2014 December ASA Newsletter

Page 1

A Publication of the Armenian Sisters Academy

December 2014

at

a

ell

St

eb Sh

h 4t

a Gr

de


A Publication of the Armenian Sisters Academy

December 2014

Տնօրէնութեան Գրասենեակէն «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի, որ Յայսմ Յաւուր Յայտնեցաւ» Համայն Քրիստնէութեան համար ամէնէն ուրախ եւ սիրելի տօնն է Սուրբ Ծնունդը, որ ամէն տարի մեծ շուքով կը տօնուի։ Քրիստոս ծնաւ Բեթղեհեմի մէջ, ամէնէն համեստ պայմանններուն տակ։ Ապրեցաւ 33 տարիներ միայն։ Սուրբ ծնունդէն մինչեւ խաչելութիւնը, Անոր կեանքը եղաւ արտակարգօրէն տպաւորիչ եւ մարդկութեան համար ուղեցոյց՝ ճանչնալու ճշմարիտ Աստուածը։ Աստուած իր Միածին Որդին ընծայեց մարդկութեան, որ ուսուցանէ ճշմարիտը, լուսաւորէ մարդկային միտքը, որպէսզի մարդ ապրի ու վայելէ կեանքը ազնուագոյն սկզբունքներով։ Յիսուս չ՚ուզեց ծնիլ պալատի մը մէջ, այլ նախընտրեց համեստ ընտանիք մը, աղքատիկ մսուր մը, նախընտրեց խոնրհութիւնը, որպէսզի մեզի խոնարհութեան օրինակ դառնայ, ոչ միայն խօսքով այլ մանաւանդ գործով։ Այս տօնական օրերուն, հայցենք խաղաղութեան Արքայէն, որ շնորհէ իր խաղաղութիւնը համայն աշխարհի եւ մանաւանդ Միջին Արեւելքի տարապեալ երկիրներուն Իրաք եւ Սուրիա։ Քոյրերը կը միանան ինծի ինչպէս նաեւ Ուսուցչական կազմը եւ Պաշտօնէութիւնը ներկայացնելու ձեզի բիւր մաղթանքներ եւ բարեմաղթութիւններ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի զոյգ տօներու առթիւ։ Թող՚ 2015 Տարին ըլլայ բոլորիս համար շնորհքի, խաղաղութեան, գործերու յաջողութեան եւ Աստուածային առատազեղ օրհնութեան տարի մը։ « Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. ձեզի մեզի Մեծ Աւետիս»


ASA

December 2014

Շնորհաւորութիւններ

Հայ Քոյրերու Վարժարանը մեծ շուքով տօնեց Անարատ Յղութեան Միաբանութեան տօնը: Դեկտեմբեր 8ի առաւօրեան տեղի ունեցաւ աշակերտական Ս.Պատարագ, օրուան պատարագիչ Վարդապետն էր՝ Հայր Անտոն Նորատունկեան, որ բացատրեց Յիսուսի Ծնունդը եւ յորդորեց աշակերտները ըլլալ Մարիամի նման խոնարհ ու ծառայասէր, նաեւ շնորհաւորեց բոլոր Քոյրերը իրենց նուիրումին եւ ծառայութեան համար։ Պատարագին սպասաւորեցին ութերորդ կարգի աշակերտները, որուն յաջորդեց աշակերտներու կողմէ յատուկ աղօթքներու եւ մաղթանքներու ընթերցում՝ ուղղուած Անարատ Յղութեան Միաբանութեան բոլոր նուիրեալ Հայ Քոյրերուն։ Ս.Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ նախաճաշ մը՝ կազմակերպուած ուսուցչական կազմի եւ ծնողաօժանդակ մարմնի կողմէ եւ գնահատական նուէրներու տուուչութիւն վարժարանիս բոլոր քոյրերուն։ Կը շնորհաւորենք Հայ Քոյրերու Միաբանութեան բոլոր նուիրեալները, կը մաղթենք բո—լորին առողջութիւն, յարատեւութիւն եւ կամքի զօրութիւն, կ՚աղօթենք բոլոր մեզմէ բաժնուած քոյրերու հոգիներու խաղաղութեան համար եւ նաեւ կ՚աղօթենք որ Աստուած Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ բազմացնէ նուիրեալներու թիւը։ Լինտա Գանտիլեան


ASA

December 2014

“It’s sharing your gifts, not purchasing gifts; it’s not wrapping presents, it’s being present and wrapping your arms around the ones you love; it’s not getting Christmas cards out on time, it’s sending any card, anytime, at the right time. It’s not having the biggest and best Christmas It’s displaying the Christ light that comes from your heart; it’s not Santa coming down the chimney, it’s Jesus coming down from heaven, and giving us the gift of eternal life.” Anonymous

“Whatever you did for one of these least brothers of mine, you did it for me. “ Matthew 25: 4

Special Thanks To Armenia Fund We would like to thank all parents and students for their contribution to Armenia Fund . Our collection amounted to $ 4,104.00 . Part of this donation will be sent to our four schools in Syria.

To Advisory Board members for their donation of the beautiful Christmas tree to school. To the Parent Auxiliary and all volunteers for donating their time and making the event, Breakfast with Santa, a successful one. May the Lord reward you hundredfold for your act of charity.


ASA

December 2014

Նախաճաշ Կաղանդ Պապայի հետ Դեկտեմբեր ամիսը իր տօնական զգեստով ամէն տեղ է, նաեւ Հայ Քոյրերու Վարժարանէն ներս, դասարանները անցքերը եւ սրահը զարդարուած են ծառերով եւ մանուկ Յիսուսի ծնունդը յատկանշող նկարներով եւ մսուռով, այս բոլորին զատ մանուկներու խանդավառութիւնը բազմապատկուեցաւ Շաբաթ Դեկտեմբեր, 13-ին երբ անոնք իրենց ծնողներուն եւ դասընկերներուն հետ ունեցան նախաճաշ մը Կաղանդ Պապային հետ, որու ընթացքին 6,7,8 -րդ դասարաններէ խառն խումբ մը ներկայացուց «Frozen» մանկական շատ սիրուած թատրոնը, որուն յաջորդեց բազմաթիւ զուարճալի խաղեր, որոնց ամենահաճելին՝ ձիւնախաղն էր, ուր ոչ միայն փոքրեր նաեւ մեծահասակներ, ծնողներ իրենց երազած ձիւնի փաթիլներու տակ զուարճացան եւ հրճուանքի պահեր ապրեցան: Հաճելի էր նաեւ ծննդեան երգեցողութիւնը, որ վարժարանի շրջափակին մէջ տեղադրուած հսկայ ծառին շուրջ, իրենց պատմական տարազներով ներկաները փոխադրեցին դէպի Յիսուս Մանուկի ծննդավայրը եւ աւետեցին աշխարհի փրկչին գալուստը որմէ ետք աշակերտներ իրենց նկարները կրող փոքրիկ շրջանակները կախեցին ծառին վրայ եւ լուսաւորեցին Հայ Քոյրերու վարժարանի մեծ ընտանիքի 2015 -ի Ծննդեան ծառը: Ազդեցիկ եւ միաժամանակ իմաստալից էր պահը երբ ամէն ոք երջանիկ եւ նոր տարուան բարեբաստիկ յոյսերով զիրար կը շնորհաւորէր: Այս բոլորը շնորհակալ եւ համերաշխ ջանքերովն ու աշխատանքովն էր Տիկնանց Յանձնախումբի անդամներուն հովանաւորութեամբ եւ օգնութեամբ Տնօրէնութեան եւ Խորհրդատու մարմնի անդամներուն: Վարձքերնիդ կատար սիրելի ծնողներ շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ Նոր տարի: Լինտա Գանտիլեան


ASA

December 2014

The 30th Anniversary committee has been working diligently and is making sure that every detail is being taking care of, from food to venue, to entertainment. We are looking forward to sharing the gala celebration on a grand scale with you. The countdown is on, as of today there are 51 days left till Saturday, January 25, 2015. Earlier in November, we sent you a package containing tickets and a list of sponsorship opportunities. In order to continue, and to finalize details with our planning, we need your help. We ask that you confirm your attendance by sending in your ticket payments. Use the self addressed envelope provided for your convenience and write the name and the grade of the student on the envelope. If you are interested in sponsoring a page in our commemorative booklet, please, use the sponsorship form included and turn it in with appropriate payment amount. Make all checks payable to ASA. For additional tickets and/or questions concerning tickets and sponsorship, please, call Mrs. Armine Sherikian. We ask that all payments be taken care of by Friday, December 19, 2014. We are excited and cannot wait to share this evening with our ASA family, faculty, staff, parents, students, alumni and special guests of Armenian Sisters Academy. Armine Sherikian Administrative Assistant


ASA

December 2014

Մանկապարտէզի Ծննդեան Հանդէսը Հայ քոյրերու Վարժարանը իր դաստիարակութեան կիզակէտը դարձուցած է ազգային քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, որ կը սկսի նոյնիսկ ամենափոքր դասարաններէն : Աշակերտները ոչ միայն կը սորվին քրիստոնէական երգեր, շարականներ եւ աղօթքներ այլ նաեւ գործնականօրէն կը մասնակցին տօնակտարութիւններու, ինչպէս՝ Ծննդեան տօնի ներկայացումը, որուն գլխաւոր մասը կը ներկայացնէ Մանկապարտէզի աւարտական դասարանը իսկ երգերու եւ շարականներու երգեցողութեամբ կը մասնակցին մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները: Հիանալի պատկեր մըն է, դիտել մանուկներու անմեղ եւ հարազատ ներկայացումը Քրիստոնէական կրօնքի մեծագոյն տօնին՝ Ծնունդին, ուր Աստուածոյ մարդեղութիւնն է որ կ’իրականանայ ու կը ներկայացուի միայն 5 տարեկան մանկուկներու կողմէ: Հակառակ որ ամէն տարի նոյն թատրոնը կը ներկայացուի, բայց ամէն տարի մեծ հետաքրքրութեամբ եւ մեծ հաճոյքով կը սպասուի այս հանդէսը, որուն իրականացումն ու յաջողութիւնը կը պարտինք իրենց տնօրէնուհի՝ Սոնա Գազանճեանի հովանաւորութեամբ աշխատող ուսուցչուհիներուն՝ Տիկիններ Նորա Պուլտուգեան, Սեւան Իսթամպուլեան, Արփի Եուսէֆ եւ Կարինէ Գրիգորեան, որոնք մեծ խնամքով եւ համբերութեամբ կը սորվեցնեն, կը վարժեցնեն եւ կը բացատրեն, որպէսզի փոքրիկներ հասկնալով եւ հաւատալով իրենց ներկայացուցած պատկերներուն կատարեն սպասուածը: Երգերու պատրաստութիւնը արդիւնքն է վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Վարդուհի Պաղտասարեանի հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքին օգնութեամբ դասարանի ուսուցչուհիներուն փոքրերը գրեթէ մասնագիտացած երգչախումբի մակարդակով գեղեցկօրէն կ’աւետեն Յիսուս Մանուկի Ծնունդը, ապա սրահը կը վերածեն տօնական մթնոլորտի երգելով խանդավառ եւ ուրախ տօնական դասական երկլեզու երգեր: Վարձքը կատար բոլոր նուիրեալներուն: Շնորհակալութիւն բոլոր ծնողներուն եւ նուիրատուներուն: Կը շնորհաւորենք Սուրբ Ծնունդը եւ Նոր Տարին կը մաղթենք առողջ եւ բեղուն նոր տարի մը: Լինտա Գանտիլեան


ASA

December 2014 2011

To Mr. Berdj Zadoian on the death of his beloved father. To Mr. & Mrs. Lapejian on the death of Ani’s beloved father. To Mr. & Mrs. Nasir on the death of Sosi’s beloved father. To Mrs. Liza Makhlouf, Blue B class teacher, on the death of her beloved husband, Joe. To Edmond Gharibian, Advisory board member and former parent, on the death of his beloved wife, Silvia. To Mr. & Mrs Bandek on the death of Mr. Timougeen’s beloved father. May the Lord rest their souls in peace and grant their families consolation.

Our sincere congratulations to: Mr. & Mrs Raffi Safarian on the birth of their son, Elia. Proud brother is Christopher in Orange B. Drs. Melidonian on the birth of their daughter Liana. Proud brother is in BB.

May the Lord bless the new babies.


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.