Saroyan in Armenian: Two Short Stories | «Սարոյեանը՝ հայերէնով, երկու պատմուածքներ»

Page 53

տանձերը տեսած էի նախքան իրենց տանձ ըլլալը: Տեսած էի այդ ծառի մերկ ճիւղերը: Տեսած էի տերեւներն ու բողբոջները: Տեսած էի տանձերը մինչեւ իրենց հասուննալը: Հասունցած տանձերը ինծի կը պատկանէին: — Կերայ, — ըսի: Ափսո՜ս որ չկրցայ իրեն ըսել թէ տանձերը չէի գողցած, այլ` զանոնք ստեղծած էի: Սակայն միայն կրցայ ըսել այն՝ ինչ կ’ակնկալուէր ինձմէ: — Տանձերը կերա՞ր, — հարցուց: Յայտնի էր որ լաւ բարկացած էր: Սակայն եւ այնպէս պատասխանեցի. — Այո, պարոն: — Քանի՞ հատ կերար, — հարցուց: — Չորս հատ, — ըսի: — Չորս հատ տանձ գողցար եւ կերա՞ր: — Ոչ, պարոն: Հինգ հատ: Մէկը ծառին մօտ կերայ: 52


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.