«ԻՍՊԱՌ ՄԵՆՔ ՀԱՆԵՆՔ ՓՈՔՐՈԳՈՒԹԻՒՆ ՄԵՐ ՍՐՏԷՆ» | Յունուար 2024 January
«Երնէկ թէ»-էն անդին
Չհամակերպինք Արցախի կորուստին Լուսարձակ → 3
Օտարացման փորձառութիւնը Էկոյեանի շարժապատկերին մէջ
Արուեստ եւ մշակոյթ → 14
Սուրբ ծնունդը. որո՞ւն մասին է եւ ի՞նչ է անոր նշանակութիւնը
եղած են դառն ու դժուարութիւններով լի. 2020 թուականի ահաւոր 44-օրեայ պատերազմի հազարաւոր զոհերը, Արցախի կորուստն ու հայաթափումը եւ Հայաստանի ու սփիւռքի պառակտումի խորացումը։ Այս իրադարձութիւնները ոչ միայն փոխած են մեր ֆիզիկական իրականութիւնը, այլ նաեւ` խորապէս ազդած մեր հաւաքական հոգեկանին վրայ: Ցաւօք սրտի, այս մարտահրաւէրներն ալ աւելի սրուած են Հայաստանի ներկայ վարչակազմի ապիկար գործունէութեան պատճառով: Ընտրուելով փտածութիւնը (կոռուպցիան) արմատախիլ ընելու եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքները պաշտպանելու խոստումներով՝ ներկայ իշխանութիւնը կը ղեկավարէ
խաչբառ
vol. 18
Ռուբէն Ճանպազեան Դեկտեմբեր 2016-ին, յոյսերով լի ու անկատար երազներով հարբած խմբագրական մը գրեցի Armenian Weekly թերթի տարեվերջի թիւին մէջ: Գրութիւնը ներշնչուած էր Ռափայէլ Պատկանեանի «Նոր տարի» յուզիչ բանաստեղծութենէն, որ գրուած էր աւելի քան դար մը առաջ ու կ'արձագանգէր վիշտէ ու կռիւներէ զերծ Հայաստանի մը տենչը: Անոր խօսքերը՝ «Երնէկ թէ այս Նոր տարին», կ'ամփոփէր հայուն հաւաքական ցանկութիւնը, որ ազգը պիտի ազատուէր իր դժուարին պատմութեան կապանքներէն: Այսօր, երբ կանգնած ենք 2024 թուականի շեմին, համայն աշխարհը ու յատկապէս հայ ազգը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին։ Վերջին քանի մը տարիները
Կարծիք →16
երկիր մը, ուր անարդարութիւնը կը մոլեգնի, ուր համակարգուած կերպով կը լռեցուին կառավարութիւնը քննադատող ձայները, որուն արտաքին յարաբերութիւնները հիմնուած են զգացականին վրայ եւ, հաւանաբար, ամենէն ցաւալին ու կործարարը, ուր կը շարունակուի բոլորովին սխալ կառավարուիլ ժամանակակից հայոց պատմութեան ամենէն մեծ մարդասիրական ճգնաժամերէն մին: *** Երբ կ'ակնարկեմ «հայ ազգ»ին մասին, նկատի չունիմ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Թէեւ մեր ազգային պետութեան գոյութիւնը վճռորոշ է, սակայն հայ ազգը կը ներառէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, ուր որ ալ ան
→ 21
→ 19
No 12[197]
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.