Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #221

Page 13

13

Vol. 21, No. 1 [221] ◆ January 2026

ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹ

ARTS & CULTURE

«#ճիվճիվ» գիրքերը այս փիլիսոփայութեան ֆիզիքական մարմնացումն են։ Անոնք սկսան որպէս կարճ, երկլեզու բանաստեղծութիւններ, որոնք կատարեալ կերպով յարմար են սերունդի մը համար, որ մեծցած է կարճ բովանդակութեան վրայ: Առաջին հատորը եւ անոր յաջորդող «#ճիվճիվ լեզու» հատորը, որ կը կեդրոնանայ լեզուին վրայ, երկուքն ալ կը պարունակեն նախկին թորոնթոհայ (այժմ պերլինահայ) Էյմի Գազանճեանի գծանկարները, որոնք կ’արտացոլեն գիրքերուն զուարճալի եւ կենսունակ ոգին: Բանաստեղծութիւնները կը գործածեն «ուղղագրական ազատութիւններ», խառնելով դասականն (մեսրոպեան) ու նոր (սովետական-հայաստանեան) ուղղագրութիւնները, արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը, եւ առանց ամօթի կը ներառեն օտար բառեր եւ իմոճիներ։ Այս մօտեցումը միտումնաւոր է. ան կը նպատակադրէ ցոյց տալու, որ լեզուն թանգարանային նմուշ մը չէ, զոր պէտք է զգուշութեամբ պահել, այլ կենդանի գործիք մը, որ պէտք է գործածել, ծռմռել եւ նոյնիսկ «կոտրել»՝ ստեղծագործութեան գործընթացին մէջ:

Լեզուն զարգացնելու կամ փոխելու իւրաքանչիւր փորձ դիմադրութեան կը հանդիպի, եւ այդ փորձը մարդկային, բնական ընթացք մըն է. մարդիկ, ի վերջոյ, ինքնաբերաբար կը կառչին այն բաներուն, որոնք կը ճանչնան: Քանի մը տարի առաջ, երբ մենք՝ «Թորոնթոհայ»-ի խմբագրութիւնս, որոշեցինք որդեգրել Ա. Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»-ը որպէս հիմք, յայտնուեցանք նման դիմադրութեան մը առջեւ: Մեր «լերան»-ները եղան «լեռան»ներ, «ճիշդ»-երը դարձան «ճիշտ» (սխա՞լ) ու այս ենթադրաբար փոքր փոփոխութիւնները առաջացուցին համեմատաբար մեծ դժգոհութիւններ, նոյնիսկ ետքայլի պահանջ: Կը հասկնամ, թէ ոմանք Հրայր Վարազի ծայրայեղ մօտեցումը կրնան սրբապղծութիւն նկատել. այն լուրջ շեղում է աւանդական

թորոնթոհայ

բանաստեղծութիւն

ARS

SOCIAL SERVICES

Serving children, youth, families, seniors and newcomers since 1987. Walk-in

We can help with: Newcomer support Family and youth services Seniors’ assistance Housing support

Employment referrals Community resources Special needs support Language & translation

ուղղագրութենէն ու քերականութենէն, որոնք շատեր այնքան ջանք թափած են պահպանելու համար: Անկեղծ ասաց՝ ես ալ որոշ վերապահութիւններ ունիմ ու գիրքերը կարդալով «Թորոնթոհայ»-ը յանկարծ ուղղագրական ազատութիւններով պիտի չհրատարակուի: Բայց Վարազի աշխատանքը կը բարձրացնէ այն կարեւորագոյն հարցը՝ ինչո՞ւ կը վախնանք մեր լեզուն օգտագործելէ, երբ անիկա արդէն վտանգուած է: «#ճիվճիվ» գիրքերը ոչ միայն հաճելի ընթերցանութիւններ են, այլեւ՝ կոչ մը դադրելու վախնալէ եւ սկսելու ստեղծագործել մեր լեզուով, թոյլ տալով որ ան ապրի, շնչէ, սխալի բայց ստեղծէ իր սեփական ճամբան: Վերջին վերլուծումով, անոր «#ճիվճիվ»-ները մեզ կը յիշեցնեն, որ մեր լեզուն թանգարանային ցուցանմուշի պէտք չէ վերածենք. զայն կենդանի պէտք է պահենք` օգտագործելով, խաղալով եւ, այո՛, նոյնիսկ սխալելով անոր հետ: ֎ *** Իսկ դուք ի՞նչ կը մտածէք, արդեօք այս «յեղափոխութիւնը» պիտի կարենա՞յ դրական ազդեցութիւն ունենալ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Կը սպասեմ ձեր արձագանգներուն, ըլլան անոնք ուղղագրական ազատութիւններով կամ ոչ: Գրեցէ՛ք ինծի՝ rupen@torontohye.ca.

Call

Email

Armenian Community Centre

45 Hallcrown Place, Toronto, ON M2J 4Y4

Tel: 416-495-0644 Email: arssocialservices@gmail.com

Դէմքը

Գէորգ Տանայեան

Հրաշագեղ դէմքիդ դիւթիչ միշտ խուսափած եմ նայելէ՝ Երկիւղելով որ աչքերն իմ կը վնասեն ոսկեհիւսեալ Արտացոլումը նրբական, որ ընծայուած է Տիրոջմէ, Զոր տեսնելու արժանի չէ՛ անլոյս հոգիս գետնամածեալ: Բայց չեմ կրնար պատկերըդ քու մէջը թողուլ երազներուս, Կենսաւորուիլ պէտք են անոնք օծանուելով երանգներով Ու շողերով ծիածանեայ. որպէս իմաստ պատրանքներուս Կու տան անոնք ճշմարտութիւն, ու ես անոնց հետեւելով: Ստուերագիծըդ ուրուական կը տեսանեմ ողորկըւած, Ու կ՚ազատեմ ես այսպիսով երեսըդ քու նուիրական Աղտոտուելէ իմ հայեացքով արատաւոր ու անիծուած. Ես պիտ՚ տեսնեմ, օր մը գոնէ, հուրէ հոգիդ անրջական: ֎


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #221 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu