2015 February ASA Newsletter

Page 1

A Publication of the Armenian Sisters’ Academy

March 2015

t Na

e ali

M

o an 2A

u

n

kia


A Publication of the Armenian Sisters Academy

March 2015

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԷՆ

ՄԵԾ ՊԱՀՔ Բուն բարեկենդանով կը սկսի Մեծ Պահք, որ կը շարունակուի քառասուն եւ երկու օրեր կամ վեց շաբաթներ , երբ կը սկսի Աւագ Շաբաթ եւ որու աւարտին կը տօնենք Քրիստոնէութեան ամենամեծ տօնը այսինքն Զատիկը, կամ Քրիստոսի Յարութեան տօնը։ Քառասնորդաց Մեծ Պահքը իւրայատուկ շրջան մըն է աղօթքի, ապաշխարութեան, ծոմապահութեան եւ բարեգործութեան։ Մօտենանք Աստուծոյ՝ զղջացեալ հոգիով ու որդիական վստահութեամբ։ Քառասուն օրերու այս ուղեւորութիւնը մեր կեանքին բարերար մէկ հանգրուանն է որ կ՛առաջնորդէ մեզի դէպի նոր կեանք, դէպի Քրիստոսի Յարութեան ։ Ք.Լ. Երեսնամեայ Ծառայութիւն Անարատ Յղուութեան միաբանութեան Վարժարաններու ցանցին պատկանող Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի մեծ ընտանիքը հպարտութեամբ յայտարարեց իր հիմնադրութեան Երեսնամեակը։ Ամբողջ երեսուն տարիներ ան ծառայած է լոս Անճելըսի հայ գաղութի մատղաշ սերունդին, անոնց ջամբելով գիտութիւն եւ ապահովելով հայկական եւ քրիստոնէական նախանձելի մթնոլորտ մը։ Վարժարանը բոյն դրաւ Կլէնտէյլ քաղաքին մէջ, ապա մեծցաւ ուրճացաւ եւ այսօր Մոնթրոզի մէջ ունի իր արժանավայել դիրքն ու համբաւը։ Վարձքը կատար բոլոր հիմնադիր Քոյրերուն, անցեալ եւ ներկայ բոլոր նուիրեալներուն, որոնց հաւատքի անսպառ ուժը, անկորնչելի կորովը կերտեց այս հայկական ուսումնական անզուգական օճախը, որ Երեսուն տարիներէ ի վեր, որպէս լուսատու փարոս հայ սե— րունդները կ՚առաջնորդէ դէպի գիտութեան խաղաղ նաւահանգիստը։ Այս առիթով Հայ Քոյրերու Ընտանիքը մեծ շուքով տօնեց Վարժարանի Երեսնամեակը Կիրակի Յունուար Ձ5, ՁՕ15ի երեկոյեան։ Լինտա Գանտիլեան


ASA

March 2015

Կրօնքի Պայքար «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, Մահ Իմացեալ Անմահութիւն է», Եղիշէ Այս նշանաբանով սկսաւ Վարդանանց պատերազմը 451 թ. յանուն Քրիստոնէութեան յանուն գոյատեւումի պայքարի: 428-ին կործանուելով հայ Արշակունիներու թագաւորութիւնը՝ Հայաստան վերածուեցաւ Պարսկական մարզպանութեան: Սասանեան Յազկերտ թագաւորը իր աշխարհակալութեան ընդարձակման եւ զօրացման համար կ’ուզէր Քրիստոնեայ դրացի երկիրները եւ յատկապէս Հայաստանը իր իշխանութեան տակ առնել: Ուրեմն բոլորը պէտք էր կրակապաշտ դառնային, որպէսզի դիւրին ըլլայ կառավարելը: Հայրենի աշխարհը հարցականի տակ էր: Հայ ժողովուրդի գոյատեւումին կը սպառնար զրադաշտականութեան մեծ վտանքը, Վարդան եւ իր քաջարիները, եկեղեցին եւ ամբողջ ժողովուրդը դէմ ելաւ թշնամիին.Աւարայրի դաշտին մէջ, Տղմուտ գետի եզերքը. մէկ օր տեւող պատերազմը վերջ գտաւ բարբարոսներու եւ փիղերու վայրագութեան յաղթանակով. սակայն հայ ժողովուրդը կրցաւ քրիստոնէութեան խաչը բարձրացնել ու պատմութեան տալ անկոռնչելի յաղթանակը: Շարունակենք մեր ուղին, մեր գլխաւոր պարտականութիւնն է պահել մեր հայրենիքը, մեր ժողովուրդը: Ջանանք կրթել մեր մատղաշ սերունդը, դաստիարակել հայօրէն հայու հաւատքով, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի ուղիով, սորվեցնենք անոնց Վարդաններու հաւատքը, Սարդարապատի լինելիութեան վճռակամութիւնը. վերջապէս Արցախեան յաղթանակի փառաբանութիւնը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը: Ամէն տարի յիշատակումովը Վարդանանց ճակատամարտին, անգամ մը եւս վերապրինք մեր գոյապայքարին իմաստ տուող հերոսներուն ոդիսականը, ուխտենք մնալ անոնց արժանի ժառանգորդները: Փառք ու պատիւ մեր ժողովուրդին: Յաւերժ անմահ Վարդանի հոգին մեր բոլորին հետ: Մարօ Գույումճեան


ASA

March 2015

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Հայ ազգային, կրօնական դաստիրարակութեան աղբիւրները հանդիսացող Հայ Եկեղեցին, դպրոցը, միութիւնները իրենց առաջնահերթ առաքելութիւնը դարձուցած են ներշնչել սերունդները հայրենասիրութեամբ, եւ ազգային ինքնորոշման զգացումը վառ պահելու նախանձախնդրութեամբ՝ Վարդաններու, Վահաններու, Արսեններու եւ Ղեւոնդներու օրինակով կը դաստիարակեն նոր սերունդը. ասոր համար աւանդոյթ դարձած է հայրենիք թէ սփիւռք մեծ շուքով տօնել Վարդանանց ճակատամարտի յիշատակը, խունկ ծխել եւ աղօթք բարձրացնել նահատակներու յիշատակին եւ հաղորդուիլ անոնց քաջութեամբ եւ վճռականութեամբ։ Արդարեւ, Լոս Անճելըսի Հայ քոյրերու Վարժարանի աշակերտութիւնն ալ Չորեքշաբթի, 11 Փետրուար ՁՕ15ի առաւօտեան համախմբուած էր Հ.Ք.Վարժարանի Դանիէլեան սրահը ներկայ գտնուելու Սուրբ Պատարագի արարողութեան, աղօթելու Վարդան Մամիկոնեանի եւ հազար երեսուն Վեց նահատակներու հոգիներուն, որպէսզի խրախուսուելով անոնց կամքի զօրութենէն՝ շարունակեն ապրիլ մեր պապերու ուղիով քրիստոնէավայել կեանք մը։ Օրուան պատարագիչն էր Կլէնտէյլի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ՝ հայր Թովմաս վարդապետ Կարապետեան, որ պատշաճ քարոզով մը յորդորեց աշակերտները լեցուելու նախնիներու հաւատքի ուժով եւ զանոնք նախապատրաստեց կէսօրէ ետք տեղի ունենալիք հանդիսութեան, ապա երրորդ դասարանէ վեր բոլոր աշակերտները հաղորդուեցան եւ բաժնուեցան սրահէն Նորահրաշ շարականի երգեցողութեամբ։ Պատարագին կ՚ըսպասարկէին Չորրորդ դասարնի աշակերտները, Սուրբ Սեղանին Ծառայելով, ընթերցուածներ եւ խնդրանքներ կարդալով։ Կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն. Դանիէալեան սրահը այս անգամ պատրաստ էր ներկայացնելու աշակերտներու այդ օրուան յատուկ պատրաստած ոտանաւորները, շարակնանները, երգերը, եւ թատրերգութիւնը։ Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, ապա Տնօրէնուհի՝ Առաքինազարդ Քոյր Լուսիա իր բացման խօսքով նախ պատմականը ըրաւ $%! թուականին տեղի ունեցող միօրեայ այն ճակատամարտին, որ դարերով մեզ առաջնորդեց ապրելու քրիստոսով հայու արժանավայել կեանք մը եւ շարունակեց ըսելով «... Որովհետեւ կռիւը կրօնքի կռիւ էր, մինչեւ այսօր զայն կը տօնէ հայ եկեղեցին եւ հայ ազգը, Անոնք նահատակուեցան իրենց հաւատքը հաստատուն պահելու համար եւ որպէսզի մենք ալ մեր նախորդներուն արժանի ժառանգորդները ըլլանք պէտ՛ք է հետեւինք իրենց քայլերուն եւ ապրիք քրիստոնէավայել կեանք մը»։


ASA

March 2015

Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, ապա Տնօրէնուհի՝ Առաքինազարդ Քոյր Լուսիա իր բացման խօսքով նախ պատմականը ըրաւ 451 թուականին տեղի ունեցող միօրեայ այն ճակատամարտին, որ դարերով մեզ առաջնորդեց ապրելու քրիստոսով հայու արժանավայել կեանք մը եւ շարունակեց ըսելով «... Որովհետեւ կռիւը կրօնքի կռիւ էր, մինչեւ այսօր զայն կը տօնէ հայ եկեղեցին եւ հայ ազգը, Անոնք նահատակուեցան իրենց հաւատքը հաստատուն պահելու համար եւ որպէսզի մենք ալ մեր նախորդներուն արժանի ժառանգորդները ըլլանք պէտ՛ք է հետեւինք իրենց քայլերուն եւ ապրիք քրիստոնէավայել կեանք մը»։ Օրուան հանդիսավառ Տիկին Մարօ Գույումճեան բացատրեց օրուան խորհուրդը, ան մասնաւորաբար շեշտը դրաւ մեր ժողովուրդի ազատատենջ հոգիի վրայ, տալով հայոց պատմութեան փայլուն էջերէն խրախուսիչ օրինակներ սկսեալ ազատատենջ Հայկէն մինչեւ Արցախեան ազատամարտիկը։ Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ եւ յաջորդաբար բեմ բարձրացան աշակերտները, որոնք իրենց սորված ոտանաւորներով եւ երգերով խանդավառութիւն ստեղծեցին եւ առիթ ունեցան իրենց ծնողներուն հիւրերուն եւ դասընկերներուն ներկայութեան, ցուցադրելու իրենց բեմական շնորհները արտասանեցին եւ երգեցին հայրենասիրական խանդավառ եւ վարդանանց քաջերու նուիրուած խրախուսիչ ոտանաւորներ եւ երգեր, որոնք բծախնդրօրէն ընտրուած եւ պատրաստուած էին վարժարանիս հայրենաւադ ուսուցիչներու եւ երաժշտութեան ուսուցչուհիին կողմէ։ Յայտագրի վերջաւորութեան ուսուցչուհի Մարօ Գույումճեանի պատրաստութեամբ եւ երրորդ դասարանի աշակերտներու կողմէ ներկայացուեցաւ Վարդանանց ճակատամարտը։ Թատրոնը սկսաւ ներկայացնելով Հայաստանի ներքին վիճակը, երբ Պարսիկներու Յազկերտ Բ. Թագաւորը նամակ մը ուղարկած էր Հայոց Վարդան Մամիկոնեան Սպարապետին՝ պահանջելով որ անոնք ուրանան իրենց կրօնքը եւ կրակապաշտ դառնան։ Դարերու խորքէն եկող Եւ միշտ իր այժմէականութիւնը պահող դէպքը հարազատօրէն մեկնաբանեցին իննամեայ փոքրերը եւ յափշտակութեամբ ընդունեցին ներկաները, կարծես առաջին անգամն էր որ կը լսուէր 1500 տարուան այդ եղելութիւնը։ Հրաշալի են մեր տղաքը, այնքան համոզիչ վճռականութեամբ կը խօսէր Վարդանը՝ Ճորճ Սալիպեան իր նախարարներուն հետ, արքայավայել էր Յազկերտի կերպարով Լիո Սուլթանեանը, կարծես իսկական Յազկերտի հանգամանքով ան բեմահարթակի վրայ լրիւ տիրապետած էր իսկ Ալէք Եուսէֆ՝ Ղեւոնդ Երեցի կերպարով մտած էր իսկական հայ կղերի տիպարին մէջ, մինչ երրորդ դասարանի աղջիկները իրենց պատմելու շնորհքով ամբողջացուցին թատերական պատկերները՝ տալով պատմական մանրամասնութիւններ։ Յուզիչ էր պատկերը ճակատամարտի աւարտին .... Վարդան ինկած էր Տղմուտ գետի ափին, հերոսները նահատակուած էին, Սարին Լապէճեան՝ հերոս հայուհին, որ մարմնացուց Վարդանի մօր դերը, Աւարայրի դաշտին վրայ դիակներուն մէջէն կը որոնէր նահատակ զաւակը եւ հայ կնոջ յատուկ վեհանձնութեամբ կ՚ըսէր «Ես կը տեսնեմ մեր քաջարի նահատակներուն դիակներուն ընդմէջէն փառքը հայ ժողովուրդին, եւ լինելութեան պսակը փառապանծ....» ապա Սարին իր անուշ ձայնով մեկնաբանեց «Լռեց Ամպերը» ամբողջացնելով օրուան խորհուրդը։ Հանդիսութեան աւարտին աշակերտները բաժնուեցան սրահէն Նորահարաշ շարականի երգեցողութեամբ։ Պատգամը փոխանցուած էր, հանդիսատեսը բաւարարուած, ուսուցիչը գոհունակ։ Լինտա Գանտիլեան


ASA

March 2015 ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ

Սիրելի Ծնողներ, Կ՚ուզենք տեղեկացնել Ձեզի թէ՝ ծրագրած ենք դրամահաւաք կատարել ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ շրջանին։ Ծրագիրը պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով. իւրաքանչիւր դասարան պիտի ունենայ տու’ մը, որուն մէջ աշակերտները իրենց խնայողութենէն հաւաքուած գումարները պիտի դնեն 1.00 տոլարէն սկսեալ որքան որ կրնան։ Հաւաքուած գումարները պիտի յատկացուին Կիւմրիի եւ Տաշիրի Հայ Քոյրերու ամառնային ճամբարի ծրագիրներուն։ Այս ծրագիրը կը սկսի Փետրուար 20-էն մինչեւ Մարտ 20։ Անկասկած որ այս ծրագրի նպատակն է ձեռք երկարել կարօտեալ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն. սակայն այս դրամահաւաքը նաեւ կը նպատակադրէ դաստիարակել մեր երեխաները, անոնց սորվեցնելով բաժին հանել իրենց ունեցածներէն կարօտեալին եւ անտէրին մասնաւորաբար Մեծ Պահքի շրջանին։ Կը խնդրենք ձեզմէ մղել ձեր զաւակները դէպի բարեգործութիւն։ Քաջալերել զիրենք որպէսզի եսակեդրոն չըլլան, այլ մտածեն նաեւ ուրիշները եւ սորվին բաժին հանել իրենց ունեցածներէն նաեւ ուրիշներուն։ Օ՛ն ուրեմն, հաւատարիմ մեր սովորութիւններուն Մեծ Պահքի շրջանին փորձենք մենք մեզ զրկել մեր նախասիրութիւններէն եւ անոր տեղ ժպիտ մը նուիրել կարօտեալի մը դէմքին։

Lent Lent is a season of turning to God in simplicity and sincerity as we prepare to celebrate the joy of Easter. Our hearts feel heavy as we remember our sins, but we are also confident in God’s mercy and forgiveness. The three great Lenten practices are prayer, fasting and almsgiving (almsgiving means giving money or other help to the needy). Doing these three things will help us to keep Lent as a holy season. Let’s be open to God’s kindness as we promise to pray with more love, avoid treats and collect our coins to give to those less fortunate than ourselves.


ASA

March 2015

First Graders Wonderful Job Since the New Year, first graders have been doing a wonderful job with all of their subjects. 1A and 1B students have become Super Readers and have even begun reading Chapter Books! In addition to their class work, 1A and 1B students have worked together to create wonderful projects. In January, both classes came together to create a beautiful Martin Luther King, Jr. Banner with all of the students’ handprints on it. Students also created Kites to highlight their English language arts story: The “Kite” by Alma Flor Ada. Also, to support social studies learning, students created Community Helper Booklets and/or posters highlighting community helpers that provide goods and services. These projects will be on display in the classroom. In addition to our projects, both first grade classes have been learning about Presidents Washington and Lincoln. 1B presented “Presidents’ Day” during our morning prayer assembly on Feb. 13th. The students did a wonderful job and were very informative! At this point, 1A and 1B students are gearing up to attend a play based on the Junie B. Jones character created by Barbara Park. Students have been enjoying this Chapter Book Series in class and are very familiar with the character and various stories. 1A and 1B are looking forward to their field trip this week onFeb. 19th and will be ready to share their experiences upon return. Until next time, 1A and 1B will continue to do their best !

CHANGE OF ADDRESS, PHONE NUMBER AND E_MAIL We ask parents to notify the office immediately of any changes of phone numbers, addresses and e-mails. It is very important that we update this information in our files in case we need to contact you in an emergency.


ASA

March 2015

SPECIAL THANKS Mr. & Mrs. Armen Markarian for donating soccer balls to the school. Dr. & Mrs. Shahan Yacoubian for donating a book and DVD of THE ORPHANS OF THE GENOCIDE. Drs. Tzovinar & Simon Keushkerian for devoting their time and presenting lectures to our 7th & 8th grade students . May God bless all of you.

2015-2016 Enrollment Parents who are interested in enrolling their children in Day care, preschool and kindergarten may call the school office and request an application package. The application must be sent back to the office with the required information and the registration fee.

SCHOOL DRESS CODE We ask parents to help their children to follow the school rule regarding uniforms. Students should be responsible to remember the dress codes for regular days and for physical education days. When purchasing athletic shoes for school use, please consider the color .


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.