Ashod Kasardjian Biographie Part 1 ARM

Page 1

1:

Աշոտ Սահակ Գասարճեան. անձնական յուշեր

Աշոտ Գասարճեան լուսանկարուած Պէյրութի մէջ։ Լուսանկարիչ՝ Սարաֆեան եղբայրք (Վահէ Եագուպեանի հաւաքածոյ)

www.houshamadyan.org


2: Ծնեալ յամին 1883։ Պէյրութ եկած 1894-ին, Տիգրան եղբօրս ընտանիքին հետ։ Պէյրութ Ս. Նշան եկեղեցիին դպրոցը կարդացած եմ այն ատենուայ ուսուցիչ Սարկաւագ Պոլսեցի պրն. [անունը չէ նշուած, խմբ.]նէն դաս առած եմ տարի մը: 1898-ին, Կիպրոսի մէջ Մանչէսթըրի (Անգլիա) հարուստ վաճառականներու խնամակալութեամբ եւ պր. Վահան Քիւրքճեանի (այնթապցի) [ծնած Հալէպ 1863-ին, բայց փոքր տարիքին ընտանիքով կը փոխադրուի Այնթապ, խմբ.] տնօրինութեամբ գործող դպրոցը գացած եմ: Եւ վեց ամիս մնալէն յետոյ Պէյրութ վերադարձած ու Ճէզվիթներու Սէնթ Ճոզէֆ համալսարանին նախակրթա[րանը] կարդացած եմ վեց ամիս:

Վահան Քիւրքճեան 1899-ին պր. Արշակ Գալուստեանի հետ դաշնակցա[կա]ն օծուած եմ գործիչ Վարդանեանի ձեռամբ: Նոյն տարին Ֆարհատն ալ հոս էր ուրիշ դաշնակցականներու հետ: 1899-ին եւ 1900-ին, եղբօրս Տիգրանին քով Պէյրութի Սուգ Այասի շուկային վաճառատունը մնացած եմ: 1902-ին Ատանայի վաճառատունը (այս թուականին Սիս, Ատանա եւ Պէյրութ [Գասարճեան ընտանիքին պատկանող, խմբ.] վաճառականական ճիւղեր կային) ղրկուած եմ իբր այդ վաճառատան տնօրէնը: Այս թուականին (1902) Ատանայի ենթակոմիտէին [Դաշնակցութեան, խմբ.] քարտուղար անդամը եղած եմ մօտաւորապէս երկու տարի (միւս անդամները քերէմիտճի Հաննա եւ Պօղոս աղաներ, Ճըլպագեան եւ ատանացի մեծահարուստ Յակոբ աղա Պզտիկեանին որդին՝ Պր. Զաքարիա):

www.houshamadyan.org


3: 1903-ին, Դաշնակցութեան երեք հիմնադիրներէն մին Սիմոն Զաւարեանի հետը մասնաւոր տեսակցութեան համար ենթակոմիտէին կողմէ որպէս ներկայացուցիչ եկայ Պէյրութ:

Ատանայի նահանգը (վիլայէթ)՝ 20րդ դարու սկիզբին

Սիմոն Զաւարեանի հետ հանդիպումը Պէյրութի մէջ, 1903

Պէյրութի թաղերէն տեսարան մը (Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ) Այս թուկաններուն Սուլթան Համիտի ջարդարար ու վայրագ քաղաքականութիւնը հանդէպ հայերուն, ի մասնաւորի կուսակցութիւններուն հանդէպ, իր գագաթնակէտին հասած էր: Ահա այս օրերուն էր որ Սիմոն Զաւարեան իբր ռուս հնագէտ Պէյրութ եկած էր (յետոյ ալ Ատանա, Սիս, Հաճըն, Շար եւ Տէօրթ Եօլ գնաց) բայց իրականին մէջ

www.houshamadyan.org


4: կուսակցութեան գործունէութիւնը քննելու եւ աւելի լայն գործունէութիւն ընելու համար եկած էր: Աներեւակայելի է հայոց հալածանքը, մանաւանդ յեղափոխականներու: Ուստի երեւակայութենէ վեր էր ենթադրել թէ Զաւարեան ինչպէս եկած էր եւ մենք ինչ յանդգնութեամբ իրեն հետ տեսնուելու համարձակութիւնը կ՚ունենայինք: Կ՚ուզեմ հակիրճ կերպով պատմել տեսակցութեան վայրը, եւ իրեն հետ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը:

Սիմոն Զաւարեան Պէյրութի ծովեզերեայ Զէյթունի թաղամասը, ուր աւելի եւրոպացիք կը բնակէին եւ նաեւ հոն կը գտնուէին եւրոպական ճաշակով կառուցուած ու կահաւորուած պանդոկներ: Պանդոկատէր[եր]ուն մէջ կային նաեւ ֆրանսացիներ: Ահա ասոցնմէ մէկուն քովը հիւր եղած էր Ս. Զաւարեանը: Մասնաւոր ու խիստ զգուշաւոր միջոցներ ձեռք առնուած են հիմնադրին հետ տեսակ-ցելու հա[մա]ր: Այդ ատենուայ Ամերիկեան համալսարանի ուսա-նողներէն Տօքթ. Ներսէս Պաղտոեանին պաշտօն տրուած էր (այն ատեն հայ ուսանողներուն մէջ կը գտնուէին շարքային տօքթորներ Յարութիւն Պօղոսեան եւ թօփալ Եագուպը, երեքն ալ այնթապցի) Սիմոն [Զաւարեան]ին հետ յարաբերուիլ: Զիս առաջնորդողը Ներսէսն էր: Որոշեալ ժամուն պանդոկը գացինք. պանդոկատէրը արդէն ծանօթ Ներսէսին, մեզ անմիջապէս առաջնորդեց մասնաւոր խուց մը եւ քանի մը վայրկեան յետոյ տօքթօրը մեկնեցաւ ու տասը վայրկեան վերջը պանդոկապետին հետ Զաւարեանի մասնաւոր սենեակը գացինք: Երբ որ սենեակին սեմին վրայ հասանք, դուռը բացուեցաւ, ճիշդ դէմ դիմաց գտնուեցանք կարճահասակ, նիհարակազմ, կարճ մօրուքով, փայլուն սեւ աչքերով ու շատ համակրելի հմայիչ ու ժպտադէմ Զաւարեան[ին]: Պանդոկապետը մեկնեցաւ. ներս մտայ մինչեւ այս վայրկեանը ֆրանսերէն կը խօսուէր. առանձին մնալէն յետոյ Սիմոնը ըսաւ. բարի եկեր ես պատանի ընկեր Աշոտ. յոյժ ուրախ եմ անձամբ քեզի ծանօթանալուս եւ մեծ յոյս ունիմ որ լաւ լուրեր բերիր Կիլիկիայէն եւ նաեւ վստահ եմ թէ քու վրադ դրուած յոյսերնիս իրականացնելու ամէն ջանք կ՚ընես, ու արդէն քանի Կիլիկիոյ ենթակոմիտէին քարտուղար անդամը եղար, կուսակցական գործունէութեան մէջ նշանակելի յառաջդիմութիւններ նշանակուած են: Ուստի, սիրելի Աշոտ, աւելի լայն յաջողութիւններ ունենալու, կուսակցական հիմերը աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու եւ վերջապէս մեր կէտ նպատակին հասնելու

www.houshamadyan.org


5: համար, ի՞նչ ընելու է, եւ մենք Պիւրօն [ՀՅԴ կուսակցութեան բարձրագոյն մարմինը, խմբ.] ի՞նչ ձեւով կրնայ ձեզի օժանդակ ու օգտակար ըլլալ: Ահաւասիկ իմ ըսելիքներս. հիմա կարգը քուկդ է խօսելու: Ենթակոմիտէի գործունէութեան մասին մանրամասն զեկուցումը ընելէն յետոյ, աւելցուցի թէ Կիլիկիոյ մէջ կուսակցական կեանքը աւելի զօրաւոր մակարդակի վրայ ընելու, գործունէութեան սահմանը աւելի զարգացնելու, ընդլայնելու եւ վերջապէս պահանջուած արդիւնքը ձեռք բերելու համար դրամի պէտք կայ: Երկրորդ, ի՞նչ բանի պէտք կայ. նորէն դրամի: Իսկ երրո՞րդ, երրորդ, Նափոլէոնին ըսածին պէս, նորէն դրամ։ Երբ երրորդը կը հարցնէր ձայնը մեղմօրէն իր կանոնաւորութիւնը կորսնցուցած էր. իսկ իր մելամաղձոտ դիմագծին սրբանման երեւոյթը անզգալիօրէն այլափոխուած, կարմիր վարդի գոյն առած էր: Այն ատեն զգացի թէ պատասխաններս զինքը ջղայնացուցած էին. ուրեմն, կը սպասէի թէ ի՞նչ ձեւով եւ ի՞նչ բառերով պիտի յանդիմանուէի: Երկվայրկեանի լռութենէն յետոյ, ըսաւ. պատանի, մենք քու վրադ մեծ յոյսեր դրած էինք եւ կ՚ակնկալէինք թէ հարուստ Կիլիկիան մեզնից միմիայն բարոյական օժանդակութիւն պիտի ուզէր, ոչ թէ դրամ: Նոյնիսկ մենք կը սպասէինք որ, նիւթապէս դուք մեզի օգնէք, ոչ թէ մենք ձեզի: Այո՛, Հ.Յ.Դ.թիւնը դրամ ունի, սակայն այդ դրամը աղքատ Հայաստանի համար է [«Հայաստան»ը այստեղ յայտնապէս կը ներկայացնէ կայսրութեան արեւելեան վեց նահանգները՝ Վան, Էրզրում, Խարբերդ, Տիարպաքիր, Սեբաստիա, Պիթլիս, խմբ.]. հոն անօթութիւն, սով ու մերկութիւն կայ. մանաւանդ ինքնապաշտպանութեան ու կռուելու համար զէնքի կարիք կայ: Ձեռքերը կուրծքին վրայ խաչաձեւած, դէմ դիմաց կանգնած, տեսակ մը մարտնչումի, մենամարտի հրաւէր կը կարդար. քաճաճը առիւծ դարձած էր եւ կ՚ուզէր իր հակառակորդը մէկ հարուածով զգետնել: Վայրկեանի լռութիւնը խզելով, ըսի. «Այո՛, Կիլիկիան հարուստ նիւթապէս, բայց աղքատ ազգային նկարագիրով։ Մասնաւորաբար յեղափոխական տեսակէտով ո՛չ միայն աղքատ ու թշուառ է, այլ բոլորովին բնատուր եղած իր քմահաճոյքին, զեխ ու շռայլ կեանք մը կ՚ապրի, ո՛չ Հայաստանի ջարդերը կը հետաքրքրէ զինք եւ ոչ ալ այդ մասին գաղափար կազմել կ՚ուզէ: Ահաւասիկ, ժողովուրդ մը, որուն հետ [պէտք է աշխատիլ, խմբ.] յեղափոխական գետնի վրայ զինքը համոզելու, այդ ուղղութեամբ դաստիարակելու, մարզելու, ազգասիրական զգացումները արթնցնելու եւ վերջապէս գիտակցութեան բերելու։ Վեց դարերէ ի վեր կը ջարդուինք, թուրքերը մեր հարս ու աղջիկները կ՚առեւանգեն, մեր հարստութիւնները կը յափշտակեն ու մեր ունեցածները կը թալանեն: Թէպէտեւ Կիլիկիան մասամբ զերծ մնացած է այս բաներէն, բայց օրին մէկը այս հողն ալ արիւնով պիտի ներկուի: Ուստի անհրաժեշտ պէտք է որ, մենք ալ մեր կարելի բոլոր միջոցներով պատրաստ ըլլանք, ոչխարի նման չջարդուելու համար: Ահա, յարգելի՛ ընկեր, Կիլիկիոյ ենթակոմիտէն կանգնած է պարտականութեան մը գլուխը, որուն գործադրութիւնը, որքան որ բարոյական ջանք ու կորով կը պահանջէ, առաւել եւս նիւթական զոհողութիւն: Դրամի ուժով է որ պիտի կարենանք մեր կազմակերպական գործերը զարգացնել, երբ որ յաջողինք – [բան մը,

www.houshamadyan.org


6:

խմբ.] որուն համար քաջ ապահով ենք –, այն ատեն, Կիլիկիան ձեզի պիտի վերադարձնէ ձեր տուած գումարը տասնապատիկ տոկոսովը միասին: Ասոր վստահ եղէք: Ինչպէս որ տարի մը առաջ ձեր պահանջած 100 օսմանեան ոսկիին 60 ոսկին կոմիտէի երեք ընկերները (Հաննան, Պօղոս Քերէմէրճեան 30 [ոսկի], ընկեր Զաքարիա Պզտիկեանը 30 [ոսկի]), իսկ 40 ոսկին ալ ես տուած եմ։ Փոխ [տուած ենք, խմբ.] եւ կը խորհիմ թէ այս գումարը մեզի վերադարձնող մը չպիտի գտնուի: Եթէ երբեք պիտի ըլլայ՝ մենք նորէն պատրաստակամ ենք, նոյն չափով գումար մը եւս տալու մեր քսակէն, բայց ասոնք հիմնական միջոցներ չեն եւ չեն ալ կրնար ըլլալ՝ ձեր պահանջած յեղափոխական լայն շրջա[նա]կով կուսակցութիւն մը գոյացնել[ու համար] Կիլիկիոյ մէջ»: Խօսքերս վերջացուցի եւ լռեցի: Կը սպասեմ, եւ զինքը կը դիտեմ: Դիմագիծը փոխուած էր, այսինքն, նախկին բարի ժպիտը աչքերուն մէջ [չկար]: Ըսաւ. «Ըսածներդ լսեցի. բարի են: Բայց Կիլիկիոյ համար դրամ չունինք»: Հինգ վայրկեան եւս, որու միջոցին կուսակցական կարգ մը այժմէական արժէք ներկայացնող ընթացիկ հարցերու շուրջ [խօսեցաւ, խմբ.], հրահանգներ ու թելադրութիւններ ընելէն ետք կը բաժնուիմ իրմէ անմոռանալի յիշատակով մը, որ դրոշմուած կը մնայ սրտիս խորունկ խաւերուն ներքեւ: Եւ այդ օրէն ի վեր կարծես թէ, գրեթէ ամէն ատեն ու ամէն տեղ իր ուրուականը ինծի հետ կը քալէ: Հոս միջանկեալ կերպով պիտի յիշեմ իրեն հետ (Ս. Զաւարեանի) ունեցած տեսակցութիւնս Կիլիկիոյ ջարդէն անմիջապէս յետոյ Մերսինի մէջ 1909 Ապրիլին գրեթէ վերջաւորութեանը:

Զաւարեանի հետ երկրորդ հանդիպումը, 1909, Մերսին

Մերսինէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ) 1909 Ապրիլին Սիսէն Ատանա եկայ (ջարդէն յետոյ) թալանէն ու հրդեհէն զերծ մնացած այսինքն ազատուած մանիֆաթուրայի

www.houshamadyan.org


7: [հիւսուածեղէն. Գասարճեան ընտանիքին Ատանայի մէջ գտնուող հիւսուածեղէնի վաճառատան մասին է խօսքը, խմբ.] ապրանքները Մերսին փոխադրեցի ծախելու համար: Հազիւ 10 օր անցած էր, օր մը Մերսինի մեծահարուստ վաճառական կեսարացի Զէլվէեաններու վաճառատունը, կարգ մը ուրիշ վաճառականներու հետ վաճառականութեան վերաբերեալ խնդրոյ մը շուրջ վիճաբանութիւն մը տեղի կ՚ունենայ: Ահա, այս միջոցին խանութին առջեւէն մարդ մը անցաւ: Քալուածքը, հասակը, ձեւը ուշադրութիւնս գրաւեցին […]: Զսպանակէ մղուածի պէս, առանց որեւէ քաղաքավարական ձեւակերպութեան եւ ներողութիւն խնդրելու խօսակիցներէս, աճապարանքով կը վազեմ դուրս եւ կը հետեւիմ խորհրդաւոր անծանօթին, միշտ խորհելով թէ ո՞վ է այս մարդը եւ ո՞ւր տեսած կրնամ ըլլալ: Այս մտածումներով կը հասնիմ իր ետեւէն քայլերս դանդաղեցուցած. ճիշդ հազիւ երկու քայլ հեռաւորութեան վրայ կը ճշդեմ ու կը յիշեմ եւ բոլորովին վստահ ձախ ձեռքս ուսին վրայ դրած կ՚ըսեմ. «Ընկեր Զաւարեան, չորրորդ, նորէն դրամ պէտք է»:

Մերսինէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ) Բառին բուն իմաստով արգահատելի էր վիճակը: Կմախացած, կորաքամակ, ընկճուած, քալելու անկարող, կարծես թէ Տաւրոսի լեռը իր ուսերուն վրայ դրած եւ այդ ծանրութեան տակ ալ անյոյս իր հանգրուանին հասնելու: Ահա, գրեթէ ակամայ եւ միեւնոյն ատեն արդէն տժգունած դէմքը, այս յանկարծական դէպքէն աւելի այլափոխուած ետեւ կը դառնայ եւ երեսս կը նայի նուաղած աչքերով […], առանց շփոթելու կ՚ըսէ. «Այո՛, տղաս Աշոտ, իրաւունք ունիս եղեր, դուն՝ ճիշդ, մենք՝ սխալ»:

www.houshamadyan.org


8:

Սիմոն Զաւարեան Ով էր այդ ահեղ ջարդին պատասխանատուն: Ինքը, կարծես թէ ինքն էր պատասխանատուն։ Ո՛չ, ո՛չ ինքն էր եւ ոչ ալ իր ընկերները, այլ հրէշ Համիտին ծրագիրն էր, բայց ինքը [Սուլթան Ապտուլ Համիտը, խմբ.] չէր կրցած գործադրել զայն։ Չէ որ եւրոպացի վաճառականները առեւտրական կապեր եւ ընկերակցութիւններ ունէին Կիլիկիոյ հայ վաճառականներուն հետ, նոյնպէս բաւական թիւով եւրոպացիներ եւ եւրոպացի հպատակներ կային հոն: Բայց Jeunes turcեր (երիտասարդ թուրքեր) մեծ դահիճին չկրցած ըրածը իրենք ըրին՝ Կիլիկիոյ մէջ ջարդելով 20,000 անմեղ հայեր, առանց խտիր դնելու մեծի ու պզտիկի, աղջիկի ու տղամարդու: Սակայն ինչու Զաւարեանը հոն եկած էր: Չեմ գիտեր, եւ չի ալ հարցուցի: Անկէ յետոյ անգամ մըն ալ չտեսայ զինքը:

www.houshamadyan.org


9: Սիմոն Զաւարեանի Կիլիկիա այցելութիւնը 1904-ին

Ատանա (Աղբիւր՝ Վենետիկ)

Մխիթարեան

միաբանութիւն,

Սուրբ

Ղազար,

Այժմ անդրադառնանք հիմնադիրին [Սիմոն Զաւարեանին, խմբ.] Կիլիկիա այցելութեան՝1904-ին։ Զաւարեան ամառուայ եղանակին Ատանա կու գայ եւ ռուս[ական] քոնսուլայի թարգմանը՝ Ժան Արթէմիսի ընկերակցութեամբ, կը ներկայանայ անուանի կուսակալ Պէտիրխան զատէ Պահրի փաշային (քիւրտ), նորէն իբր ռուս հնագէտ։ Խօսակցութեան ընթացքին, [կուսակալը] հայազգի թարգման տխրահռչակ ատանացի Աւետիս էֆէնտի Սիսլեանին կ՚ըսէ. «Այս պարոնին ըսէ թէ ինքը ռուսի չի նմանիր». Զաւարեանն ալ ի պատասխան անոր կ՚ըսէ՝ «Ինքն ալ քիւրտի չի նմանիր», որովհետեւ կուսակալը շէկ էր, կապոյտ աչքերով, պարթեւ հասակով, գեղադէմ մարդ մը։ Թէպէտեւ այս մարդուն մասին այդ թուականներուն թեր ու դէմ կարծիքներ յայտնուեցան, մէկը ի նպաստ, միւսը աննպաստ, բայց իրականութեան մէջ իր կուսակալի պաշտօնավարութեան միջոցին հայերուն հետ շատ բարեացակամ գտնուած է եւ ամէն տեսակէտով հայերուն նախապատուութիւն տուած ու պաշտպանած է անոնց իրաւունքները։ Նոյնիսկ կ՚ըսուէր թէ իր պաշտօնավարութեան ատեն մէկէ աւելի անգամներ ջարդի հրամաններ եկած են, բայց ինքը զանազան պատրուակներով գործադրութեան դրած չէ։ Տղաքը միշտ հայ հարուստ զաւակներու հետ կը գտնուէին։ Իսկ թուրքերուն հետ շատ խիստ եղած էր եւ առիթ կը ստեղծէր անոնք յանցանքի վրայ բռնելու եւ պատժելու համար։ Ինչպէս որ անգամ մը թուրք մեծահարուստ ու շատ ազդեցիկ Պաղտատլը Զատէն եւ անոր արբանեակները, իբր կառավարութեան դաւաճանող տարրեր, ամէն մէկը մէկ կողմ աքսորեց։

www.houshamadyan.org


10:

Ձախէն աջ՝ Վահան Խուպէսերեան, Սահակ Բ. Կաթողիկոս, Զաքարիա Պզտիկեան, մօտաւորապէս 1919-1920 (Աղբիւր՝ Բիւզանդ Եղիայեան (խմբ.), Ատանայի հայոց պատմութիւն, Անթիլիաս, 1970) Ընկեր Զաւարեանը Ատանա գտնուած ժամանակամիջոցին Ժան Արթէմէսին հետ գրեթէ ամէն օր կը յաճախէր յունաց թաղը գտնուող վաճառականներու պօրսայի (սակարան) սրճարանը, ուր աւելի եւրոպացիներ, օտարականներ (յոյն, արաբ) եւ մաս մըն ալ տեղացի հայ ունեւոր մարդիկ կային։ Ասոնց շարքին էր յաճախ ընկեր Զաքարիա Պզտիկեանը իր մօտիկ բարեկամներով միասին։ Ընկեր Սիմոնը առանց իր հայ ըլլալը զգացնելու հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՚ընէ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները, մանաւանդ աւելի ուշադիր կ՚ըլլայ ներկաներուն անուններուն։ Զաքարիային մտերիմ ընկերը՝ Օգսէն Աւետիսեան (Ատանայի շատ յայտնի ընտանիքի պատկանող եւ ամբողջ կուսակալութեան մէջ անուանի, գեղեցիկ), որ միշտ հետը կը գտնուէր, կ՚ըսէ. «Զաքարիա, այս մարդը տեւականօրէն քեզի կը նայի. կարծես թէ իրեն ծանօթ ես»։ Զաքարիան ալ նկատի առած ըլլալով անցուդարձերը այն

www.houshamadyan.org


11: եզրակացութեան կու գայ թէ իսկապէս օտարականը իրմով կը զբաղի եւ կը սկսի առիթ փնտռել հետը տեսնուիլ առանձինն ըլլալով։ Միջոցը չի պակսիր իրեն։ Ժան Արթէմիսին հետ մօտիկ ծանօթութիւն ու անկեղծ բարեկամութիւն ունէր, այնպէս որ հետեւեալ օրը կը դիմէ անոր եւ կ՚ըսէ թէ ռուս հնագէտին հետ առանձինն տեսակցութիւն մը ունենալ կ՚ուզէ ու կը խնդրէ թէ ժամադրութիւն մը առնէ իրմէ։ Երկրորդ օրը խնդիրը կարգադրուած էր։ Տեսակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ միեւնոյն պանդոկ- սրճարանին սենեակներէն մէկուն մէջը։ Առաջին անգամ Զաւարեան խօսք առնելով կ՚ըսէ. «Զաքարիա, ես քեզ կը փնտռէի. թէեւ վերջապէս գտած էի քեզ, սակայն որեւէ մէկ ձեւով տեսակցելու միջոցը չէի գտներ։ Ահաւասիկ դուն այդ դժուարութիւնը հարթեցիր, անոր համար ուրախ եմ»։ Խօսակցութեան նիւթը առաւելապէս կ՚ըլլայ Կիլիկիոյ կուսակցական կազմակերպչական ընթացիկ գործերը։ Երկար խորհրդակցութիւններէ ու քննութիւններէ յետոյ այն եզրակացութեան կու գան թէ, քանի որ Կիլիկիոյ հայութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ քաղաքներուն մէջ կ՚ապրի, [նկատի ունենալով որ տարածքին] թէ՛ լեռնային, թէ՛ դաշտային մասերուն մէջ հայաբնակ գիւղեր գոյութիւն չունին - բացի 5-էն 8-ը գիւղերէ ու գիւղաքաղաքներէ, որոնց բնակչութիւնն ալ շատ աննշան է - եւ մանաւանդ նկատելով թէ Կիլիկիան կը գտնուի Եւրոպայի շատ մօտիկ մէկ կէտին քով եւ մեծ պետութեանց ծովային ուժերը տեւական ներկայութիւն են Միջերկրականի ջուրերուն մէջ, [այս պատճառներով] ջարդի կամ նման աղէտի մը ենթակայ չըլլար հայութիւնը։ Ուրեմն, Հ.Յ.Դ.թիւնը իր բոլոր միջոցներն ու կարելիութիւնները յատկացուցած էր Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան գործին։ [Հոս էր որ] ամէն օր սպանութիւն, թալան, բռնաբարութիւն եւ առեւանգումներ տեղի կ՚ունենային։ [Իսկ] Կիլիկիան պէտք էր որ աշխատի տեղական պայմաններով զարգացնել ու զօրացնել կուսակցական գործունէութիւնը, անշուշտ այն պայմանով որ մարմինները ստիպուած են տեւականօրէն յարաբերութեան մէջ գտնուիլ կեդրոնին (Բիւրօ) հետ, եւ նաեւ ուղղութիւնն ու հրահանգները ստանալ անկէ։ Նմանապէս եթէ հարկը պահանջէ գործիչ կանչել։ Ատանայէն յետոյ [Զաւարեան] կը մեկնի Սիս։ Սահակ կաթողիկոսին հետ կը տեսակցի, վանքը կը պտտի, կը քննէ անոր հնութիւնները։ Սիսէն ետք կ՚անցնի Հաճըն ու անկից ալ Շար։ Շարը շատ անուանի է իր հնութիւններով։ Վերադարձին կը հանդիպի նաեւ Վահկա [ներկայիս Ֆեքէ, խմբ.] եւ կը պտտի անոր անառիկ ու աննման բերդը։ Ամենէն վերջը կ՚երթայ Տէօրթեօլ։ Չեմ գիտեր եւ չկրցայ ալ հասկնալ թէ հոս, որո՞ւ հետ ու ի՞նչ պայմաններու մէջ հայերէն կը խօսի եւ կառավարութիւնը հարց ու փորձի կ՚ենթարկէ [զինք]. բայց ինքը կ՚ուրանայ [կառավարութեան առջեւ հայերէն խօսած ըլլալը, խմբ.], նոյնպէս ես եւ Զաքարիան չենք յիշեր թէ ինչ միջոցաւ խնդիրը կը փակուի։ Միայն սա լաւ գիտեմ թէ իր շրջած քաղաք ու գիւղերուն մէջ, ինչպէս որ վերը ըսած եմ, իբր ռուս հնագէտ ներկայացած է, նոյնիսկ հայերուն։ Նաեւ կաթողիկոսին յայտնած չէ իր ինքնութիւնը։ Ահաւասիկ, Հ.Յ.Դ.թեան հիմնադիր երրորդութեան առաքեալը՝ Սիմոն Զաւարեանը։

www.houshamadyan.org


12:

Սիս, բերդը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Սիսի մէջ կուսակցական գաղտնի գործունէութիւն Սուլթան Համիտի գահակալութեան տարիներուն 1902-ին եւ 1903-ին արդէն Սսոյ մէջն ալ հիմը դրուած էր Հ.Յ.Դ.թեան յանձին Սողոմոս էֆէնտի Գույումճեանի (քեռայրս եւ կառավարական պաշտօնեայ - սանտըգ Էմինի [գանձապահ, խմբ.]), Սանդուր Փէքմէզճեանի (հարկահաւաք եւ Փէքմէզճեան Արքեպիսկոպոսի եղբօրորդին)։ [Կուսակցութեան] համակիր անդամ էր՝ Սիսի անուանի չորս աղաներէն՝ Յակոբ աղա Նալպանտեանի կրտսեր որդին՝ Մաթէոս էֆէնտի Նալպանտեանը, որը 1912-ին Օսմանեան երեսփոխանական ժողովի անդամ ընտրուած էր Գօզանի սանճաքէն, հնչակեան ծանօթ ղեկավար ու հիմնադիր Մուրատ Պօյաճեանի փոխարէն։ Շատ չանցած, Մաթէոսին մեծ եղբայրը՝ Կարապետն ալ համակիր դարձաւ, նաեւ երկրորդ քեռայրս՝ Յակոբ Կիւլլիւճեանը։ Կարգադրութիւն եղած էր կանոնաւոր կերպով թղթակցիլ Ատանայի ենթակոմիտէին հետ։

www.houshamadyan.org


13:

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կիլիկիոյ Կեդրոնական Կոմիտէին կնիքը (Աղբիւր՝ Յակոբ Մանճիկեան, Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ալպոմ-ատլաս, Ա. հտր., Լոս Անճելըս, 1992) Հոս կ՚արժէ յիշել այն համեստ միանգամայն ալ յանդուգն սիսեցի հայորդին, որ յանձն առած էր Ատանայի ենթակոմիտէէն բերել նամակներն ու «Դրօշակ» թերթը եւ պատասխանները տանիլ առանց դժկամակութեան ու վախի։ Ինքը հաւատարիմ էր եւ ուղղամիտ։ Հակառակ իր անուս եւ ոչ ալ քաջակազմ ըլլալուն, գիտակից էր կատարած դերին։ Ինքը հնչակեան էր, բայց երկու կուսակցութիւններուն կը ծառայէր հաւատարմօրէն. խտրական ոգի չունէր. մէկ նպատակ միայն ունէր՝ օգտակար ըլլալ իր պատկանած ազգին որեւէ մէկ միջոցաւ։ Նորէն այս անկեղծ հայն էր զէնքի փոխադրութիւնը կատարողը։ Ջորեպան Աւետիք Տէօվլէթեան է անունը։ Թող մեր յեղափոխութեան պատմութեան մէջ արձանագրուած մնայ իր անունը ի շարս շատ մը ուրիշ Աւետիքներու։

www.houshamadyan.org


14:

«Հնչակ» եւ »Դրօշակ» թերթերը Թէպէտեւ շէնքին հիմը շատ կանոնաւոր ու զօրաւոր կերպով դրուած էր, սակայն ամբողջացնելու համար մեծ խոչընդոտներ կային։ Անանկ որ Սիսի կազմը չկրցաւ արագօրէն եւ պէտք եղած չափով տարածուիլ ու ճիւղաւորուիլ։ Այսուհանդերձ, Սահմանադրութեան նախօրեակին սկսած էր տարածուիլ ու շարքերը կը խտանային։ Ժողովուրդը անխտիր (հնչակեան, չէզոք, համակիրներ) մեծ յափշտակութեամբ կը կարդար ու կը լսէր Հ.Յ.Դաշնակցութեան քաջագործութիւններն ու սխրագործութիւնները Հայաստանի մէջ։ Մասնաւոր հիացում ունէին իր կազմակերպական կանոնաւորութեան նկատմամբ։ Պանք Օթոմանի [Պոլսոյ Պանք Օթոմանի գրաւումը, 1896-ին, խմբ] ու Եըլտըզի Պօմպան [Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի դէմ մահափորձը, 1905ին, խմբ.] արդէն հրաշքի տպաւորութիւնը թողած էր բոլորին վրայ։ 1902-ի վերջաւորութեանը, Ատանայէն Սիս կու գայ հնչակեան գործիչ մը Ժան ծածկանունով (աւազանի անունը Արսէն է բայց մականունը չեմ գիտեր, նաեւ չեմ գիտեր ո՞րտեղացի ըլլալը եւ Ատանա ուսկի՞ց գալը), զարգացած, գիտակից ու մասնագէտ էր պաշտօնին մէջ։ Սիսի մէջ յաջորդաբար 4-5 ժողովներ կ՚ունենայ։ Հինէն ի վեր հնչակեան շարքային եղողներէն զատ շատ մը չէզոք երիտասարդներ ալ ներկայ կ՚ըլլան հաւաքոյթներուն։ Սիսը պզտիկ քաղաք մը ըլլալուն պատճառաւ Ժանի անունը կը տարածուի հայկական շրջանակներուն մէջ եւ օրուայ խօսակցութեանց նիւթ կը դառնայ ու մեծ եռուզեր կը ստեղծէ քաղաքին մէկ ծայրէն միւսը։ Ժանը միշտ թաքնուած հիւրը կ՚ըլլայ երիտասարդ հնչակեան, Ս. Սարգիս եկեղեցիին ժամկոչի անդրանիկ որդի՝ Մաթէոս Ճէրէճեանին տունը։

www.houshamadyan.org


15:

Հնչակեան կուսակցութեան զինանշանը (Աղբիւր՝ Արսէն Կիտուր (խմբագիր), Պատմութիւն Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան , 1887-1962, Ա. հտր., Պէյրութ, 1963) Ս. Սարգիս եկեղեցիին քահանան՝ Տէր Եզնիկ Թուր Սարգիսեան, բնիկ հաճընցի, ժամանակ մը Սիսի Ազգային վարժարանին ուսուցչութեան պաշտօնը վարելէն ետք քահանայ ձեռնադրուած էր։ Ինքն ալ նախկին հնչակեան ու Մուրատ Պօյաճեանի շատ մօտիկ ազգականն էր։ Ժամանակ մը կառավարութեան համար միշտ կասկածելի մէկը եղած է, նոյնիսկ իբր յեղափոխական ալ բանտարկուած էր։ Երբ որ կը լսէ թէ հնչակեան անուանի գործիչ մը եկած է, տեսակցութիւն մը կ՚ունենայ հետը։ Կը գնահատէ անոր պերճախօսութիւնն ու արտայայտած յեղափոխական գաղափարները։ [Սիսի մէջ] հինէն ի վեր գոյութիւն ունէր ժառանգական սովորութիւն մը, ըստ որուն քաղաքին հարուստ աղան կամ գիւղին քեհեան [գիւղապետ, մուխթար, խմբ.] իր պաշտպանութեան տակ կ՚առնէր այս ինչ քահանան, ուսուցիչը, յաճախ ալ վարդապետը կամ նոյնիսկ եպիսկոպոսը։ Ասոնք ուզած ատեննին առանց ձեւակերպութեան ազատ էին աղային տունը երթալու, ճաշելու ու օրերով հոն մնալու։ [Այս ընթացքին] անոնց նուէրներ ալ կը տրուէր։ Տէր Եզնիկ քահանան ալ Սիսի չորս ազդեցիկ աղաներէն՝ Յակոբ աղա Նալպանտեանին պաշտպանեալն էր։ Կարեւոր կէտ մըն ալ կայ յիշատակութեան արժանի, այն ալ սա է թէ պաշտպանեալները հլու հպատակներն էին աղաներուն։ Անոնք ինքնաբերաբար, նոյնիսկ երբեմն ալ ակամայից ստիպուած էին եկեղեցական, դպրոցական, քաղաքական, ազգային, վերջապէս ամէն տեսակի անցուդարձերու մասին տեղեկութիւններ տալ տէրերուն։

www.houshamadyan.org


16: Տէր Եզնիկ քահանան ալ ի միջի այլոց, առանց յետին մտքի, անկեղծ սրտով լուր կու տայ աղային գործիչ Ժանին քաղաքին մէջ ներկայութեան մասին եւ գովքը կ՚ընէ անոր ճարտասանութեան ու բարձր զարգացումին։ Աղան կը հրամայէ քահանային որ յիշեալ Ժանը անմիջապէս քովը բերէ։ Թէեւ քահանան կ՚անդրադառնայ գործուած սխալին, բայց բանը բանէն անցած էր։ Ստիպուած կ՚երթայ Ժանին քով, կ՚ըսէ իրեն թէ աղան կ՚ուզէ քեզի տեսնել ու կ՚առաջարկէ միասին երթալ։ Ժանը կը մերժէ։ Քահանան առանց արդիւնքի կը վերադառնայ մեծաւորին քով ու կարգ մը պատճառաբանութիւններ կ՚ընէ [Ժանին] չգալուն մինչեւ հոն։ Աղան կը կատղի, խեղճ քահանային կը հարկադրէ վերադառնալ Ժանին քով եւ անպայմանօրէն միասին բերել։ Քահանան կրկին կ՚երթայ Ժանին եւ կը խնդրէ որ իրիկունը մէկտեղ երթան։ Այն ալ ջղայնացած կը պատասխանէ թէ ինք աղա եւ այլն չի ճանչնար. «Աղան իմ քովս թող գայ»։

Սիս (ներկայիս՝ Քոզան) (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ) Երբ որ այս լուրը կ՚առնէ աղան անմիջապէս կ՚երթայ թուրք մութասարըֆին (կառավարիչ) քով եւ եղելութիւնը նոյնութեամբ կը պատմէ անոր։ Այն ալ իր կարգին պէտք եղած կարգադրութիւններ ընելու համար հրամաններ կու տայ ոստիկանութեան։ Եւ գիշերը ժամը 10-11-ի ատենները, առանց շշուկի ու կասկած արթնցնելիք շարժումի, կը պաշարէ Ժանին գտնուած Ճէրէճեանին տունը, ինչպէս նաեւ թաղին փախուստի ճամբաները կը փակեն։ Մէկ ժամ տեւած գործողութեան մը ընթացքին, ժողովին մէջ գտնուող մարդիկն ու թաղին աչքի զարնող բոլոր երիտասարդները կը ձեռբակալեն ու բանտը կը լեցնեն խիստ հսկողութեան տակ։ Ձերբակալուածներուն թիւը կը հասնէր 40-ի։ Բայց ամէն կողմէ ու ամէն միջոցներով տարուած աշխատանք ու միջնորդութեանց շնորհիւ շատերը ազատ կ՚արձակուին։ Բանտը կը մնան միայն

www.houshamadyan.org


17: Ժան, Մինաս Մարթայեան, Պետրոս Աթմաճեան եւ Մաթէոս Ճէրէճեան։ Ասոնց համար տարուած ճիգ ու ջանքը ապարդիւն մնացին, տարի մը Սիսի բանտն ու դատարանը քաշկռտուելէն ետք, տասը տարուան բերդարգելութեան դատապարտուեցան եւ Փայասի հռչակաւոր բերդը ղրկուեցան։ Մինչեւ Օսմ. Սահմանադրութեան հռչակումը (1908) հոն մնացին։ Ժանին քովէն, նոյնպէս ուրիշ տեղերէ գրաւուած թուղթերու թարգմանութեան համար կարգ մը հայեր կը կանչուին, սակայն բոլորն ալ զանազան պատճառաբանութեամբ չեն թարգմաներ թուղթերը։ Իսկ այդ միջոցին Ազգային վարժարանի ուսուցիչ, հայերէնի, թուրքերէնի ու ֆրանսերէնի քաջածանօթ Յարութիւն Քէտէրեանը (Սարգիս Տխրունիի հայրը) որ կառավարական պաշտօն մը ձեռք ձգելու համար դիմում ըրած էր, կը կանչուի թուղթերու թարգմանութեան համար։ Սիրով յանձն կ՚առնէ, կէտ առ կէտ կը թարգմանէ բոլոր գրութիւնները եւ նոյն օրն իսկ պաշտօնի կը կանչուի։ Յետ այսու ամէն թարգմանութիւն գաղտնի թէ ոչ գաղտնի գրութիւններ կը կատարուէին յիշեալին միջոցաւ։ Ահա այս թուականէն սկսեալ թէ Յակոբ աղան եւ թէ ալ Քէտէրեանը կորսնցուցած [են] հայութեան համակրանքն ու յարգանքը։ Կասկածով կը դիտուէին անոնց բոլոր շարժումները եւ կը խուսափուէր անոնց քով ազգայինքաղաքական խնդիրներու շուրջ արտայայտուիլ։ Քահանան ալ յանցաւոր, մեղաւոր ու պատախանատու համարուելով՝ ժողովուրդեան համակրանքը կորսնցուցած էր։ Բանտէն ազատուելէն վերջ Պետրոս Աթմաճեանը դաշնակցական եղաւ եւ մեծ գործունէութիւն ցոյց տուաւ կուսակցական կազմակերպչական գործերուն։ Իսկ Մինաս Մարթայեան եւ Մաթէոս Ճէրէճեան մնացին հնչակեան։ Բանտէն ազատ արձակուելէն ետք Ժանին ո՞ւր երթալը ու ի՞նչ ընելը անծանօթ կը մնան ինծի, նաեւ մեր շրջապատին։

Հանդիպում Սահակ Բ. կաթողիկոսին հետ, 1905, Սիս

www.houshamadyan.org


18:

Սիս, կաթողիկոսական համալիրը (Աղբիւր՝ Ասատուր Էպէեանի հաւաքածոյ, Աթէնք. շնորհակալութիւններ՝ Մայք-Մկրտիչ Ցիլինկիրեանի) 1905-ին Ատանայի ենթակոմիտէն արդէն կոմիտէութիւն եղած էր։ Սիսի կազմին ու Ատանայի կոմիտէին կողմէ ինծի պաշտօն տրուեցաւ Սահակ կաթողիկոսին հետ տեսակցութիւն մը ունենալ, իրեն հաղորդելու համար կուսակցութեան որոշում ու տեսակէտները եւ խնդրել, որ ինքն ալ զօրավիգ ըլլայ ու դիւրութիւններ տայ անոնց գործադրութեան։ 1905-ի Զատկին առաջին օրը, պաշտօնական ընդունելութիւնները [Սսոյ կաթողիկոսարանին մէջ, խմբ.] վերջանալէն յետոյ, դռնապան փոքրաւոր սարկաւագին միջոցաւ խնդրեցի որ կէս ժամու ունկնդրութիւն մը շնորհէ: Խնդիրքն անմիջապէս ընդունուեցաւ: Միջանկեալ կերպով յիշեմ թէ այդ սարկաւագը կը կոչուէր Գիւտ, յետագային Գիւտ Վարդապետ եւ յետոյ ալ Գիւտ Եպիսկոպոս: Դաշնակցութեան համակիր էր, վերջն ալ շարքային եղաւ եւ՝ ամէնէն վարվռուն ու գործունեայ անդամը Սսոյ կոմիտէին: Երբ վեհափառին մասնաւոր խուցը (ննջասենեակ) առաջնորդուեցայ, քաղաքավարական ձեւակերպութիւններէն յետոյ, խօսք առնելով, սապէս խօսեցայ: «Վեհափառ հայր, Հ.Յ.Դ.թիւնը ինծի պաշտօն տուած է ձերդ վեհափառութեան հաղորդելու թէ, ինչպէս Թրքահայաստանը եւ Ռուսահայաստանը, նոյնպէս Կիլիկիան ալ իր գործունէութեան սահմանին մէջ առած է ժամանակէ մը ի վեր, եւ լաւ յաջողութիւններ գտած իր կազմակերպական գործերուն մէջ։ Օրէ օր աւելի կ՚ընդլայնէ իր շրջանակը, եւ ձեզնից կը խնդրէ որ ձեր բարոյական աջակցութիւնը չզլանաք, քաջալերէք իրենց ջանքերը եւ ի պահանջել հարկին եթէ դժուարութեան մը առջեւ գտնուի քաղաքական մարզին մէջ, ձեր բարձր ու հեղինակաւոր միջամտութիւնը ընէք: Նոյնպէս, ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք Յակոբ աղա Նալպանտեանի (Կաթողիկոսին խորհրդակիցն ու մտերիմը), նմանապէս Յարութիւն Քէտէրեանի [վրայ]: Այս երկու անձերն ալ շատ կասկածելի եղած են իրենց վերջին ծայր թրքասիրութեամբը, եւ միեւնոյն ատեն եղած են լրտես ու մատնիչ»: Երբոր այս երկու մարդոց անունները յիշեցի եւ տակաւին խօսքս չվերջացուցած, աննշմարելի զայրոյթ ու ջղայնութիւն մը իջաւ վրան, եւ ըսաւ. «Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես, ի՞նչ ունին այդ մարդիկը եւ միտքը ի՞նչ ընել է»: Պաղարիւնութեամբ եւ քաղաքավարութեամբ պատասխանեցի թէ անոնք ազգավնաս ընթացք մը ունին, ու իրենց բռնած ուղղութիւնը երբեք համապատասխան չէ ո՛չ իրենց դիրքին եւ ոչ ալ իրենց անունին, մանաւանդ, ճշմարիտ ու բծախնդիր հայու մը չի վայելեր անոնց ընթացքը: Քանի մը վայրկեան լռութենէ յետոյ, կը սպասէի թէ խօսածներուս մասին դիտողութիւն մը պիտի ընէ եւ զանոնք պիտի պաշտպանէ որպէս լաւ հայեր: Ո՛չ այն եւ ոչ միւսը, չուզեց այդ վարագոյրը բանալ եւ անոր ետին թագնուած պատմութիւնը պրպտել: Աչքերը խուփ մէկէն բացաւ եւ ըսաւ. «Դուն երբէ՞ն ի վեր կուսակցական ես, ու հայրդ լուր ունի՞ թէ դուն կօմիտաճը ես»:

www.houshamadyan.org


19: [Պատասխանեցի.] «Ոչ, հայրս լուր չունի, բայց Պէյրութի մեծ եղբայրս Պր. Տիգրանը գիտէ»:

Սահակ Ա. կաթողիկոս Խապայեան (1902-1939) (Աղբիւր՝ Hermann Goltz, Der Gerettete Schatz der Armenier aus Kilikien, Dr. Ludwig Reichert Verlag, Wiesbaden, 2000)

www.houshamadyan.org


20:

Տիգրան Գասարճեան/Սահակեան (ձախին) եւ Աշոտ Գասարճեան (աջին) եղբայրները՝ 1910-կաններուն, Միացեալ Նահանգներ (Վահէ Եագուպեանի հաւաքածոյ) Զարմանալի է որ, ըսաւ, ան լուր ունի եւ այդ ընթացքդ չէ արգիլած: Ըսի թէ մեր գերդաստանը, ինչպէս որ դուք ալ լաւ գիտէք, ազգասէր է, եւ ազգին համար ամէն ինչ զոհելու պատրաստ: Ի հարկէ, սահմռկած այս անակնկալ ու յանդուգն պատասխանէն, քօղարկուած բարկութեամբ մը ըսաւ. «Լաւ, ես հայրդ կը տեսնամ եւ այդ ամէնը իրեն կը պատմեմ, անկէ յետոյ կրկին հետդ կը տեսնուիմ»: Այս եղաւ հարցումներու[ս] ու խօսածներու[ս] պատասխանը: Խօսակցութիւնը երկարելս անօգուտ, մանաւանդ կրնար աւելի անախորժ վիճաբանութիւններու դուռ բանալ: Ոտքի ելայ, կրկին Աջը համբուրեցի եւ միայն սա մի քանի բառերը ըսի. «Ես գաղտնիքս Կիլիկիոյ Հայրապետին յայտնեցի. ալ իր գիտնալիք բանն է անոնց մասին լաւ կամ գէշ որոշում տալ»: Վերջացած էր, դուրս ելայ: Սարկաւագը հոն էր, դրան առջեւ, ամէն բան լսած: Ժպիտով մը ըսաւ. «Վերջին բառերը սիրտը մխրճուեցան. հոգ մի ըներ, պակաս թողածդ ես կը լրացնեմ»: Իսկապէս ալ ոչ հօրս խօսած էր եւ ոչ ալ ըսածներուս ընթացք տուաւ. միայն սա զգալի եղաւ, այդ երկու մարդիկը, առերեւոյթ իրենց պատեանը քաշուած կ՚երեւային, բայց խորքին մէջ կը շարունակէին իրենց վատ ճամբան:

Նոր ձերբակալութիւններ Սիսի մէջ 1907-ին, Ատանայի կոմիտէի անդամներէն Հաննա եւ Պօղոս Թուղլաճեան, Կարապետ Ճըպլագեան ու Սիսէն Կարապետ էֆ. Ֆէրմանեան դաւաճանութեամբ ձերբակալուեցան եւ Հալէպի բանտը ղրկուեցան: Կարապետ էֆ. Ֆէրմանեան Սսոյ ամէնէն յայտնի եւ երեւելի Շահան Քեհեայի զաւակն է: Ֆէրմանեան մականունը եկած է Սուլթանին [Սուլթան անունին քով պարապութիւն մը կայ։ Հաւանաբար հեղինակը

www.houshamadyan.org


21:

ուզած է յետագային լրացնել անունը, խմբ.] [շնորհած] ֆէրմանովը [հրամանով, խմբ.]: Շահան Քեհեան եղած է Գօզան օղլուներու [Քոզանի տարածքին ազդեցիկ ցեղախումբ մը, խմբ.] խորհրդատուն, մատակարարը, ներքին թէ արտաքին գործերու նախարարը եւ ամէն ինչը։ Իսկ թրքական կառավարութեան օրինական հիմնադրութեան (1860) օրէն սկսեալ [պէտք է հասկնալ՝ այս տարածքներէն ներս օսմանեան կեդրոնական իշխանութիւններուն դիրքին ամրապնդումէն ետք, խմբ.], ոճրադատ ատեանի մնայուն անդամը եղած է՝ մինչեւ իր մահը։ Ազգը քանիցս ազատած է շատ մը աղէտներէ ու ջարդերէ։ Վերջապէս այդ ատենուայ ամենէն ազդեցիկ, ճկուն, դիւանագէտ, պատրաստաբան ու հոգեբանն էր։ Երբ Պոլսէն նոր կառավարիչ կամ ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայ կը ղրկուէր Սիս, Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ մասնաւոր պատուէրներ կը տրուէր Շահան Քեհեան յարգելու ու անոր տուած ուղղութիւններով գործելու։ Անէքթոտ մը իր սրամտութենէն ու պատրաստաբանութենէն. կեդրոնական կառավարութիւնը Ատանայի կուսակալութիւնը կ՚իմացնէ թէ Սիսի համար նոր մութասարըֆ (կառավարիչ) ղրկուած է։ Կուսակալն ալ իր կարգին Սիս կ՚իմացնէ թէ այս ինչ օրը այս ինչ փաշան Սիս պիտի հասնի իբր այդտեղի մութասարըֆը։ Համաձայն ընկալեալ սովորութեան, ժամանումի օրը կառավարական պաշտօնէութիւնը, թուրք եւ հայ բոլոր երեւելիները դիմաւորելու կ՚երթան նորեկը, քաղաքէն մօտ մէկ ժամ հեռաւորութիւն ունեցող ընդունելութեան յարմար վայր մը։ Մութասարըֆը որոշուած ժամուն կը հասնի իր շքախմբովը։ Ձիերէն կ՚իջնեն, զիրար կը բարեւեն թրքական «թէմաննահով», այսինքն՝ մէջքը բաւական դէպի առաջ ծռած, աջ ձեռքը մինչեւ ծունկերը իջեցնելով, օդին մէջէն աղեղանման ձեռքը կը բերէ ծնօտը եւ անկէ ճակատը կը տանի։ Պաշտօնեայ մը ներկաները մէկիկ մէկիկ կը ներկայացնէ մութասարըֆին։ Այս արարղութիւնն ալ լրանալէն յետոյ անիկա խօսքը ուղղելով Շահան Քեհեային կը հարցնէ. «Շահա՛ն Քեհեայ, հոս՝ Սիս եկող գացող մութասարըֆներուն մէջէն ո՞ր մէկը ամենէն լաւն էր»։ Քեհեան կը պատասխանէ. «Ամենէն լաւը Հասան փաշան էր»։ Կրկին փաշան կը հարցնէ թէ ինչ էր լաւութիւնը եւ ինչ առաւելութիւններ ունեցած էր։ Քեհեան կը պատասխանէ. «Էֆէնտիմ, անոր առաւելութիւնն ու աղէկութիւնը այն էր թէ անիկա Սիս չմտած, հոս մեռաւ»։ Փաշան ապշահար կը մնայ անոր պատրաստաբանութեան ու յանդուգն արտայայտութեան առջեւ։ Տակաւին ասոր նման շատ բաներ ունի։ Իսկ Շահան Քեհիային եղբայրն ալ՝ Արթին Քեհեան ալ եղած է քաջ ու անվեհեր մարտիկ եւ ընդհանուր ղեկավարը բոլոր կռիւներու, որոնք այս թուականներուն յաճախակի տեղի կ՚ունենային հակառակորդ ցեղախումբերուն միջեւ։ Ի վերջոյ օր մըն ալ հիւանդ պառկած միջոցին վրան կը յարձակին ու կը սպաննեն։

www.houshamadyan.org


22:

Սիս, համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Սիսուան. համագրութիւն հայկական Կիլիկիոյ, 1885, Վենետիկ, Ս. Ղազար) [1907-ի ձերբակալութիւններէն ետք, խմբ.] Ատանան, Սիսը եւ շրջակայ հայաբնակ վայրերը կրկին վախի օրեր կ՚ապրին, խորհելով թէ ձերբակալութիւնները պիտի տարածուին ամէն կողմ եւ անհիմն պատրուակներով շատ մը հայեր բանտերը պիտի լեցուին։ Մասնաւորաբար դիրքի տէր մարդիկ խիստ մտահոգուած էին, նկատելով որ Ֆէրմանեանի նման յայտնի մէկը, որ չէզոք էր, կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեայ եւ թէ ալ սոսկալի վախկոտ անձնաւորութիւն մը, կապ չունէր յեղափոխական գործերու ու շարժումներու հետ, ձերբակալուած ու Հալէպի բանտը ղրկուած էր։ Սակայն չեղաւ [զանգուածային ձերբակալութիւնները տեղի չունեցան, խմբ.]։ Ֆէրմանեանը եւ ուրիշներ առանց դատապարտուելու երկու տարի բանտը մնալէն ետք, Օսմ. Սահմանադրութեան հռչակումին ազատ արձակւեցան։ Չմոռնամ յիշելու թէ վերոյիշեալ հայերուն ձերբակալուած օրերուն Զէյթունէն ու Մաարշէն ալ հայեր ձերբակալուեցան եւ անոնք ալ Հալէպ բերուեցան։

www.houshamadyan.org


23: Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը, 1908

Պոլիս, Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք երեսփոխանական ընտրութիւններ։ Պատկերին մէջ կ՚երեւի քուէատուփին հանդիսաւոր փոխադրութիւնը (Աղբիւր՝ Salname-i servet-i fünun, Պոլիս, 1910) 1908 [Յուլիս, խմբ.] ամսուն, Jeunes Turcs (Երիտասարդ թուրքերու) ճնշումովն ու սպառնալիքովը հրէշ Սուլթան Համիտը կը հռչակէ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը։ Կայսրութեան ամէն կողմը, ի մասնաւոր հայաբնակ տեղերը, եկեղեցիներու զանգակները միահամուռ կը ղօղանջեն՝ աւետելով Օսմանեան կայսրութեան երկնակամարին վրայ ծագած ազատութեան արշալոյսը։ Ամենուրեք եռուզեր, խրախճանքներ, ուրախութեան ձայներ, հաւաքոյթներ ու բանախօսութիւններ։ Թուրք եւ հայ եղբայրակցութեան բաժակաճառեր, գիրկնդխառն համբոյրներ կը փոխանակուին, թուրքը հային հետ, հայը՝ թուրքին, հարազատ եղբայրներ եղան։ Աղօթքներ եղան մզկիթներու եւ եկեղեցիներու մէջ ի ներկայութեան թուրքերու եւ հայերու։ Կեցցէներու աղաղակները մինչեւ երկինք կը բարձրանային ու հորիզոնէ հորիզոն արձագանգ կու տային։ Երախտագիտական ինչ մաղթանքներ [կ՚ըլլային] Սուլթանին արեւշատութեանը եւ երիտասարդ թուրքերու հերոսական ղեկավարներուն կենացը [կը խմուէր]։ Շաբաթներով շարունակուեցան ուրախութիւններն ու խրախճանքները, կարծես թէ ամէն օր Զատիկ էր հայերուն եւ Պայրամ՝ թուրքերուն համար։ Վերջապէս ի սպառ մոռցուած էին երէկուան ջարդերն ու խժդժութիւնները, թշնամութիւններն ու ատելութիւնները։ Համայն հայութիւնը նոր կեանքի մը սեմին վրայ կանգնած, ապագայի գեղեցիկ հեռանկարով ազատ ու երջանիկ ապրելու երեւակայութեամբ ծրագիրներ կը գծէր։ Բայց աւա՛ղ որ անոնց յաջորդեց վատ օրերու վատագոյնը։ Կիլիկիոյ աստղազարդ երկնակամարը մէկէն խաւարեցաւ եւ անոր գեղազարդ դաշտերը իր հարազատ զաւակներուն արիւնովը

www.houshamadyan.org


24: ներկուեցաւ։ Հեզահոս Ճիհունը եւ ալեծուփ Սիհունը (երկու մեծ գետեր) կարմիր հոսեցան շաբաթներ շարունակ։

Դէպի Իսկենտերուն, 1909-ի Ապրիլի սկիզբը. ճանապարհային խօսակցութիւն Մէհմէտ էֆենտիի հետ 1909 Մարտի կէսին Ատանայի Կեդրոնական Կոմիտէի [Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեղական բարձրագոյն մարմինը, խմբ.] կողմէ եկած հրահանգին համաձայն, Սիսի Կոմիտէն Հաճընի եւ Ղարս Պազարի [ներկայիս Քատիրլի, խմբ.] մարմիններուն նամակով մը իմացուցած էր երկուքական ներկայացուցիչներ ղրկել Սիս Մարտ 30-ին (Զատկի երկրորդ օրը) տեղի ունենալիք ժողովին համար։

Սիս/Քոզանի սանճաքը (գաւառ)՝ 20րդ դարու սկիզբին Մարտ 30-ին, Սիսի մեծ վանքին (Երջանկայիշատակ Կիրակոս Ա. կաթողիկոսին կառուցած հռչակաւոր մեծ նոր վանքը) խուցերէն մէկուն մէջը, Սիսի կոմիտէին անդամները Հաճընի եւ Ղարս Պազարի մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կը գումարուի տեսակ մը ներկայացուցչական ժողով մը։ Ղարս Պազարի ներկայացուցիչներն են ընկերներ Սահակ Ղըրաճեան եւ Ստեփան Քէքլիքեան (բնիկ հաճընցի)։ Ներկայիս առաջինը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, իսկ երկրորդը՝ Հարաւային Ամերիկա։ [Ժողովին] գլխաւոր ու կարեւորագոյն օրակարգն էր Ապրիլ 6-ին Իսկէնտէրունի [կամ Ալէքսանտրէթ, խմբ.] մէջ գումարուելիք շրջանային ժողովին ղրկուելիք պատգամաւորներուն ընտրութիւնը։ Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւող խորհրդակցութիւններէ ետք միաձայնութեամբ զիս պատգամաւոր ընտրեցին։ Թէեւ երեք պատգամաւոր ուզուած էր վերոյիշեալ երեք շրջաններէն, բայց նկատի առնելով ժամանակի անյարմարութիւնը, ըլլալիք ծախքերը եւ այլ զանազան արգելքները, երեք շրջանները ներկայացնող մէկ պատգամաւոր ղրկելու որոշումը կայացաւ։

www.houshamadyan.org


25: Ժողովին հետեւեալ օրը Զատկին երրորդ օրը, կէս աւուրէ ետք, կառք մը վարձելով ընկերներ Ղըրաճեան Սահակ, Քէքլիքեան Ստեփան (այս երկու ընկերները բնիկ հաճընցի են, բայց Ղարս Պազար հաստատուած վաճառականութեամբ կը զբաղէին եւ լաւ ունեւոր ու դրամատէր ընտանիքներէ էին) ճամբայ ելանք դէպի Ղարս Պազար, ուր գիշերը 5-6 ժամ հանգիստ ընելէն ետք՝ ձիով պիտի ճամբորդէի Աղէքսանտրէթ: Այս ճամբան ամէնէն մօտը կը համարուէր Սիսէն Իսկէնտէրուն: Ճամբան մեզի կը հասնի ուրիշ կառք մը, որուն մէջ երկու թուրքեր միայն կային։ Անոնցմէ մէկը Մէհմէտ էֆ. անունով մեզի հասակակից կառավարական քարտուղարապետ էր (մուհասէպէ պաշքեաթիպի), բնիկ սսեցի եւ ինծի շատ մօտ բարեկամ: [Զաւակն էր] մալ միւտիւրին (տնտեսական բաժնի տնօրէն)՝ Ապտուլլահ էֆենտիի։ [Այս վերջինը] թէեւ կրօնամոլ էր, բայց՝ ոչ մոլեռանդ թուրք, այլ համեստ ու բարեսիրտ հայասէր է։ Տղան [Մէհմէտը] ալ հօրը նկարագիրը ունի, միայն թէ կրօնամոլ չէ ու իր միակ հաճոյքն է հայ երիտասարդներուն հետ օղի խմել ու զուարճանալ։ Կը փափաքի մեր կառքը նստիլ, առանձնութենէ ձանձրացած ըլլալով: Ի հարկէ սիրով ընդունեցինք իր ընկերակցութիւնը: Հազիւ կառքը քալեց, ինքը առաջինն եղաւ խօսակցութեան սկսելու: Հայոց գերեզմանատունը ընկալեալ սովորութեան համաձայն ամէն տարի Զատկին երրորդ օրը հայ թէ թուրք անխտիր կէս օրին հոն կ՚երթան, եւ զանազան խաղեր կը խաղան. թուրայ, րաստըքէստի (բերդ) եւ գօտեմարտ (կիւլէշ)։ Ըսաւ թէ գերեզմանատունը կռիւ տեղի ունեցաւ եւ քիչ մնաց որ արիւնահեղութեամբ վերջանար, թէ ինչպէս Եորկի անունով յոյն 22 տարեկան երիտասարդ մը, շատերուն հետ գօտեմարտելով, բոլորն ալ տապալած ու յաղթած է: Ամենէն վերջը թուրքերը այտընցի [գօտեմարտը հաւանաբար Այտըն քաղաքէն էր, խմբ.] հսկայ ու զօրաւոր մէկը մէջտեղը կը բերեն։ Որչափ որ յոյնը չուզէր անոր հետը գօտեմարտիլ, բայց թուրքերը կը ստիպեն ու կը սպառնան, որով կը հարկադրուի անոր հետն ալ մարտնչել եւ զայն ալ կը տապալէ: Թուրքերը ի տես այս յաղթանակին կը կատղին եւ կ՚առարկեն թէ Եորկին ապօրինի միջոցներով յաջողեցաւ։ Կը պահանջեն որ կրկին գօտեմարտին: Երկուստէք հայ թէ թուրք ջղայնացած դրութեան մը կը մատնուին եւ անխուսափելի արդիւնքին կը սպասեն, որը անշուշտ [կրնար առաջնորդել] կռուի եւ բախումի ու այն ալ արիւնալի, [այս ձեւով] կարմիր Զատիկը կարմիր արիւնով ներկելով: Անզգոյշ պզտիկ շարժում մը եւ կամ թերի խօսք մը ազդանշանը պիտի ըլլար անխուսափելիին, կռուին: Սակայն նախախնամական օրհնութիւն մը կ՚ըլլայ, սսեցի երեւելի, ազդեցիկ, բայց բարի, մանաւանդ հայասէր Խալիլ աղա Զատէ հաճը աղային ներկայութիւնը։ Ինչպէս միշտ նոյնպէս այս անգամ ալ իր ամբողջ ազդեցութիւնն ու բարեացակամութիւնը ի սպաս կը դնէ եւ հրապարակ կու գայ: Իւրայատուկ խորամանկ դարձուածքով մը կ՚ըսէ [յոյնին]. «Դուն խոստովանէ թէ ապօրինի խաղարկութիւն մը ընելով այտընցիին յաղթեցիր եւ նաեւ խոստովանէ թէ այտընցին քեզնից շատ ուժով եւ լաւ գօտեմարտող մըն է»: Եորկին ու հոն գտնուող բոլոր հայերը թէեւ

www.houshamadyan.org


26: մեծամասնութիւն են, կը զգան եւ մանաւանդ կը հասկնան որ հաճը աղային խօսքերուն տակ թաքնուած նպատակ մը կար եւ վստահ էին որ անիկա ի նպաստ իրենց էր: Ուստի ամէն կողմէ միաբերան կը պոռան թէ այո Եորկին է պարտուողը եւ պէտք է այտընցիէն ներողութիւն խնդրէ իր ըրած հակաօրինական խաղարկութեան համար։ Եորկին ընդառաջ երթալով մեծամասնութեան ձայնին եղած առաջարկները կէտ առ կէտ կը կատարէ: Ահա այս ձեւով վերջ կը գտնեն խաղերը, վէճերը եւ նաեւ Զատկի ցնծութիւնները ու ժողովուրդը սահմռկած, մտատանջ ու զայրոյթը սրտին մէջ խեղթած կ՚ուղղուի քաղաք: Իսկ Հաճը աղա արիւնահեղութեան մը առաջքը առնելէն ուրախ, բայց կրկին ալ խոր մտածումի մէջ, իր հայ թէ թուրք բարեկամներէն շրջապատուած կ՚ուղղուի իր տունը: Մեր բարեկամ Մէհմէտ էֆենտին որ մեզի հետ կը ճամբորդէր, վերոյիշեալ պատմութիւնը ընելէն յետոյ լռեց: Թէեւ ինքը միշտ զուարթ ու ժպիտը շրթունքին, խիստ կատակասէր էր իր թոթով լեզուով, սակայն այս օր մելամաղձոտ ու կսկծոտ մտածումներու մէջն էր: Արդեօք սա բարի ու հայասէր երիտասարդը, որ մեր թաղի մէջ միասին մեծցած, հայրս եւ հայրը մտերիմ ու հաւատարիմ բարեկամներ ու մենք տեւականօրէն սերտ յարաբերութիւններ ունեցած ենք, մանաւանդ որ մեր օղիի ուրախութիւնները մէկ սեղանի շուրջը կ՚ընէինք, գիտէ՞ր թէ Ատանան եւ Ատանայի ամբողջ դաշտերուն մէջ գտնուող հայ գիւղերն ու գիւղաքաղաքներուն հայ բնակչութիւնը Զատկի առաջին օրէն, երեք օրէ ի վեր կը ջարդուէր, ունեցածնին կը թալանուէր ու բնակարաննին կրակի բոցերուն մէջ կ՚ոչնչանար: Վերջապէս Կիլիկիան սուրի եւ հուրի մէջ էր, որմէ Սիս, իր շրջակայ դաշտերուն հայ բնակչութիւնը, Ղարս Պազարը, Վահկա, Հաճըն եւ իր շրջապատը անտեղեակ են դէպքէն: Որովհետեւ Jeunes Turcերը [Երիտթուրքերը, խմբ.] Համիտէն աւելի սիսթէմաթիկ ու ճարպիկ ձեւով ծրագրած են սոյն ջարդը, եւ անանկ մը կարգադրած, որ ջարդուած քաղաք կամ գիւղ պաշարման այնքան խիստ ու նեղ օղակներու մէջ առնուի, որ նոյնիսկ թռչուններուն առիթ չի տրուի հոն տեղի ունեցող նախճիրն ու ոճիրին լուրը դուրս տալու: Ճամբու երկայնքին խօսակցութիւնը յաճախակի Սսոյ գերեզմանատունը տեղի ունեցած դէպքին վրայ կը դառնար: Մենք՝ երեք ընկերներս, մանաւանդ ես, խորասուզուած, երբեմն չար ու երբեմն ալ լաւ մտածումներու մէջ, ոչ մէկ կերպով չէինք կրնար ելք ու լուսաբանութիւն մը գտնել դէպքին նկատմամբ: Թէպէտեւ դէպքը՝ մէկ կողմէ աննշան կ՚երեւար, բայց միւս կողմէն շատ կարեւոր ու ճակատագրական վատ նախազգացումներ զիս պաշարած էին եւ ամբողջ էութիւնս կը չարչարէր: Ընկերներուս հետ կարծիքի փոխանակութիւն ալ չունեցանք, որովհետեւ մեր թուրք բարեկամն ալ բաւական լաւ գիտէր հայերէն:

www.houshamadyan.org


27: Ղարս Պազարի մէջ. ջարդերու մասին առաջին լուրերը եւ Ճին Թորոսը Իրիկնամուտին հասանք քաղաքը եւ իջեւանեցանք ընկեր Քէքլիքեանի տունը, թուրքն ալ միասին: Ճաշէն ետք Մէհմէտ էֆենտին իր մէկ ազգականին տունը գնաց, իսկ մենք ալ անցանք հիւրանոցը: Այսինքն հարուստներուն շատերուն հիւրանոցները իրենց բնակած տունէն անջատ, կից կամ մի քիչ հեռու հանդիպակաց վայրի մը մէջ կը գտնուէր: Քէքլիքեաններու տունը կը գտնուէր կառավարական շէնքին գրեթէ քովը, իսկ հիւրանոցը ճամուն [ճամի՞ին, մզկիթի՞ն, խմբ.] միւս կողմը, ճիշդ իրենց բնակարանին դիմացը: Հիւրանոցը անցնելէն քիչ յետոյ տեղւոյն ընկերներէն ոմանք տեսութեան եկան: Օրուայ խօսակցութեան նիւթը կը կազմէր շրջանային ժողովին մեր կողմէ ներկայացուելիք նիւթերն ու Սսոյ գերեզմանատան դէպքը, [զ]որ կը զբաղեցնէր բոլորին միտքը: Ժամը 12-ին հիւրերը կը մեկնին եւ մենք ալ՝ ընկեր Ստեփան եւ ես, մինակ մնացինք, [կար] նոյնպէս իրենց ծառան: Պառկեցանք, հազիւ գիշերուան ժամը 4 եղած էր եւ իմ ալ ճամբայ ելնելու ատենն էր, ահա փողոցէն պր. Աշոտ կը պոռար ձայն մը։ Ընդոստ վեր ելայ անկողինէն ու փողոցի պատուհանը բանալով հարցուցի թէ ո՞վ էր եւ ի՞նչ կ՚ուզէր: «Ղըրաճեանն եմ, շուտով դուռը բացէք». մինչայդ ծառան եւ ընկեր Ստեփանն ալ ելեր էին ու հրահանգին կը սպասէին: Ծառան վար իջաւ ու դուռը բացաւ: Ընկեր Ղըրաճեանը հեւալով ու բոլորովին այլափոխուած, առանց ոեւէ ձեւակերպութեան, ըսաւ. «Ատանայի ու բոլոր այդ շրջան-ներուն մէջ երեք օրէ ի վեր ջարդ տեղի կ՚ունենայ ու այս առաւօտ կանուխէն Ղարսի վրայ ալ պիտի յարձակին ու հայերը պիտի ջարդեն»: Ինչէ՞ն եւ ինչպէ՞ս հասկցած ու լուր առած էր: Ահա պատմութիւնը: Բնիկ հաճընցի, Ղարս Պազար հաստատուած եւ հոն զապթիյա (ոստիկան) արձանագրուած տէլի Ճին Թորոս Տարտաղանեան (խենթ եւ սատանայ Թորոս) ուրիշ թուրք ոստիկաններու հետ գիւղերը հարկահաւաքութեան գացեր էին 3-4 օրէ ի վեր: Վերջին գիշերը Ղարսի մօտակայ մէկ գիւղը (Վայվայլը կամ Եալընըզ գիւղը) կու գան եւ քեհեային տունը հիւր կ՚ըլլան։ Ճաշէն յետոյ թուրք ոստիկանները պտտելու պատրուակով քեհեային տունէն կ՚երթան, իսկ Ճին Թորոսը կը պառկի: Հազիւ քնացած, տան տիրոջ աղջիկը (այս գիւղը թուրք գիւղ է, որով քեհեան եւ միւս բնակչութիւնն ալ թուրք են) առանց շշուկի Թորոսին [քով] կու գայ, անլսելի ձայնով կ՚արթնցնէ ու կ՚ըսէ. «Շուտով վրադ հագիր, ձիդ սանձած եմ, կազմ ու պատրաստ է, նստիր եւ փախիր առանց աղմուկ հանելու»: Երբ որ պատճառը կը հարցնէ, աղջիկը հակիրճ կերպով Ատանայի եւ շրջակայքի ջարդերը կը հաղորդէ եւ կ՚աւելցնէ. «Հիմա հոս այս շրջանին մէջ ալ կազմակերպուած են, Ղարսին մօտակայ գիւղերը հաւաքուած են եւ առաւօտուն կանուխէն Ղարսի վրայ պիտի յարձակին, իսկ քիչ յետոյ ալ քեզի հոս չարչարանքով պիտի սպաննեն։ Ուստի ժամավաճառ մի ըլլար, շուտով փախիր»:

www.houshamadyan.org


28:

Ճին Թորոս Տարտաղանեան (Աղբիւր՝ Bibliothèque Orientale-USJ) Սոյն հինգ վայրկեանի պատմութեան միջոցին Թորոսը արդէն հագուած, զէնքը առած եւ ձիուն քովը կը գտնուէր։ Ձին կը նստի եւ մթութեան մէջ կը կորսուի: Շատ չանցած կը հասկնան թէ Թորոսը փախած է: Շատ կը հետապնդեն զինքը բայց չեն յաջողիր հասնիլ իրեն ու բռնել: Վերջապէս Թորոսը կը հասնի քաղաք եւ ուղղակի ընկեր Ղըրաճեանին տունը կ՚երթայ եւ վերոյիշեալ լուրերը կը պատմէ անոր: Իր կարգին ընկեր Ղըրաճեանը քովս կու գայ, Թորոսն ալ չեմ գիտեր ի՞նչ մտածումով կ՚երթայ կառավարութեան քով եւ կը տեղեկացնէ դէպքը: Բայց իբր խառնակիչ, սուտ լուրեր տարածող ու խաղաղութիւնը խանգարող, կը ձերբակալուի ու հսկողութեան տակ կ՚առնուի փոխ գայմագամ՝ [փոխ կառավարիչ, քայմաքամ, խմբ.] Ճէմիլ պէյի հրամանով: Հոս հարկ է յիշել թէ ո՞վ է այս հրէշ փոխ կառավարիչը, աւելի ճիշդը առժամեայ [կառավարիչը]: Ղարսի գայմագամը պաշտօնանկ եղած էր ու աթոռը թափուր մնացած, կառավարական առաջին քարտուղարը (պաշքեաթիպ) գայմագամի պարտականութիւնը կը կատարէր: Սոյն հրէշը բնիկ սսեցի էր, հայրը՝ Թափթափ հաճի Մէհմէտ էֆենտի (տարօրինակ քալուածք մը ունէր անոր համար թափ-թափ կ՚ըսէին ծաղրական ձեւով), թաղապետարանի նախագահ, մոլեռանդ մահմետական, երեք տղայ ունէր, երեքն ալ Պոլիս ղրկած եւ բարձր ուսում առնել տուած էր: Տղաքն ալ նոյնպէս մոլեռանդ էին ու մասնաւորաբար Սուլթան Համիտի շունչով սնած ու մեծցած կատաղի հայատեաց բորենիներ էին: Շատ քիչ անգամ Սիս կու գային, իրենց պաշտօնները միշտ ալ ուրիշ գաւառներու մէջ եղած են: Սակայն անհասկնալի է թէ այս ոճրագործը (փոխ գայմագամը), որ այս միջոցին աս շրջանները չէր [պաշտօնավարեր], մէկէն ի մէկ ուրկի՞ց բուսաւ։ Ճիշդ մեր Ղարս եկած օրն իսկ, ինքն ալ [Ճէմիլ պէյը] հոն կու գայ գայմագամի առժամեայ պաշտօնով: Հետագային հասկցուեցաւ ու հաստատուեցաւ, որ Պոլսէն մասնաւոր ղրկուած է: Ատանայի ջարդը դեռ չէր սկսած, հոն կը հասնի ու առանց կանգ առնելու Սիս կու գայ եւ միեւնոյն օրն ալ Ղարս կը մեկնի՝ Ղարսի ջարդը կազմակերպելու ու յաջողցնելու համար:

www.houshamadyan.org


29: Ղարս Պազարի հայերը եւ թուրքերը. ընդհանուր ակնարկ Հիմա վերադառնանք ընկեր Ղըրաճեանի տեղեկութեան: Հինգ վայրկեան խորհրդակցութենէ [ետք], վճռականօրէն որոշուեցաւ որ առանց ժամավաճառ ըլլալու հետեւեալ քայլերը առնուին ընդհուպ: 1) Անմիջականօրէն լուր տալ բոլոր հայերուն որ առանց այլ եւ այլի զէնքերնին առնեն եւ հայոց թաղը հաւաքուին: Նաեւ սնունդի պաշարը չմոռնան, կարելի եղածին չափ շատ: 2) Նաեւ լուր տալ հնչակեան կոմիտէին թէ իրենց պատասխանատու մարդիկը ընտրեն եւ հայոց թաղը որոշ վայր մը ղրկեն խորհրդակցական ժողով մը գումարելու համար: 3) Ընտրեալ ու քաջ մարդոցմէ բաղկացեալ բաւական թւով մարդիկ պատրաստել ու հայոց թաղին կարեւոր դիրքերուն վրայ զետեղել, որեւէ անակնկալի ատեն թաղը պաշտպանելու համար, մինչեւ որ ժողովուրդը հաւաքուի ու մնացեալ կռուող ուժերն ալ պատրաստ ըլլան: 4) Կուսակցական ներկայացուցիչներէն եւ ժողովուրդեան երեւելի մարդոցմէ մարմին մը կազմելով կառավարութեան դիմել: Նախ հասկնալու համար թէ կառավարութեան մտադրութիւնը ի՞նչ է եւ ի՞նչ դիրք պիտի բռնէ: Ի հարկէ անոր մտադրութիւնն ու դիրքը շատ որոշ է մեզի, սակայն սա տեսակ մը կեղծ ձեւակերպութիւն մըն է եւ ապագային պէտք տեսնուած ատենը ըսել կարենալու համար թէ իրենց դիմում կատարուեցաւ եւ խնդրուեցաւ որ մեզի՝ [իբրեւ]հաատարիմ հպատակներ, պաշտպանեն եւ արգելք ըլլան ջարդին: 5) Նոյնպէս նշանակուած ներկայացուցիչները պիտի դիմեն թուրք երեւելիներուն, որ միջամտեն ու արգելք ըլլան խուժանին քաղաքին վրայ յարձակումին: Նմանապէս, իբրեւ բարի բարեկամներ, իրենց բարոյական ոյժն ու ազդեցութիւնը միացնեն եւ կառավարութիւնը ստիպեն արգելք ըլլալու ջարդին: Հոս հարկ է ներկայացնել [Ղարս Պազարի] հայ եւ թուրք երեւելիները, նաեւ Հ.Յ.Դ.թեան ու հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչները։ Թուրքերը՝ 1) Արիֆ էֆենտի Միւֆթի զատէ.- Հայրը ազդեցիկ կրօնապետ (միւֆթի) է՝ Սիսի սահմանէն մինչեւ Մարաշ, Ղարսի լեռնային ու դաշտերուն տէր տիրականը, մեծ հիւրասէր եւ նաեւ հայասէր։ Իր ընդարձակ հիւրանոցին ու տունին մատակարարն ու հաշուապահը հայ էր։ Ինքը [միւֆթին] տարիներ առաջ մեռած էր, անդրանիկ որդին՝ Արիֆը, կը նստէր հօրը աթոռին վրայ։ Արիֆը հօրը հակապատկերն էր. զեխ կեանք մը կ՚ապրէր եւ հայերուն հետն ալ լաւ չէր վերաբերուեր։ Ջարդին ատեն իր գիւղէն [դուրս] չեկաւ եւ իր բռնած երկդիմի քաղաքականութեամբ հայերը մեծապէս տուժեցին։ 2) Վէլի էֆենտի.- Թաղապետարանի նախագահը, ո՛չ մէկ օգտակարութիւն ունեցաւ։

www.houshamadyan.org


30: 3) Մէհէրլի Մէհմէտ էֆենտի.- Ո՛չ մէկ օգտակարութիւն ունեցաւ։ 4) Հասան էֆենտի Թէքէրլէք զատէ.- Ո՛չ մէկ օգտակարութիւն ունեցաւ։ 5) Իպրահիմ էֆենտի Չըլտըր օղլու.- Ո՛չ մէկ օգտակարութիւն ունեցաւ։ 6) Թէֆիք էֆենտի.- Դատարանի գլխաւոր քարտուղարը, բաւական օգտակար եղաւ։ 7) Իտէմ էֆենտի՝ Ղըրընտըլը Վայիս աղային տղան.- Շատ աշխատեցաւ ու խիստ օգտակար եղաւ։ Ինքը բարի, խղճամիտ ու հայերուն հանդէպ մեծ համա[կրա]նք ունէր։ Ազդեցիկ էր ու տարածուած անուն ունէր։ 8) Չէրքէզ Նուրի.- Վայրագ գազան մըն էր, երկու երես, կեղծաւոր անպիտան մը։ Յետագային կրկին պիտի խօսինք իր մասին։ 9) Մուսա աղայի եւ Ահմէտ աղա զատէի (Թաթարլը) տղաքը՝ Մէհմէտ եւ Հիւսնիւ էֆէնտիներ.- Պոլիս ուսած են, քաղաքավարի ու շատ փափկանկատ, եւրոպական կրթութիւն եւ ձեւեր ունէին։ Հայր ու տղաք իրենց կարելի բոլոր միջոցներն ու ազդեցութիւնը ի սպաս դրին աղէտին արգելք ըլլալու համար։ Բայց անկարելիութեան առջեւ գտնուեցան, որովհետեւ աղաներու մեծամասնութիւնը կառավարութեան միանալով ջարդը քաջալերեցին։ Արդ, նկատելով որ չկրցան յաջողիլ այս մարզին մէջ, սկսան անուղղակի միջոցներով աշխատիլ։ Շատ մը հայեր իրենց պաշտպանութեան ներքեւ առին ու ազատեցին։ Ջարդէն յետոյ ալ նիւթապէս թէ բարոյապէս օգտակար եղան։ Վերջապէս բառին բուն իմաստովը մարդասէր, մանաւանդ հայասէր էին։ Յետագայ դէպքերու նկարագրութեան միջոցին կրկին իրենց անուններուն պիտի հանդիպինք։ Հայերը՝ 1), 2) Փանոս էֆենտի Ղարամանեան (Պէօյիւք Փանոս) եւ Փանոս էֆենտի Ղարամանեան (Կիւճճիւք Փանոս).- Տարիներ դատարանի անդամներ եղած են։ Իրարմէ աւելի խորամանկ ու վարչագէտ։ Թուրք հոգեբանութեան քաջածանօթ։ Երկուքն ալ հաւասար կերպով նիւթապաշտ էին։ 3) Առաքել էֆենտի Չաքալեան 4) Գրիգոր էֆենտի Չաքալեան 5) Նազար էֆենտի Աճէմեան (միւսթանթըգլըգի պաշտօնեայ, [դատական գործերով զբաղող, խմբ.]) 6) Թորոս աղա Տումանեան.- Մանիֆաթուրայի [հիւսուածեղէն, խմբ.] հարուստ վաճառական, բնիկ հաճընցի։ 7) Աստուր աղա Քէքլիկեան (ընկեր Ստեփանին հայրը).Բարեմիտ մարդ մը, մանիֆաթուրայի հարուստ վաճառական, բնիկ հաճընցի։ 8) Եղիշէ էֆենտի Քէքլիկեան.- Խորամանկ, պատրաստաբան, կատակասէր, սիրելի դիմագիծով ու խօսակցութեամբ, բաւական յանդուգն, բնիկ հաճընցի։ 9) Կարապետ աղա Թոսճեան.- Բնիկ հաճընցի։ 10) Տօլապճեաններ.- Մարաշցի։

www.houshamadyan.org


31: 11) Եաղլըտեան.- Ծաղկախտի պատուաստի բժիշկ Ղարսի եւ Սիսի բոլոր շրջաններուն համար։ Աչքերը տկար ըլլալուն համար քէօր հէքիմ անունով հանրածանօթ էր։ Ծաղրածու, կատակաբան, խմող, հաճոյքի մարդ, լաւ հայ մըն էր։ Ղարս Պազարի հայ բնակչութիւնը.- 360 ընտանիք։ Խառն, ամէն կողմէ եկած։ Բնիկ ղարսեցիները՝ մեծամասնութիւն, հաճընցիները՝ երկրորդ մեծամասնութիւն։ Կան նաեւ մարաշցիներ, կեսարացիներ, չօգագցիներ։ Չօգագը Ղարսի լեռներուն մէջ հին շրջաններէ մնացած շատ անառիկ դիրքով գրեթէ ամբողջութեամբ հայաբնակ գիւղ մըն է։ Ժողովուրդը անուանի քաջ ու յանդուգն է։ Շրջակայ թուրք բնակչութիւնը կը սարսափէր իրենց վրէժխնդրութենէն։ [Ղարս Պազարի մէջ] զէյթունցիներ ալ կային։ Ղարս Պազարի թուրք բնակչութիւնը.- 150 ընտանիք։ Բայց շրջակայքի բազմաթիւ գիւղերուն բնակչութիւնը ամբողջութեամբ թուրքեր էին։

www.houshamadyan.org


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.