«ԱՄԷՆՔՆ ԱԼ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԹՈՂ ԸԼԼԱՆ» | ՅՈՒԼԻՍ 2026 JULY
Բազմերանգ, բայց միասնական.
մէկ համայնք, մէկ յաղթական տեսլական Ռուբէն Ճանպազեան
Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ նոր նախագիծը կու գայ վերակերտելու համայնքային կեանքը Համայնք → 4
Մեր ՀՄԸՄ-ը (նոր բաժին) Համայնք → 10
Keeping Artsakh’s intellectual fire burning: A living legacy with Toronto roots Community → 13
Համազգայինի ձեռնարկներ
Արուեստ եւ մշակոյթ → 16-20
եւ այլն/etc.
→ 26
Երբեմն, համայնքային կեանքի հոլովոյթին մէջ կը ստեղծուին այնպիսի պահեր, երբ անցեալի երազանքներն ու ապագայի տեսլականը կը բախին ներկայի հնարաւորութիւններուն հետ՝ ծնունդ տալով անկիւնադարձային իրականութեանց։ Թորոնթոհայ գաղութը այսօր կանգնած է ճիշտ այդպիսի պատմական շեմի մը վրայ։ Տարիներ շարունակ, սփիւռքեան տարածքներուն մէջ մեր հիմնական մտահոգութիւնը եղած է «պահպանումը»՝ մշակոյթի, լեզուի եւ ինքնութեան արխիւային խնամքը, կարծես ըլլայինք թանգարանի մը պահապանները, որոնք կը ջանան փոշին մաքրել անցեալի յուշերուն վրայէն։ Սակայն, ինչպէս անցեալին առիթով մը նշած եմ, պահպանումը կրաւորական արարք է, մինչդեռ այն ինչ որ այս օրերուն տեղի կ’ունենայ Թորոնթոյի մէջ, նուաճումի ու համարձակ ռազմավարութիւն մըն է՝ ընդդէմ ուծացման ու նահանջի։ Մենք այլեւս չենք կառավարեր մեր անկումը, այլ հաստատակամօրէն կը նախագծենք մեր յառաջխաղացքը յաջորդ հարիւրամեակին համար։ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան ամայի ու լռելեան միջավայրին մէջ տարիներ առաջ ապրած յուսալքութեանս ու մտահոգութիւններուս՝ այսօր Թորոնթօն կու տայ ամենէն հզօր ու կենսունակ պատասխանը։ Այնտեղ, ուր կասկածը կրնար բոյն դնել,
մեր համայնքը կը պատասխանէ նորանոր սիւներու հիմնադրութեամբ: Այս նոր համայնքային զարթօնքի առանցքը կը հանդիսանան երկու հսկայածաւալ ծրագիրներ, որոնք թէեւ կը ղեկավարուին տարբեր մարմիններու կողմէ, բայց ըստ էութեան կը ներկայացնեն նոյն մեծ հաւաքական տան երկու հզօր թեւերը։ Առաջինը՝ 211 Consumers Road հասցէին գտնուող հոյակապ համալիրի պատմական ձեռքբերումն է՝ աւելի քան տասնհինգ միլիոն տոլարի հսկայական ներդրումով, որ պիտի դառնայ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի (7-12-րդ կարգեր) նոր ու արդիական տունը, որ երկար տարիներու տարածքային սահմանափակումներու եւ սպասման ցուցակներու վերջնական սրբագրումով առիթ պիտի տայ մեր համայնքի հարիւրաւոր զաւակներուն ստանալու բարձրորակ դաստիարակութիւն՝ համալսարանական մակարդակի պայմաններու մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, համայնքի միւս կողմը՝ Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ կից, կը նախապատրաստուի մէկ այլ անկիւնադարձային նախագիծ՝ Trinity Square Project-ը։ Ասիկա բազմասերունդային հսկայ կորիզ մըն է, որ շուրջ 470 000 քառակուսի ոտք տարածութեամբ, երեսունութ յարկանի երկու վերասլաց շէնքերով պիտի մէկտեղէ բնակարանային, ընկերային ու մշակութային → 12
vol. 21
No 7 [227]
«Թորոնթոհայ» ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.