Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #230

Page 1

«ՖԱԼԱՔԸ ԵՂԱԾ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՊԻՏԻ ԲՌՆԵՍ» | ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2026 OCTOBER

Support Torontohye. Աջակցեցէ՛ք «Թորոնթոհայ»-ին:

արեկի դռները բացուեցան

A historic day for Toronto Armenians: The Nareg Centre opens its doors to the future Spotlight → 6 Human rights advocate Siranush Sahakyan to speak in Toronto Community → 9 Էկոյեանի բեմադրած «Քոզի ֆան թութէ»-ն կը վերադառնայ Թորոնթոյի օփերայի բեմ Արուեստ եւ մշակոյթ → 26 Համով պաղպաղակ, անհամ «Բարբարակ» Կարծիք → 28 եւ այլն/etc.

→ 34

vol. 21

No 10 [230]

Թորոնթոհայութիւնը իր ապագայի նոր տունը կերտեց Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»---Կան օրեր, որոնք կ’անցնին աննշմար, ուրիշներ, որոնք կը մնան իբրեւ յիշողութիւն. իսկ կան հազուագիւտ պահեր, որոնք պատմութիւն կը կերտեն։ 20 սեպտեմբեր 2026-ը ճիշտ այդպիսի՛ թուական մըն էր Թորոնթոյի հայ համայնքին համար։ 211 Consumers Road հասցէի վեհաշուք շէնքի պաշտօնական բացումով՝ նոր ու լուսաւոր էջ մը արձանագրուեցաւ տեղւոյն հայութեան կրթական, մշակութային եւ ազգային կեանքի տարեգրութեան մէջ։ Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի հանդիսաւոր բացումը դարձաւ տասնամեակներու հաւատքին, աշխատանքին, նուիրումին, բարերարութեան եւ կազմակերպուածութեան տեսանելի մարմնացումը։ Օրուան խորհուրդը սկսաւ եկեղեցիէն, ապա՝ Հայ կեդրոնի շրջափակէն հասաւ Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի նոր շէնքը։

Օրը սկսաւ օրհնութեամբ

Նարեկի պատմական օրը իր առաջին շունչը առաւ Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ չորս ՝ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ Օնթարիոյի դրօշներու օրհնութիւնը։ Նաեւ օրհնուեցաւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի սրբապատկերը, որ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ տ. Բաբգէն արք. Չարեանի նուէրն էր Նարեկ կեդրոնին։ Սուրբ Նարեկացիի անունը պիտի դառնայ նոր կեդրոնի անունը, իսկ Նարեկի ոգին՝ անոր խորհուրդը։ Ժամը մէկի մօտ համայնքը հաւաքուեցաւ Հայ կեդրոնի շրջափակը։ Այստեղ այլեւս ոչ միայն հանդիսութեան մը մասնակիցներ կային, այլ այստեղ ամբողջ համայնքն էր՝ ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւն, դպրոցականներ, ուսուցիչներ, ծնողներ, հոգեւոր դասը, ՀՕՄ-ի ընկերուհիներ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներն ու փողերախումբը, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ,

«Թորոնթոհայ» ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


2

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ բարերարներ ու նուիրատուներ, համայնքի պատասխանատուներ, պետական մարմինի ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ եւ ամենէն կարեւորը՝ հազարաւոր սրտեր, որոնք

SPOTLIGHT էր համայնքի ամբողջ ճանապարհը՝ հիմնադիր սերունդ, դպրոց, աշակերտ, ծնող եւ հիմա՝ նոր սերունդ։ Թալին Մուշեան մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ ողջունեց ներկաները, Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի պաշտօնական բացման առիթով։ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգերը հնչեցին, եւ համայնքը, որ քիչ առաջ միասին քայլած էր դէպի Նարեկ, հիմա միասին կանգնած էր անոր առջեւ։

Հանդիսավարին խօսքին մէջ Նարեկի պատմութիւնը միացաւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնի պատմութեան՝ վաթսուն տարի առաջ՝ 18 Dupont Street-ի փոքր ու համեստ պայմաններէն, մինչեւ 45 Hallcrown Place-ի ներկայ կեդրոնը, ապա՝ 50 Hallcrown Place-ի Հայ երիտասարդական կեդրոնը եւ այսօր՝ 211 Consumers Road-ի Նարեկը։ Այս ճանապարհը միայն անշարժ գոյքերու կամ շէնքերու պատմութիւն չէ, այլ՝ համայնքի աճին պատմութիւնը, եւ Նարեկը այդ պատմութեան նոր էջն է, նոր կեդրոնը, ուր պիտի շարունակուին կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը, մշակոյթը, ստեղծագործութիւնը եւ համայնքային ծառայութիւնը։ Եւ ինչպիսի՜ խորհրդանշական զուգադիպութիւն․ հանդիսավարը յիշեցուց, որ այս պատմական օրը կը զուգադիպի Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակի նախօրեակին։ Հանդիսութեան ներկայ էին պետական մակարդակի ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ Դաշնակցային խորհրդարանի Ուիլոուտէյլի ընտրատարածքի պատգամաւոր Ալի Էհսասի, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամներ՝ ՍքարպորօԷյեճընթքորթի ընտրատարածքէն պատգամաւոր Արիս Պապիկեան եւ Տան Վալի հիւսիսի պատգամաւոր Ճանըթըն Ցաու, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամներ Շելլի Քերոլ եւ Նիք Մանթաս։

նահանգապետի շնորհաւորական պատգամը։ Թալին Մուշեան ընդգծեց Գանատայի, Օնթարիոյի եւ Թորոնթոյի քաղաքային իշխանութիւններուն հանդէպ համայնքի երախտագիտութիւնը՝ տարիներու ընթացքին անոնց ցուցաբերած քաջալերանքին եւ այն միջավայրին համար, որուն մէջ գանատահայ համայնքը կրցած է աճիլ ու զարգանալ։ Միաժամանակ ան յիշեցուց, որ Նարեկ կեդրոնը կը գտնուի այն հողերուն վրայ, ուր պատմականօրէն կը գտնուին Անիշապէ, Հաուտենոսաունի եւ Ուենտաթ առաջին ազգերը՝ ընդգծելով ընդհանուր պարտաւորութիւնը՝ սորվելու, յարգելու, պատուելու եւ պահպանելու այդ ժառանգութիւնը։ Յատկանշական էր, որ Պապիկեան Հայ կեդրոնին յանձնեց նաեւ իր կողմէ տրուած պաշտօնական շնորհաւորագիր մը: Իր գիրին մէջ երեսփոխանը նշած էր, որ նոր համալիրը «կարեւոր հանգրուան մըն է մեր համայնքին մէջ գործող հայ դպրոցի կրթական առաքելութեան ընդլայնման եւ շարունակութեան մէջ», որ կը վկայէ կրթութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան հանդէպ համայնքին անսասան յանձնառութեան մասին։ Ան շեշտած էր, որ այս կառոյցը պիտի նպաստէ ոչ միայն սաներու կրթական զարգացման, այլեւ «հայերէնի, հայ մշակոյթի եւ ազգային արժէքներու պահպանման ու փոխանցման գալիք սերունդներուն»՝ միաժամանակ ամրապնդելով Օնթարիոյի հարուստ բազմամշակութային դիմագիծը։ Հանդիսավար Թալին Մուշեան բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Գույումճեանը՝ փոխանցելու Հայ կեդրոնի խօսքը։ Գույումճեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս կեդրոնը շէնքի մը բացումէն շատ աւելին է, անիկա համայնքի աճին եւ իր ապագային նկատմամբ հաւատքին շօշափելի արտայայտութիւնն է։ Ան ընդգծեց, որ ընդլայնումը ծնունդ առաւ համայնքի բնական աճի պահանջէն՝ որպէսզի հայկական կրթութիւն փնտռող որեւէ ընտանիքի երբեք ստիպուած չըլլանք ըսելու՝ «մեր վարժարանին մէջ ձեր զաւակին տեղ չկա՛յ»։ Որպէս օրուան գլխաւոր նշանաբան՝ ան ամրագրեց

Հանդիսավարը անոնց շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի այս կարեւոր օրը իրենց ներկայութեամբ պատուելու եւ յատուկ շնորհակալութիւն փոխանցեց Արիս Պապիկեանին՝ Օնթարիոյի նահանգապետ Տակ Ֆորտի շնորհաւորական պատգամը բերած ըլլալուն համար։ Հանդիսութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ

հետեւեալ սկզբունքը․ «Ո՛չ մէկ հայ մանուկ՝ հայ դպրոցէն հեռու»։ Անդրադառնալով նորակառոյց կեդրոնի առաքելութեան՝ բանախօսը շեշտեց ազգային ամուր դիմագիծով, բայց միաժամանակ աշխարհին բաց եւ Գանատայի կեանքին լիարժէք մասնակից երիտասարդներ պատրաստելու

Տասնամեակներու ճանապարհը՝ մէկ նոր հասցէի մէջ

միակամ նոյն ուղղութեամբ պիտի շարժէին։ Տողանցքը սկսաւ եւ այդ պահուն Consumers Road-ի փողոցին վրայ կարծէք մէկ պահ կանգ առաւ առօրեան։ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի հնչիւնները կը շեշտադրէին երթի հանդիսաւորութիւնը։ Մարդիկ կը շարժէին դէպի նոր կեդրոն, բայց իրականութեան մէջ այդ երթը շատ աւելի խոր իմաստ ունէր՝ եկեղեցիէն դէպի դպրոց, անցեալէն դէպի ապագայ, յիշողութենէն դէպի նոր յիշողութիւն եւ հաւատքէն դէպի գործ։ Տարբեր սերունդներ՝ մէկ տողանցքի մէջ: Այդ էր այս քայլերթին ամենէն գեղեցիկ տեսարանը, որ ոչ միայն տարածութիւն կը հատէր, այլ՝ սերունդներ կը միացնէր։ Երբ տողանցքը հասաւ Նարեկ կեդրոնի դէմը, այլեւս կարելի չէր չզգալ օրուան մեծ խորհուրդը՝ Նարեկը սպասած էր իր ժողովուրդին, եւ ժողովուրդը եկած էր։

Նարեկի սեմին` պատմութեան նոր էջ մը

Նոր կեդրոնի սեմին, ընդարձակ վրանի տակ, սկսաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը։ Բեմը պատրաստ էր, ներկաները իրենց տեղերը գրաւած էին, օրհնուած դրօշները բարձրացած էին, սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի օրհնուած պատկերը բեմի կեդրոնին հանգչած կը հսկէր պատմութեան ականատես հայորդիներուն: Հանդիսավարութիւնը ստանձնեց Թալին Սարգիսեան Մուշեանը։ Ան առաջին իսկ խօսքերով օրուան տուաւ ոչ միայն պաշտօնական, այլեւ անձնական երանգ։ Ան յիշեցուց, որ ինք Թորոնթոյի հայ կեդրոնի հիմնադիր անդամներէն մէկուն դուստրն է, ծնած ու մեծցած է այս համայնքին մէջ, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտ է եւ այսօր՝ նաեւ ծնող։ Այս արտայայտութեան մէջ կարծէք ամփոփուած


3

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ

SPOTLIGHT լուսարձակ

1 spotlight

համայնք

8 community

արուեստ եւ

26 մշակոյթ

arts & culture

կարծիք

28 opinion

սիւնակ

32 column եւ այլն

34 etc.

հրամայականը, յատկապէս երբ Արցախի տեղահանութեան դժնդակ օրերուն զօրաւոր սփիւռքը կը մնայ Հայաստանի հզօրացման գրաւականը։ Խորին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր նուիրատուներուն, յատկապէս առանցքային ներդրում ունեցած Հասըրճեան ընտանիքին՝ Գույումճեան իր խօսքը եզրափակեց վճռական կոչով մը․ «Հայ դպրոցը մեր գոյութեան կռուանն է։ Եւ քանի դեռ հայ մանուկ մը կայ, որուն ձեռքը կրնանք բռնել ու հայկական դպրոց բերել՝ մենք իրաւունք չունինք յոգնելու, իրաւունք չունինք թերանալու եւ իրաւունք չունինք ձախողելու։ Մեր նախորդները կատարեցին իրենց պարտքը. այսօր հերթը մերն է: Եկեք ըմբռնենք այս պահուն իմաստը, միացնենք մեր ճիգերը եւ միանանք այս սուրբ առաքելութեան շուրջ, որպէսզի այս տեսիլքը դառնայ իրականութիւն»։ Յաջորդ խօսք առնողը ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանն էր։ Ան իր խօսքը սկսաւ Ժագ Յակոբեանի «Անունը՝ Նարեկ, համանուագ» քերթուածի տպաւորիչ տողերով, որոնց մարմնացումը նկատեց Նարեկ կեդրոնի ծնունդը՝ զայն որակելով իբրեւ «երրորդ տիտանը» Հայ կեդրոնի եւ Հայ երիտասարդական կեդրոնի կողքին։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց գաղութի հեռատես եւ անձնազոհ հիմնադիր սերունդին, որուն ցանած սերմերով այսօր համայնքը նոր փառքեր կը վայելէ։ Տնօրէնը յիշեցուց, որ քառասունեօթը տարի առաջ Հայ կեդրոնի յարկին տակ ծնունդ առած վարժարանը այսօր արդէն հասած է աննախընթաց նուաճումի մը․ Նարեկի շնորհիւ, Կոկոնէն մինչեւ Գ. դասարանները ընդլայնուած են երեք բաժիններու, իսկ աշակերտութեան թիւը բարձրացած է պատմական բարձրակէտի՝ հասնելով եօթը հարիւր քսանի։ Մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի

դիմագրաւած դժնդակ օրերուն անդրադառնալով՝ ան յատկապէս շեշտեց սփիւռքի մէջ հայ վարժարանը կանգուն ու ծաղկուն պահելու հրամայականը՝ մէջբերելով վարժարանի հիմնադիր տնօրէն պարոն Մարգար Շարապխանեանի պատգամը․ «Ես ճակատագրին հաւատացողը չեմ, երբեք չեմ եղած, բայց խոր հաւատք ունիմ ազգային դաստիարակութեան եւ ազգային ինքնագիտակցութեան վրայ, որոնց արմատները կը տեսնեմ հայ դպրոցին, ազգային հայկական միջավայրին եւ հայադրոշմ ընտանիքին մէջ»։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ Րաֆֆի Սարգիսեան համայնքին ուղղեց սրտառուչ կոչ մը․ «Սիրելի հայրենակիցնե՛ր, մեր ամրոցները ոչինչ

Նուիրատուներուն՝ խորին երախտագիտութիւն

Պաստառներուն վրայ ցուցադրուեցաւ նուիրատուներուն մասնակցութիւնը ներկայացնող տեսաշարը եւ յիշուեցան այն ընտանիքներն ու անհատները, որոնք իրենց անունը պիտի թողուն Նարեկի դասարաններուն, գրասենեակներուն եւ տարբեր տարածքներուն մէջ։ Գլխաւոր նուիրատուն՝ Հասըրճեան ընտանիքը՝ Սիմոն եւ Մարալ, Արա եւ Կասիա, Գառնիկ եւ Գարինա, Րաֆֆի եւ Մարիթա, Նարեկի համար կատարած էր հինգ միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն։ Յիշուեցաւ նաեւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի եօթը հարիւր հազար

Հրատարակիչ` Torontohye Communications Inc.

Գլխաւոր խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեան editor@torontohye.ca

Ձեւաւորող

Արա Տէր Յարութիւնեան ara@torontohye.ca

Օգնական խմբագիր Սալբի Սաղտըճեան salpy@torontohye.ca

Օգնական խմբագիր Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան diroug@torontohye.ca

Վարչական ներկայացուցիչ Միսակ Գաւլագեան missak@torontohye.ca

Խորհրդատու

Յարութ Մանուկեան harout@torontohye.ca

Ծանուցումներ

ads@torontohye.ca

Նախագիծ`

Proper Company-ի proper.am

Published by Torontohye Communications Inc.

Editor-in-chief

Rupen Janbazian editor@torontohye.ca

Graphic designer/Layout editor Ara Ter Haroutunian ara@torontohye.ca

Associate editor/Armenia correspondent Salpy Saghdejian salpy@torontohye.ca

Associate editor/Staff writer Diroug Markarian Garabedian diroug@torontohye.ca

են առանց փաղանգի», յորդորելով ներկաներուն զինուորագրուիլ հայապահպանման պայքարին եւ դպրոցի փոխանցած ազգային ու քրիստոնէական արժէքները խնամել ու շէնցնել նաեւ ընտանեկան յարկերէն ներս, որպէսզի դպրոցը, միջավայրն ու հայադրոշմ ընտանիքը միասնաբար շարունակեն կերտել հայեցի արժէքներով եւ հաւատքով տոգորուած յանձնառու սերունդներ։

տոլարի ներդրումը, որ Կեդրոնական վարչութեան հարիւր հազար ԱՄՆ տոլարի եւ Գանատայի շրջանային վարչութեան յիսուն հազար տոլարի ներդրումներով հասած էր ինը հարիւր հազար տոլարի։ Գոլոլեան ընտանիքը եւս երկու հարիւր յիսուն հազար յտոլարի նուիրատուութեամբ միացած էր այս մեծ գործին։ Հանդիսավարը յիշեց նաեւ Գոլոլեաններու պատմական

Administrator

Missak Kawlakian missak@torontohye.ca

Advisor

Harout Manougian harout@torontohye.ca

Advertisements

ads@torontohye.ca

Branding

Proper Company proper.am


4

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ կապը ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին հետ։ Նշուեցաւ նաեւ 2016-ին Լափոյեան ընտանիքի կատարած մէկ միլիոն տոլարի նուիրատուութիւնը՝ Հայ երիտասարդական կեդրոնին: Իսկ ACC Beyond-ի ընդհանուր տեսլականը՝ քսան միլիոն տոլարի ծրագրով, կը ներառէ 211 Consumers Road-ի ձեռքբերումը եւ Հայ երիտասարդական կեդրոնի նախատեսուած

ընդարձակումը։ Հանդիսութեան փոխանցուած տուեալներուն համաձայն՝ հանգանակութիւնը այդ փուլին հասած էր տասնվեց միլիոն տոլարի։ Խօսք առաւ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյան-Ժոլի։ Ան դպրոցը բնորոշեց որպէս հայապահպանման ամենէն ամուր հիմքերէն մէկը: «Հայ դպրոցը այն վայրն է, ուր երեխան ոչ միայն կարդալ ու գրել կը սորվի, այլեւ կը ճանչնայ իր արմատները, կը սիրէ իր լեզուն, կը յարգէ իր պատմութիւնը եւ հպարտութեամբ կը կրէ հայու անունը», ըսաւ ան։ Ատենապետը ՀՕՄ-ի նուիրատուութեան մասին ըսաւ. «Երբ ՀՕՄ-ը կը նուիրէ դպրոցին, իրականութեան մէջ ան կը նուիրէ ապագային», եւ Նարեկը նկարագրեց նաեւ որպէս անցեալը ապագային կապող կամուրջ, ուր պիտի հանդիպին կրթութիւնը, մշակոյթը, արուեստը եւ երիտասարդութիւնը։ Երբ մեծերու պատգամները հասան իրենց աւարտին, բեմ բարձրացաւ նոր սերունդը։ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի Զ. կարգի աշակերտներու երգչախումբը՝ երաժշտութեան ուսուցիչներ Սոնա Յովսեփեանի եւ Թալին Գըլըպոզեանի առաջնորդութեամբ, կատարեց «Դպրոցի քայլը» եւ «Երազ իմ երկիր հայրենի» երգերը։ Այդ պահուն այլեւս խօսքերը բաւարար չէին. երգը ըսաւ այն, ինչ որ ամբողջ օրը կը փորձէր արտայայտել հանդիսութիւնը։ Նարեկը մանուկներուն համար է, Նարեկը նոր սերունդի համար է, եւ այդ նոր սերունդը արդէն իր իսկ ձայնը ունէր։

SPOTLIGHT «Սփիւռքը եւ Հայաստանը zero-sum game չեն». Տարօն Տէր Խաչատուրեան

Օրուան պատգամաբերը ՀՅԴ բիւրոյի անդամ եւ սփիւռքի ազգային զօրաշարժի պատասխանատու Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Լոս Անճելոսէն ժամանած էր մասնակցելու պատմական հանդիսութեան։ Իր պատգամին մէջ ան Նարեկի բացումը տեղադրեց 1920-ականներէն սկսող սփիւռքեան կազմակերպական տեսլականի լայն պատմական շրջագիծին մէջ։ Ան անդրադարձաւ սփիւռքի կազմակերպման, կրթական կառոյցներու եւ ազգային կեանքի զարգացման կարեւորութեան։ Թորոնթոյի համայնքի կազմակերպական մշակոյթը ան բնորոշեց թափանցիկութեան, հաշուետուութեան, պարկեշտութեան եւ յստակ ծրագրումի շեշտադրումներով, ապա խօսեցաւ սփիւռքՀայաստան յարաբերութեան մասին՝ ընդգծելով, որ սփիւռքի ամրապնդումն ու Հայաստանին նեցուկ կանգնիլը իրարու հակասող նպատակներ չեն։ «Որովհետեւ անոնց յարաբերակցութիւնը zero-sum game մը չէ», ըսաւ ան։

հանգանակութիւնը, պետական աջակցութիւնը եւ նուիրատուներու հսկայական ներդրումը։ «Կ՚ապահովէք մեծագումար նուիրատու եւ նուիրատուներ, որ իր եւ իրենց կեանքին ու կազմակերպական ճանապարհին ընթացքին, իրենց գործին ու առաքինութիւններուն կողքին, անգամ մը եւս աննախադէպ նուիրաբերումով օրինակ կը դառնան՝ տակաւին ազգին ծառայութեան մէջ գալիք ապագային շատ մը անհատներու բերելիք վսեմ ձեռքբերումներուն։ Բոլոր ընտանեկան, անհատական եւ միութենական նուիրատուներուն վարձքը կատար, անխտիր»: Նարեկի իրական «շահաբաժինները», ան ընդգծեց, պիտի երեւին ապագային՝ 2030-ին, 2040ին, 2080-ին եւ անկէ անդին։ Այդ շահաբաժինները պիտի ըլլան հայերէնին տիրապետող, ազգային արժէքներուն կառչած, լաւ գանատացի քաղաքացիներ եւ բարձրագոյն ուսման պատրաստ նոր սերունդներ։ Իր պատգամի վերջաւորութեան ան Նարեկի բացումը որակեց իբրեւ հպարտութեան օր՝ թորոնթոհայութեան եւ ամբողջ հայութեան համար։ «Դու՛ք՝ սիրելինե՛ր, մեր ազգային իղձերն ու նպատակները մէկ քայլ աւելի կը մօտեցնէք իրականացման՝ այսպիսի՛ առաջադրանքներու եւ նախաձեռնութիւններու իրագործումով։ Շնորհաւոր ըլլայ Թորոնթօ՝ քու նորահաստատ ու ընդլայնուած կրթական եւ մշակութային Նարեկ կեդրոնդ»։

Սրբազան հօր օրհնութիւնը եւ Նարեկի նոր ճանապարհը

Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի հայութեան տեղահանութեան, Հայաստանի ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ հայ ժողովուրդի ապագային շուրջ իր մտահոգութիւններուն։ Ան բարձր գնահատեց տասնվեց միլիոն տոլարի հասած

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը եզրափակեց Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ տ. Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեան։ Սրբազան հայրը աղօթքով օրհնեց նոր կեդրոնի ճանապարհը եւ անոր առաքելութիւնը։ Անոր պատգամը ազգային ոգիի, հաւատքի, կամքի, հաւաքական աշխատանքի, նուիրումի եւ միասնութեան շեշտադրումներով դարձաւ օրուան հոգեւոր եզրափակիչ պատգամը։ Սրբազան հայրը Նարեկի բացումը դիտեց իբրեւ համայնքի հաւաքական կամքի, ապագայի նկատմամբ վստահութեան արտայայտութիւն, եւ սրբութիւնները պահպանող գիտակից ու


5

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ պատասխանատու հայու զարթօնքը ապահովող կեդրոն։ Եւ եկաւ այն պահը, որուն համայնքը ամիսներ, տարիներ սպասած էր՝ ժապաւէնի հատումը։ Հասըրճեան ընտանիքի ներկայացուցիչները, ՀՅԴ բիւրոյի ու «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչները եւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնը մօտեցան մայր մուտքին։ Ժապաւէնը հատուեցաւ եւ Նարեկի դռները բացուեցան, եւ առաջին անգամ ըլլալով, համայնքը պաշտօնապէս ներս մտաւ՝ իր նոր կրթական եւ մշակութային տունը։

Եւ Նարեկը սկսաւ ապրիլ

ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան եւ «Ռուբինա» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները ուղղուեցան դէպի աշակերտական սրահ եւ ճաշարան, ուր կատարուեցաւ համապատասխան ժապաւէնի հատումը։ Այնուհետեւ ներկաները շրջեցան երեք յարկերը՝ դասարաններ, գրասենեակներ, աշակերտական տարածքներ, ճաշարան։ Թորոնթոհայութեան ձայները սկսան լեցնել Նարեկի միջանցքները. նոր միջավայր եւ նոր հնարաւորութիւններ, բայց ամենէն կարեւորն այն էր, որ շէնքը այլեւս դատարկ չէր։ Հիւրասիրութեան սեղաններուն շուրջ մարդիկ զրուցեցին, իրար շնորհաւորեցին, յիշեցին անցած ճանապարհը եւ խօսեցան գալիք օրերուն մասին։ Նուիրատուութիւնները շարունակուեցան եւ ուրախութիւնը դարձաւ ընդհանուր։ Այդ պահուն, թերեւս, կարելի էր հասկնալ, թէ ինչ կը նշանակէր

SPOTLIGHT կոմիտէի ներկայացուցիչ Գույումճեանի խօսքը՝ «այս շէնքին իրական արժէքը այն կեանքն է, որ պիտի ստեղծուի այս պատերէն ներս»։ Նարեկը արդէն սկսած էր ապրիլ։ Այս յիշատակելի պահը այլեւս միայն օրացոյցի մէկ էջը չէ Թորոնթոյի հայութեան համար։ Ան համայնքի յիշողութեան մէջ պիտի մնայ որպէս կազմակերպուած աշխատանքի եւ հաւաքական կամքի միացումով մեծ երազները շօշափելի իրականութիւն դարձնող հաւատքի օր։ Այն հաւատքը, որով նոր սերունդը պիտի ճանչնայ իր արմատները, միաժամանակ ամուր պահէ սփիւռքը եւ ծառայէ Հայաստանին։

20 սեպտեմբեր 2026-ի այս պատմական օրը երկար տարիներ ետք պիտի յիշուի մէկ պարզ նախադասութեամբ՝ «Այդ օրը Թորոնթոյի հայութիւնը իր զաւակներուն համար դէպի ապագայ դուռ մը բացաւ»։ Այո՛, Նարեկի դռները բացուեցան, եւ այդ դռներէն ներս հայերէնով պիտի գրուի հայու հոգիով ներշնչուած՝ պայծառ ապագայ կերտող հայ նոր սերունդներու պատմութիւնը։ ֍ Լուսանկարները տրամադրած է Թորոնթոյի հայ կեդրոնը: Խորին շնորհակալութիւն լուսանկարիչներ՝ Դաւիթ Տէր Յարութիւնեանին, Լորա Թաշճեանին եւ Շահան Թերզեանին:

Դիտեցէ՛ք «Թորոնթոհայ TV»-ի տեսանիւթը` Նարեկ կեդրոնի բացումէն:


6

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ

SPOTLIGHT

A historic day for the community:

The Nareg Centre opens its doors to the future TORONTOHYE—In what marked one of the most defining milestones in the history of Toronto’s Armenian community, more than a thousand community members gathered on Sunday, Sept. 20, 2026, for the grand opening of the Nareg Armenian Educational and Cultural Centre at 211 Consumers Road. The inauguration of the three-storey complex stands as the crowning achievement of the broader $20-million “ACC Beyond” capital campaign—an ambitious vision to expand the community’s educational, youth, and cultural foundations for generations to come. Encompassing the acquisition and extensive retrofitting of the Consumers Road property alongside the planned expansion of the adjacent Armenian Youth Centre at 50 Hallcrown Place, organizers announced that the campaign has already raised $16 million, fueled by transformative community philanthropy and a $3.15-million investment from the federal and provincial governments through the Investing in Canada Infrastructure Program (ICIP). The day’s observances began with a morning Divine Liturgy celebrated by Archbishop Papken Tcharian, Prelate of the Armenian Prelacy of Canada, at St. Mary Armenian Apostolic Church. During the service, Archbishop Tcharian consecrated the flags of Canada, Armenia, Artsakh, and Ontario, along with an icon of medieval poet and theologian St. Gregory of Narek, which the Prelacy presented as the patron emblem for the new facility. Following the church service, hundreds of parishioners, educators, students, and organizational representatives gathered in the courtyard of the Armenian Community Centre and marched along Consumers Road toward the new building, accompanied by the Homenetmen marching band. The formal opening proceedings took place under a pavilion fronting the new centre, hosted by emcee Taline Moushian Sarkissian. Following the singing of the Canadian, Armenian, and Artsakh national anthems and the ceremonial raising of the newly blessed flags, Moushian delivered a land acknowledgement recognizing the traditional territories of the Anishinaabe, Haudenosaunee, and Wendat Nations. In her welcoming remarks, she reflected on the community's more than six-decade progression from rented quarters at 18 Dupont Street to the established complex at 45 Hallcrown Place, the Armenian Youth Centre at 50 Hallcrown Place, and now 211 Consumers Road, highlighting the symbolic timing of the opening on the eve

of the 35th anniversary of Armenia’s independence. Delivering remarks on behalf of the Armenian Community Centre, Hovig Kouyoumdjian framed the opening as far more than the unveiling of a new facility, characterizing it as a tangible affirmation of the community’s enduring growth and faith in its future. He noted that the acquisition was driven by an urgent necessity to meet the community's natural expansion, rooted in a singular, non-negotiable imperative: ensuring that any family

seeking an Armenian education would never be turned away for lack of space. “If we were to choose a motto for this milestone, it would be: ‘Not a single Armenian child turned away from an Armenian school,’” Kouyoumdjian declared in Armenian. Tracing this ethos back to the post-Genocide generation that established churches, schools, and community centres with scarce resources to preserve national continuity, he emphasized that Nareg's true

value will be defined by the character of the youth it nurtures—individuals prepared to contribute fully to Canadian society while remaining steadfast in their heritage and civic duty. Connecting the diaspora’s vitality directly to Armenia’s resilience on the eve of the homeland's 35th independence anniversary, Kouyoumdjian concluded with an impassioned rallying call: “The Armenian school is the cornerstone of our existence. As long as there is an Armenian child whose hand we can hold and guide to an Armenian school, we have no right to tire, no right to falter, and no right to fail. Our predecessors did their duty; today, it is our turn.” Elected officials attending the inauguration included Willowdale Member of Parliament Ali Ehsassi, Scarborough—Agincourt Member of Provincial Parliament Aris Babikian, Don Valley North Member of Provincial Parliament Jonathan Tsao, and City Councillors Shelley Carroll (Don Valley North) and Nick Mantas (Scarborough-Agincourt). MPP Babikian presented an official citation from Ontario Premier Doug Ford, who praised the community's civic and cultural footprint. In his written message, Premier Ford stated: “Cultural centres play a vital role in preserving and celebrating heritage, ensuring that traditions, language and values are passed on to future generations while fostering a deeper appreciation for diverse cultures... For over half a century, Armenians have made countless contributions to the social, educational, entrepreneurial and civic fabric of this country while playing an active role in public life across the province. I welcome the addition of this space to our multicultural landscape, where it will serve as a place of learning, connection and pride for generations to come... May this centre stand as a lasting testament to the Armenian community’s commitment to heritage and community service while continuing to enrich Ontario’s vibrant multicultural fabric.” The acquisition directly facilitates the growth of the ARS Armenian Private School—a comprehensive institution encompassing the ARS Nursery, Babayan


7

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ

Kindergarten, Kololian Elementary, and Lapoyan High School. Delivering his address in Armenian, school principal Raffi Sarkissian invoked Jacques Hagopian’s poem His Name is Nareg, A Symphony, hailing the new complex as a “third titan” standing alongside the Armenian Community Centre and the Armenian Youth Centre to meet the community's rapid growth. Sarkissian reported that the opening has enabled Junior Kindergarten through Grade 3 to immediately expand into three parallel classrooms per grade, elevating total student enrollment to a historic high of 720. Emphasizing the mission of diaspora education during challenging times for the Armenian homeland, Sarkissian quoted the school’s founding principal, Markar Saraphanian: “I do not believe in fate, I never have, but I have deep faith in national upbringing and national self-awareness, the roots of which I see in the Armenian school, the Armenian national environment, and the Armenian family.” Concluding his remarks, Sarkissian called upon the community to actively support the institution, urging families to reinforce at home the cultural, national, and moral values taught within the school. The project was realized through extensive community philanthropy, anchored by a $5-million lead donation from the Hasserjian family: Simon and Maral, Ara and Gassia, Karnig and Karina, and Raffi and Marita. The Armenian Relief Society (ARS) family contributed a collective $900,000 toward the development, combining $700,000 from the local ARS Toronto Roubina Chapter, $100,000 (USD) from the ARS Central Executive, and $50,000 from the ARS Regional Executive of Canada. Speaking on behalf of the organization, ARS Roubina Chapter Chairperson Ani Hotoyan-Joly affirmed that investing in educational facilities represents an investment in the future, noting that “when we establish an Armenian school, we are

SPOTLIGHT building a bridge—from the heritage entrusted to us by yesterday’s generations to the promise we owe tomorrow’s children.” The ceremony also recognized a $250,000 gift from the Kololian family, continuing their decades-long patronage of the elementary school that bears their name, as well as a foundational $1-million gift made by the Lapoyan family in 2016 toward youth infrastructure. Following musical performances by the ARS Grade 6 choir, under the direction of music teachers Sona Hovsepyan and Talin Kelebozian, ARF Bureau member Daron Der-Khachadourian delivered the keynote address. Der-Khachadourian, who traveled from Los Angeles for the ceremony, placed the establishment of the Nareg Centre within the century-long tradition of diaspora institution-building initiated in the 1920s. Addressing the audience in both Armenian and English, he dismissed the notion that local diaspora development detracts from homeland support: “This Centre demonstrates that strengthening the Diaspora and strengthening Armenia are not competing objectives. They are not a zero-sum game. We do not have to choose between investing in our communities here and supporting our homeland there. In fact, a stronger Diaspora is better

able to support Armenia, and a secure and prosperous Armenia gives the Diaspora an even stronger foundation from which to preserve and develop its identity.” Der-Khachadourian added: “The investment being made here today will not be measured only in dollars or in square feet. Its real dividends will be measured in the young people who will walk through these doors in 2030, 2040, 2080 and beyond; in the families they will

build; in the communities they will strengthen; and in the Armenian identity they will carry into the future.” The historic proceedings culminated in a solemn prayer of dedication by Archbishop Papken Tcharian, setting the stage for the ceremonial ribbon-cutting at the main entrance by the Hasserjian family, Daron Der-Khachadourian, school administrators, and community leadership. As the doors swung open, the community entered its new home, following an inte-

rior ribbon-cutting led by the ARS Canada Regional Executive and Toronto Roubina Chapter to dedicate the student centre and cafeteria. Touring three floors of modern classrooms, administrative offices, and gathering halls, generations of Toronto Armenians witnessed the realization of an ambitious vision—cementing September 20 as a landmark turning point where a community not only celebrated its past, but unlocked a permanent gateway to its future. ֍ Photos courtesy of the Armenian Community Centre of Toronto. Torontohye's editorial team would like to thank photographers Davit Ter Haroutunian, Lora Tashjian, and Shahan Terzian.

Scan to watch Torontohye TV's coverage of the opening of the Nareg Centre.


8

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ

COMMUNITY

ՀՕՄ-Ի ամէնօրեայ վարժարանի 48-րդ վերամուտը Առաջին զանգը դարձեալ հնչեց…

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մանկամսուրի, «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարանի 48-րդ վերամուտի զանգը հնչեց երեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին: Տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողք վերադարձան նպատակաուղղուած աշխատանքի: ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը, իր 718 աշակերտներով եւ 85 անձնակազմով ու պաշտօնեաներով, թորոնթոհայ միակ ամէնօրեայ կրթական հաստատութիւնն է, որ առաւելագոյն ճիգերով կը շարունակէ իրագործել հայապահպանման իր վեհ առաքելութիւնը: Ըստ տնօրէնութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, վարժարանի Ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան թորոնթոհայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու եւ ներկայացուցիչներու, վարժարանի տնօրէնութեան եւ կրթական մարմինին կողմէ: Վերամուտի պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի եւ շրջանային վարչութեան, Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող քոյր միութիւններու եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները: Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ. Գարեգին ծվ. Շխրտմեան բարի գալուստի խօսքով եւ աղօթքով սկսաւ բացման արարողութիւնը: Վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան ողջունեց աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գալուստը, եւ 2026-2027 ուսումնական 48-րդ տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց: «Այս տարի առաւել եւս խանդավառութեամբ կը բանանք մեր դռները: ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան եւ անոր կեանքի կոչած տասնեակ մը յանձնախումբերու անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ՝ մեր օրէ օր ուռճացող գաղութի կարիքները գոհացնելու եւ եւս թափ տալու անոր վերելքին, յաղթականօրէն ծնունդ առաւ Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնը՝ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 7–12-րդ դասարաններու նոր տունը։ Ահաւասիկ պատմական եւ անկիւնադարձային օր մը եւս սփիւռքահայութեան համար», մատնանշեց ան։ Վարժարանի 48-րդ տարեշրջանի սեմին, պարոն Սարգիսեան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ մեր վարժարանի վերելքին սատարող նախկին եւ ներկայ բարերարները, անձնակազմն ու կամաւորները: Ան նաեւ աւելցուց, թէ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի ապրած դժուար օրերուն կրկնակի կարեւոր կը դառնայ հայ վարժարանը կանգուն եւ ծաղկուն պահելը սփիւռքի մէջ: «Սիրելինե՛ր, հայ վարժարանի վերամուտը յաղթանակի օր է։ Երբ դռները բանանք այս եւ բոլոր աշխարհասփիւռ հայկական վարժարաններուն, հայը եւս կը յաւերժանայ ոչ միայն իր անցեալի փառքերով, այլեւ՝ շնորհիւ անոր զաւակներուն, որոնք յառած հայ վարժարանին՝կը հաղորդուին իրենց անցեալին հետ եւ ինքնաճանաչութեամբ օժտուած եւ յանձառու` կ'աշխատին կերտել փայլուն ներկայ եւ ապագայ»: Վարժարանի Կրթական մարմինի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեան յայտնեց, որ վարժարանը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, բան մը՝ որ կը պարտի անցեալի եւ ներկայի տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, քարտուղարական կազմերուն եւ կրթական մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ու չեն խնայեր, որպէսզի վարժարանը յաջողի ջամբել գերազանց ուսում, տիպար նկարագիր եւ ազգային ու հայկական գիտակցութիւն, դպրոցական ապահով միջավայրի մը մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ուղեկից միութիւններուն իրենց շարունակական անվերապահ աջակցութեան ու հոգատարութեան՝ կրթական այս օճախին վերելքին համար: Ան անդրադարձաւ նաեւ Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի անկիւնադարձային նախաձեռնութեան, որուն շնորհիւ տարիներ շարունակ կարելի պիտի ըլլայ շարունակել հայ լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը պահպանելու մեր առաքելութիւնը:

Դիտեցէ՛ք «Թորոնթոհայ TV»-ի տեսանիւթը` ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի վերամուտէն:

Հայր Գարեգին ծվ. Շխրտմեանի, տ. Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեանի, տ. Հայկ քհն. Շահինեանի եւ վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի Տէրունական աղօթքով ու պահպանիչով փակուեցաւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 48-րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ ետք կղերականները օրհնեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նուիրած հայկական խաչերը, որոնք պիտի զետեղուին դպրոցի դասարաններուն մէջ: Ապա աշակերտները, ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ, ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ յաջողութիւններով լեցուն ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելու համար: Վերամուտի արարողութենէն մասեր կարելի է դիտել «Թորոնթոհայ» հեռուստաժամի YouTube-ի էջով (Torontohye TV Toronto): ֍ Լուսանկարները տրամադրած է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը:


9

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ

COMMUNITY

Իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան` Թորոնթոյի մէջ

ժողովրդային հաւաք՝ Պաքուի մէջ հայ պատանդներու իրաւական պայքարին շուրջ

Human rights advocate Siranush Sahakyan to speak in Toronto

Town hall on the legal battle for Armenian hostages in Baku «ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Թորոնթոհայ համայնքը 6 հոկտեմբերին առիթը պիտի ունենայ իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեանի ներկայութեամբ մօտէն ծանօթանալու արցախահայութեան եւ հայ ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ամենէն հրատապ հարցերուն: Գանատայի հայ դատի յանձնախումբի (ANCC) եւ «Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոն»-ի (Armenian Legal Center for Justice & Human Rights - ALC) համատեղ նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք՝ նուիրուած Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներուն, քաղաքացիական պատանդներուն եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատագրման ուղղուած իրաւական պայքարին: Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 6 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8-ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ. մուտքն ազատ է: Հաւաքին գլխաւոր բանախօսն է միջազգային իրաւունքներու մասնագէտ, մարդկային իրաւանց պաշտպան, ALC-ի գործադիր տնօրէն եւ Միջազգային ու համեմատական իրաւունքի կեդրոնի (ICLC) համահիմնադիր Սիրանուշ Սահակեան: Սահակեան տարիներէ ի վեր կը հանդիսանայ այս բարդ ու վճռորոշ ճակատի առաջամարտիկներէն մէկը՝ անմիջականօրէն ներկայացնելով գերեվարուած անձերու եւ անոնց ընտանիքներուն շահերը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ECHR) մէջ: Անոր եւ իր գլխաւորած մասնագիտական խումբին շնորհիւ է, որ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած պատերազմական յանցագործութիւնները, կտտանքներն ու ապօրինի կալանաւորումները վաւերագրուած են եւ ներկայացուած միջազգային բարձրագոյն ատեաններուն՝ ստեղծելով իրաւական անհերքելի հիմքեր ազերիական բռնատիրութեան դէմ: 2020-ի Արցախեան պատերազմէն եւ յատկապէս 2023-ի սեպտեմբերին Արցախի ամբողջական հայաթափումէն ետք, Ալիեւի վարչակարգը կը շարունակէ շահագործել հայ պատանդները իբրեւ քաղաքական սակարկութեան լծակ՝ բացայայտօրէն ոտնահարելով Ժընեւեան պայմանադրութիւններն ու մարդասիրական բոլոր կանոնները: Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները՝ պետական ու ռազմական ղեկավարներէն մինչեւ շարքային զինծառայողներ ու խաղաղ բնակիչներ, կ'ենթարկուին շինծու դատավարութիւններու եւ անմարդկային վերաբերմունքի: Իր ելոյթի ընթացքին Սիրանուշ Սահակեան պիտի փոխանցէ վերջին տեղեկութիւնները ECHR-ի ընթացիկ գործերուն, ձեռք բերուած միջանկեալ պաշտպանութեան միջոցներուն եւ այն համակարգուած քայլերուն մասին, որոնք անհրաժեշտ են գերիներու անվտանգութիւնն ու անյապաղ ազատ արձակումը ապահովելու համար: Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, որ տասնամեակներ շարունակ արդիւնաւէտօրէն կը պաշտպանէ հայ ժողովուրդի իրաւունքները Օթաուայի պետական շրջանակներուն մէջ, այսօր կը գործակցի ALC-ի հետ՝ ապահովելու, որ Ազրպէյճանի յանցագործութիւնները մատնուած չմնան անպատժելիութեան:

On Tuesday, October 6, 2026, the Toronto Armenian community will have the opportunity to hear directly from prominent human rights lawyer Siranush Sahakyan on the most pressing issues surrounding the protection of the rights of Artsakh Armenians and Armenian prisoners of war. Co-organized by the Armenian National Committee of Canada (ANCC) and the Armenian Legal Center for Justice and Human Rights (ALC), the town hall discussion titled “Armenian Hostages in Baku: The Ongoing Legal Battle for Justice” will focus on the dedicated legal efforts to secure the rights, protection, and release of Armenian prisoners of war, civilian hostages, and the illegally detained military and political leadership of Artsakh. The event will take place on Tuesday, October 6, 2026, at 8 p.m. at the Armenian Community Centre of Toronto. Admission is free and open to the public. The keynote speaker is Siranush Sahakyan, international law specialist, human rights advocate, Executive Director of the ALC, and Co-Founder of the International and Comparative Law Center (ICLC). For years, Sahakyan has been at the forefront of this crucial and demanding battle, representing the interests of captives and their families before the European Court of Human Rights (ECHR). Through her leadership and the work of her specialized legal team, Azerbaijani war crimes, acts of torture, and arbitrary detentions have been systematically documented and submitted to leading international legal bodies, building an indisputable legal framework against Azerbaijani state violations. Following the 2020 Artsakh War and the total ethnic cleansing of Artsakh in September 2023, the Aliyev regime has continued to exploit Armenian hostages as political bargaining chips, in open defiance of the Geneva Conventions and international humanitarian law. Armenian captives held in Baku’s prisons—ranging from former state and military officials to servicemen and civilians—remain subjected to sham trials and inhumane conditions. During the town hall, Sahakyan will provide an update on the ongoing cases before the ECHR, interim protection measures secured, and broader strategic initiatives underway to ensure their safety and immediate release. The Armenian National Committee of Canada, which has advocated for the rights and security of the Armenian people within Canadian government and parliamentary circles for decades, is partnering with the ALC to ensure that Azerbaijani war crimes and human rights violations do not remain met with impunity. This gathering at the Armenian Community Centre of Toronto offers community members an invaluable opportunity to receive firsthand legal analysis, coordinate community advocacy, and reaffirm that the Armenian hostages held in Baku are never abandoned in their struggle. ֍


Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ

ACMAO Fall Gala to support vital healthcare initiatives in Armenia TORONTOHYE—For decades, the Armenian Canadian Medical Association of Ontario (ACMAO) has supported Armenians through various medical and dental care projects. With former clinics in Artsakh now tragically out of reach, the organization is shifting its vital humanitarian focus to rural communities within Armenia. To fund these critical initiatives, ACMAO is inviting the community to its highly anticipated Fall Gala on Sunday, November 8, 2026, beginning at 5 p.m. Held at Parkview Manor, located at 55 Barber Green Road in North York, the gathering promises to combine an elegant celebration with a powerful philanthropic mission to support two transformative non-profit organizations: Health for Armenia (HFA) and the Oral Health Foundation for Children of Armenia (OHFAR). Dr. Christian Ternamian, a Family Physician and President of ACMAO, highlighted the event's dual nature: “Join us for a memorable evening of dinner and dancing, with live music as we come together to support two organizations working to improve healthcare access in Armenia.” A major focus of the evening's fundraising efforts will be HFA, an organization dedicated to strengthening primary care and medical leadership in rural communities. HFA’s Healthcare Leadership Program provides two years of essential funding, allowing local family physicians to train and work directly in underserved areas. During the program, these physicians work closely with the community while developing critical leadership skills, applying evidence-based medicine, and using quality improvement (QI) methodologies. Gala attendees will be treated to a special remote presentation by Dr. Shant Shekherdimian, a pediatric surgeon, former ACMAO board member, and current advisor to the Ministry of Health of the Republic of Armenia, who will share insights from his advisory work with HFA. Emphasizing the long-term impact of this initiative, Dr. Ternamian stated, “By supporting HFA, you are investing in a brighter and healthier future for rural Armenian communities throughout Armenia”. The gala will also direct crucial funds to OHFAR, an organization committed to improving children’s oral health in Armenia through proactive research, advocacy, and preventive care. A centerpiece of OHFAR's outreach is the Adamnabus, a state-of-the-art mobile dental clinic that travels to regions like Syunik to provide free dental screenings and essential services to rural and underserved populations. By bringing specialized dentists and advanced equipment directly to communities where access to dental care is otherwise limited or completely nonexistent, the initiative addresses severe healthcare gaps. “The Adamnabus project continues the long tradition of mobile dental care supported by ACMAO,” Dr. Ternamian explained, noting the deep historical ties between the Ontario-based medical association and these life-changing, on-the-ground efforts in the homeland. Beyond its fundraising goals, the Fall Gala is a joyous community celebration

featuring a full evening of dinner, dancing, and live entertainment from the Emil Khachaturian Ensemble. Community members are warmly encouraged to attend and ensure the success of these essential medical and dental care projects. Tickets are priced at $200 for adults and $100 for students. For those looking to make a larger contribution, a $1,000 donation includes two tickets to the gala along with a $600 tax-deductible receipt. E-transfers and ticket inquiries can be directed to acmaoexecutive@gmail.com, or attendees can call Dr. Lena Boudakian directly at 416-9024324 to secure their place at this memorable event. ֍ Photos: Adamnabus photo courtesy of OHFAR; Emil Khachaturian photo courtesy of emilkhachaturian.com.

11 COMMUNITY


12

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ

COMMUNITY

How Engage Armenia brings practical homeland impact home to Toronto TORONTOHYE—For generations, the bond between the Armenian diaspora and the homeland has been defined by heartfelt sentiment, cultural preservation, and crisis response. Yet across community centres, classrooms, and university campuses in Canada, an unmistakable evolution has taken root. A new generation of diasporans wants more than emotional proximity to Armenia; they seek structured, sustainable, and professional ways to invest their intellect, skills, and energy directly in the country’s civic and economic fabric. That forward-looking mindset forms the cornerstone of the Engage Armenia Forum, which makes its Canadian debut this month. Following well-received stops across Europe and the Gulf, the travelling initiative arrives at Toronto’s Armenian Youth Centre on Thursday, October 22, before heading to Montreal for two weekend sessions on October 24 and 25. Bringing a curated delegation of 15 leaders from Yerevan, the forum replaces broad rhetoric with concrete, field-tested pathways spanning technology, digital governance, regional education, healthcare training, social enterprise, and repatriation. For readers in the GTA, the most relatable entry point into this homeland ecosystem is someone who grew up in their very midst: Toronto’s own Emma Matossian. Born and raised in Canada, Matossian has spent more than 15 years active within the Armenian Youth Federation (AYF Canada) and currently serves on the AYF Canada Central Executive. Her own perspective shifted profoundly during her first visit to Armenia in 2019, an experience that permanently redefined how she viewed her personal relationship to the country. “What changed for me after visiting Armenia was understanding that our connection to the homeland cannot only be emotional or symbolic; it has to translate into consistent involvement,” Matossian says. “ Programs like [AYF Canada Youth Corps] Camp Vanadzor give us a very tangible way to do that. It’s not by coming in for a few days and leaving, but by building relationships with the same communities, and continuing to invest in them year after year.” Matossian has returned to Armenia every single year since, dedicating significant energy to grassroots initiatives such as the AYF Youth Corps summer camp program in Armenia’s third largest city. By bringing diasporan youth into regional and border communities, the initiative creates immersive environments

where young volunteers live and work alongside local children and families, building lasting, reciprocal relationships that transcend borders. “What makes Camp Vanadzor so meaningful is the relationships that come out of it. For diasporan youth, Armenia becomes much more than a place we hear about or visit, it becomes people we know and care about. At the same time, the campers build connections with Armenians from across the diaspora. That exchange helps make the relationship between Armenia and the diaspora much more personal, lasting and real,” Emma explains. Taking the stage at the Toronto forum, Matossian hopes her journey demonstrates that anyone, at any stage of their career, has something tangible and valuable to offer. “Not everyone is going to run a summer camp, and they shouldn’t have to,” she admits. “Some-

one may contribute through healthcare, technology, education, business, communications, or another field entirely. What matters is finding a meaningful way to use what you already know and stay engaged over time. Engage Armenia helps people see what those opportunities can actually look like.” Alongside local leadership, the delegation brings veteran voices who have spent decades guiding diaspora engagement on the ground. For many in Toronto, Birthright Armenia Country Director Sevan Kabakian is already a familiar face and mentor. Over the years, dozens of young professionals, students, and community organizers from the GTA have volunteered or interned through Birthright Armenia, crossing paths directly with Kabakian in Yerevan. A former aerospace engineer from California who made the permanent move to Armenia in 2006, Kabakian has spent nearly 20 years welcoming, advising, and challenging diaspora youth. As Country Director, he has helped turn short-term idealism into rigorous, professional contributions across non-profits, clinics, tech startups, and government bodies throughout Armenia and Artsakh. “Resources drive progress, and I have seen that

Canada has many Armenian resources, including its youth, that are vital in this process in Armenia,” Sevan told Torontohye. For him, the essential premise has always been that emotional attachment alone cannot sustain a nation unless it is backed by practical, institutional conduits. Over the years, countless Birthright alumni from Toronto have returned home transformed, carrying a nuanced understanding of Armenia’s challenges and opportunities, while others chose to remain in the country long term, even permanently. “I would like to encourage people not to get comfortable in their routines in life, but rather be willing to open new doors and explore new horizons,” Sevan explains. “Engage Armenia is all about helping open those doors and seeing practical opportunities that can lead to so much satisfaction outside our comfort zones. Plus, we really need you!” The forum departs from traditional community gatherings by adopting an interactive, pitch-style format. Attendees will hear concise overviews of active initiatives across diverse sectors. Suzanna Shamakhyan of the Foundation for Armenian Science and Technology (FAST) will highlight pathways in artificial intelligence and tech education, while Nerses Yeritsyan and Shant Kassardjian from the Information Systems Agency of Armenia present on the country’s digital governance rollout. Samson Avetian of Eqwefy, Hrayr Barsoumian of Optimize Consulting, and Nazareth Seferian of the VIA Fund and Impact Hub will cover venture and business opportunities. Meanwhile, Katrina Shakarian of the Armenia Education Initiative, Nanor Balabanian of the Hidden Road Initiative, and Anush Ter-Khachatryan of Health for Armenia will share ongoing work to elevate schools and train healthcare leaders in remote villages. For those considering longterm relocation, Repat Armenia Co-founder Vartan Marashlyan will break down the practicalities of housing, career transitions, and community integration. The Toronto session takes place on Thursday, October 22, at 6:30 p.m. inside the Hamazkayin Theatre at the Armenian Youth Centre, located at 50 Hallcrown Place. The Montreal tour follows on Saturday, October 24, at 1:30 p.m. at the AGBU Montreal centre, and Sunday, October 25, at 2 p.m. inside Sourp Hagop Armenian School's Pastermajian Hall. Program agendas and free registration are available online at engagearmenia.org. ֍


13

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ

COMMUNITY

Ինչպէս Engage Armenia-ն Հայաստանի մէջ գործնական ազդեցութիւն ունենալու միջոցները կը հասցնէ Գանատա «ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Սփիւռքահայ նորահաս սերունդը այլեւս չի գոհանար Հայաստանի հանդէպ սոսկ զգացական մօտիկութեամբ. ան կը փնտռէ կազմակերպուած, կայուն եւ արհեստավարժ ուղիներ՝ իր միտքը, հմտութիւններն ու եռանդը անմիջականօրէն ներդնելու Հայաստանի քաղաքացիական եւ տնտեսական կեանքի շինութեան մէջ: Այս ապագայատեսիլ մօտեցումն է ահա Engage Armenia համաժողովին առանցքը, որ այս ամիս առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայանայ Գանատայի մէջ։ Եւրոպայի եւ Ծոցի երկիրներուն մէջ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած հանդիպումներէն ետք, շրջագայող այս նախաձեռնութիւնը հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերին պիտի ժամանէ Թորոնթոյի երիտասարդական կեդրոն, ապա՝ շաբաթավերջին, 24 եւ 25 հոկտեմբերին, երկու նիստերով պիտի շարունակուի Մոնթրէալի մէջ։ Երեւանէն ժամանող տասնհինգ զինուած ղեկավարներէ եւ մասնագէտներէ բաղկացած պատուիրակութիւնով մը, համաժողովը ընդհանրական ճառախօսութիւնները կը փոխարինէ գործնական եւ դաշտի վրայ փորձարկուած ծրագիրներով՝ ընդգրկելով բարձր արհեստագիտութեան, թուային կառավարման, մարզային կրթութեան, առողջապահական վերապատրաստման, ընկերային ձեռներէցութեան եւ այլ ոլորտները։ Գանատահայ մեր հայրենակիցներուն համար, հայրենաշինութեան այս միջավայրին առնչուելու ամենէն հարազատ օրինակը մեր կողքին հասակ նետած գործիչ մըն է՝ թորոնթոհայ Էմմա Մաթոսեանը։ Ծնած եւ հասակ առած Թորոնթօ՝ Մաթոսեան աւելի քան տասնհինգ տարի գործօն անդամ եղած է ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան եւ երիտասարդական միութեան շարքերուն մէջ, իսկ ներկայիս մաս կը կազմէ միութեան Կեդրոնական վարչութեան։ Հայաստանի հանդէպ անոր հայեացքները խորապէս

փոխուեցան 2019-ին՝ իր առաջին այցելութեան ընթացքին. փորձառութիւն մը, որ ընդմիշտ վերասահմանեց իր անձնական կապուածութիւնը երկրին հետ։ «Հայաստան այցելելէ ետք մտածողութեանս մէջ փոխուեցաւ այն իրողութիւնը, որ հայրենիքին հետ մեր կապը չի կրնար միայն զգացական կամ խորհրդանշական ըլլալ. անիկա պէտք է վերածուի շարունակական եւ հետեւողական մասնակցութեան»,— կը նշէ Մաթոսեան։ «ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի ճամբարին պէս ծրագիրները շօշափելի առիթ կու տան ատոր։ Հարցը քանի մը օրով երթալ-գալը չէ, այլ նոյն շրջանակներուն հետ յարաբերութիւններ հաստատելն ու տարէցտարի անոնց զարգացման մէջ ներդրում ունենալը»։ Թորոնթոյի համաժողովին բեմ բարձրանալով՝ Մաթոսեան կը յուսայ, որ իր փորձառութիւնը պիտի ապացուցէ, թէ իւրաքանչիւր ոք՝ իր մասնագիտական որեւէ հանգրուանին, ունի տալիք՝ շօշափելի եւ արժէքաւոր ներդրում։ «Պարտադիր չէ, որ բոլորը ամառնային ճամբար վարեն, եւ պէտք ալ չէ այդպէս ըլլայ»,— կը խոստովանի ան,— «Մէկը կրնայ օգտակար ըլլալ առողջապահութեան, ճարտարագիտութեան, կրթութեան, առեւտուրի, հաղորդակցութեան կամ բոլորովին այլ բնագաւառի մէջ։ Կարեւորը այն է, որ գտնես քու գիտելիքներդ իմաստալից կերպով գործածելու եւ երկարաժամկէտ ներգրաւուելու ձեւը։ «Engage Armenia»-ն մարդոց կ’օգնէ տեսնելու, թէ ի՛նչ տեսք կրնան ունենալ այդ հնարաւորութիւնները»։ Թորոնթոյի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ (50 Hallcrown Place)։ Յայտագիրին մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու ու արձանագրուելու համար այցելեցէ՛ք՝ engagearmenia.org։ ֍


14 ՀԱՄԱՅՆՔ

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

COMMUNITY

Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Բարեւ․․․ ես գիրքն եմ»-ի շնորհանդէսը Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան «ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»---Հայերէն լեզուի հանդէպ սէրն ու գուրգուրանքը կը սկսին մանուկ հասակէն․ հայերէնով պատմութեան գիրքերը, որոնց կարգին հեքիաթային հերոսները եւ կամ առասպելական տիպարները ինքնին հերաքրքրութիւն եւ ոգեւորութիւն կը ստեղծեն երեխային մօտ։ Հայագէտ հեղինակներ կամ մանկավարժներ, ստեղծած են այնպիսի մեթոտներ, ուր հայոց պատմութիւնը, աստուածաշնչական հատուածները կամ գրականութեան կանոնները հաճելի եւ արկածախնդրական կը դարձնեն երեխայի մտապատկերին մէջ։ Նայիրի Մկրտիչեանի՝ «Բարեւ․․․ես գիրքն եմ» դասագիրքը անմասն չի մնար վերոնշեալ տուեալներէն իր գունագեղ էջերով եւ բովանդակալից նիւթերով։ Հովանաւորութեան Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ տէր Բաբգէն արք․ Չարեանի, ինչպէս նաեւ Հայեցի դաստիարակութեան բաժանմունքին, հիգշաբթի, 27 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց․ առաք. եկեղեցւոյ «Յովնանեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն «Բարեւ… ես գիրքն եմ» դասագիրքի շնորհանդէսը։ Ձեռնարկը կը վայելէր ներկայութիւնը Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ տ. Բաբգէն արք. Չարեանի, թեմի փոխանորդ հայր Գեղարդ ծվ. Քիւսպեքեանի, առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տ. Յակոբ վրդ. Եագուպեանի, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ տ. Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեան, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի, կեդրոնական կոմիտէութեան եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամներու, ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ հոգաբարձական կազմերու, թորոնթոհայ գաղութի մէջ գործող միութիւններու, համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու, Թորոնթոյի հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ համակիրներու: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հայեցի դաստիրակութեան բաժանմունքի անդամներէն Շանթ սրկ․ Տոքմէճեանի բացման խօսքով։ Ան ի մի բերաւ գիրքի կարեւոր դերակատարութեան մասին, նմանցնելով գիրքը նաւու մը, որ ծովու ալիքներուն վրայ գիտելիքներու շարան մը կը փոխանցէ սերունդէ սերունդ։ Տիար Տոքմէճեան իր խօսքի ընդմէջէն ներկայացուց առաջնորդարանի հայեցի բաժանմունքի առաքելութիւնը, ըսելով՝ «Կրօնական եւ ազգային դաստիարակութիւն ջամբել ﬔր մատղաշ սերունդին, որպէսզի անոնք լիցքաւորուին ﬔր դարաւոր անցեալով, հայկական աւանդութիւններով, մշակութային եւ կրօնական արժէքներով, քաջալերել հայ տաղանդաւոր փոքրիկներն ու պատանիները, որպէսզի անոնք հաստատ քայլերով բարձրանան յաջողութեան աստիճանները, շարունակական ներդրում կատարել հայոց լեզուի եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի զարգացման կարեւոր գործին»: Օրուան բեմավար՝ հայեցի դաստիրակութեան բաժանմունքի անդամներէն Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան հրաւիրեց փոքրիկներ Մկրտիչ ու Արէգ Զերէնցեանները եւ Քնար Թորոսեանը ընթերցելու հատուածներ Հայոց պատմութենէն, որ ներառուած է դասագիրքին մէջ։ Կաթիլ Մկրտիչեան գեղեցիկ ոճով ընթերցեց Նայիրի Մկրտիչեանի կենսագրականը՝ անդրադառնալով անոր կրթական, ազգային, հայրենասիրական եւ հասարակական գործունէութիւններուն:

Հեղինակ Նայիրի Մկրտիչեան իր ելոյթին սկիզբը անդրադարձաւ գիրքի անհրաժեշտութեան մասին, ըսելով՝ «Գիտելիքը լոյսի աղբիւր է, անոր շնորհիւ է, որ մարդը կը ճանչնայ աշխարհը, իր ինքնութիւնն ու պատմութիւնը եւ անոր ուղեւորութեամբ կը կերտէ նաեւ ապագան։ Գիտելիքի հիմնական աղբիւրներէն մէկը՝ գիրքն է, անձի նկարագիրը կերտող հոգեւոր սնունդը», որմէ ետք Մկրտիչեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ գիրքի ծնունդին (զրոյցի ընդմէջէն պիտի ընթերցէք), ներկայացուց դասագիրքին բովանդակութիւնը, որ հիմնուած է մանկավարժական տարիքային հոգեբանութեան, լեզուական եւ գեղագիտական հմտութիւններու վրայ, զայն առաւել եւս գրաւիչ եւ բովանդակալից դարձնելու միտումով։ Ան պատկերազարդ սփռումով, պաստառի վրայ բացատրեց դասագիրքի էջերուն բովանդակութիւնը, իր մէջ տեղադրուած նիւթերու անհրաժեշտութիւնը, որոնք նախնական գիտելիքներն են իւրաքանչիւր հայ երեխայի համար, մերթ ընդ մերթ բացատրութիւն տալով տեղադրուած նկարներուն, ինչպէս նաեւ հայագիտական խաղերուն։ Մկրտիչեան սրտի անհուն բեկրանքով յայտարարեց դասագիրքի ընդունելութեան եւ տարածումին։ Աւարտին գոհունակ սրտով հեղինակը յայտարարեց թէ՝ պիտի շարունակէ հօրը մանկավարժական ուղին, որ սերմանած է իր մէջ: Երախտագիտական եւ ջերմ զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնեց գերաշնորհ սրբազան հօր, հոգեւոր հայրերու հոգատարութեան, բարեհամբոյր ընդունելութեան Մոնթրէալի, Թորոնթոյի եւ Գեմպրիճի հայորդիներուն, «Բաստրմաճեան» հիմնադրամին, դոկտ․ Տիանա Օհանեանին, Գանատայի հայեցի դաստիրակութեան բաժանմունքին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան սոյն նախաձեռնութեան յաջողութեան։ Ան եզրափակելով իր խօսքը կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ չհեռանան հայրենիքէն, չազդուին հայրենիքի ներկայ ապազգային վիճակէն ու իրենց այցով նեցուկ ըլլան հայրենիքին, արցախեան նահատակ մարտիկներուն արեան կանչին, դիմակայեն, լիցքաւորուին եւ շարունակեն հայ մնալ եւ պահել յաջորդ սերունդները։ Ան իր խօսքը փակեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պար»-ի յաղթական եւ հռետորական բանաստեղծութեան երկտողերով։ Ձեռնարկի աւարտին, սրբազան հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը նախ ողջունելով օրուան հիւրը, որ այս առթիւ յատուկ ժաամանած էր հայրենիքէն, աչքի առաջ բերելով Ազգ․ առաջնորդարանին հետ կատարած իր համագործակցութիւնը հայեցի ծրագրերով եւ աշխատանքներով․ Ապա սրբազան հայրը անդրադարձաւ գիրքի վերնագրին, ուր գիրքը ինքզինքը կը ներկայացնէ մանուկին, որ հմայուած է 21-րդ դարու արդիականացման մեթոտներով։ Սրբազան հայրը շեշտեց թէ՝ «Գիրքը պէտք է ըլլայ բարեկամը, ընկերը եւ բալասանը իւրաքանչիւր հայու», բարձր գնահատելով Նայիրի Մկրտիչեանի կատարած այս աշխատանքը, որ ամենայն բծախնդրութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ մանկավարժական սկզբունքներով պատրաստուած եւ հրապարակուած է։ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ գիրքի ծնունդին, որուն հիմնական եւ մղիչ ուժը եղած էր ինքնութեան անարատ պահապանումը, իր մէջ ներառելով լեզուն եւ մշակոյթը, որոնք պիտի փոխանցուին սերունդէ սերունդ համակելով հայեցի կրթութիւն → 21


15

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ

COMMUNITY

ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ, ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը՝ ծառայութեան, հայապահպանման եւ նոր ծրագիրներու ուղիին վրայ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան Հայկական կեանքը կը գոյատեւէ ու կը հզօրանայ այն նուիրեալ անհատներուն եւ կառոյցներուն շնորհիւ, որոնք իրենց ժամանակը, ուժն ու կարողութիւնները կը ներդնեն համայնքին ծառայելու եւ ազգային արժէքները պահպանելու գործին մէջ։ Այդ կառոյցներէն մէկն է ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, որ տարիներ շարունակ իր բազմակողմանի գործունէութեամբ եղած է Թորոնթոյի հայ համայնքի աշխուժ եւ յանձնառու միութիւններէն մէկը։ Այս ոգիով էր, որ երեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2026ին, տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 2026-2027 տարեշրջանի անդամական Ա. ժողովը։ Նոր աշխատանքային տարեշրջանը դիմաւորելու ընթացքին, կարեւոր է նաեւ անդրադառնալ մասնաճիւղի նորընտիր վարչական կազմին, որ ընտրուեցաւ 25 յուլիս 2026-ին գումարուած տարեկան ընտրողական ժողովի ընթացքին։ Այդ կազմին մէջ են ընկերուհիներ՝ Անի Հոթոյեան-Ժոլի (ատենապետ), Իռէն Թելեմի (փոխատենապետ), Լուսին Թէճիրեան (անդամական ժողովներու ատենադպիր), Արլին Առաքելեան (վարչական նիստերու ատենադպիր), Աննա Գալստեան (գանձապահ), Կարինէ Տէր Յովակիմեան (հաշուապահ), Անժելիք ԱստուրեանԳիրիճեան (հաղորդակցութեան եւ ե-արխիւներու պատասխանատու), Նաթալի Սագայեան Մելքոնեան (քարտուղար, գոյքապահ, արխիւներու պատասխանատու) եւ Թամար Փիլաւճեան (հանրային յարաբերութեան եւ ընկերային ցանցերու պատասխանատու)։ Նուիրեալ կազմը այս տարեշրջանի ընթացքին պիտի շարունակէ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը՝ միացնելով ընկերային ծառայութիւնը, կրթական ու մշակութային աշխատանքները եւ համայնքային կեանքի աշխուժացումը։ Ժողովի ընթացքին ընկերուհիները անդրադարձան 2026-2027 տարեշրջանի նախատեսուած ծրագիրներուն։ Ներկայացուեցան այն ձեռնարկներն ու նախաձեռնութիւնները, որոնք յառաջիկայ ամիսներուն պիտի ապահովեն մասնաճիւղի աշխուժ ներկայութիւնը համայնքային կեանքէն ներս։ Ակներեւ է ու առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ «Տոհմիկ օր»-ը՝ «Ռուբինա» մասնաճիւղի կարեւոր

եւ աւանդական ձեռնարկներէն մէկը։ Այս ձեռնարկը տարիներ շարունակ առիթ հանդիսացած է հայկական պատմութեան, մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան տարբեր երեսներուն ծանօթացնելու եւ համայնքը մէկտեղելու։ Այս տարուան «Տոհմիկ օր»-ը նուիրուած պիտի ըլլայ հայ հերոսներու յիշատակին։ 21 եւ 22 նոյեմբեր 2026-ին կայանալիք սոյն նախաձեռնութեան միջոցով պիտի ոգեկոչուին հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ՝ իրենց կեանքով ու գործով հետք ձգած ազգային հերոսները, իսկ անոնց յիշատակը պիտի փոխանցուի նոր սերունդներուն՝ պատմութեան ու ազգային յիշողութեան կենդանի շղթան պահպանելու նպատակով։ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի նախորդ «Տոհմիկ օր»-երուն նուիրուած հրապարակումներն ալ կը վկայեն, որ այս ձեռնարկը մասնաճիւղի մշակութային եւ ազգային գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչներէն է։ Օրակարգի կարեւոր ձեռնարկներէն էր նաեւ Ամանորի տօնավաճառը, որ ամէն տարի կը համախմբէ համայնքի անդամները եւ կը հանդիսանայ մասնաճիւղի հիմնական հասութաբեր ձեռնարկներէն մէկը։ 7 եւ 8 նոյեմբեր 2026-ին տեղի

ունենալիք տօնավաճառին միջոցով գոյացած միջոցները կը ծառայեն ՀՕՄ-ի կրթական, մշակութային, ընկերային եւ բարեսիրական բազմաթիւ ծրագիրներուն։ Այս երկու մեծ նախաձեռնութիւնները իրենց բնոյթով տարբեր ըլլալով հանդերձ, կը միաւորուին նոյն նպատակին շուրջ՝ համայնքը համախմբել, հայկական արժէքները պահպանել եւ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը շարունակել նոր սերունդներու մասնակցութեամբ։ Նախքան ժողովի սկսիլը, Ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպած Մարաշի ասեղնագործութեան դասընթացքի աւարտողները ցուցադրեցին իրենց նրբագեղ ձեռագործ աշխատանքները։ Մասնակիցներուն նուիրումն ու

աշխատասիրութիւնը արտացոլուած էին իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան մէջ։ Իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան մէջ տեսանելի էր մասնակիցներուն աշխատասիրութիւնը, համբերութիւնը եւ հայկական աւանդական արուեստի նկատմամբ ունեցած սէրը։ Ցուցադրութենէն ետք, դասընթացքը աւարտողները ստացան իրենց հաստատագրերը, որպէս իրենց ձեռք բերած գիտելիքներուն եւ հմտութիւններուն արժեւորում, ապա խմբային նկարով մը անմահացուցին այդ պահը։ Մարաշի ասեղնագործութեան նման նախաձեռնութիւնները պարզապէս ձեռագործութեան դասընթացքներ չեն, անոնք մշակութային ժառանգութիւնը կենդանի պահելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու կարեւոր միջոցներ են։ Ասեղնագործուած իւրաքանչիւր նմուշ ոչ միայն հմտութեան եւ աշխատասիրութեան վկայութիւն էր, այլեւ՝ մեր մշակութային ժառանգութեան հանդէպ սիրոյ ու յարգանքի արտայայտութիւն։ Այս նախաձեռնութիւնը կը յիշեցնէ, որ աւանդութիւնները կ’ապրին ու կը շարունակուին այն ատեն, երբ զանոնք սիրով կը պահպանենք, կը սորվինք եւ կը փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն։ Ժողովական մթնոլորտին մէջ զգալի էր անդամուհիներուն նուիրումն ու պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու մասնաճիւղի գործունէութիւնը՝ նոր ծրագիրներով, համայնքային կեանքը աշխուժացնող նախաձեռնութիւններով եւ հայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու փոխանցման ուղղուած աշխատանքներով։ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի անդամական Ա. ժողովը անգամ մը եւս շեշտեց այն կարեւորութիւնը, որ ունի միասնական աշխատանքը՝ կազմակերպութեան առաքելութիւնը շարունակելու եւ համայնքային կեանքին մէջ իր ներդրումը ամրապնդելու համար։ Ապագայի ձեռնարկներուն շուրջ եղած քննարկումները եւ նոր ծրագիրներու մասին մտքերու փոխանակումը վստահութիւն ներշնչեցին, որ նոր տարեշրջանը պիտի ըլլայ գործունէութեամբ, ստեղծագործ ոգիով եւ նորանոր նախաձեռնութիւններով հարուստ։ ֍ Լուսանկարները տրամադրած է «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը:


X I X

E D I T I O N

P O M E G R A N AT E F I L M F E S T I VA L .CO M

H A M A Z K AY I N T O R O N T O

FILM FESTIVAL 11.0911.15.2026 GALA NIGHT 11.14.2026


17

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ

COMMUNITY

Chef Sebouh Yacoubian set to compete on Top Chef Canada TORONTOHYE​—Toronto Armenian chef and restaurateur Sebouh 'Seb' Yacoubian is set to showcase his culinary artistry on the national stage this fall as a competitor on the 13th season of Top Chef Canada. Corus Entertainment and Flavour Network officially unveiled the new season's cast and promotional campaign in a national press release, announcing that the competition premieres Tuesday, Oct. 20 at 10 p.m. on Flavour Network and will stream on STACKTV. The landmark season brings together 12 of the country’s top culinary talents to vie for the title of Canada's Top Chef, with Yacoubian, 32, standing out among nine rising stars competing alongside three returning all-star alums.Produced by Insight Productions in association with Flavour Network, the upcoming season of Top Chef will challenge contestants to draw deeply on their personal stories, diverse backgrounds, and regional ingredients. Longtime host Eden Grinshpan returns alongside resident judges Mark McEwan, Janet Zuccarini, and Mijune Pak. Competitors will face high-stakes elimination challenges across the country, including stops in Quebec City and Charlevoix, while cooking for an esteemed roster of guest judges, including culinary icons Daniel Boulud and Masaki Saito, as well as Sophie Grégoire Trudeau. ​Yacoubian is best known as the executive chef and co-owner of Taline, the acclaimed Summerhill restaurant he operates alongside his brothers, Saro and Serouj. Opened in April 2023, the establishment made history as Toronto's first Armenian fine-dining destination and earned recognition in the Michelin Guide within its first year of operation. Named in loving memory of the brothers' late mother, Taline, the restaurant reimagines traditional Armenian home

cooking with classical techniques and Levantine influences, highlighting dishes such as mante, vochkhar, and wild-herb jingalov hats. Building on that success, the brothers expanded their presence with the launch of Giragi an Armenian-style barbecue and kebab counter at downtown Toronto's Wellington Market. ​A graduate of the prestigious Culinary Institute of America in New York, Yacoubian honed his craft in demanding professional kitchens across the Greater Toronto Area, including early experience at Fraticelli’s and Trinity Taverna, before serving as the launch sous-chef at Mamakas Taverna in 2014. Throughout his career, his culinary philosophy has remained firmly anchored in heritage, seasonality, and elevating Armenian flavours for an international audience. ​For Yacoubian, representing his heritage on television is a natural extension of his deep ties to the local community. An alumnus of the ARS Armenian Private School of Toronto, he grew up actively involved in community youth and athletic organizations. Today, he remains a dedicated supporter of the community, frequently contributing to the ARS Armenian Private School, the Armenian Community Centre of Toronto, and other community institutions and initiatives as a donor and advocate. As he steps into the country's most competitive kitchen this October, the Toronto Armenian community will have every reason to tune in and cheer on one of its own. ֍ Photo: Seb Yacoubian Instagram page

Վերամուտ՝ պատանաեկան միութեան․․․ Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան

Սեպտեմբեր է, թորոնթոհայ համայնքը արդէն սկսած է դիմաւորել վերամուտը. դպրոց, միութիւն, եկեղեցի վերանորոգուած թափով, աշխատանքային նոր ծրագիրներով հանդէս կու գան ողջ

թորոնթոհայութեան։ ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան (ԳՊՄ) «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» մասնաճիւղերը անմասն չեն մնար վերամուտի ծրագիրէն։ Ուրբաթ,11 սեպտեմբեր 2026-ին, Հայ կեդրոնի սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ 2026-2027

տարեշրջանի «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» մասնաճիւղերու ծնողական հաւաքը։ Իր տեսակին մէջ եզակի սոյն հաւաքը սկիզբ առաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգի երգեցողութեամբ, որմէ ետք Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը բարի գալուստի խօսք փոխանցեց ներկաներուն։ Ան գնահատեց վստահութիւնը եւ ներկայութիւնը այն ծնողներուն, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ կը հետեւին իրենց զաւակներուն հայեցի եւ ազգային դաստիրակութեան։ Գլխաւոր վարիչները սահիկի օգնութեամբ ներկայացուցին պատանեկան միութեան որդեգրած ծրագիրները, լայնածաւալ տեղեկութեամբ խօսեցան միօրեայ հաւաքներու եւ բանակումի աշխատանքներու մասին, բացատրեցին եւ իրազերկ դարձուցին պատանեկան միութեան հետապնդած նպատակները։ Անոնք, ծնողներուն ծանօթացուցին իւրաքանչիւր խումբի դաստիարակները եւ Վարիչները անդրադարձան

պատանիին ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ժամադրութեան ճշդապահութիւնը իւրաքանչիւր ժողովի։ Դաստիարակչական, Լուրերու, Հայ դատի եւ Ընկերային յանձնախումբերու պատասխանատուները ամփոփ ներկայացումով մը բացատրեցին իւրաքանչիւր յանձնախումբի աշխատանքային

ծրագիրները։ Աւարտին իւրաքանչիւր պատանի մօտեցաւ վերոյիշեալ յանձնախումբերուն, ծանօթացաւ անոնց կատարելիք աշխատանքներուն, մասնակից դարձաւ յանձնախումբերու պատրաստած ծրագրին եւ նախասիրած յանձնախումբին մէջ արձանագրեց իր անունը, որպէազի ինքն ալ ներդրում եւ փորձառութիւն ձեռք բերէ յառաջիկայ տարիներուն։ Ծնողական հաւաքը վերջ գտաւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ։ ֍ Լուսանկարները տրամադրած է ՀՅԴ-ԳՊՄ ընդհանուր վարիչ մարմինը:


18

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ

COMMUNITY

ՏԵՐԵՒԱԹԱՓ | Եփրաքսի Մանուկեան Գույումճեան (1932-2026) Ստորեւ կը հրատարակենք Արշօ Զաքարեանի արտասանած դամբանականը՝ հանգուցեալ Եփրաքսի Մանուկեան Գույումճեանի յուղարկաւորութեան, որ տեղի ունեցաւ 1 սեպտ. 2026-ին՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: *** ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի անունով եւ մեր ընտանիքի՝ Զաքարեաններու անունով մեր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Անի եւ Շանթ Գույումճեաններուն եւ իրենց ընտանիքներուն։ Մենք՝ Զաքարեաններս, ճանչցանք զիրենք որպէս դրացիներ։ Ինչպէս Եփրաքսին կ’ըսէր` «Օր մը խօսք խորաթայ» չունեցանք։ Զաւակներս՝ Արտան եւ Հայկը, մեծ մայրեր կամ մեծ հայրեր չունեցան, բայց ունեցան թանթիկ Եփրաքսին եւ ամմօ Հայկը։ Եփրաքսին միշտ իմաստուն խրատներ եւ ցուցմունքներ ունէր։ Տօնական օրերը, տարեդարձները այլ ուրախ առիթներ իրարու հետ կ՚անցնէինք։ Հոգատար եւ ուշադիր էին մեզի հանդէպ։ Անմոռանալի դրացիներ։ Նաեւ բացայայտ էր Եփրաքսիին սէրը դէպի իր ընտանիքը։ Անիին և Շանթին ուսումը, ապահովութիւնը եւ ապագան առաջնահերթ էին իրեն համար։ Յետագային նոյն անսասան սէրը ունեցաւ իր թոռներուն՝ Ճասմինի, Նարինի եւ Մոնիքայի հանդէպ։ Ընկհ. Եփրաքսին, իր ամուսնոյն՝ ընկ. Հայկին պէս վերապրողի զաւակ էր։ Երկուքն ալ շատ գիտակից էին հայօրէն ապրելու կարեւորութեանը։ Հայ թերթը՝ «Հայրենիք»-ը , յետագային «Հորիզոն»-ը եւ վերջին տարիներուն «Թորոնթոհայ»-ը, չէր պակսեր իրենց տունէն։ Ծնած է Պաղեստինի հայկական Աթլիթ գիւղը։ Ստացած է հայկական կրթութիւն։ Փոքր տարիքէն ունէր դասաւանդելու եւ ձեռային աշխատանքի տաղանդները։ Ուսուցչութիւն ըրած է Հայֆա եւ Թորոնթոյի Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ շաբաթօրեայ վարժարանը։ Զաւակները չափահաս ըլլալէն վերջ, տարազներ կարելու եւ պատրաստելու ընկերութեան մը մէջ աշխատած է։ Ընկ. Հայկը մեր Թորոնթոյի «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան վերահաստատման հիմնադիրներէն է։ Իսկ ընկհ. Եփրաքսին մեր ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի վերահաստատման հիմնադիրներէն։ Երկուքն ալ Պաղեստինի Հայֆա քաղաքէն արդէն անդամ էին եւ շատ աշխուժ սփիւռքահայու կեանք կը վարէին։ Տասնվեց տարեկանին արդէն անդամ էր Հայ կարմիր խաչին։ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի պատերազմի հետեւանքով հայ գաղութն ալ խուճապի մատնուած էր, հարկը կար օգնելու կարիքաւորին, անտէրին և անօգնականին։ Հայֆայի հայ կարմիր խաչը վերականգնեցաւ փորձառու ընկերուհիներով եւ երիտասարդներու անդամագրութիւններով, ինչպէս Եփրաքսի Մանուկեանը։ 1962-ին հաստատուեցան Թորոնթօ, աւելի քան յիսուն տարիներ ծառայեց մեր ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին առանց դադարի։ Իր ծառայութեան 50-ամեակին առթիւ յայտարարեց՝ «Դեռ երիտասարդ եմ եւ պիտի շարունակեմ»։ Հայֆա եւ Թորոնթօ աշխատած է աւելի քան վաթսունհինգ տարիներ։ Միշտ իր գործօն եւ արդիւնաբեր մասնակցութիւնը բերած է որպէս վարչական, պատգամաւոր եւ զանազան յանձնախումբերու անդամ։ Բոլորին մէջ աշխատած է, ըլլայ այդ անդամական, ամանորի, պարահանդէսի, գոհաբանական ընթրիքի, Մայրերու օրուան, ՀՕՄ-ի օրուան եւ մանաւանդ Տոհմիկ օրուան եւ տօնավաճառի յանձնախումբերուն մէջ։ Բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը քերթուած մը ձօնած է մօր ձեռքերուն։ Արդարև, Եփրաքսիին ձեռքերը ինչե՜ր ըրած են, ժողով վարած, ատենագրութիւններ եւ տեղեկագրութիւններ գրած, խմորեղէններ թխած, զանազան ճաշատեսակներ պատրաստած, յատուկ արուեստի գործեր ստեղծած, ինչպէս սեղանի ծածկոցներ, երեխաներու հագուստներ, կեռաժանեակով (crochet) և quiltով ծածկոցներ, հայկական տարազներ, գլխարկներ, չափահասներու շալեր,

Արշօ Զաքարեան

գոգնոցներ, գիշերանոցներ, տարազներ, տօնածառի փեշեր, կօշիկի եւ շուկայի տոպրակներ եւ շարքը երկար է։ Տոհմիկի ձեռնարկին համար իւրաքանչիւր տարի մեծ պուպրիկի վրայ կը պատրաստէր այդ շրջանի ազգային տարազը, որ լռելեալ աճուրդին եւ կամ վիճակահանութեան մեծ նուէրը կ’ըլլար։ Այս բոլորը կ’ընէր առանց միութեան վրայ որեւէ ծախս ընելու։ Գեղեցիկ հլուներով, ժանեակներով, թագերով, ձեռագործով կը ստեղծէր եւ կը գեղեցկացնէր տարազները։ Իսկ Վան Վասպուրական տոհմիկի ձեռնարկին ընկերուհի Քեպապճեանին հետ սեղանի մէջտեղի centre piece-ը փոքր չափի զոյգ պուպրիկները պատրաստեցին։ Հսկայական աշխատանք։ ՀՕՄ-ն ալ իր կարգին գնահատեց Եփրաքսիին անզուգական աշխատանքը պատուելով զինք Մայրերու օրուան, կամաւոր աշխատանքին, տօնավաճառի բացման եւ ՀՕՄ-ի 50-ամեակին։ Մեր հին կեդրոնի, Տիւբոնտի տարիներուն, կեդրոնի ծախսերուն եւ պարտքին համար իւրաքանչիւր միութիւն ամսական չորս հարիւր տոլար պէտք է տար։ Այդ օրերուն երկու սենեականոց յարկաբաժինի վարձքը հարիւր յիսուն տոլար էր ամսական։ Միայն ՀՕՄ-ն էր որ կրնար կատարել այդ խոստումը։ Մեր ՀՕՄ-ուհիներու աշխատասիրութեամբ եւ ճարպիկութեամբ։ Սիրելիներ, կարծես վաթսուն տարիներ ետք շատ բան չէ փոխուած…կիրակի օրերը ամուրիներուն համար հայկական տաք ճաշեր կը հայթայթէին, դարձեալ տօնավաճառի բոլոր անուշեղէնները եւ ճաշերը տուները կը պատրաստէին, իսկ ծախու ապրանքները ձեռային աշխատանք էր։ Տաղանդաւոր եւ ճարպիկ Եփրաքսին այս բոլոր աշխատանքին մաս կը կազմէր։ 1975-ին ՀՄԸՄ-ի առաջին սկաուտ խորհուրդի անդամ էր։ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի մաս կը կազմէր երկա՜ր տարիներ։ Լեւոն Շանթի «Եսի մարդը» եւ Արամ Աշոտ Պապայեանի «Կենդանի մեռեալ» թատերգութիւններուն դերեր ստանձնած է։ Ճանչնալով ընկերուհի Եփրաքսիի եւ ընկեր Հայկի կեանքերը կը ճանչնանք Թորոնթոյի հաւաքական կեանքը։ Մեր գաղութային կեանքին կարեւոր մասն են։ Երկու փոքր անուշ յուշ ունիմ։ Մէկը ինչպէս սկսաւ ՀՕՄ-ը, իսկ միւսն ալ 1964-ի Մայիս 28-ը։ Ասոնք հեքիաթներ չեն, այլ իրական պատմութիւններ։ Առաջինը ՀՕՄ-ի 50-ամեակի գիրքին մէջ է։ Ինք պատմած է եւ ես գրի առած եմ։ Թուականը 1963-ի աշունն է։ Գույումճեաններուն տան զանգն է։ - Բարի լոյս տիկին Գույումճեան, անունս Յարութիւն Մանուկեան է։ Չձգեցի որ շարունակէ այս բարի ժպիտով միջահասակ մարդը, փաթթուեցայ վիզին, -ազգական ենք,- բացագանչեցի,- ես ալ Մանուկեանի աղջիկ եմ։ - Մենք Խարբերդցի ենք,- ըսաւ: -Մենք ալ Լաբաշցի, ազգական չենք, բայց հայ ենք,- պատասխանեցի ոգեւորութեամբ: - Իմացայ ձեր ամուսինէն՝ ընկեր Հայկէն, որ ՀՕՄ-ը կ՚ուզէք վերականգնել։ Անդրադարձայ որ տան առջեւ կը խօսէինք: - Հրամեցէք, հրամեցէք,- ըսի ուրախութեամբ: -Կը ներէք, նորեկ ենք եւ հիւրասենեակ չունինք։ - Բոլորս ալ այդպէս ենք, վստահեցուց զիս։ Հայկական սուրճին հետ, խոհանոցի սեղանին շուրջ խօսակցեցանք։ Զգուշութեամբ հարցուց. -Տիկին Գույումճեան, կ՚ուզէք ՀՕՄ-ը վերակազմել, որովհետև մինա՞կ էք. կ՚ուզէք ընկերուհիներ ունենալ եւ իրենց հետ ընկերային ժամանակ անցնե՞լ: Անմիջապէս մէջտեղ բերի ՀՕՄ-ի ծրագիր կանոնագիրը, որ հետս բերած → 21


19

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ

COMMUNITY

ՏԵՐԵՒԱԹԱՓ | Թամիձա Սարխանեան (1945-2026) Մէկ շաբթուան մտերիմ բարեկամուհիս՝ քոյր Թամիձան․․․ «Թորոնթոհայ»-ի «Մեր ՀՄԸՄ»-ը սիւնակի նիւթերուս համար, սկսայ փնտռտուք ընել գաղութի մէջ գործող ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մասին։ Պէտք է հետաքրքրաշարժ լուրեր հաւաքեմ, որպէսզի սիւնակը հաճելի ըլլայ ընթերցողին համար։ Սկսայ հետաքրքրուիլ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան մասին, զրուցել նախկին ՀՄԸՄ-ականներու հետ, սերտել միութեան անցեալի լայնատարած գործունէութիւնը, լսել մարզական անդամ եղող քոյրերուն եւ եղբայրներուն, եւ այսպիսով հետզհետէ սկսաւ կազմաւորուիլ սիւնակի ծրագիրը՝ խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեանի hամագործակցութեամբ։ Սիւնակս պիտի ներառէ նաեւ ՀՄԸՄ-ի մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներու ու ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններ, ուր պիտի անդրադառնամ նաեւ ֆութպոլի պատմութեան՝ նկատի առնելով Թորոնթոյի մէջ այս մարզախաղի մեծ ընդունելութիւնը: Անցեալի պատմութեան անդրադառնալս առաւել եւս հետաքրքրական պիտի թուի` թարմացնելու հին յուշերը, վերակենդանացնելու մարդոց ապրումները եւ ներկայացնելու աշխատանք մը, որ ամբողջութեամբ հիմնուած է նուիրումի եւ զոհողութեան վրայ։ Վերջապէս բաւական հարցուփորձէ ետք գտայ այն անձիք, որոնք պիտի պատմէին ոտնագնդակի հիմնադրութեան պատմութիւնը, մանաւանդ երբ իմացայ որ անոր պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւած է մարզիչ եղբ․ Գէորգ Սարխանեանը՝ ըլլալով առաջին մարզիչը Թորոնթոյի խումբին։ Պրպտումներուս մէջ եւ տեսակցութիւններուս ընթացքին ամէն անգամ որ հարց կու տայի թէ ուրկէ՞ կրնամ քաղել կամ լսել պատմութիւնը եղբայր Գէորգին, կամ իմանալ տեղեկութիւններ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի առաջին խումբին մասին, բոլորը անվերապահօրէն կը թելադրէին, որ հանդիպիմ մարզիչին տիկնոջը՝ քոյր Թամիձային, որուն քով բոլոր հարցումներուս պատասխանները պիտի գտնէի։ Վերջապէս ծայր մը գտայ աշխատանքիս համար. ոգեւորուեցայ, որովհետեւ նիւթս ամբողջական բնոյթ պիտի առնէր, ներկայացնելով առաջին մարզիչին մասին։ Սկսայ մտմտալ՝ արդեօք տիկ. Թամիձան զիս իր բնակարանը կ’ընդուի՞, արդեօք կրնամ խօսիլ եւ արձանագրել բոլոր հարցումները, որոնք մտքիս մէջ շարուած էին։ Ինչպէ՞ս պէտք է ծրագրեմ նման հանդիպում մը, մանաւանդ որ տեղեկացայ թէ վատառողջ է եւ հոն կը գտնուի քրոջ ընտանիքի անդամներէն մին։ Վերջապէս, ընկհ. Յասմիկին քաջալերանքով հեռաձայնեցի, ժամադրուեցայ: Մեծ հաճոյքով խօսեցանք, հակառակ որ զիրար չենք ճանչնար: Ընկերուհի Յասմիկին ընկերակցութեամբ առաջնորդուեցայ քոյր Թամիձային տունը։ Առաջին հանդիպումս էր քոյր Թամիձային հետ, բայց կարծես տարիներէ ի վեր կը ճանչնար զիս։ Յստակ եւ մաքրամաքուր հայերէնով բարի գալուստի խօսքերով եւ ջերմեռանդութեամբ ողջունեց մեզ։ Հետաքրքրական էր նստասենեակը, ամէն անկիւն յիշատակելի նկարներով շրջապատուած, իսկ պատին կեդրոնը կար եղբ. Գէորգի ածխամատիտով գծուած դիմանկարը, որ այդքան խօսուն եւ իրական կը թուէր, կարծես կը հետեւէր մեր զրոյցին։

Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան

Ուրախութիւնը շրջապատած էր հոգիս, տրամադրութիւնս բարձր էր, որ վերջապէս լրիւ բովանդակութեամբ պիտի լսէի եղբ. Գէորգին, անոր անշահախնդիր ծառայութեան եւ նուիրումին մասին։ Համեղ հայկական սուրճի եւ համադամ քաղցրեղէներու հիւրասիրութեամբ սկսանք խօսակցիլ։ Քոյր Թամիձան շեշտեց, որ ինք միշտ ՀՄԸՄ-ական եղած է եւ պէտք է զինք քոյր կոչել եւ ոչ ընկերուհի: Գիրքերու, նկարներու եւ յուշերու օգնութեամբ, սկսաւ պատմել ամուսնոյն մասին։ Հիացմունքով կը լսէի այն բոլոր մանրամասնութիւնները զորս կը պատմէր, անոր աշխատասիրութեան, ուղղամտութեան, զուարթախոհութեան եւ միութեան հանդէպ տածած իր նուիրումին մասին։ Հպարտանքով կ’անդրադառնար անոր կեանքի ամէն մանրամասնութեան, երբեմներբեմն ընկհ. Յասմիկն ալ այդ աշխատանքին մէջ յուշարարի պաշտօն կը կատարէր։ Շշմած էի ստացած հաճելի տեղեկութեանց դիմաց, նոյնիսկ երբեմն- երբեմն տարուելով կը մոռնայի արձանագրելու, սակայն ետ վերադառնալով կը խնդրէի դարձեալ կրկնել պատմութիւնը։ Քոյր Թամիձան հակառակ յառաջացած տարիքին, գեղեցիկ դիմագիծ ունէր, ոսկեթել մազեր եւ հաճելի ներկայութիւն: Երեք ժամուան մեր հանդիպումը երեք վայրկեանի պէս անցաւ։ Հոգիս ուրախութիւն պատած էր, լայնածաւալ տեղեկութիւններ հաւաքած էի եւ ամենակարեւորը՝ ընտիր, մաքրամաքուր եւ հաճելի բարեկամուհի մը շահած էի աշխատանքիս ընդմէջէն։ «Տակաւին կանուխ է ո՞ւր կ՚երթաք, նստէ՛ք հաճելի է հանդիպումը…», ըսաւ քոյր Թամիձան՝ մինչեւ տան դարպասը առաջնորդելով մեզ։ Ի տեսութիւն մաղթելով մեկնեցանք տունէն, խնդրելով իրմէ որ թոյլ տայ գրել նաեւ իր մասին որպէս ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան շքանանակիր: Խնդրեցի նաեւ, նոր յիշողութիւն մը ունենալու պարագային, հեռաձայնէ ինծի, որ ժամուն որ ուզէ, որպէսզի զայն անմիջապէս արձանագրէի։ Ափսոս, այդ զանգը չեկաւ․․․ մեր հանդիպումը կարծես հրաժեշտի հանդիպում մը եղաւ։ Քոյր Թամիձան հեռացաւ այս աշխարհէն ամբողջ կեանք մը նուիրելով ընտանիքին, զաւակներուն, թոռներուն եւ շատ սիրած ՀՄԸՄ-ին։ Հանդիպմանս ընթացքին ըսաւ՝ «Հուրինա՛, մեր ընտանիքը մեծէն փոքր լրիւ ՀՄԸՄ-ական եղած է, որուն համար պատիւ եւ ուրախութիւն կը զգանք»։ Յանցաւոր կը զգամ, որ աւելի կանուխ չկրցայ կապուիլ հետը, որպէսզի վայելէի իր ընկերութիւնը եւ փոխանցած հետաքրքրական պատումները։ Միայն մէկ շաբթուան բարեկամուհիիս այցելութիւնը մնաց յուշերուս մէջ եւ անոր փոխանցած պատմութիւնը տետրակիս էջերուն վրայ։ Սիրելի՛ քոյր Թամիձա, ի գին ամէն բանի պիտի փորձեմ անմահացնել եղբ. Գէորգին եւ ձեր ծառայութիւնը, որպէս օրինակ նորահաս սերունդին։ Յստակ բառերդ, մաքուր հայերէնդ, փայլուն եւ ժպտադէմ դէմքդ, դրոշմուած պիտի մնան յիշողութեանս մէջ։ Երախտապարտ եմ եւ զգացուած։ Հոգիդ թող հանգչի hրեշտակներու շարքին եւ բարի յիշատակդ տակաւին շատ ու շատ երկար տարիներ պիտի մնայ բոլորիս յիշողութեան մէջ։ ֍


այցելեցէ՛ք ﬔր

ՆՈՐ կայքէջը torontohye.ca


21

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ

COMMUNITY

ՀՀ անկախութեան 35-ամեակի եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ պատարագ Մատաթ Բ. Մամուրեան

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին առթիւ, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց թեմիս բարեխնամ առաջնորդ տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան: Ս. սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ ու բարեկրօն դպիրներ: Երգեցողութիւնները ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ եկեղեցւոյս դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Շահէ սրկ. Ալթունեանի, երգեհոնահարի ընկերակցութեամբ՝ Սոնա Արթինեանի:

Յընթացս սուրբ պատարագի «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ եւ եկեղեցւոյ ներքին ղօղանջներով, եկեղեցւոյս «Ս. Էջմիածին» կիրակնօրեայ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ, թափօրի ընկերակցութեամբ, ՀՀ եռագոյն դրօշը առաջնորդեցին դէպի սուրբ խորան, ուր առաջնորդ տ. Աբգար եպիսկոպոսը՝ շրջապատուած սարկաւագներու եւ դպիրներու, կատարեց դրօշի օրհնութիւնը: Սրբազան հայրը, իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան խորհուրդին եւ նշանակութեան: Այս առթիւ աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած Հայաստանի խաղաղութեան ապահովութեան եւ բարօրութեան համար: Յաւարտ սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն հայրենիքը պաշտպանած երիտասարդ զոհերու հոգիներու ի հանգիստ: ֍ Լուսանկարները տրամադրած է հեղինակը:

←14 «Բարեւ... ես գիրքն եմ»

←18 Եփրաքսի Մանուկեան Գույումճեան...

եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, որոնք զուգահեռ եւ անբաժանելի կրթութիւններ են։ Սրբազան հայրը իր խօսքին ընդմէջէն գնահատեց նուիրեալ անձիքը, որոնք նուիրումով եւ ծառայութեամբ կը կատարեն այս բոլոր առաքելութիւնները պահպանելով երէկուան, վաղուան եւ գալիք սերունդներուն հայու ինքնութիւնը: Սրբազան հայրը ներկայացուց Նայիրի Մկրտիչեանի տոհմական ազգային եւ հայրենասիրական ընտանիքի անդամ ըլլալը, որ հայեցի դաստիրակութեամբ սնուած դարձեալ սնուցանելու գիտակցութեամբ կ’ընթանայ իր ծրագիրներուն մէջ: Աւարտին, սրբազանը երախտագիտական խօսքերով գնահատեց ներկաներուն ժամանումը, որոնց քաջալերական ներկայութիւնը ի միտի կը բերեն նոր մտայղացումներ եւ նոր մեկնարկներ։ Առաջնորդը կոչ ուղղեց միասնութեան եւ համագործակցութեան ոգիով ընթանալու առաջ, որուն արգասիքը պիտի ըլլայ նորարար աշխատանքներ յանուն հայ երեխայի եւ ապագայի հայ սերունդի գոյատեւման։ Սրբազան հօր պահպանիչ աղօթքով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին, որմէ ետք ներկաները հիւրասիրուեցան համադամ ուտելիքներով՝ պատրաստուած եկեղեցւոյս Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ։ ֍

էի Հայֆայէն։ Պարզեցի Իսրայէլի եւ Պաղեստինի պատերազմին հետեւանքները եւ Հայ կարմիր խաչին կարեւոր դերը այդ դժուար պայմաններուն մէջ։ Եզրակացուցի բացատրականս պարոն Մանուկեանին, որ այս գաղութը բաղկացած է ընդհանրապէս նորեկներով եւ պէտքը ունի ՀՕՄ-ի նման հոգատար կազմակերպութեան մը, որ ամրանայ եւ չկորսուի։ Համոզուած մեկնեցաւ եւ խոստացաւ, որ պիտի փոխանցէ կոմիտէութեան եւ պիտի քաջալերէ որ կուսակցական ընկերներուն հարազատներն ալ մաս կազմեն այս նորակազմ խումբին։ Անմիջապէս սկսայ հեռաձայնել եւ հազիւ թէ եօթը անդամներ եղանք, կապուեցանք ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան, Պոսթոն, անոնք ալ ուղարկեցին ընկհ. Սեդա Թէրզեանը։ Մեր առաջին ժողովը գումարուեցաւ նոյեմբեր 1963-ին։ Մեր նորակազմ վարչութեան ատենապետուհին Նանիկ Արթինեանը եղաւ, իմ անցեալի փորձառութեանս համար ինծի ատենադպիր նշանակեցին, Արմենուհի Գոլոլեանը գանձապահ, իսկ Ապաճեան քոյրերը, տալս՝ Արոսեակ Նալպանտեանը եւ Հայկուհի Մանուկեանը խորհրդականներ։ Երիտասարդ էինք, մեր եօթէն հինգը երիտասարդ մայրեր էին՝ փոքր երեխաներով։ Մեր համեստ նիւթական միջոցներով նոր կեանք մը սկսած էինք կերտել Գանատայի մէջ, միշտ ի մտի ունենալով օտարացումի հոսանքը: Կ՚ուզէինք ամէն ձեւով կառչած մնալ մեր մշակոյթին։ Այնքան երախտապարտ եմ հօրս՝ Պաղտասար Մանուկեանին եւ ամուսինիս՝ Հայկ Գույումճեանին, որոնք քաջալերեցին եւ թիկունք եղան, որ ՀՕՄ-ի մէջ գործունէութիւնս շարունակեմ։ Իսկ երկրորդ պատմութիւնը մայիս 1964-ն է։ Կոմիտէն կը ծրագրէ Հայաստանի Հանրապետութեան 46րդ տարեդարձը տօնել։ Մէկը կը խոստանայ զովացուցիչներ բերել, միւսը գարեջուր, իսկ քաջ ընկեր Հայկը հինգ հարիւր լահմաճուն։ Այդ տարիներուն ոչ փուռ, ոչ հայկական խանութ եւ ոչ ալ միջոց կար։ Վստահած էր Եփրաքսիին, որ եօթը ամսական յղի էր Շանթով, վարձով տուն կը բնակէին եւ պզտիկ փուռ մը ունէին։ Ուրեմն Նանիկը եւ Եփրաքսին կը համաձայնին, Նանիկը կը տրամադրէ իր խոհանոցը, Եփրաքսին իր փորձառռւթիւնը։ Այս դժուար եւ յոգնեցուցիչ գործը մէջտեղ կը հանեն։ Խօսք չ՚ուզեր որ հինգ հարիւր լահմաճունները կը յափշտակուին այդ օրը։ Երկու պատմութիւններուն մէջ անկարելին կարելի դարձնելու ձգտումը կայ։ ՀՕՄ-ի նշանաբանն է՝ անսակարգ սէր, անձնուրաց նուիրում, յարատեւ ծառայութիւն։ Ընկերուհի Եփրաքսին արդարեւև ունէր սէր, նուիրում եւ ծառայասիրութիւն։ Իր սիրած միութիւնը ՀՕՄ-ն էր։ Վստահ ենք, որ երկուքն ալ՝ ընկ. Հայկը եւ ընկհ. Եփրաքսին, սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը նային կեդրոնի ներկայ ղեկավար նոր սերունդին եւ կը տեսնեն որ ջահը փոխանցուած է. մեր համայնքը կը բարգավաճի եւ կ՚ուղղուի դէպի աղբիւրը լոյսի։ Սիրելի՛ Եփրաքս, հիմա միացար գաղափարակից ամուսնուդ, սիրելի ծնողքիդ եւ եղբօրդ Յակոբին, որ քեզի լաւ կը հասկնար եւ կը քաջալերէր տաղանդներդ։ Հոգիդ լոյսերու մէջ ըլլայ։ Մեզի բացառիկ օրինակ եղար։ Շնորհակալութիւն կրնանք ըսել քեզի քու բազմաթիւ գործերուդ եւ նուաճումներուդ համար։ ֍


22

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ

COMMUNITY

One community, one calendar: How five Canadian Armenian teens built It started with a party that nobody could find. Fifteen-year-old Ernest Aghababyan had heard whispers about an upcoming Armenian teen night in Toronto, but when he went searching for the details, he hit a digital wall. One organization's website had not been updated in months. Another group's flyer was buried deep inside a private Facebook group. Because his parents did not allow him to have personal social media accounts, Ernest had to borrow his mother's phone just to scour comment sections and search feeds. By the time he finally pieced together the details, the party was already over. "The frustration was that this was not a hard question," Ernest recalls. "It was who, what, where, and when, and it took that much digging to answer it. The information existed; it was just scattered across a dozen places that do not talk to each other, and anyone not already on the inside of one of those organizations was shut out.” Rather than shrugging it off, Ernest called his friends. What began as a venting session among classmates soon evolved into Tomsak.ca, a trilingual digital community calendar and hub created to bridge the communication gaps across Canada’s Armenian diaspora. The team behind the platform represents a cross-section of Toronto’s active Armenian-Canadian youth. Ernest and Nina Kocharyan first learned their alphabet together at Arpi Nursery School at age three, later spending eleven years side-by-side at St. Sahag St. Mesrob Armenian Saturday School. Today, Nina, Aratta Gragossian, and her brother Artaz attend the A.R.S. Armenian Private School, where Ernest recently graduated middle school. Their weekends have long been filled with community life, from Homenetmen scouting, band, and athletics to Badanegan youth programs, AGBU Innovation Studios, and volunteering at the Barev Community Centre. Angelina Tumanyan joined the circle through a slightly different path. “Although Angelina wasn’t involved in any Armenian circles growing up, she recently started her journey of ‘Armenification’ by attending Camp Ararat with Ernest,” Nina shares. “In general, we all love our heritage, culture, and language and are very proud to be Armenian, and we are always looking for new ways to become more involved.” When the initial team drafted the platform, they hit

an immediate hurdle: only Aratta had a social media account. “The rest of us are not allowed one—our parents won’t let us—so none of us knew how social media actually works and how to run it to reach the people we were building this for,” Ernest says. Meeting Angelina at camp solved the dilemma. With hands-on experience managing digital accounts, she stepped in to lead their social media and marketing. From there, the five students divided their roles by personal strengths, operating with a startup focus from kitchen tables and school libraries. Ernest took charge of product leadership, site functionality, and search optimization. Nina stepped up as product designer, shaping the interface and visual identity. Aratta took

the reins on community partnerships and correspondence, while Artaz took on quality assurance, hunting down broken links and bugs. Angelina completed the circle, creating engaging content and managing public outreach. "We communicate mostly through group chats and meetings, talking every day about deadlines, fixing errors, and creating new material," Angelina explains. "We make sure to work together because we know that our roles are all equally important, and that Tomsak would not work properly if one of us failed at something." Designing a platform for a multigenerational diaspora meant solving a delicate technical puzzle. The website had to look sleek and modern for teenagers arriving via TikTok, yet remain intuitive for older parishioners checking a church service schedule on an older tablet. “The trick is to separate visual style from complex functionality," Nina explains. “Your website can have a relatively new style, but still be easy to navigate for older people by using symbols, colors, and formats that are widely recognized." Multilingual access was prioritized right on the front page. "We specifically decided to place the language-changing buttons on the homepage beside the menu, because it would be harder for someone with less experience with devices to go through website settings to change the language to Armenian or French." Behind the scenes, Artaz acts as the quality firewall, testing how the platform behaves across various screen

sizes and operating systems. Meanwhile, Angelina customizes content for different demographic habits. "Different platforms reward different types of content," Angelina observes. "TikTok's audience is primarily younger generations like Gen Z, who enjoy more casual, humorous content rather than the straightforward, animated kind. On Instagram, I focus more on clear, visually interactive videos to make the information easy to find." For older community members who do not use social media, the team launched a weekly email newsletter. "Older people tend to be more cautious about letting a newer team handle their event information online," Angelina adds. "Once they saw that we were supporting their ideas and events instead of replacing them, they gained more trust in us and became much more willing to work with us." Convincing established diaspora organizations, church councils, and diplomats to trust a team of teenagers took deliberate persistence. At first, outreach emails often vanished into spam folders or met cautious silence. When adult executive boards did reply, they frequently asked for formal presentations or Zoom interviews before committing. "Outreach hasn't been easy," Aratta admits. "Rather than being discouraged, we treated each response as an opportunity. When organizations wanted more details, we sent thorough information about what we do, and when they requested meetings, we prepared in advance by anticipating the questions they were likely to ask so we could walk in with clear, confident answers. That preparation made a real difference. By the end of most conversations, the majority came away recognizing that we were a legitimate, serious organization." That steady professionalism earned Tomsak partnerships with major institutions across Canada, including the Armenian Diocese, the Embassy of Armenia to Canada, Hamazkayin, and federal Member of Parliament Michael Coteau. When asked why traditional institutions often struggle to engage youth, Aratta speaks candidly about the disconnect: "One of the biggest misunderstandings is thinking that youth engagement comes down to making things look more colorful or exciting, like designing a brighter poster or flyer. In reality, most of us don't really notice posters on a wall or ads in a newspaper. Beyond just the platform, it comes down to tone. A lot of organizations communicate in a very formal or


23

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ old-fashioned way, when younger audiences respond much more to content that feels genuine, casual, and made by people who understand how we actually think and communicate." A central pillar of Tomsak is its commitment to full trilingual accessibility in English, French, and both Eastern and Western Armenian dialects. "The three languages were not something we added at the end. They were the point from the start," Ernest emphasizes. "A calendar that only exists in English is only serving part of the community, and the part it leaves out is not a small one." Automated tools help with initial drafts, but the team manually audits and corrects every event listing and blog post. The importance of that hands-on editorial work became clear during a collaboration with Dr. Viken Tufenkjian regarding Montreal's Hamazkayin Levon Shant Armenological Course. "We had written the venue as 'Sourp Hagop National School,’" Ernest recounts. "He told us not to use that phrase, because in Quebec it carries connotations we had no idea about, and that the school is École arménienne Sourp Hagop. We changed it on the site that day. Having a French page and an Armenian page is the easy part. We could do that from a laptop in Toronto. But we would have gone on writing that school's name wrong for years if somebody in Montreal had not told us, and he only told us because we asked him first. The languages get you in the door. After that, you still have to ask, and then actually change the thing when someone answers." Guiding the teenagers behind the scenes is adult supervisor Maro Kochinyan—who is also Ernest's mother. Navigating that relationship brings healthy creative tension, but both Ernest and Artaz credit her un-

COMMUNITY compromising standards with transforming an informal student initiative into an enduring institution. "Adult mentorship has been really important for helping me understand how communities work, how organizations are set up, and how to successfully complete projects," Artaz explains. "Most importantly, having a mentor has given me confidence. Knowing I could ask someone for advice helped me take initiative, learn from my mistakes, and become more independent." Ernest is equally candid about the high bar his mother sets: “Having your own mother as your supervisor can be more than frustrating. She checks almost everything I do and makes me redo it, rewrite it, check it again. The clearest example is a letter I wrote to the Embassy of Armenia. I thought it was good. She read it and told me to rewrite the whole thing, and I was really annoyed about it. But we ended up partnering with the embassy, and I think that rewrite is the reason.” Kochinyan’s guid-

ance also instilled a respect for community diplomacy and accountability. “She does not post our events and she does not write our emails—the work stays ours,” Ernest says. “She is not soft on us either. We missed a deadline once by one day and she told us that if we are serious about this, we have to treat it the way we treat schoolwork or a job. That stuck with me. The biggest things I have learned from her are how to talk to adults as an equal, and work ethic. Someone who has been in this community for years has to tell you those things.” As the founders navigate high school and prepare for university, they are laying the groundwork for long-term sustainability. Following advice from community leaders and MP Michael Coteau, the group is currently preparing to register Tomsak as an official non-profit organization so they can apply for youth grants and public funding. Their technical ambitions are equally forward-looking. Beyond building native mobile apps, Ernest envisions expanding the site into a full ticketing ecosystem. “In the big picture, I would like Tomsak to become something like an Armenian Ticketmaster, where an organization puts its event with us and sells its tickets there too, and where anyone looking for something to go to checks us first,” he says. Aware that university transitions loom ahead, the team is actively looking to mentor younger students to take the reins. “Nina was 13 when we started and she is still the youngest of us, and her work is the first thing people notice about the site,” Ernest points out. “If we can find two or three people more like her, determined and talented, then Tomsak does not depend on the five of us at all. The whole reason it works is that it speaks the way young people speak, and the day it stops doing that, it becomes just another website.” For now, the five high schoolers are balancing homework with website updates and community correspondence, proving that youth leadership in the diaspora is not just a future promise—it is already here. ֍ Tomsak team images courtesy of Tomsak.ca.


24

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ՀԱՄԱՅՆՔ

COMMUNITY

ՄԵՐ ՀՄԸՄ-Ը | Գանատան ինիսունհինգ անդամներով մաս կազմեց համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան

ՀՄԸՄ-ը իր աշխարհասփիւռ անդամներով մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի համաշխարհային ձեռնարկներուն, որոնցմէ կրնանք նշել ՀամաՀՄԸՄ-ական բանակումները։ Չորս տարին անգամ մը՝ ամռան, Հայսատանի Արագածի լանջին, Բիւրականի մէջ տեղի կ’ունենան Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումները: Բանակումը՝ շարունակելով եւ պահելով նախանցեալի սովորութիւններն ու աւանդութիւնները՝ կը համախմբէ աշխարհի տարբեր երկիրներէ եւ շրջաններէ սկաուտներ, որոնք նոյն կարգապահութեամբ եւ սկաուտական ոգիով, կը հերեւին ծրագրուած աշխատանքներուն, առաւել եւս ամրացնելով իրենց մէջ եղբայրասիրութիւնն ու ՀՄԸՄ-ականի բարձր արժանիքները: Համա-ՀՄԸՄ-ական առաջին բանակումը սկիզբ առած է 1978-ին Քալամոս, Յունաստան, մասնակցութեամբ՝ տասներկու շրջաններու երկու հարիւրէ աւելի արի-արենոյշներու․ Բանակումները պարբերաբար շարունակուելով, վերջապէս՝ 1994-ին Բիւրականի ՀՄԸՄ-ի հարազատ բանակավայրէն ներս սկիզբ առաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումները հասնելով մինչեւ օրերս։ Այս տարի Գանատայի պատուիրակութիւնը ինիսունհինգ սկաուտներով մաս կազմեց Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին։ Պատուիրակութեան պատասխանատուներն էին՝ Արուշ Պէրպէրեանը եւ փոխպատասխանատու Կասիա Կարապետեան Կիւլեանը: Մասնակիցները բաժնուած էին հինգ միաւորուներու եւ ինը յանձնախումբերու՝ Կայմի, Բանակավայրի յարդարման, Խարոյկի, Հետախուզական արշաւի, Ռալիի, Զարգացման մրցոյթի, Մշակութային օրուան, Նախնական դարմանման, Հաղորդակցութեան, Նկարահանման։ Սոյն մասնակիցները բանակումի նախօրեակին մասնակցած էին Շրջանային խմբապետութեանց կողմէ կազմակերպած սեմինարներուն, որոնք տեղի ունեցան Օնթարիոյ եւ Քէպէք նահանգներու

մէջ, ինչպէս նաեւ խմբապետական նախապատրաստական սեմինարին, ուր Գանատայի պատուիրակութեան մասնակից խմբապետները լաւապէս սերտեցին բանակումի կանոններն ու օրէնքները, որպէսզի զայն փոխանցեն մասնակցողներուն։ Գանատայի պատուիրակութիւնը առաջին դիրքը գրաւեց Ռալիի եւ Կայմի, իսկ երրորդ դիրքը՝ խարոյկի աշխատանքներուն մէջ: Բանակումի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 24 յուլիս 2026-ին ՝ ներկայութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու, հիւրերու, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներու, պատուիրակութեան պատասխանատուներու եւ աւելի քան ութ հարիւր տարազաւոր սկաուտներու։ Բացման արարողութիւնը, դրօշակի բարձրացումն ու քայլերգերու հնչեղութիւնը յուզումնախառն զգացումներ պարգեւեցին ներկաներուն մօտ։ Եռուն եւ աշխուժ առօրեայ ունէին սկաուտները բանակավայրէն ներս։ Ծանօթացման վայրկեանները, եղբայրական մտերմութիւնները, աշխատանքային ժամերը, կերուխումի եւ սկաուտական յայտագրերու իրագործումը կ’օգնէին, որպէսզի բանակողները փորձառութիւն ձեռք բերէին, իսկ բանակումին ընթացքին կազմակերպուած տողանցքը իր իւրայատուկ տեղը արձանագրեց բանակողներուն մօտ։ Երեւանի հրապարակին մէջ, մայրուղիներու ընթացքով, ժողովուրդի ծափողջոյններու արտայայտութեամբ քայլերթը, ինքնին քաղցր յուշ մըն արձանագրեց իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի յիշողութեան մէջ։ Բանակումը լի էր նորութիւններով եւ հետաքրքրական աշխատանքներով,

որոնցմէ գլխաւորը կրնանք նշել Արագած լեռ բարձրանալը, ուր մօտաւոր վեց հարիւր քոյրերէ եւ եղբայրներէ բաղկացած արշաւը պատմական եւ տպաւորիչ զգացում դրոշմեց իւրաքանչիւր մասնակիցի հոգիին մէջ, իսկ յաջորդ նորութիւննը «Կինես»-ի մասնակցութիւնն էր. ութ հարիւր ինը մասնակիցներ կազմեցին ամենամեծ սկաուտական շուշանածաղիկը, որ տեղադրուեցաւ «Կինես»-ի գիրքին մէջ։ Անկիւնադարձային եւ պատմական այս նորութիւնները նոր փորձառութիւն եւ տպաւորութիւն արձանագրեց իւրաքանչիւր բանակողի հոգիին մէջ։ Հայրենիքի մէջ տեսարժան վայրերու այցելութիւնը, ըմպել անուշահամ ջուրը, շնչել անառատ օդը, խօսիլ, լսել եւ կարդալ միայն հայերէն, կարծես կրկնութիւն ու վկայութիւն է դարաւոր պատմութեան գոյատեւումին եւ հայու անկոտրում կամքին։ Եռաբլո ّ ւր․․․ մատղաշ հոգիներու լուռ շտեմարան, ահերքելի վկաները հայոց պատմութեան։ Աւելի քան ութ հարիւր ՀՄԸՄ-ականներ այցելիցին Եռաբլուր, ականատես եղան պատմութեան ոճրագործական արարքին, աղօթեցին նահատակներու հոգիներուն համար եւ երդուեցին ի գին ամէն բանի տէր կանգնիլ հայու ինքնութեան, հողին եւ մշակոյթին։ Բիւրականը դարձած է հազարաւոր սկաուտներու հարազատ օթեւանը․ ՀՄԸՄականները տարիներու ընթացքին կը վայելեն, կը սորվին ու իրենց յիշողութեան մէջ կ’արձանագրեն գեղեցիկ եւ անմոռանակի յիշատակներ։ Լուսանկարը տրամադրած է ՀՄԸՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը:


CASSANDRA HEALTH CENTRE ARMENIAN MEDICAL CENTRE & PHARMACY Dr. Rupert Abdalian Gastroenteology

Dr. Mari Marinosyan Family Physician

Dr. Omayma Fouda Family Physician

Dr. I. Manhas Family Physician

Dr. Virgil Huang Pediatrician

Dr. M. Seifollahi Family Physician

Dr. M. Teitelbaum Family Physician

Physioworx Physiotherapy

Vartan (PharmD, RPh), Sarkis (BScPhm, RPh) & Maral Balian (PharmD, RPh)

Դեղագիրներու պատրաստութիւն՝ շաբաթական յատուկ տուփերու մէջ: Արեան ճնշման քննութիւն եւ հետեւողականութիւն՝ անվճար: Շաքարախտի քննութիւն: Դեղերը իրենց հասցէներուն առաքելու անվճար սպասարկութիւն: Տարեցներու 10% զեղչ: Կը յարգենք եւ սիրով կը կատարենք բոլոր ապահովագրական ընկերութիւններու պայմանները: Same day Clinic բաց է շաբաթը 5 օր: Կրնաք բժիշկներու ժամադրութիւն ստանալ եւ տեսնուիլ նո՛յն օրը, հեռաձայնելով՝ 416-331-9111

SAME DAY CLINIC ONSITE Call for an appointment 416-331-9111 Դիմեցէք մեզի եւ պիտի դառնաք մեր մնայուն յաճախորդը 2030 Victoria Park Ave. (south of Ellesmere) North York, ON M1R 1V2

Tel: 416-449-2040 Fax: 416-449-2048


26

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹ

ARTS & CULTURE

Աթօմ Էկոյեանի բեմադրած «Քոզի ֆան թութէ»-ն կը վերադառնայ Թորոնթոյի օփերայի բեմ «ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Աշխարհահռչակ գանատահայ բեմադրիչ Աթօմ Էկոյեանի նորարարական շունչով վերակենդանացած Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթի հանրածանօթ «Քոզի ֆան թութէ» (Così fan tutte) օփերան այս հոկտեմբերին կը վերադառնայ Գանատայի օփերայի ընկերութեան (Canadian Opera Company - COC) բեմահարթակ: 2014-ի իր յաջող առաջնախաղէն եւ 2019-ի վերաբեմադրութենէն ետք, արուեստասէր հասարակութիւնը դարձեալ առիթը պիտի ունենայ վայելելու դասական այս գլուխ-գործոցը Թորոնթոյի Four Seasons Centre for the Performing Arts սրահին մէջ՝ 3, 6, 8, 10, 14, 16 եւ 18 հոկտեմբերին նախատեսուած եօթը ներկայացումներով: Մոցարթի եւ թատերագիր Լորենցօ տա Փոնթէի 1790-ի գործը կը կրէ «Così fan tutte, ossia La scuola degli amanti» ամբողջական խորագիրը («Այդպէս են բոլոր կանայք, կամ՝ Սիրահարներու դպրոց»): Էկոյեան իր բեմադրական մեկնաբանութեան առանցքը հիմնած է յատկապէս այս ենթախորագրին վրայ՝ հեռանալով 18-րդ դարու նափոլիական աւանդական միջավայրէն եւ պատմութիւնը փոխադրելով 1960-ական թուականներու մասնաւոր վարժարանի մը կենսաբանական գիտաշխատանոցը: Այս միջավայրին մէջ գլխաւոր կերպարներէն Տոն Ալֆոնսօն կը ներկայանայ իբրեւ դպրոցի տնօրէն եւ դասախօս, որ ուսանողական խումբի հսկողութեան ներքոյ կը կազմակերպէ մարդկային վարքագծի իւրօրինակ փորձարկում մը: Երկու երիտասարդ աշակերտներ՝ Ֆէրրանտօն եւ Կուլիէլմօն, գրաւ կը բռնեն Ալֆոնսոյի հետ՝ վստահ ըլլալով, որ իրենց նշանածները՝ քոյրեր Ֆիորտիլիճին եւ Տորապելլան, աներեր հաւատարմութիւն պիտի ցուցաբերեն: Զօրակոչի պատրուակով հեռանալէ ետք, անոնք կը վերադառնան այլափոխուած եւ կը փորձեն հրապուրել միմեանց հարսնացուները՝ փորձութեան ենթարկելով անոնց անկեղծութիւնը: Բեմայարդար եւ տարազներու գեղարուեստական պատասխանատու Տեպրա Հանսընի ձեւաւորումը յագեցած է համարձակ փոխաբերութիւններով: Գիտաշխատանոցի ապակեայ պահարաններուն կողքին կը յայտնուին պատերուն վրայ ասեղներով գամուած հսկայական թիթեռնիկներ, որոնք, ըստ Էկոյեանի, կը մարմնաւորեն ազատութիւնը. մինչ կարելի է միջատը որսալ ու գամել տախտակին, մարդկային սիրտն ու զգացումները նոյն հեշտութեամբ կարելի չէ կապկպել: Բեմական միւս խորհրդանշական պատկերը մեքսիքացի անուանի նկարչուհի Ֆրիտա Քալոյի Las dos Fridas («Երկու Ֆրիտաները») գլուխ-գործոցի մեծադիր որմնանկարն է, ուր երկու կանանց կողք-կողքի պատկերը՝ մէկուն ամբողջական եւ միւսին արիւնաքամ սիրտով, կը շեշտէ կերպարներու հոգեկան երկուութիւնն ու սիրոյ պատճառած անխուսափելի խոցերը: Թատերական քննադատ Քրիսթոֆըր Հոյլը Stage Door պարբերականին մէջ անդրադառնալով 2019-ի ներկայացման, թէեւ նկատել տուած էր, որ թիթեռնիկներու եւ Քալոյի արուեստի միաժամանակեայ համադրումը երբեմն մրցակցող ու խճողուած տպաւորութիւն կը ստեղծէ, միաժամանակ ընդգծած էր, որ Էկոյեանի բեմադրական լուծումները յաջողած են մեղմացնել կատակերգութեան մէջ պատմականօրէն արմատացած կանացի հաւատարմութիւնը նսեմացնող տրամադրութիւնները: Ludwig Van երաժշտական պարբերականին տուած իր հարցազրոյցին մէջ (սեպտեմբեր 2026), Էկոյեան անդրադարձած է այս օփերայի յաճախ մակերեսային ընկալուող նիւթին՝ յիշեցնելով, որ Մոցարթ այս գործը յօրինած է իր կեանքի ամենածանր եւ ֆինանսապէս անկայուն օրերուն, ինչ որ ստեղծագործութեան կու տայ զգացական խոր թափանցում: Բեմադրիչը կը բացատրէ, որ իր մօտեցմամբ կին հերոսուհիները պարզամիտ զոհեր չեն. անոնք լիովին կը գիտակցին իրենց շուրջ ընթացող խաղին եւ ունին իրենց սեփական հակադարձ գրաւը: Նոյն ոգիով, սպասուհի Տեսփինայի կերպարը,

որ կը մարմնաւորէ սոփրանօ Թրէյսի Տալը, նոր խորք կը ստանայ, երբ տեսնելով պատճառած տառապանքը՝ զզուանքով կը նետէ Ալֆոնսոյի վարձատրութիւնը՝ ի յայտ բերելով խոր զղջում եւ ամօթ: Ինչպէս Էկոյեան նշած էր նաեւ Գանատայի օփերայի ընկերութեան պատրաստած տեսահարցազրոյցին ընթացքին, Մոցարթի երաժշտական հանճարը կը կայանայ այտեղ, ուր բեմին վրայ զանազան կերպարներ կրնան միաժամանակ երգել եւ ապրիլ տրամագծօրէն տարբեր յոյզեր՝ անհոգ ցնծութենէն մինչեւ սրտաճմլիկ վիշտ: Թէեւ Աթօմ Էկոյեան համաշխարհային ճանաչում վայելող շարժապատկերի վարպետ է՝ ստորագրած ըլլալով այնպիսի գործեր, ինչպիսիք են Exotica-ն, The Sweet Hereafter-ը եւ Ararat-ը, անոր ստեղծագործական առաջին սէրը միշտ եղած է թատրոնը: Թորոնթոյի համալսարանի ուսանողական տարիներուն թատերախաղեր հեղինակած արուեստագէտը օփերային ասպարէզ մուտք գործեց 1996-ին, երբ Գանատայի օփերայի ընկերութեան լուսահոգի ղեկավար Ռիչըրտ Պրետշոյի հրաւէրով բեմադրեց Ռիխարտ Շթրաուսի «Սալոմէ»-ն: Այդ թուականէն ի վեր ան իրականացուցած է բազմաթիւ միջազգային ներկայացումներ, որոնց շարքին՝ Վակների Ring Cycle-ը եւ Եանաչէքի Jenůfa-ն. իսկ իր վերջին ժապաւէնը՝ Seven Veils (2023), ամբողջութեամբ կը կեդրոնանայ Թորոնթոյի մէջ «Սալոմէ»-ի բեմադրութեան պատրաստական աշխատանքներուն վրայ: Այս տարուան վերաբեմադրութիւնը կը ղեկավարէ Գանատայի օփերայի ընկերութեան երաժշտական տնօրէն, մայեսթրօ Եոհաննէս Տեպուսը, իսկ երգչախումբը բեմ կը հանէ Սանտրա Հորսթը: Գլխաւոր դերերով հանդէս կու գան միջազգային եւ գանատական օփերային բեմերու երիտասարդ փայլուն ուժեր. Ֆիորտիլիճիի դժուարին դերերգով հանդէս պիտի գայ աւստրալիացի սոփրանօ Լորէն Ֆէյկընը, իսկ անոր քրոջ՝ Տորապելլայի կերպարը պիտի կերտէ գանատացի մեցօ-սոփրանօ Մարթինա Միսքոլիտը: Փեսացուներու դերերը վստահուած են բրիտանացի թենոր Լօրընս Քիլսպիին (Ֆէրրանտօ) եւ գանատացի պարիթոն Ճոէլ Էլիսընին (Կուլիէլմօ): Խարդաւանքները լարող Տոն Ալֆոնսոյի դերը կը ստանձնէ պասպարիթոն Դանիէլ Օքուլիչը: Իտալերէնով կատարուող եւ անգլերէն ու ֆրանսերէն ենթախորագիրներով ուղեկցուող այս բացառիկ ներկայացման տոմսերը կարելի է ապահովել ընկերութեան պաշտօնական կայքէջէն (www.coc.ca) կամ Four Seasons Centre-ի տոմսարկղէն: ֍ Լուսանկարները՝ Գանատայի օփերայի ընկերութեան:


27

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹ

ARTS & CULTURE

«Մեր ապրող մեծագոյն արուեստագէտը» Փելեշեանի վերականգնուած գլուխ-գործոցները՝ Թորոնթոյի մէջ «ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»---14 սեպտեմբերին, Թորոնթոյի միջազգային ֆիլմի փառատօնի (TIFF) օրերուն, քաղաքի արուեստասէր հասարակութիւնը եզակի առիթն ունեցաւ ականատես ըլլալու համաշխարհային մշակոյթի հազուագիւտ եւ պատմական իրադարձութիւններէն մէկուն։ Փառատօնի TIFF Classics յատուկ բաժնին մէջ, TIFF Lightbox կեդրոնի պաստառին վրայ ներկայացուեցաւ «Փելեշեան ծրագիր» (Pelechian Project) խորագիրը կրող շարքը, որ կը համախմբէր հայկական եւ միջազգային վաւերագրական շարժապատկերի անկրկնելի նահապետին՝ Արտավազդ Փելեշեանի հինգ կարեւորագոյն ժապաւէնները՝ վերականգնուած 4K գերբարձր որակով։ Քաննի փառատօնի դասականներու բաժնին մէջ իր փայլուն առաջնախաղէն ետք, այս ցուցադրութիւնը վարպետին նորոգուած ժառանգութեան անդրանիկ եւ բացառիկ ներկայացումն էր Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին։ Այս առիթով The Globe and Mail օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր ուշագրաւ յօդուածին մէջ, ծանօթ քննադատ Մարք Փերանսըն կը նշէ, որ Երեւանի «Մոսկուա» սրահի շրջափակին մէջ, ուր քայլուղիի սալիկներուն վրայ դրոշմուած են հայ մշակոյթի մեծերու՝ Շարլ Ազնաւուրի, Սերգէյ Փարաճանովի եւ Ռուբէն Մամուլեանի աստղերը, Փելեշեանի անունը կարծէք կը բացակայի։ Սակայն երկու վայրկեան դէպի Թումանեան փողոց քալելով, սրճարանի մը մուտքին կը գտնուի Փելեշեանի յատուկ աստղը՝ հետեւեալ պարզ բացատրութեամբ. «Այս խաչմերուկէն սկսած է Արտավազդ Փելեշեանի ճանապարհը դէպի շարժապատկեր»։ Փերանսըն դիպուկ կերպով կը շեշտէ, որ Փելեշեան իր ամբողջ ստեղծագործական կեանքին մէջ մնացած է ինքնուրոյն, անկախ ու բացառիկ բարձունքի մը վրայ՝ հեռու աժան ճանաչումէ եւ առեւտրական միտումներէ։ Երեկոն ա՛լ աւելի յատկանշական դարձաւ թորոնթոհայ ականաւոր բեմադրիչ Աթօմ Էկոյեանի մասնակցութեամբ, որ յատուկ ժամանած էր ներկայացնելու իր մեծ ուսուցիչին գործերը՝ Գանատայի օփերայի ընկերակցութեան համար Մոցարթի Cosi Fan Tutte ներկայացման իր փորձերու խիտ ժամանակացոյցէն ժամեր խնայելով։ Էկոյեան, որ Փերանսընի հետ զրոյցին մէջ Փելեշեանը անվարան որակած էր իբրեւ «մեր ապրող ամենէն կարեւոր շարժապատկերի արուեստագէտը», հանդիսատեսին պատմեց, թէ ինչպէս 1992-ին Փարիզի «Փոմփիտու» կեդրոնին մէջ Փելեշեանի հետ իր առաջին ծանօթութիւնը խոր ազդեցութիւն գործած էր իր «Օրացոյց» (Calendar) ժապաւէնի կառուցուածքին եւ գեղագիտութեան վրայ։ Էկոյեանի բնորոշումով՝ Փելեշեանի ֆիլմերը դիտելը կը նմանի հազուագիւտ ճազ երաժիշտ մը բացայայտելու, որ ստեղծած է իր սեփական, ինքնատիպ հնչերանգն ու քերականութիւնը, ուր պատկերներու կշռոյթն ու ներքին ուժը կը գերազանցեն ամէն տեսակի բացատրութիւն։ Ծնած Լենինական (այժմ՝ Գիւմրի)՝ 1938-ին, Փելեշեան համաշխարհային ֆիլմի պատմութեան մէջ մտաւ ոչ միայն իբրեւ հանճարեղ բեմադրիչ, այլ նաեւ իբրեւ տեսաբան, որ յեղաշրջեց խմբագրութեան (մոնթաժ) մասին մինչ այդ եղած պատկերացումները։ Եթէ խորհրդային շարժանկարի առաջամարտիկներ Սերգէյ Էյզենշթէյնն ու Տզիկա Վերտովը կը կիրարկէին «ուղիղ մոնթաժը»՝ իմաստ ստեղծելով իրար յաջորդող երկու պատկերներու անմիջական բախումով, Փելեշեան ստեղծեց եւ զարգացուց «տարածական մոնթաժի» (distance montage) իր տեսութիւնը։ Ըստ Փելեշեանի՝ իրար կողք դրուած առանձին պատկերները այլեւս ինքնուրոյն իմաստ չունին. էականը ժապաւէնի տարածութեան եւ ժամանակի մէջ իրարմէ հեռու գտնուող կադրերու միջեւ ծնող մագնիսական դաշտն է, որ կը թրթռայ եւ կ'արձագանգէ ամբողջ ժապաւէնի երկայնքին։ Ահա թէ ինչու ֆրանսացի նշանաւոր քննադատ Սերժ Տանէն 1980-ականներուն զինք բնորոշեց իբրեւ համաշխարհային շարժապատկերի լեզուի զարգացման «պակսող օղակը», իսկ Փարաճանով զինք համարեց «շարժապատկերի աշխարհի սակաւաթիւ

իսկական հանճարներէն մէկը»։ Թորոնթոյի մէջ ցուցադրուած ութսունվեց վայրկեան տեւողութեամբ ծրագիրը ներկայացուց վարպետին ստեղծագործական ուղիին ամենէն ցայտուն հանգրուանները։ Ցուցադրութիւնը սկսաւ Մոսկուայի ՎԳԻԿ-ի իր ուսանողական տարիներու երկու կարճամեթրաժներով։ «Մարդկանց երկիրը» (1966) Երեւան քաղաքի արթնացումին, ճարտարապետական կառոյցներուն եւ աշխատաւորութեան նուիրուած պոէտական քաղաքային սիմֆոնի մըն է, որուն անմիջապէս յաջորդեց «Սկիզբը» (1967)՝ նուիրուած Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան յիսնամեակին։ Վերջինիս մէջ Փելեշեան առաջին անգամ ըլլալով կիրարկեց տեսարաններու կանգառի, դողացող կրկնութիւններու եւ խիստ արագութեան այնպիսի կշռոյթ մը՝ Գէորգի Սվիրիտովի «Ժամանակ, յառա՛ջ» երաժշտութեան զուգորդութեամբ, որ մինչեւ օրս կը մնայ արխիւային ժապաւէններու մոնթաժի անգերազանցելի օրինակ։ Ծրագրի երրորդ գործը՝ «Մենք» (1969), հայ ժողովուրդի պատմութեան, ցեղասպանութեան վէրքին եւ ազգային ոգիի յարատեւութեան նուիրուած անսահման յուզիչ դիմանկար մըն է։ Այստեղ հայկական հաւաքական «մենք»-ը կը վերածուի մարդկային տառապանքի, գոյապայքարի եւ արժանապատուութեան համամարդկային խորհրդանիշի, ուր կորուստի ողբն ու վերապրելու կամքը կը հասնին ողբերգական վսեմութեան։ Ցուցադրութեան գագաթնակէտը, սակայն, հանդիսացաւ Փելեշեանի ամենէն հանրածանօթ գլուխ-գործոցը՝ «Տարուան եղանակները» (1975), նկարահանուած տաղանդաւոր բեմադրիչ եւ շարժանկարիչ Միխայիլ Վարդանովի կողմէ։ Ի տարբերութիւն նախորդներուն, այս ժապաւէնը ամբողջութեամբ նկարահանուած էր նոր եւ կենդանի նիւթով։ Վիվալտիի երաժշտութեան հնչիւններուն տակ, հայ հովիւներու անձնուրաց պայքարը ձիւնածածկ սարալանջերէն ոչխարները գրկած իջնելու եւ լեռնային յորդառատ գետերու տարերքին դէմ մաքառելու ընթացքին, կը միահիւսուի գիւղական հանդարտ առօրեայի, բերքահաւաքի եւ հարսանեկան տօնախմբութեան տեսարաններուն հետ՝ ստեղծելով մարդու եւ բնութեան անքակտելի կապի անմահ ներբող մը։ Յայտագիրը եզրափակուեցաւ «Վերջը» (1992) կարճ ժապաւէնով, որ խորհրդային կարգերու փլուզման շրջանին Մոսկուայէն Երեւան սլացող գնացքի մէջ նկարահանուած մարդկային դէմքերու խոհական համայնապատկեր մըն է։ Լուռ, անխօս, բայց խորախորհուրդ աչքերով նայող ճամբորդներու դէմքերը Փելեշեանի պաստառին վրայ կը դառնան պատմական մեծ դարաշրջանի մը անկման եւ անորոշութեան ականատեսը։ Ինչպէս Էկոյեան նշած էր իր խօսքին մէջ, Փելեշեանի այս համառօտ վիպերգութիւնները միաժամանակ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի ամենէն կարեւոր պատմական վաւերագրերն են, ուր հողին կապուած աւանդական կեանքը կը հանդիպի արդիւնաբերական դարու արհեստագիտական ճնշող իրականութեան հետ։ Այս բացառիկ վերականգնումը, որ իրականացուեցաւ Եւրոպայի Coproduction Office-ի եւ Իտալիոյ Cineteca di Bologna-ի համատեղ ջանքերով՝ անձամբ 88-ամեայ վարպետին ղեկավարութեամբ, մշակութային մեծ նուէր մըն է համաշխարհային ժառանգութեան։ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան մէջ պահպանուած բնօրինակ ժապաւէններու 4K թուայնացումէն ետք, Պոլոնիայի L’Immagine Ritrovata հանրայայտ տարրալուծարանին մէջ կատարուած գունային եւ ձայնային ճշգրիտ մշակումը հնարաւորութիւն տուաւ վերականգնելու այս գործերուն նախնական պայծառութիւնն ու խորութիւնը։ Թորոնթոյի մէջ կայացած այս ցուցադրութիւնը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ Արտավազդ Փելեշեանի լուռ, բայց կշռոյթով ու լոյսով հարուստ արուեստը սահմաններ չի ճանչնար եւ կը մնայ հայկական հանճարի ամենէն ինքնատիպ նուաճումներէն մէկը շարժապատկերի համաշխարհային գանձարանին մէջ։ ֍ Լուսանկարը՝ PAN.am-ի:


28

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ԿԱՐԾԻՔ

OPINION

Համով պաղպաղակ, անհամ «Բարբարակ» տառացի տառադարձութեան տառապանքը Ռուբէն Ճանպազեան 1988 թուականին Ֆրանսայի Սէն Թրոփէ նշանաւոր ծովափնեայ աւանին մէջ հայազգի Հերի Թէնէքէճեան հիմնադրեց պաղպաղակի խանութ մը, որ շուտով պիտի դառնար Ֆրանսական ռիվիերայի ամենէն սիրուած անկիւններէն մէկը։ Իբրեւ ապրանքանիշ-անուն՝ ան ընտրեց իր ժողովուրդի լեզուի ամենէն պարզ ու բնական բառը՝ «պաղպաղակ»-ը. զայն ձեւաւորեց ֆրանսերէնի եւ արեւմտահայերէնի հնչիւնական խաչմերուկին վրայ։ Քանի որ արեւմտահայերէնի երկաստիճան բաղաձայնական համակարգին մէջ խուլ «պ»-ն կը հնչէ իբրեւ ձայնեղ b, կոկորդային «ղ»-ն կատարելապէս կը համընկնի ֆրանսերէնի քմային r-ին ([ʁ]), իսկ վերջին «կ»-ն՝ c տառին, ֆրանսական տառերով ծնունդ առաւ «Barbarac» անուանումը։ Տեղացի ֆրանսացիին կամ եւրոպացի զբօսաշրջիկին համար անիկա հետաքրքրական, տարաշխարհիկ անուն մըն է. արեւմտահայախօսերուն համար՝ ինքնատիպ ու հարազատօրէն ժպիտ առաջացնող «պաղպաղակ»-ը։ Ահաւասիկ սփիւռքեան մշակութային ճկունութեան հիանալի օրինակ մը. սեփական ինքնութիւնը ոչ-հայ միջավայրին կը ներկայացուի առանց զայն թարգմանելու կամ փոխելու, այլ՝ լեզուական նուրբ խաղով մը։ Տասնամեակներ ետք այս նոյն հաստատութիւնը իր առաջին մասնաճիւղը կը բանայ Երեւանի մէջ, եւ ահա թէ ո՞ւր տեղի կ'ունենայ վարչական մեքենականութեան, անբաւարար լեզուական գիտակցութեան եւ մշակութային խզման դառն զաւեշտը... Այստեղ պէտք է խոստովանիմ, որ պաղպաղակը չափազանց լուրջի կ'առնեմ: Ծնողքս տարիներ շարունակ պաղպաղակի քանի մը մասնաճիւղեր կը վարէին, եւ մանկութեանս մէկ կարեւոր մասը անցած է սենեակաչափ սառցարաններու մէջ, վաճառասեղանի մը ետեւ յաճախորդներ սպասարկելով եւ՝ ամէն անգամ, որ նոր համ մը խանութ մտնէր՝ ինքզինքս անոր «պաշտօնական համտեսողը» հռչակելով։ Ընդհանրապէս, ուտելիքի նկատմամբ բաւական անտարբեր եմ. նուրբ քիմք կամ զարգացած ճաշակ չունիմ: Ճիշտ է, ուտելը շատ (եւ շատ ուտելը) կը սիրեմ, բայց ինծի համար կերակուրը զուտ սնուելու միջոց մըն է. կերակուրի հանդէպ երբեք քմահաճ չեմ եղած: Սակայն պաղպաղակի պարագային՝ ամէն ինչ կը փոխուի. անոր հանդէպ վերջին ծայր բծախնդիր եմ, եւ իսկապէս որակաւոր կամ անորակ պաղպաղակը հեռուէն կրնամ զանազանել: Ուստի եթէ աշխարհիս վրայ կայ բան մը, որ հարազատ լեզուէս ալ աւելի (կամ առնուազն անոր չափ) կը սիրեմ, անիկա համով պաղպաղակն է… Վերադառնանք բուն նիւթին. Հայաստանի Հանրապետութեան «Լեզուի մասին» օրէնքն ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կանոնակարգերը իրաւացիօրէն կը պահանջեն, որ հանրային ցուցանակներու վրայ օտար անունները ունենան պարտադիր հայերէն գրառում։ Սակայն խնդիրը կը պայթի այն պահուն, երբ գործի կը լծուի Հայաստանի պաշտօնական տառադարձական չափանիշը։ Կիրարկուող մեթոտաբանութիւնը ոչ թէ բովանդակային կամ ստուգաբանական է, այլ կոյր, տառ-առ-տառ ֆորմիւլա մը. լատինատառ B-ն

անվերապահօրէն պէտք է դառնայ Բ, R-ը՝ Ր կամ Ռ։ Ոչ ոք կանգ կ'առնէ հարցնելու անունին ծագումը, շրջարկն ու պատմութիւնը (մինչդեռ կարելի է մէկ հպումով մտնել ընկերութեան պաշտօնական կայքէջը եւ կարդալ գրուած բացատրութիւնը՝ «Barbarac («glace» en arménien)»՝ այսինքն՝ «Barbarac (պաղպաղակ՝ հայերէնով)»). եւ Երեւանի սրտին մէջ հպարտօրէն կը յայտնուի անհեթեթ ու անհամ (բառախաղ չէ՛ ըրածս) «ԲԱՐԲԱՐԱԿ»-ը։ «Բարբարակ»... Արդեօք «բա՞ր»-ն է բարակ (երեւանեան ցուցափեղկերէն ծանօթ մեր գինէ/գարեջրատո՞ւնն է (bar) նիհարցեր). կամ բարակ «բառ»-ը տառասխալո՞վ գրուած է... (ահաւասիկ բառախաղերը): Լաւ, լրջանա՛նք. տառադարձական խիստ ուղեցոյցներ, անշուշտ, անհրաժեշտ են եւ մեծապէս օգտակար՝ փաստաթղթային քաոսը կանխելու եւ օտար անունները հանրային դաշտին մէջ համակարգելու համար։ Բայց երբ կանոնը կը կիրարկուի իբրեւ կոյր արգելք՝ զուրկ լեզուաբանական տարրական բանականութենէ եւ ստուգաբանական զտիչէ, անիկա ինքնաբերաբար կը վերածուի ինքնախաբէութեան։ Պետական վարչարարութիւնն ու ցուցանակը հաստատող մարմինները Barbarac-ը դիտեցին իբրեւ բացարձակապէս օտար, հաւանաբար փրովանսական կամ կելտական եզրոյթ մը (չէ որ իրենք կը գործածեն -ac/-ec մասնիկները)՝ բնաւ չկռահելով, որ իրենց դիմաց՝ պետականօրէն հայախօս երկրի մը մայրաքաղաքին մէջ կանգնած է հայերէն, հասարակութեան մէջ յաճախ գործածուող, հասարակ բառ մը։ Բայց մեղքը միայն պետական «չինովնիկ»-ի (պետական պաշտօնեայ) վիզը փաթթելն ալ արդար չէ. պատասխանատուութեան բաժին մը կը ծանրանայ նաեւ ընկերութեան տիրոջ եւ կամ Երեւան բերող տեղացի գործարարներուն եւ տնօրէնութեան վրայ։ Կա՛մ իրենք եւս նոյնքան անտեղեակ էին իրենց ծախած պաղպաղակին ինքնութենէն, կա՛մ ալ ցուցաբերեցին ծայրայեղ անտարբերութիւն ու ծուլութիւն՝ գերադասելով գլուխ չցաւցնել պատկան մարմինին հետ եւ առանց առարկութեան արտօնել լեզուական այս անհեթեթութիւնը։


29

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

OPINION

ԿԱՐԾԻՔ Փոխանակ բառը ճանչնալու եւ զայն վերականգնելու իր բնական հայկական կերպարանքով՝ «Պաղպաղակ» գրելով, ստեղծուեցաւ լեզուական անհեթեթ նորաբանութիւն մը, որ հայերէնի մէջ ոչ մէկ իմաստ ունի (բացի հաւանաբար «բարբարոս» արմատի տհաճ ու պատահական արձագանգէն): Դեռ խանութը պաշտօնապէս դռները չբացած, երբ լսեցի (եւ ուրախացայ), որ ֆրանսահայ խանութը մուտք պիտի գործէր Հայաստան՝ արդէն տառադարձութեան ճակատագրական աղէտը կը կանխազգայի։ Ընկերներուս հետ կը կատակէի ու գրաւ կը բռնէի, թէ տեսնես «մերինները» ինչպիսի՜ սարսափելի՛, ահռելի՜ տառադարձութեամբ այս անունին «մուխը պիտի մարեն»։ Եւ աւա՜ղ, կանխատեսումս չափազանցութիւն չէր: Անշուշտ որ այս դրուագը սոսկ մէկ խանութի ցուցանակի թիւրիմացութիւնը չէ. բնականաբար, տառադարձական այս բթամտութիւնը ու տառացի կարծրամտութիւնը արդէն վաղուց է, որ ջիղերս իրար կ'անցնէ ու աչքս կը ծակէ մեր սիրելի մայրաքաղաքին մէջ։ Բայց անիկա նաեւ օրինակ մըն է աւելի խորունկ ճեղքի մը՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ լեզուամտածողութիւններու միջեւ։ Թէեւ ՀՀ սահմանադրութիւնը հայերէնը կը հռչակէ պետական լեզու՝ առանց որեւէ ճիւղային խտրականութեան, գործնականին մէջ պետական եւ վարչական ամբողջ մեքենան կառուցուած է բացառապէս արեւելահայերէնի եւ խորհրդային շրջանի (յետ-)աբեղեանական՝ «բարեփոխուած» ուղղագրութեան վրայ։ Արեւմտահայերէնի հնչիւնական օրինաչափութիւնները, նրբութիւններն ու անոր երկաստիճան բաղաձայնական համակարգը պետական գրասենեակներուն համար մնացած են անծանօթ ու անհասկնալի տարածք։ Ուղեցոյց մշակողներուն համար արեւմտահայ(երէն) իրականութիւնն ու սփիւռքեան մշակոյթը պարզապէս դուրս են տեսադաշտէն, կարծես անոնք կը պատկանին այլ ազգի մը։ Նոյն այս մեքենական կարծրամտութիւնն է պատճառը, որ արեւմտահայախօսը կամ Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայը Երեւանի մէջ մինչեւ օրս պաշտօնական մակարդակով կը բախի այն նուաստացուցիչ պնդումին, թէ ինք «տառասխալով ա գրում իրա անունը», կամ թէ իր գործածած մաշտոցեան դասական ուղղագրութիւնը թերութիւն է։ Անձամբ ականատեսն ու «զոհն» եմ եղած այս զաւեշտին. քանի մը տարի առաջ, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ Աստուած գիտէ թէ այլ ինչերու այդ գեր-նախարարութեան մէջ պաշտօնեայ մը ամենայն լրջութեամբ ինծի յայտնեց, որ անունս «տառասխալով» կը գրեմ։ Այո՛, երկրի կրթութեան եւ մշակոյթի գլխաւոր գրասենեակին մէջ աշխատող մարդը կեանքին մէջ բնաւ չէր լսած «դասական» կամ «մաշտոցեան/մեսրոպեան» ուղղագրութեան մասին (կ'երեւի այդ միաձուլուած հսկայ համակարգին մէջ այդ օրը «սպորտ»-ի (մարզական) բաժինը շատ զբաղած էր, իսկ մշակոյթին ուղղակի հերթ չէր հասած)... Երբ պետական մարմինները չունին լեզուական այնպիսի հասունութիւն, որ ճանչնայ սեփական մշակոյթի մէկ կարեւոր թեւը, անխուսափելի կը դառնայ, որ օտարացած տառը յաղթէ կենդանի իմաստին։ Ի վերջոյ, լեզուն միայն գրասենեակային կանոններու եւ տառադարձական աղիւսակներու համախումբ չէ, այլ ազգային ինքնագիտակցութեան կենդանի անօթը։ Ցուցանակի «ԲԱՐԲԱՐԱԿ»-ը միայն առեւտրական վրիպում մը չէ, այլ նաեւ ահազանգ մը, որ առանց լեզուական երկու ճիւղերու իրական երկխօսութեան, առանց փոխադարձ յարգանքի եւ լեզուական լայնախոհութեան՝ մենք դատապարտուած ենք մեր իսկ հարազատ բառերը մեր իսկ մայրաքաղաքին մէջ կարդալու իբրեւ անհասկնալի օտարութիւն։ Ժամանակն է հասկնալու, որ նոյն բաժակին մէջ մատուցուող պաղպաղակի համով երկու գնդիկները իրարու չեն խանգարեր, այլ կը լրացնեն զիրար. չես կրնար մէկը համտեսել՝ միւսը իբրեւ անպէտք բան մէկ կողմ հրել: Այդպէս պաղպաղակը կը հալի: Տառադարձական ամենէն կատարեալ աղիւսակն անգամ երբեք չի կրնար փոխարինել պարզ տրամաբանութեան եւ սեփական արմատները ճանչնալու տարրական գրագիտութեան։ Այլապէս, որքան ալ պաղպաղակը համով ըլլայ, պաշտօնական գրասենեակներուն մէջ պատրաստուած այս լեզուական խեղաթիւրումն ու մեր երկու հատուածներուն միջեւ տիրող փոխադարձ անտեղեակութիւնը բերնիս մէջ միշտ դառն յետհամ մը պիտի ձգեն… ֍ Լուսանկարները՝ «Թորոնթոհայ»-ի:

Խմբագրութեան կողմէ

«Թորոնթոհայ»-ը պատասխանատու չէ իր էջերուն մէջ լոյս տեսած ծանուցումներու բովանդակութեան: Հրատարակութեան մէջի ներկայացուած կարծիքներն ու տեսակէտները հեղինակներունն են. «Թորոնթոհայ»-ի խմբագրութիւնը անպայման չի բաժներ զանոնք: Հրատարակութեան մասնակի կամ ամբողջական վերարտադրութիւնը առանց հրատարակիչին կամ խմբագիրին գրաւոր արտօնութեան արգիլուած է: Մեզի յղուած բոլոր թղթակցութիւններն ու այլ գրութիւնները ենթակայ են որոշ խմբագրութեան:

From the editor

Torontohye does not necessarily endorse or evaluate the products, services, or companies advertised. The opinions expressed in this publication are those of the authors. They do not purport to reflect the opinions or views of Torontohye. The reproduction of the material contained in this publication may be made only with the written permission of the publisher or editor. All submissions are subject to editing for space, style, and clarity.

METRAS

SHIPPING & FORWARDING INC. 2175 Sheppard Ave. E. Suite 215 Toronto ON Tel.: 416-497-0377 Fax: 416-497-0783 info@metrasshipping.com www.metrasshipping.com

ud Pro sor n spoof on h t tel2e026

Your Most Reliable Transportation Partner To/From Armenia & Worldwide • Ocean, Air & Land International Transportation • Door to Door Services Available • 20', 40', LCL and Break-Bulk • Insurance Coverage • Export Documentation, Letters of Credit Handling and Banking Negotiations • Dedicated Agency Network Worldwide


30

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ՍԻՒՆԱԿ

COLUMN

ՏԻՐՈՒԿԻՆ ՀԵՏ | Հեռաձայնին եւ համացանցին կապանքներուն մէջ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան Կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակի մը մէջ, ուր նորութիւնները մեզմէ աւելի արագ կը վազեն։ Հազիւ նոր բան մը սորվինք, արդէն ուրիշ մը շատոնց յայտնուած կ՚ըլլայ։ Մինչեւ մենք՝ չափահասներս, հասկնանք նոր սարքի մը գործածութեան ձեւը, նորահաս սերունդը արդէն անոր յաջորդ տարբերակը կը գործածէ եւ շատ բնական կերպով «Ասիկա հի՛ն է», կ՚ըսէ։ Հին է՜... քանի մը օր առաջ յայտնուած բանը ինչպէ՞ս հինցաւ։ Երբեմն կը կարծեմ, թէ մենք արդիականութեան ետեւէն վազող մարզիկներ ենք, մինչդեռ մրցավազքը արդէն իսկ սկսած է՝ առանց մեզի սպասելու։ Մինչ մենք կը փնտռենք սեղմելիք ճիշտ կոճակը, երիտասարդները հոն ձուկի պէս կը լողան եւ նոյնիսկ ամբողջ համակարգ մը կրնան փոխել։ Երկու շաբաթ առաջ այս ամբողջ պատմութեան մասին անձնական փորձառութիւն մը ունեցայ։ Երիկամունքի զօրաւոր ցաւ ունեցայ։ Երկու օր դիմացայ՝ յուսալով, որ պիտի անցնի, բայց ցաւը կարծես ուրիշ ծրագիր ունէր եւ որոշած էր երկար ժամանակ հետս մնալ։ Ուստի շտապեցի շտապ օգնութեան բաժին։ Անձնական տեղեկութիւններս եւ առողջական վիճակս ներկայացնելէ ետք, ամուսինիս հեռաձայնի թիւը եւս տուի՝ որպէս առաջին կապ․ սակայն այդ զօրաւոր ցաւերուս մէջ հեռաձայնս գետին ինկաւ ու հակառակ պաշտպանիչ պատեանին՝ պաստառը կոտրուեցաւ։ Առաջին մտածումս՝ «Հիմա ամուսինս պիտի զանգէ ու հեռաձայինին անհասանելի ըլլալուն պատճառով աւելի պիտի մտահոգուի, պէտք է անոր տեղեկացնեմ, որ հեռաձայնս հոգին աւանդեց», եղաւ։ Ու հո՛ն էր ամբողջ ողբերգակատակերգութիւնը՝ ամուսինիս հեռաձայնի թիւը գոց չէի գիտեր։ Ես, որ մանկութեանս գոց սորված` մեր տան հեռախօսի թիւը, ինչպէս նաեւ հօրաքրոջս, մօրաքրոջս, մեծմօրս եւ գրեթէ բոլոր ազգականներուս հեռաձայնի թիւերը մինչեւ այսօր կը յիշեմ, հիմա՝ իմ ամուսինիս թիւը չէի կրնար յիշել։ Հեռաձայնս գիտէր թիւը, իսկ ես՝ ոչ։ Գացի քարտուղարին մօտ, թուղթի մը վրայ գրել տուի թիւը եւ սպասման սրահին մէջ գտնուող անձերէն մէկուն հեռաձայնով զանգեցի իրեն։ Այդ հարցը լուծուեցաւ, բայց առջեւս ուրիշ փորձութիւն մը կար՝ վեց ժամ սպասում։ Վեց երկա՜ր ժամեր։ Այսօրուան մարդուն համար վեց ժամ առանց հեռաձայնի, գրեթէ աքսորուելու նման բան մըն է։ Գիրք մը չունէի մօտս, թուղթ ու մատիտ ալ չկար՝ նոր բան մը գրելու, արդէն հեռաձայնս «մեռած» էր, իսկ ցաւերս ալ՝ սաստկացած։ Առանց համացանցի այդ աքսորի ճանապարհին վրայ պիտի չկարենայի երկար դիմանալ։ Եւ հոն մտածեցի, թէ մենք որքանո՜վ կապուած ենք այս փոքրիկ, երբեմն «անպիտան» նկատուող գործիքին։

«Քիչ վերջ Յովիկը կը հասնի, բայց այս հսկայ հիւանդանոցին մէջ ինչպէ՞ս պիտի գտնէ զիս։ Քիչ մը սպասեմ, թերեւս ուրիշ բաժին փոխադրեն զիս, յետոյ մէկու մը հեռաձայնով դարձեալ կը զանգեմ․․․ քիչ մը սպասեմ», մտածեցի ու միտքս գնաց անցեալ՝ բջիջային հեռաձայնի գոյութենէն առաջուան շրջան։ Այդ ժամանակ ժամադրուիլն ու նոյնիսկ սպասելը ուրիշ ձեւ ու եղանակ ունէին։ Ժամադրութիւն մը կու տայինք եւ ճիշտ ժամուն հոն կ՚ըլլայինք, այլապէս ուշանալու պարագային դիմացինը կրնար հեռանալ, եւ մենք իրար կորսնցնէինք։ Չկար՝ «Ո՞ւր ես», «Քանի՞ վայրկեանէն կը հասնիս», «Ես հոս եմ», «Դուն ո՞ւր ես» հաղորդագրութիւններու անվերջ շարքը։ Պայմանաւորուած տեղն ու ժամը գրեթէ խոստումի մը պէս կը պահուէին։ Իսկ հիմա՞․․․հիմա մինչեւ տեղ հասնիլը հազար անգամ կրնանք մեր որոշումը փոխել։ Կ՚ուշանանք՝ կը հեռաձայնենք, ճամբան կը փոխենք՝ քարտէսը մեզի կը փրկէ, երբ չենք գիտեր, թէ ո՛ւր ենք՝ հեռաձայնը գիտէ։ «Բջիջային փոքրիկ գործիք մըն է» ըսելով մի՛ անցնիք։ Այո՛, ան իր քաշողական ուժով երբեմն մեր ժամանակը կը խլէ, բայց եւ այնպէս անոր բարիքները անթիւ են ու անհամար ։ Մէկ կոճակի սեղմումով մեր առջեւ կը բացուին գրականութիւն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, բժշկութիւն, գիտութիւն, երաժշտութիւն եւ բազմաթիւ այլ նիւթեր։ Անով՝ հեռաւորութիւնը կարծես մօտեցած է, իսկ աշխարհը՝ մեր գրպանին մէջ տեղաւորուած։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէս ժամանակին հանրագիտարանները գրադարաններու ամենակարեւոր բաժիններէն մէկը կը կազմէին։ Հայաստանէն բերուած հանրագիտարանի մեծ, ծանր, կանաչ հատորները իրենց պատկառելի ներկայութեամբ կարծես կը սպասէին, որ մէկը մօտենայ եւ իրենց էջերը թերթատէ։ Մեր տունն ալ, հօրս ընթերցասիրութեան եւ հայոց պատմութեան հանդէպ ունեցած մեծ սիրոյն շնորհիւ, կը յորդէր գիրքերով։

Հանրագիտարաններու կողքին կային «Ի՞նչ է, ո՞վ է» մանկական հանրագիտարանները եւ Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակած Հայոց պատմութեան հատորները։ Դպրոցական յանձնարարութիւններուս համար այդ գիրքերուն օգնութեանը կը դիմէի։

Կը յիշեմ հինգերորդ դասարանի հայոց լեզուի ուսուցչուհիս՝ տիկին Արուսեակը, որ մեծկակ տետրակի մը մէջ մեզի բանաստեղծներու եւ գրագէտներու նկարները՝ ու անոնց նշանաւոր գործերը տեղադրել յանձնարարած էր։ Այդ նկարները գտնելը այսօրուան պէս դիւրին չէր։ Հալէպի «Կար տը Պաղտատ» թաղամասին մէջ նշանաւոր գրադարան մը կար։ Մօրս հետ հոն գացինք՝ Սիամանթոյի եւ Վարուժանի նկարները գնելու, բայց չգտանք։ «Կիլիկիա» գրատունը տակաւին չկար, իսկ «Պէքարեան» նշանաւոր գրատունը մեր տունէն շատ հեռու էր․ հոն ալ գացինք, փնտռեցինք, բայց դարձեալ չգտանք։ Ի վերջոյ ես սկսայ հանրագիտարանը պրպտել եւ հոն տեղադրուած դիմանկարներուն նայելով՝ հայ հեղինակներուն դիմանկարները ինքս գծեցի տետրակիս մէջ։ Ուսուցչուհիս գնահատեց աշխատանքս։


31

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ՍԻՒՆԱԿ Այն ատեն ամէն ինչ ջանք կը պահանջէր։ Տեղեկութիւնը գտնելու համար պէտք էր փնտռել, կարդալ, հարցնել, պրպտել, երթալ, ճամբայ չափել, վերադառնալ եւ երբեմն ալ՝ չգտնելով՝ սեփական հնարամտութեամբ լուծում մը գտնել։ Իսկ հիմա՞․․․հիմա մարդը իրմէ աւելի խելացի բան մը ստեղծած է՝ արհեստական բանականութիւնը, որ մեր ուզած տեղեկութիւնը գրեթէ մէկ ակնթարթով մեր ոտքերուն առջեւ կը փռէ։ Հարց կու տաս՝ կը պատասխանէ, խնդրանք մը կ՚ըսես՝ կը փորձէ օգնել։ Ան նոյնիսկ ոմանց համար դարձած է ընկեր

ու խօսակից։ Նորելուկ երիտասարդները երբեմն ժամերով կը հաղորդակցին անոր հետ եւ տունը նստած՝ կը խեղդուին անոր բարիքներու ալիքներուն մէջ։ Այս ամէնը դրակա՞ն է, թէ՞ բացասական։ Ո՞վ գիտէ։ Գիտեմ որ կեանքին եւ մարդկային յարաբերութիւններուն նախկին համն ու հոտը կարծես քիչ մը փոխուած են։ Այսօր կրնանք տեսնել հետեւեալ հետաքրքրական՝ միեւնոյն ժամանակ տհաճ տեսարանը. մէկ սենեակի մէջ չորս հարազատներ միասին նստած՝ չորս մարմին, չորս հեռաձայն եւ դժբախտաբար՝ չորս տարբեր աշխարհ։ Անոնցմէ մէկը հաղորդագրութիւն կը գրէ, միւսը՝ տեսանիւթ կը դիտէ, երրորդը՝ ընկերային ցանցերուն մէջ կը շրջի, չորրորդը՝ խաղ մը կը խաղայ։ Մարմնով բոլորը հոն են, բայց մտքով՝ ոչ ոք։ Մէկը բան մը կը պատմէ, դիմացինը կը

COLUMN պատասխանէ՝ «Հը՞... ի՞նչ ըսիր»։ Կրկին կը պատմէ։ «Ահա՜, այո՛, այո՛», կը պատասխանէ, բայց ան արդէն ոչ մէկ բառ լսած է։ Կ՚ըլլայ նաեւ, որ ընտանիքի անդամները միասին սեղան նստին, բայց սեղանին վրայ ուտեստներէ աւելի շատ հեռաձայններ ըլլան։ Մէկը ճաշը կը նկարէ, ուրիշ մը նկարը ընկերային ցանցին վրայ կը տեղադրէ, երրորդ մը կը կարդայ, թէ ուրիշները ի՛նչ կարծիք յայտնած են, եւ մինչեւ բոլորը վերջացնեն իրենց զբաղումները՝ ճաշը արդէն պաղած կ՚ըլլայ։ Կը հանդիպինք բարեկամի մը հետ, բայց հանդիպումին կէսը կ՚անցընենք լուսանկարներ առնելով, զանոնք տեղադրելով եւ ուրիշներու մեկնաբանութիւններուն հետեւելով։ Երբեմն կը մոռնանք պահը ապրիլ, որովհետեւ չափազանց զբաղած ենք զայն արձանագրելով։ Է՜հ, Հեռաձայնը կրնայ մեզմէ հեռու գտնուող մարդուն մօտեցնել, բայց մեր կողքին գտնուող մարդէն հեռացնել։ Թերեւս այս է ամբողջ խնդիրին ամենախոր հակասութիւնը։ Մենք ստեղծեցինք միջոցներ, որպէսզի մարդիկ իրարու մօտենան, եւ հիմա պէտք է զգուշ ըլլանք, որ անոնք մեզ իրարմէ չհեռացնեն։ Ես ալ, հակառակ այս բոլոր մտածումներուս, իմ գործերուս մէջ կը գործածեմ հեռաձայնը, համացանցը եւ արհեստական բանականութիւնը։ Անոնք այսօր անհերքելիօրէն անհրաժեշտ են, եւ առանց անոնց շատ մը գործեր կիսատ կը մնան։ Աշխատանք, նամակներ, տեղեկութիւններ, վճարումներ, բժշկի ժամադրութիւններ, ճամբորդութիւններ, քարտէսներ, հարազատներու հետ կապ... ամէն ինչ քիչ մը կապուած է անոնց։ Հիմնական խնդիրը հեռաձայնը, համացանցը եւ կամ նոյնիսկ արհեստական բանականութիւնը չէ։ Խնդիրը մեր յարաբերութիւնն է անոնց հետ։ Մենք պէտք է գործածենք զանոնք, բայց առիթ չտանք, որ անոնք մեզ գործածեն։ Այս բոլորը կը մտածեմ եւ մտքիս մէջ կը տեղաւորեմ, որ տուն երթալուս պէս հեզասահ ընթացքով գրութիւնս շարադրեմ։ Կը մտածեմ, որ թերեւս պէտք է երբեմն հեռաձայնը մէկ կողմ դնել եւ կրկին սորվիլ սպասել, ձանձրանալ, լռել, մտածել, գիրք կարդալ, պատուհանէն դուրս նայիլ եւ լռութիւնը վայելել։ Երբեմն լռութեան մէջ է, որ մեր ամենագեղեցիկ միտքերը կը ծնին, երբեմն ձանձրոյթը ստեղծագործելու առաջին քայլն է ու երբեմն ալ անջատուած հեռաձայնը՝ մեր բնականոն կեանքին կը վերադարձնէ մեզ։

Հիմա ձեզի պատմեմ նոր հեռաձայնիս պատմութիւնը։ Ուրեմն, վերջապէս ամուսինս հասաւ եւ երկար փնտռտուքէ ետք զիս գտաւ։ Փառք Աստուծոյ, երիկամունքիս քարը դուրս ելլելու ճամբան գտած էր, եւ ես սկսած էի լաւ զգալ։ «Լաւ որ եկար, առանց այս անպիտան գործիքին՝ տուն վերադառնալու ճամբան նոյնիսկ չեմ գիտեր»։ Հիւանդանոցէն ելլելէն ետք, սակայն, նախքան դեղարան երթալը ո՞ւր շտապեցինք. անշուշտ, հեռաձայնի վաճառքի կեդրոն։ Նոր հեռաձայն մը պէտք էր՝ առինք։ «Ահա՛, վերջապէս գլխացաւս վերջ գտաւ», այդպէս մտածեցի, բայց ո՛չ՝ պարզապէս իր տեսակը փոխեց։ Էլեկտրոնային հասցէներու մոռցուած գաղտնաբառերը, նոր գաղտնաբառեր ստեղծելը, հին տեղեկութիւնները նոր հեռաձայնին մէջ տեղադրելը, նոր սարքին գործածութեան ձեւերը սորվիլը... ամէն մէկը առանձին փոքրիկ փորձութիւն մը դարձաւ։ Եւ ես այս բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու համար, բնականաբար, դարձեալ երիտասարդներուն դիմեցի։ Կը զարմանամ, թէ անցեալին ինչպէ՞ս կ՚ապրէինք առանց այս հնարքներուն։ Թերեւս այսօր առանց անոնց մենք կրնանք դիմանալ, բայց արդեօք մեր զաւակները պիտի կարենա՞ն շնչել։ Ահա՛, ճիշտ այդտեղ պիտի սկսի նորագոյն արկածը։ Վերջերս աշակերտուհիներէս մէկը ինծի պատմեց, որ մարդոց հետ խօսելու փոխարէն, արհեստական բանականութեան հետ կը զրուցէ, անոր հարցեր կ՚ուղղէ, խորհուրդ կը հարցնէ եւ նոյնիսկ անոր ընկերակցութիւնը կը փնտռէ։ «Մարդիկ չար են ու յետին նպատակներ ունին, իսկ AI-ը անկեղծ ու ճշմարտախօս է, այդպէս չէ՞», կը կրկնէ ան։ Երկա՜ր մտածեցի ու այս հարցումին պատասխան մը չգտայ, մանաւանդ երբ այսօր շատեր ազնուութեան ու պարկեշտութեան շուքին տակ քալելու կը սոսկան։ Այդ գործիքին ու մեր միջեւ գոյացած կապը կարծէք անքակտելի է։ Թերեւս ալ հեռաձայնը չէ, որ մեզ կը կապէ, այլ մենք ենք, որ ամէն օր աւելի ամուր կը կապուինք անոր, ու ամենազաւեշտալին այն է, որ եթէ օր մը որոշենք այս կապանքները կտրել, առաջին բանը, որ պիտի ընենք, դարձեալ հեռաձայնը պիտի բռնենք ու համացանցէն՝ «Ինչպէ՞ս ազատիլ հեռաձայնի կախուածութենէն», գրենք։ Իսկ պատասխանը, անշուշտ, անմիջապէս պիտի գայ ու ըսէ՝ «Պարզապէս անջատեցէ՛ք ձեր հեռաձայնը»։ ֍ Պատկերը ստեղծուած է արհեստական բանականութեամբ:

հայ թերթը ընկերն է հայ տան


32

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ՍԻՒՆԱԿ

COLUMN

ԻՄ ՊՐԻՍՄԱԿԷՍ | Տեղեկատուական hոսքի առատութիւնը՝ բարի՞ք է, թէ չարիք

Ժան Հալլաճեան

Ճիշտ որոշում մը՝ սակայն յապաղած, աւելի կործանարար հետեւանքներ կ’ունենայ՝ քան սխալ որոշումի մը ազդեցութիւնը:

Երբ կը հետեւէի արաբ հասարակական հարցերու մեկնաբանի մը բացատրութիւններուն, կապուած տեղեկատուական աշխարհի հետ իր խորհրդածութիւններուն, արծարծուած նիւթի շահեկանութիւնը զիս մղեց, որ իմ պրիսմակէս մեր հասարակութեան ներկայացնեմ կարգ մը ընդգծուած մտածումներ՝ մանրամասնելով արդի ժամանակներու տեղեկութիւններու հաւաքագրման եւ յատկապէս անոնց քաղաքական ակնոցէ դիտուած արագ հոսքի խնդիրը՝ համապատասխան արագ որոշումներ գոյացնելու երեւոյթին առաջ կանգ առնելով: Այսպէս, վաղ ժամակներուն քաղաքական որոշումներ կայացնելը շատ դժուարին կը թուար, սակայն միեւնոյն ժամանակ աւելի հեշտ էր տուեալներու տեսակէտէն, երբ որոշում մը կայացնելու տուեալները այդքա՜ն ալ առատ չէին, որ առաջացնէր շփոթ եւ տատանում: Այսօր, կ’ապրինք արագընթաց եւ ակնթարթային յորդառատ տեղեկատուութիւններու հոսքի ժամանակ մը: Այսօր տեղեկատուական ծանրաբեռնուածութիւնը մեր արագընթաց աշխարհին մէջ աճող մտահոգութիւն մը դարձած է: Առ այդ, մեր մատներու վրայ հասանելի տեղեկատուութեան պայթիւնին հետ, զարմանալի չէ, որ յաճախ կը գտնուինք ճնշուած ու լարուած վիճակներու մէջ: Հետեւաբար, արդի ժամանակներուն տուեալներու քանակը ահազդու ըլլալու աստիճան ճնշիչ հանգամանք ունի՝ անոնց աղբիւրներու բազմազանութեամբ, տուեալներու ճոխութեամբ ու մեկնաբանութիւններու պերճութեամբ: Հետեւաբար, կտրուկ որոշում առնելու պահը աւելի դանդաղ կ’ընթանայ եւ տատանումը եւ երկմտութիւնը, իւրայատուկ երեւոյթ կը դառնայ որոշումներ ձեւակերպողներու մօտ, յատկապէս քաղաքական որոշումներու գործընթացը, որուն պատճառաւ կը հանգուցուին խճճուած թնճուկային վիճակներ: Որոշումներ կայացնելու նմանօրինակ դժուար ընթացք մը, նոյնի՛սկ յուսահատեցնող կացութիւններու առջեւ կը ձգէ համապատասխան մարմիններ ու գործիչներ: Ոմանք, չափազանց ժամանակ վատնելով տեղեկատուութիւն հաւաքելու աշխատանքին վրայ, կը մատնուին խառնակ վիճակի, առաջնորդելով իրենց սեփական քայլերը կասկածանքի հունաւորմամբ, ինչ որ կը յանգեցնէ անվճռականութեան, անգործութեան եւ մշուշապատ մթնոլորտի: Տատանման երեւոյթը արհեստագիտական դժուարութիւններէ չի բխիր, այլ՝ հոգեբանական եւ տեսչական ազդակներէ: Որքան ձեռք ձգուին յաւելեալ տեղեկութիւններ, աւելի կ’աճի որոշում գոյացնող մարմիններու եւ անձնաւորութիւններու սխալելու հաւանականութիւնը, որ պատճառ կը դառնայ որոշումներ չկայացնելու ճիշտ պահուն կամ տուն տալով անոնց յապաւումին: Հետեւաբար, տեղեկատուութեան մշտական առատ հոսքին պատճառաւ դժուար կը դառնայ զատորոշել կարեւորը ոչ կարեւորէն՝ յանգեցնելով ճանաչողական կարողութեան նուազման, որ կը դժուարացնէ տեղեկատուութեան արդիւնաւէտ մշակումն ու վերլուծութիւնը, յատկապէս քաղաքական կեանքին մէջ: Այսպիսով, քաղաքական այրեր եւ առնչակից մարմիններ աւելի հակուած կ’ըլլան ապրելու «վերլուծական կաթուած»ի բնորոշիչ կացութիւն, որ կը յանգեցնէ դատողութեան խանգարման եւ հիմնաւորուած որոշումներ կայացնելու անկարողութեան: Որոշում կայացնելը սոսկ իրազեկ ըլլալու խնդիր չէ, այլ պատասխանատուութեան եւ բարդ ու մանրակրկիտ հաշուարկներու խորին վերլուծութիւն, տեղեկութիւններու զտում: Պարտաւոր ենք պատասխանատուութեան առթած վախի կլանիչ զգացումը յաղթահարել, կանխելով քաղաքական սխալ որոշումի մը գոյացումը, որ կրնայ սպառնալ՝ անդորր կացութիւն մը առճակատելով տնտեսական եւ

միջպետական անկայունութեան հաւանականութեան: Այս միջոցին, մեծ ճիգ կը թափուի տուեալ անձնաւորութիւններու կողմէ զսպելու իրենց ահազդեցիկ կրծող զգացումները եւ փորձել սառնասրտութեամբ նուաճել ճիշտ եւ յարմարագոյն որոշումներ:

Քաղաքական կեանքի մէջ եւ ընդհանրապէս, տեղեկատուական ծանրաբեռնուածութեան բացասական ազդեցութիւններուն դէմ պայքարելու համար, կարեւոր է կիրառել արդիւնաւէտ ռազմավարական մտածողութիւն: Այս պարագային կարելի է սահմանել ռազմավարութիւնը հետեւեալ տարազին մէջ. Կարողականութիւնը՝ հարցերը ընդլայնուած պաստառի վրայ դիտելու, ըմբռնելով անոր բաղադրիչ մասերուն փոխկապուածութիւնը եւ ապագայի ձեւաւորումներու հաւանականութիւնները: Առաւել, ճշտել քննելի հարցերու եւ տուեալներու առաջնահերթութիւնները, կեդրոնանալով կարեւոր տեղեկութիւններու վրայ, որոնք կրնան օգնել նուազեցնելու գերճնշուածութիւնը: Առաւել,


33

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

ՍԻՒՆԱԿ որոշումներ կայացնելու կառուցուածքային տրամաբանական գործընթաց մը մշակելը նոյնպէս կրնայ օգնել , որ բոլոր կարեւոր տեղեկութիւնները հաշուի առնուած են եւ առարկայականօրէն արժեւորուած: Մասնագիտական խորհուրդները, ինչպէս նաեւ գիտակցութեան եւ ինքնաճանաչողութեան մարզումը, նոյնպէս իրենց բարերար ազդեցութիւնը կրնան ունենալ տեղեկատուութեան ճնշիչ ազդեցութիւնը պարփակելու համար: Կը պարզուի, որ տուեալներ հաւաքագրելը հարց չէ երբե՛ք, այլ զանոնք լաւապէս մարսելը, զտելը ու ճշգրիտ ընկալելը կարեւորագոյն հանգրուաններէն են նախքան որոշում կայացնելը, ընտրելով յարմարագոյն ժամկէտը՝ շարժելու ու հակազդելու տուեալ մարտահրաւէրին կամ քննուած հարցին: Կը հետեւցնենք, որ անցեալին կարելի էր սխալ որոշում մը պարտկել, կամ ուշացնել անոր բացայայտումը՝ արդարացի բացատրութիւն մը գտնելով անոր առթած վնասներուն մասին: Սակայն, արդի ժամանակներուն կարելի չէ սքօղել ամէն տիպի բացայայտուած որոշում կամ որոշման վարկածի լուր մը, որովհետեւ այդ լուրին մակարդումը՝ կ’ենթարկուի հաղորդակցական միջոցներու արագ եւ անմիջական մեկնաբանութեան, որուն առթած ազդեցութեամբ կը գոյաւորուի հանրային կարծիք եւ անոր ի հետեւումն, անյապաղ ընկերային համացանցերը խլացուցիչ գոռումներով կ’արձագանգեն անոր ալիքաւորումներուն: Աւելցնենք, որ տեղեկատուական ծանրաբեռնուածութիւնը կրնայ յանգեցնել ճանաչողական կարողութեան նուազեցման, դատողութեան խանգարման, յատկապէս վերլուծական կաթուածի մահացու վիճակ ստեղծելով, որոնք բոլորն ալ կրնան որոշումներ կայացնելը դարձնել յուսահատեցնող փորձառութիւն մը, վիժեցնելով անոր արդիւնաւէտ մշակումն ու վերլուծութիւնը: Այս ճնշուած կարգավիճակը, պատճառ կը դառնայ, որ որոշում գոյացնող օղակները եւ անձնաւորութիւնները աւելի զգուշաւորութիւն եւ վարանոտութիւն ցուցաբերեն: Աւելին, հակամէտ կ’ըլլան սպասողական դիրքերու ապաւինելու, քան ներգործօն անմիջական քայլերու դիմելու: Այսպիսով, սպասողական վիճակը աւելի վտանգաւոր կացութիւններ կը ստեղծէ, քանի որ քաղաքական կեանքի մէջ գործ ունինք ամէնօրեայ շուկաներու եւ միջպետական յարաբերական կեանքի արագ թաւալումին ու զարգացումներուն, որուն մէջ յաճախ քաղաքական թնճուկները շատ արագ կը զարգանան, սպասելով «լուծումներու հրաշագործ շիճուկներու»: Իրաւացիօրէն կ’ըսուի, թէ ճիշտ որոշում մը՝ սակայն յապաղած, աւելի կործանարար հետեւանքներ կ’ունենայ՝ քան սխալ որոշումի մը ազդեցութիւնը: Տեղեկատուուական ծանրաբեռնուածութեան բացասական ազդեցութիւններուն դէմ պայքարելու համար, կարեւոր է կիրառել արդիւնաւէտ ռազմավարութիւններ եւ վերահսկել մեր մօտ կուտակուած տեղեկութիւններու ծաւալը, բնոյթը, աղբիւրները, հաւաքագրման եւ փոխանցման միջոցները: Վերոյիշեալ բոլոր գործօնները հիմնական են աւելի արդիւնաւէտ հունաւորելու համար հանրային կեանքը եւ յատկապէս քաղաքական առնուելիք որոշումները: Իմ գնահատմամբ, հայկական իրականութեան պրիսմակէն դիտուած բաւարար առարկայական չափորոշիչներ չկան վերոնշեալ թեման՝ «տեղեկատուական հոսքի առատութիւնը», իրաւացի արժեւորել: Մեզի կը պակսին տուեալներ, որպէսզի յանգինք հայկական իրավիճակին հետ կապուած որոշ գնահատականներու՝ հասնելով շօշափելի իրաւացի եզրակացութիւններու: Գրեթէ անտեղեակ ըլլալով քաղաքական կեանքի փակ դռներու ետին խմորումներէն, համարձակութիւնը կը պակսի մեզի, որպէսզի առ այդ կատարենք հաստատ ընդգծումներ: Սակայն, հայկական քաղաքական կեանքը եւ ձեւաւորուած հասարակական հետաքրքրութիւններու ոլորտը, յատկապէս հայրենի աշխարհին մէջ, շատ յուսադրիչ պատկերներ չեն պարզեր, վերեւ յիշատակուած տեղեկատուութեան նիւթին հետ ու առնչակից երեւոյթներու առընթեր:

COLUMN Հայկական քաղաքական կուսակցութիւնները ընդհանրապէս, եւ իշխող կառավարութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան պարզած իրավիճակը յատկապէս, բացարձակապէս չեն յուշեր, որ վերեւ յիշատակուած տեղեկատուութեան ծանրաբեռնութեան գործօնը, մանաւանդ արտաքին ազդեցութիւններու առատ որոգայթները ՝ լուրջի կ’առնուին ու համապատասխան հատու քննարկման կ’ենթարկուին, յատկապէս երբ յականէ անուանէ ատելութեան երանգաւորմամբ առաջնահերթութիւն կը տրուի բանավէճերու, նեղ շահադիտական մեկնարկէ կը մշակուին օրէնսդրական կանոններ, առաջնորդուելով պետական համակարգը սեւի ու ճերմակի ջրբաժանային քաղաքականութեամբ: Նման մեկնարկներէ, հայ քաղաքական միտքի աննախանձելի համասփիւռ էութիւնը ու տժգոյն դիմագիծը, կը դառնայ համատարած որոշիչ հանգամանք, իր անշնորհ ոչ քաղաքակիրթ արտացոլացումներով: Մանաւանդ անորակ քաղաքական այրերու կենցաղային ու անպաճոյճ հանրային ներկայութիւնը, երբե՛ք չեն թելադրեր խոհեմութիւն ու արժանավայել մակարդակ, որ կրնայ ձեռնհասօրէն կարգաւորել արդի ժամանակներու տեղեկատուութեան օրակարգը եւ առկայ հակամարտութիւններու տարողութիւնը՝ տեղեկատուական պատերազմի շրջագիծէն ներս: Վերջապէս, ուղենշային արդիւնաւէտ որոշումներ գոյացնելու կառուցողական գործընթացի բացակայութեամբ, ումպէտս կը վատնուի քաղաքական ներուժը՝ ամուլ բանավէճերու սարդոստայնին մէջ, անդամալուծելով տեղեկութիւններու «ճոխ հոսքը»` անել փակուղիներ մատնուելու ճակատագրին: Պտղունց մը յոյս օրoրելով կրնանք միայն բաղձալ, ձեռներէց եւ պիտանի քաղաքական այրերու ձեւաւորմամբ ու ներդրումով, արդիւնաւէտ քաղաքական մշակոյթը պիտի չուշանայ բեղմնաւորուելու հայկական երկնակամարին ներքեւ, այլապէս, ձեռք բերուած տեղեկատուական հոսքի առատութիւնն անգամ պատուհասի կը վերածուի՝ անկասկած: ֍ Պատկերը ստեղծուած է արհեստական բանականութեամբ:

Ուշադրութի՛ւն Attention! Մի՛ մոռնաք մինչեւ իւրաքանչիւր ամսուան 15-ը ուղարկել թերթին մէջ լոյս տեսնելիք ձեր յօդուածները, ծանուցումները, յայտարարութիւնները, կամ սիրելիներու մահազդները։ Չմոռնաք զանոնք ղրկել rupen@torontohye.ca ե-հասցէին մինչեւ վերջաժամկէտը, որպէսզի անոնք ներառուին մեր յաջորդ թիւին մէջ։ Համայնքին հետ կիսուելու հնարաւորութիւնը մի՛ փախցնէք։ The 15th of every month is the deadline for submitting your newspaper articles, advertisements, classified ads, announcements, or obituaries. Make sure to send in your submissions to rupen@torontohye.ca before the deadline to ensure they are included in the upcoming edition. Don’t miss out on the opportunity to share your message with the community!


34

ԻԱ տարի թիւ 10 [230] ◆ Հոկտեմբեր 2026

ԱՅԼԱԶԱՆ

ETC.

ն ի յ ա ն Լե կական[vegan] Ճակնդեղի աղցան հայ ցը ո ն ա հ ո խ

(6-8 անձի համար)

Ճակնդեղը հայկական խոհանոցին մէջ լայնօրէն գործածուող բանջարեղէն է՝ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ։ Անիկա յաճախ կը գործածուի թթու դրուած բանջարեղէնի խառնուրդներու մէջ՝ անոնց հաղորդելով իր յատկանշական վառ կարմիր գոյնը, իսկ երբեմն ալ ապուրներու մէջ կը խաշուի կամ կը խորովուի։ Ճակնդեղի տերեւները նոյնպէս իրենց տեղն ունին հայկական խոհանոցին մէջ եւ կրնան գործածուիլ կալիոմով (potassium) հարուստ տոլմայի որոշ տեսակներ պատրաստելու համար։ Այս պարզ ու գեղեցիկ աղցանը ճակնդեղը մատուցելու տարածուած եղանակներէն մէկն է։ Ճակնդեղի աղցանը ոչ միայն գեղեցիկ տեսք ունի սեղանին վրայ իր խոր կարմրա-մանուշակագոյն գոյնին համար, այլեւ աւելցուած սխտորն ու թարմ սամիթը հիանալի համային շեշտ կու տան աղցանին:

Բաղադրութիւնը • 6 միջակ չափի ճակնդեղ՝ խնձորի չափով, լուացուած եւ ծայրերը կտրուած • 1 պճեղ սխտոր՝ մանր կտրտուած • 2 ճաշի դգալ կարմիր գինիի քացախ • 2 ճաշի դգալ ձիթապտուղի ձէթ • ¼-էն մինչեւ ½ փունջ թարմ սամիթ՝ մանր մանրուած • աղ՝ ըստ ճաշակի Պատրաստութեան եղանակը Փուռը նախապէս տաքցնել 190°C (375°F)։ Ճակնդեղները լաւ մը լուալ, ծայրերը կտրել եւ թեթեւօրէն պատել ձէթով։ Վրան քիչ մը աղ ցանել եւ դասաւորել փուռի ամանին մէջ։ Ճակնդեղները եփել մօտաւորապէս 45 վայրկեանէն մինչեւ 1 ժամ, մինչեւ որ դանակին ծայրը դիւրութեամբ մտնէ անոնց մէջ։ Եփած ճակնդեղները ձգել որ պաղին։ Պաղելէն ետք մաքրել կեղեւը, կիսել եւ ապա կտրել բարակ՝ մօտաւորապէս քառորդ մատնաչափ հաստութեամբ շերտերու։ Շերտուած ճակնդեղները լեցնել խորունկ ամանի մը մէջ։ Աւելցնել մնացեալ բաղադրութիւնները եւ լաւ խառնել: ֍

Senior problem

Junior problem Hasmik’s brother, Varouj, is five years older than she is. The sum of their ages is 33. How old is Varouj?

Armen’s Math Corner (answers on pg. 35)

Though originally written in German, Franz Werfel’s epic novel The Forty Days of Musa Dagh—chronicling defense and survival during the Armenian Genocide— is considered a cornerstone of Armenian literature. A complete Armenian translation of this massive work requires a total of 6,869 digits to number its pages, starting from page 1 (for example, page 125 accounts for three digits). How many pages does the book contain?


OCT 2026

Vol. 21, No. 10 [230] ◆ October 2026

35

ԱՅԼԱԶԱՆ

ETC.

չ ա խ ռ ա բ 5

1

2

3

4

6

7

8 9

10

11

12

13

14

խաչբառ ին նե ր ը պատասխան

15 16

18

Across

2026 թուականի այն ամիսը, որուն 20-ին ղի ունեցաւ Թորոնթոյի Նարեկ կեդրոնի տմական բացումը

«Մատեան ողբերգութեան» հոգեւոր գլուխծոցին հեղինակ սուրբ վարդապետը՝ իգոր _______

Արարատի մարզի այն գիւղը (նախկին փանլի), որ 1984-ին վերանուանուեցաւ ի տիւ միջնադարեան մեծ աղօթասացին

Զուլալին

առանձնատառը

Հայ ժողովրդական sudoku) (հայերէն հաւատալիքով՝ անդութիւն բժշկելու համար Նարեկ

Ուղղահայեաց 1. Վասպուրական աշխարհի պատմական այն գաւառը, ուր կը գտնուէր Նարեկայ աւանն ու վանքը 2. «Անունը՝ Նարեկ, _________». Ժագ Յակոբեանի բանաստեղծութիւնը, որմէ տողեր մէջբերուեցան կեդրոնի բացման 4. «Մատեան ողբերգութեան» իւրաքանչիւր աղօթքգլուխը բնորոշող գրաբարեան բառը (օրինակ՝ ___ ԻԵ), որ կը նշանակէ խօսք 6. Նարեկեան դպրոցի հիմնադիր վանահայրը եւ սուրբ Down Գրիգորի հոգեւոր հայրն ու ուսուցիչը՝ ________ Նարեկացի այն 1. Վասպուրական աշխարհի պատմական 8. «Մօրաքոյրը եւ «Սէ Լա Վի» գաւառը, ուր կը գտնուէր Նարեկայ աւաննՓարիզէն» ու ներկայացումներով սիրուած դերասան, վանքը կատակերգակ եւ բեմադրիչ Դուրեանի անունը 11. Վանայ լիճի հարաւային ափին մօտ գտնուող 2. «Անունը՝ Նարեկ, _________». Ժագ պատմական վանական համալիրը, ուր ուսանեցաւ Յակոբեանի բանաստեղծութիւնը,եւորմէ տողեր գործեց սուրբ Գրիգոր Նարեկացին մէջբերուեցան կեդրոնի բացման12. 2025 թուականին Հայաստանի մէջ նորածին տղոց տրուած երկրորդ ամենէն տարածուած արական 4. «Մատեան ողբերգութեան» իւրաքանչիւր անունը աղօթք-գլուխը բնորոշող գրաբարեան բառը 14. Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի Աղասարեանի, Յովհաննիսեանի եւ (օրինակ՝ ___ ԻԵ), որ կը նշանակէխաղացողներ խօսք Գրիգորեանի անունը 6. Նարեկեան դպրոցի հիմնադիր 15. վանահայրը «Ի _______ սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ». «Նարեկ»-ի աղօթքներուն անփոխարինելի եւ Ս. Գրիգորի հոգեւոր հայրն ու ուսուցիչը՝ բնաբանը 16. Ժողովրդական հաւատալիքով՝ հրաշագործ ու դարմանիչ զօրութեամբ օժտուած հոգեւոր աղօթագիրքը, զոր կը զետեղէին հիւանդներու բարձին տակ աստուածաբան եւ Անձեւացեաց եպիսկոպոս ________ Անձեւացի AMC ANSWERS Jr. problem: 19 Sr. problem: 1,994

17

Հորիզոնական 3. 3. 2026 թուականի այն ամիսը, որուն 20-ին տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Նարեկ կեդրոնի պատմական բացումը 5. «Մատեան ողբերգութեան» հոգեւոր գլուխգործոցին հեղինակ սուրբ վարդապետը՝ Գրիգոր _______ 7. Արարատի մարզի այն գիւղը (նախկին Ղափանլի), որ 1984-ին վերանուանուեցաւ ի պատիւ միջնադարեան մեծ աղօթասացին 9. Հայ ժողովրդական հաւատալիքով՝ հիւանդութիւն բժշկելու համար «Նարեկ» աղօթագիրքը կը դնէին հիւանդին այս իրին տակ 10. Հայ կեդրոնի եւ Հայ երիտասարդական կեդրոնի կողքին՝ Նարեկ համալիրին տրուած բնորոշումը՝ «երրորդ ________ը» (էջ՝ 3) 12. Չայքովսքիի անուան միջազգային մրցոյթի ոսկէ մետալակիր, աշխարհահռչակ թաւջութակահար Հախնազարեանի անունը 13. 2015-ին Վատիկանի մէջ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին շնորհուած պատուոյ բարձրագոյն տիտղոսը՝ «___________ վարդապետ» 16. Հայկական հիփ-հոփ-ի ռահվիրայ` «Մեծ Հայք» խումբի առաջատար ռեփըր Միսակեանի անունը 17. Կիպրոսի մէջ գործող (Նիկոսիա, Լառնաքա, Լիմասոլ ) հայկական ազգային վարժարաններուն ընդհանուր անուանումը 18. Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հայրը՝ ժամանակի ականաւոր


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #230 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu