Aztag Daily

Page 1

16.08.12 Aztag

Daily

»

100-

­
Aztag
Daily
–
Ազդակ
Օրաթերթ
­
http://www.aztagdaily.com
­

Հայոց
Ցեղասպանութեան
100­Ամեակի
Լիբանանի
Կեդրոնական
Մարմին. «Յուշամատեան.
Արեւմտահայ
Ժառանգութիւնը
Վերականգնելու
Ժամանակակից Փորձ
Մը»
Նիւթով
Դասախօսական
Երեկոյ Posted
By
admin
On
July
10,
2012
@
7:17
AM
In
Գաղութային
|
No
Comments

[1] Կազմակերպութեամբ
Հայոց
ցեղասպանութեան 100­ամեակի
Լիբանանի
Կեդրոնական
մարմինին
երէկ`
երկուշաբթի,
9
յուլիս
2012­ին,
երեկոյեան
ժամը 7:30­ին,
Հայ
կաթողիկէ
Մեսրոպեան
բարձրագոյն
վարժարանի
«Ֆարաճեան»
լսարանին
մէջ
տեղի
ունեցաւ դասախօսական
երեկոյ
մը`
«Յուշամատեան.
Արեւմտահայ
ժառանգութիւնը
վերականգնելու
փորձ
մը» նիւթով: Դասախօսական
երեկոյին
բացումը
Հայոց
ցեղասպանութեան
100­ամեակի
Լիբանանի
Կեդրոնական մարմինին
անունով
կատարեց
տոքթ.
Վազգէն
Ժամկոչեան:
Տոքթ.
Ժամկոչեան
բացման
խօսքին
մէջ
ընդգծեց, որ
Հայոց
ցեղասպանութեան
100­ամեակի
Լիբանանի
մարմինը
ամբողջ
տարուան
ընթացքին
կը
կազմակերպէ եւ
կը
համադրէ
Ցեղասպանութեան
նիւթին
հետ
առնչուած
ձեռնարկներ,
դասախօսութիւններ,
զեկուցումներ եւ
քննարկումներ:

[2] Տոքթ.
Ժամկոչեան
ըսաւ,
որ
Կեդրոնական մարմինը
որոշեց
դասախօսական
այս
երեկոն
կազմակերպել`
տրուած
ըլլալով,
որ
արեւմտահայոց ժառանգութեան
հարցը
քաղաքականօրէն
կապուած
է
Ցեղասպանութեան
իրողութեան
հետ:
Ապա
ան ծանօթացուց
Յուշամատեան
միութիւնը
եւ
կայքէջը:
Ան
յայտնեց,
որ
այս
երկուքին
աշխատանքը
կորուսեալ ժառանգութիւնը
ծանօթացնելու
եւ
վերականգնելու
ամէնէն
կարեւոր
աշխատանքներէն
է,
որ
կը
կատարուի սփիւռքի
մէջ: Այնուհետեւ
խօսք
առին
դասախօսական
երեկոյի
երկու
զեկուցաբերները`
Յուշամատեան
կայքէջի
գլխաւոր խմբագիր
Վահէ
Թաշճեան
եւ
Յուշամատեան
միութեան
նախագահ
Էլքը
Հարթման: Անոնք
նշեցին,
որ
երբ
ընդհանուր
ակնարկ
մը
նետենք
Օսմանեան
կայսրութեան,
հայերու
պատմութեան
ու ժառանգութեան
մասին
գրուած
հայերէն
գործերուն
վրայ,
ընդհանուր
գիծերու
մէջ
կը
պարզուի
հետեւեալ պատկերը.
կան
գիրքեր,
որոնք
առաւելաբար
կեդրոնացած
են
կայսրութեան
մէջ
ապրած
հայերուն
ամէն ծանր,
տխուր
եւ
եղերական
էջերուն
վրայ:
Այսպիսի
նիւթերու
մեծամասնութիւնը
կը
վերաբերի
Հայոց ցեղասպանութեան
եւ
նաեւ
անկէ
առաջ
հայոց
դէմ
գործուած
ջարդերուն:
Կան
նաեւ
հրատարակութիւններ, որոնք
առաւելաբար
կեդրոնացած
են
Օսմանեան
կայսրութեան
կեդրոնական
իշխանութիւններուն
դէմ հայերուն
մղած
ինքնապաշտպանութեան,
ֆետայական
կռիւներուն
վրայ: «Այս
հրատարակութիւններու
երկու
խումբերն
ալ
ճնշիչ
մեծամասնութիւն
մըն
են,
երբ
խօսքը
կը
վերաբերի www.aztagdaily.com/archives/74216/print/

1/2


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.