Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Գ., թիւ 7(44)
Ուրբաթ, 30 Մարտ 2018
Հայաստան ժամանեց Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը
Մարտ 29-ին, Հայաստան ժամանեց Յունաստանի Հանրապետութեան ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանաեոթիս Քամմենոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: ՀՀ ՊՆ վարչական համալիրի մէջ Փանաեոթիս Քամմենոսի գլխաւորած պատուիրակութեան դիմաւորման պաշտօնական արարողութեան յաջորդեց երկու պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու առանձնազրոյցը եւ պատուիրակութիւններու հանդիպումը ընդլայնուած կազմով: Հանդիպումներու արդիւնքները ամփոփուեցան համատեղ մամուլի ասուլիսով: Այցի շրջանակներուն Փանաեոթիս Քամմենոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ արտաքին գործերու նախարարի հետ: Յունաստանի Հանրապետութեան ազգային պաշտպանութեան նախարարը ընդունուեցաւ նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Յունական պատուիրակութիւնը Մարտ 29-ի առաւօտեան այցելեց «ԱրմՀայԹեք-2018» ցուցահանդէս։ Մարտ 30-ին Յունաստանի Հանրապետութեան ազգային պաշտպանութեան նախարարը յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ «Եռաբլուր» զինուորական պանթեոն այցելութեամբ: Ի դեպ, Փանաեոթիս Քամմենոսը օտարերկրեայ առաջին Շարունակութիւնը էջ 2
Նախագահը ընդունեց Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարին
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Մարտ 29-ին ընդունած է երկօրեայ այցով Հայաստան գտնուող Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամմենոսին: Ողջունելով հիւրին եւ ընդգծելով, որ հայյունական առնչութիւնները հազարամեակներու պատմութիւն ունին եւ լեցուն են բարեկամութեան բազմաթիւ դրսեւորումներով՝ Հանրապետութեան Նախագահը պատահական չի համարեր, որ երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն յատուկ է փոխըմբռնման եւ փոխվստահութեան բարձր մակարդակը: Սերժ Սարգսեանը ուրախութեամբ արձանագրած է, որ միջպետական յարաբերութիւններու աւանդական յենասիւններէն է նաեւ հայյունական պաշտպանական ոլորտի համագործակցութիւնը: Զրուցակիցները երկուստեք գոհունակութեամբ նշած են, որ վերջին տարիներուն երկկողմ համագործակցութիւնը նշանաւորուած է բարձր մակարդակի փոխայցերով, ինչպէս նաեւ պաշտպանական, տնտեսական, մշակութային, գիտակրթական եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան սերտացումով: Նախագահը ջերմութեամբ յիշած է 2016-ին Յունաստան կատարած իր պաշտօնական այցը եւ նախարար Քամմենոսէն խնդրած է իր ջերմ ողջոյնները ու բարեմաղթանքները փոխանցել Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասին եւ նախագահ Փրոքոփիոս Փաւլոփուլոսին: Շարունակութիւնը էջ 3