։ Այս նախաձեռնութիւնը էական քայլ մըն է համայնքի բարգաւաճման ճամբուն վրայ. վերանորոգուած տարածքը պիտի շարունակէ ծառայել որպէս կարեւոր հաւաքավայր, ուր հազարաւոր թորոնթոհայեր պիտի ստեղծեն նոր յիշատակներ եւ պիտի ամրապնդեն իրենց կապերը համայնքին հետ: ֎

vol. 19

No 11[207]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #207 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu