Torontohye/Թորոնթոհայ 221

Page 1

«ՀՈՎԻՒՔՆ ԵՐԳԵՆ ԸՆԴ ՀՐԵՇՏԱԿՍ` ՏԱՆ ԱՒԵՏԻՍ ԱՇԽԱՐՀԻ» | Յունուար 2026 January

«ԼՈՅՍԸ»

Արուեստ եւ մշակոյթ → 10

LCBO launches firstever Armenian section in Ontario Community → 3

Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ «Թինտեյլ» համալսարանին մէջ Զրոյց → 6

«#ճիվճիվ»-ներ. լեզուն ամօթէն ազատագրելու հրամայականը

«Տոհմիկ օր»-ուան ոսկեայ շղթային 31-րդ օղակը՝ նուիրուած Եգիպտոսի, Եթովպիոյ եւ Սուտանի հայ գաղութներուն Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ եւ անխոնջ նուիրումով կազմակերպուած «Տոհմիկ օր»-երու շքերթը արդէն երեսունմէկ տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր ազգապահպան երթը՝ թորոնթոհայ համայնքի մշակութային կեանքին տալով յատուկ եռանգ։ Երեսունմէկ տարի առաջ կեանքի կոչուած «Տոհմիկ օր»-ուան բացարձակ յաջողութիւնը ապահոված իւրաքանչիւր յանձնախումբ իր ուսերուն առաւ մեծ ու պատասխանատու առաքելութիւն մը՝ տարուէ-տարի ներկայացնելով նախ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի պատմական շրջանները, ապա նաեւ սփիւռքի բազմաթիւ գաղթօճախներ՝ անշուշտ իրենց պատմական ուղիով, մշակութային ժառանգութեամբ, ընկերային կենցաղով եւ հոգեւոր դիմագիծով։ Այս ձեռնարկներու առանցքային բաղադրիչներէն մէկը եղած է ո՛չ միայն տօնախմբական հանդիսութիւնը, այլ զուգահեռաբար կազմակերպուող դասախօսութիւնները, որոնք խորք ու

գիտելիք կը հաղորդեն հանդիսատեսին՝ կապելու անցեալը ներկային եւ ապագային։ «Տոհմիկ օր»-ը տեղի ունեցաւ երկու օրերու ընթացքին՝ 22-23 նոյեմբեր 2025ին եւ ընդգրկեց տօնական խրախճանք, գեղարուեստական յայտագիր, գիրքի հրատարակութիւն եւ խորագիտական դասախօսութիւններ։ Նախապատրաստական եռուզեռը սկսած էր մօտաւորապէս ինը ամիսներ առաջ։ Յանձնախումբերն ու ենթայանձնախումբերը մեծ նուիրումով եւ անսահման աշխատասիրութեամբ ստեղծած էին երկօրեայ մթնոլորտ մը, որուն ընթացքին թորոնթոհայութիւնը հնարաւորութիւն ունեցաւ ըմբոշխնելու Նեղոսի ափին գոյացած երեք պատմական հայ գաղութներու՝ Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ ինքնատիպ դիմագիծը՝ իր ազգային, մշակութային ու պատմական բազմերես հարստութեամբ։ Այս տարուան «Տոհմիկ օր»-ուան դիւանին եւ բծախնդրօրէն աշխատող յանձնախումբին հսկայածաւալ

աշխատանքին արդիւնքը դարձաւ խորապէս տպաւորիչ եւ յիշարժան։ Երկու օրերու ընթացքին Հայ կեդրոնի սրահը լեցուեցաւ հոծ բազմութեամբ, որ համախմբուած էր վայելելու ամիսներու տքնաջան աշխատանքի արդար արգասիքը։ Ճաշկերոյթ, խրախճանք, երաժշտութիւն, ցուցահանդէս, լուռ աճուրդ, գեղարուեստական ներկայացումներ, երաժշտութիւն եւ պարգեւատրումներ, այս ամէնը միահիւսուած Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայկական բոյրով ու յիշողութիւններով յագեցած երեկոյի մը մէջ։ Գաղութներու պարագային առաջնորդող նշանաբանն է՝ «Սփիւռք՝ հայեացքով միշտ դէպի Երկիր», իսկ այս տարուան լոզունգն էր՝ «Հին քաղաքակրթութեան փարոս Նեղոսի ափին», որովհետեւ դարերու ընթացքին այս հին քաղաքակրթութիւնները եւ անոնց մէջ ծաղկած հայ գաղութները եղած են լուսաւորող փարոսներ։ Այդ օրը Հայ կեդրոնի սրահը վերածուած էր հնագոյն → 14

Արուեստ եւ մշակոյթ → 12 Նոր տա րուան անակնկալ...

→ 25

vol. 21

No 1[221]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.