«ԼԱՒ Է ՄԱՆՈՒԿ ԱՂՔԱՏ ԵՒ ԻՄԱՍՏՈՒՆ, ՔԱՆ ԶԹԱԳԱՒՈՐ ԾԵՐ ԵՒ ԱՆՄԻՏ» | Դեկտեմբեր 2023 December
Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի աննախընթաց ելոյթը՝ Թորոնթոյի մէջ Յարութիւն Դերձակեան
Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը աշխարհի լաւագոյն նուագախումբերէն մէկն է ու արդէն իսկ երկու տարիներէ ի վեր կը նշէ մօտակայ իր հարիւրամեակը։ 2000 թուականէն սկսեալ երգչախումբը փոխեց իր դիմագիծը եւ դարձաւ միջազգային նուագախումբ՝ շնորհիւ ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Էտուարտ Թոփճեանի։ 85 երաժիշտներէ կազմուած ֆիլհարմոնիք նուագախումբը աշխարհի զանազան երկիրներու, ինչպէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներու, նաեւ Ճափոնի լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ հանդէս եկած է կատարողական չափազանց բարձր մակարդակով։ Թէ՛ խմբավարը եւ թէ՛ նուագախումբը ջերմօրէն գնահատուած են համաշխարհային լրատուամիջոցներու կողմէ։ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120 ու Սերգէյ Ռահմանինովի 150-ամեակներուն նուիրուած բացառիկ ձեռնարկը Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, «Ռոյ Թամսըն»-ի անուան շքեղ սրահին մէջ։ Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը իր վերջին համաշխարհային շրջապտոյտին սկսած է Երեւանէն Յունաստան, ապա Նիւ Եորքի «Քարնեկի» սրահին մէջ, Թորոնթօ, Մոնթրէալ, Պոսթոն, յետագային՝ Իտալիա եւ Չինաստանի այլ քաղաքներ։ Հանճարեղ արուեստագէտ Արամ Խաչատուրեան ծնած է Թիֆլիս (1903-1978), եղած է դասական երաժշտութեան տաղանդաւոր յօրինող, խմբավար, երաժշտագէտ,
Egoyan’s ‘Seven Veils’ Wins Best Feature Film at POM 2023 Spotlight → 3
Համագանատական հանգանակութիւնը կը շարունակուի սրընթաց կերպով Համայնք → 7
դաշնակահար, թաւջութակահար, ջութակահար, համալսարանի դասախօս, պարուսոյց, Ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակ եւ քաղաքական գործիչ։ Խաչատուրեան ճանչցուած է 20-րդ դարու համաշխարհային դասական երաժշտութեան առաջնակարգ ներկայացուցիչ, ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ։ Համերգի առաջին բաժինը նուիրուած էր Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտաքիւս» Սպարտակ պալէէն սուիթներու։ Այս ստեղծագործութեան թեման, հռոմէացիներու դէմ ստրուկներու երրորդ ապստամբութեան շրջանի առաջնորդ Սպարտակի արկածախնդրութիւնները կը ներկայացնէ։ Պալէին երեք սուիթները իրերայաջորդ կերպով ներկայացուեցան նուագախումբի կողմէ՝ ստանալով ներկաներուն ջերմ գնահատանքը։ Այնուհետեւ Արամ Խաչատուրեանի 1940-ական թուականներուն գրած ջութակի «քոնչերթօ Տ-Մայնըր»-ը ներկայացուեցաւ։ Հեղինակը այս քոնչերթոն ձօնած է հրէական ծագումով նշանաւոր ռուս ջութակահար Տէյվիտ Օյստրախին։ Այս գեղեցիկ քոնչերթոն նուագախումբի հետ միասնաբար նուագելու համար բեմ բարձրացաւ տաղանդաւոր ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանը։ Ան ծնած է Երեւան, ապա փոխադրուած է Գերմանիա, մասնակցած է միջազգային բազմաթիւ մրցումներու, փառատօներու մէջ արժանացած է առաջնութեան մրցանակներու։ Սերգէյ Խաչատրեանը համագործակցած է Պերլինի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի, Նետրլանտի → 13
Amy Kazandjian’s ‘We Are Our Mountains’ exhibition Arts & culture →15
խաչբառ
vol. 18
→ 19
No 11[196]
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
→ 21
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.