«ԱՄԵՆԱՅՆ ՏԵՂ ՄԱՀԸ ՄԻ Է, ՄԱՐԴ ՄԻ ԱՆԳԱՄ ՊԻ՛Տ ՄԵՌՆԻ» | Փետրուար 2024 February
To advertise in Canada’s only Armenian monthly newspaper, email ads@torontohye.ca Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութիւնը՝ 35 տարեկան
Արտեմին նուիրումի ու կարեկցանքի ճանապարհորդութիւնները դէպի հայրենիք Ռուբէն Ճանպազեան 29-ամեայ Արտեմ Թիւթիւնճեանը չէր կրնար զսպել իր յուզմունքը. 2012-ի յունիսն էր, երբ Air France-ի օդանաւի մը մէջ նստած կ’ուղեւորուէր դէպի «Զուարթնոց» օդակայան: Հայաստանը առաջին անգամ տեսնելու ցանկութեամբ՝ ան պատուհանէն դուրս կը դիտէր, մինչ օդանաւը կը ճախրէր դէպի իր նպատակակէտը: Ծնած ու մեծցած Թորոնթօ, Արտեմը սնուած էր Հայաստանի վառ պատկերներով․ սրբազան Արարատ լեռը, քաջն զօրավար Անդրանիկը եւ այլ խորհրդանիշներ, որոնք առաջնորդած էին հայ ժողովուրդը ազգի պայծառ ու մութ օրերուն: Երբ օդանաւը հասաւ նաւարկութեան բարձրութիւն, Արտեմը սկսաւ մտածել՝ արդեօք իր պատկերացուցած Հայաստանը իսկապէս գոյութիւն ունէ՞ր, թէ ան պարզապէս հեռաւոր առասպել մըն էր: Օդանաւի սպասարկողը Արտեմին մեղմօրէն արթնցուց իր խոկումէն՝ տեղեկացնելով, որ իրենք կը թռչէին Սիս ու Մասիսի վրայէն։ Այն ինչ որ կարելի էր տեսնել ամպերուն եւ գիշերուան մութին տակ, լոկ ակնարկ մըն էր, թէ ի՛նչ կը սպասէր իրեն ստորեւ: Տեսնելով գեղեցկութիւնն ու իրականութիւնը Արտեմին ճանապարհորդութիւնը Հայաստանով դարձաւ ակնթարթներու յորձանուտ. ան ուսումնասիրեց պատմական վայրեր՝ սուրբ Խոր Վիրապը, ճամփեզրին համտեսեց թարմ ու քաղցր հայկական ծիրանն ու դեղձը եւ հիացաւ Գառնիի հնագոյն հեթանոսական տաճարով: Ան մտաւ Լոռիի մարզի փարթամ արօտավայրերը, քշեց մառախլապատ, լեռնային ճանապարհը դէպի Շուշի: Ճանապարհին առերեսուեցաւ Հայաստանի գեղեցկութեան, բայց նաեւ՝ դաժան իրողութիւններուն: Իրեն ապշեցուցին հակապատկեր իրականութիւնները. մէկ կողմէն ագահ «օլիգարխ»-ներ, մեծ փորերնին դուրս ցցուած, որոնք «Արմանի» վերնաշապիկներով շռայլութեան մէջ խնջոյքներ կ’ընէին, միւս կողմէն յուսահատ, անօթի եւ չքաւոր մարդիկ կը պայքարէին ապահովելու իրենց հանապազօրեայ հացը: Թափառող շուները ամենուրէք՝ սոված ու անտեսուած էին: Արտեմը չէր կրնար անտարբեր մնալ: Թորոնթօ վերադառնալուն պէս անոր սիրտը ծանրացաւ ամէն ինչով, որ տեսած էր Հայաստանի մէջ այդ երկու շաբաթներուն ընթացքին։ Առաջին փուլը սթափեցնող փորձառութիւն մըն էր:
Համայնք → 5
«Պուրակ»-ը՝ արեւմտահայերէնով պատրաստուած նիւթերու շտեմարանը
Արուեստ եւ մշակոյթ → 16
«Մեր հայրենիք»-ին մասին Կարծիք →18
Արցախէն տեղահանուած երկու երեխաներու հետ (լուսանկարը տրամադրած է Արտեմ Թիւթիւնճեանը) Երկրորդ փուլ Արտեմը չկրցաւ ազատիլ այն պատկերներէն ու յոյզերէն, որոնք ապրած էր Հայաստան կատարած իր առաջին այցելութեան ժամանակ: Ան լաւ գիտէր, որ պէտք էր բան մը ընէր, որպէսզի դրական ազդեցութիւն ունենայ այն մարդոց կեանքերուն վրայ, յատկապէս երեխաներուն, որոնց հանդիպած էր: Ճիշդ այդ օրերուն էր, որ ան յայտնաբերեց Armenian Volunteer Corps-ը (Հայկական կամաւորական մարմին - AVC): Հազիւ ամիս մը անց, ան անգամ մը եւս Երեւան ճանապարհուող օդանաւի մը մէջ էր։ Հայաստանի մէջ ան ստանձնեց տարբեր դերեր՝ գրադարանի մը մէջ անգլերէն դասաւանդեց, անապահով պատանիներու բռնցքամարտ սորվեցուց եւ Խարբերդի մանկատան մէջ աշխատեցաւ հաշմանդամութիւն ունեցող փոքրիկներու հետ: Մանկատան մէջ ան բացայայտեց ձիաբուժութեան արուեստն ու Արխոյին՝ ճերմակ գամփռ շան ընկերակցութեան ուժն ու ազդեցութիւնը: Այս փորձով ոգեշնչուած, Արտեմը սկսաւ պատկերացնել Հայաստան մը, ուր թափառող շուները կրնային փրկուիլ եւ վերականգնիլ՝ որբ երեխաներու հոգեկան բուժում ապահովելու համար: Այս տեսիլքէն ծնաւ Orphans and Their Dogs (Որբերը եւ իրենց շուները) հիմնադրամը, որուն նպատակն էր փրկել թափառական շուները՝ մանկատուներուն մէջ օգտագործելու համար: Երկրորդ փուլը յաջողութեամբ պսակեց Արտեմը:
խաչբառ
vol. 19
→ 23
No 2[198]
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
Ուրախութեան տարածում Ամանորի ու Սուրբ ծնունդի ուրախութեան եւ տօնակատարութեան ժամանակ Արտեմին ցանկութիւնն ու նպատակն էր, որ Հայաստանի մէջ պատերազմէն → 20
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.