Հայ Կեանք թիւ 08(45) 13/04/2018

Page 25

Ուրբաթ, 13 Ապրիլ 2018

Հայ Կեանք

Էջ 25

Դոկտ. Արշակ Սաֆրաստեան Շարունակութիւն էջ 24-էն

նի Պոսթոն, ուր Ռամկավար եւ Ազատական տեղական կառոյցները հանդիպում կազմակերպած էին պատուիրակութեան համար, ուր նաեւ կը կատարուի Փարիզի մէջ սկսած միութեան զոյգ հատուածներու գործակցութիւնը։ Միացեալ Նահանգներէն վերադարձին, Սաֆրաստեան որպէս ընդհանուր քարտուղար Ազգային պատուիրակութեան, կ՚ուղարկուի Խորհրդային Հայաստան, մօտէն ուսումնասիրելու նորաստեղծ վարչաձեւը։ Միասնիկեանի հետ ծանօթանալէ ետք կը վերադառնայ Եւրոպա, ու այս անգամ Ժընեւ՝ մասնակցելու Ազգերու լիկայի նորաբաց նիստին, Նորատունկեանի ու Յովհաննէս Խան Մասէհեանի հետ։ Իր առաքելութեան աւարտին կը մեկնի Փարիզ հանդիպելու Պօղոս Նուպարին հետ, զեկուցելու իր առաքելութեան մասին։ 1921 Դեկտեմբերին կ՚անցնի Պոլիս, ուր յատուկ առաքելութեամբ կը հանդիպի Պըքսթընի հետ, որ բարեսիրական նպատակով կրցած էր ապահովել դեղորայք ու ցորենի մթերք։ Երկուքով նախ կը մեկնին Պաթում ու անկէ կ՚անցնին Երեւան։ Սաֆրաստեան յանձնելէ ետք բարեսիրական նպատակով իր ստանձնած դեղորայքն ու մթերքը, պաշտօնական հանդիպում կ՚ունենայ Միասնիկեանի, Մռաւեանի ու Շահվերտեանի հետ ու կը վերադառնայ Անգլիա։ Այլեւս յստակ դարձած էր Սաֆրաստեանի ստանձնած առաքելութիւնը. իր ճամբորդութիւնները ու մասնակցութիւնները կը բերէր նպաստելու նորաստեղծ հայկական պետութեան բարօրութեան։ Հակառակ ամբողջ տասնամեակ մը ճամբորդական առաքելութեամբ կլանուած ըլլալուն, երախտաւորը մնայուն կը թղթակցէր Թիֆլիս հրատարակուող Ժողովրդական կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Մշակ»ին, իր ծննդավայր Վանի «Վան-Տոսպ» ռամկավար պաշտօնաթերթին համար ալ Սաֆրաստեան մնայուն թղթակից դարձած էր ու նաեւ Պոլիս հրատարակուող ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Հայրենիքի Ձայն»ին։ Պոսթոն այցելութենէն ետք կարճ շրջան մը կ՚աշխատակցի «Ազգ»ին, մինչեւ անոր միացումը «Պահակ»ին, որ որպէս «Պայքար» 1922-ին սկսաւ հրատարակուիլ։ Որպէս բրիտանական քաղաքացի ու լրագրող դարձեալ Պոլսոյ վրայով կ՚անցնի Հայաստան 1923-ի գարնան, իմանալու մթերքի բերած նպաստը Հայաստանի համար, որ պիտի նպաստէր սովի մասնակի անհետացման։ 1923-ի Օգոստոսին ու Լոզանի դաշնագրի խայտառակ աւարտէն ետք այս անգամ դարձեալ Պըքսթընի եւ ամերիկացի Հարթցի հետ կ՚անցնի Լոզան, ուր կը զեկուցէ անգլիացի, ամերիկացի եւ իտալացի պատուիրակութեանց, նպաստընկալ ծրագիրներու մատակարարման մասին Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան կողմէ, որպէս բարօրութիւն փրկութեան համար հոն բերուած որբերուն։ 1924-ին իր ընդհանուր քարտուղարի պաշտօ-

նը աւարտած ըլլալով Ազգային պատուիրակութեան համար, Սաֆրաստեան լման ժամանակով կը շարունակէ իր պաշտօնը որպէս թղթակից՝ բրիտանական արտաքին գործոց նախարարութեան համար, նոյն շրջանին ուսումնասիրութիւններ կատարելով արեւելագիտութեան մէջ։ Սաֆրաստեան մօտէն ծանօթացած ու գործակցած էր Հայաստանի պատուիրակութեան ոչ դաշնակցական անդամ ու Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ՝ Միքայէլ Բաբաջանեանի հետ Փարիզի մէջ, երբ Բաբաջանեան իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէր Հ.Բ.Ը. Միութեան Կեդրոնական Վարչական ժողովին։ Սաֆրաստեանի համար Բաբաջանեան եղած էր ՌԱԿ-ի այն երախտաւորը, որ գիտցած էր գործել որպէս պետական հաւասարակշռուած մարդ, ծառայելու իր ժողովուրդին։ Անոր մահէն ետք Սաֆրաստեան յատուկ աշխատասիրութեամբ մը ներկայացուց Բաբաջանեանը «Պայքար» հանդէսի 1930 Նոյեմբերի թիւով «Ընկեր Միքայէլ Պապաջանեան՝ մարդն ու գործը» խորագրով։ 1932-ին Պոսթոն հրատարակուող անգլիատառ «Տը Արմինիըն Միրըր Սփէքթէյթըր» շաբաթաթերթին ալ մասնակցութիւնը կը բերէ անգլերէն յօդուածներով ու մանաւանդ Արեւմտեան Եւրոպայի զանազան գաղթօճախներուն մասին տեղեկագրելով։ Իսկ իր մնայուն աշխատակցութիւնը բերելէ բացի «Մանչեսթըր Կարտիյըն» Անգլիա հրատարակուող թերթին, ան ռամկավար մամուլին իր մասնակցութիւնը կը բերէ հնախօսական ու քաղաքական յօդուածներով։ Սաֆրաստեանի աշխատակցութեան նաեւ ծանօթացած ենք Նիւ Եորք հրատարակուող «Կոչնակ», Պոսթոն հրատարակուող «Արծուի Վասպուրականի», ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ՝ Փարիզ հրատարակուող «Ապագայ Այսօր» թերթերուն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Հասկ» պաշտօնաթերթին մէջ։ 1944-ի աշնան կը հրաւիրուի Եգիպտոս, Գահիրէի մէջ նախկին վանեցիներու հաւաքին, ուրկէ կ՚անցնի Պէյրութ հանդիպելու Միքայէլ Նաթանեանին հետ, որուն մօտիկ ծանօթ մը եղած էր իր ծննդավայրին մէջ։ Հոն նաեւ պիտի ծանօթանար սփիւռքի ատենոյ նոր բարգաւաճող լիբանանահայ գաղութին։ 1951-ին հրաւէր կը ստանայ որպէս արեւելագէտ ու Մեծն Բրիտանիոյ պատուիրակ, մասնակցելու Պոլսոյ համալսարանի միջազգային համաժողովին, ուր պիտի ներկայացնէր կարեւոր ուսումնասիրութիւն մը Հիթիթներու մայրաքաղաք «Պողազ Քէօյ»ի պեդումներուն մասին, յայտնաբերելով արքայական մատենադարանը, ուր յստակ կը դառնայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պատմութիւնը։ Այս եղելութիւնը հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ թուրք լրագրողներու մօտ, ու շուրջ 4 շաբաթ Սաֆրաստեան կը դառնայ պոլսահայ գաղութին Շարունակութիւնը էջ 26


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.