«ՏՈՆ ՔԸՆԴՈՂԵՆ ՏՈՆ ՉԻՆԻԼ» | Նոյեմբեր 2023 November
Canada inaugurates embassy in Armenia Spotlight → 3
A night of laughter for a cause: Toronto comedy show to support AGBU’s Artsakh Relief Fund Community → 8
Pomegranate Film Festival unveils lineup for solemn 16th edition Arts & culture →19
Տեղանանուած արցախահայեր Գորիսի մէջ, սեպտ. 2023 (լուսանկարը՝ Սքաութ Թիւֆենքճեանի)
Արցախահայութեան համար Օնթարիոյի միացեալ խորհուրդը գործի լծուած Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան Արցախի վերջին տարաժամ իրադարձութիւնները ցնցեցին ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ սփիւռքի մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները, որոնք անվարան փութացին օգնութեան։ Սփիւռքի ցայտուն օրինակներէն մէկը՝ գանատահայութիւնը, բնականաբար, չէր կրնար ձեռնածալ մնալ եւ ինչպէս միշտ պիտի հասնէր օգնութեան։ Ուստի, կրակին մէջէն անցնող ու Հայաստան ապաստանող արցախահայութեան օգնելու որոշում կայացուց Օնթարիոյի հայկական միացեալ մարմինը եւ նիւթական, մարդասիրական ու բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերեց՝ Արցախէն բռնի ուժով տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն։ 13 հոկտեմբեր 2023-ին, Օնթարիոյի հայկական միացեալ
խորհուրդի իրագործած աշխատանքներու տարողութիւնն ու մանրամասնութիւնները իմանալու համար, Հայ կեդրոն այցելեցի եւ անձամբ ականատեսը դարձայ խորհուրդի անդամներուն եւ կամաւորներուն մեղուաջան աշխատանքին ու տեսայ սեղաններուն վրայ հոգատարութեամբ զետեղուած հազարաւոր նոր եւ որակաւոր իրերը, որոնք մօտ օրէն պիտի ուղարկուին Հայաստան՝ տրամադրուելու հոն ապաստան գտած մեր արցախահայ քոյրերուն ու եղբայրներուն։ Օնթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդի անդամ եւ մարդասիրական օգնութիւնները համակարգող Խորէն Մարտոյեանի հետ ունեցած զրոյցիս ընթացքին՝ ան կարեւորեց այս նախաձեռնութեան անհրաժեշտութիւնն
ու ըսաւ, որ Օնթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդ ձեւաւորուած է Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք եւ միշտ թեւ ու թիկունք կանգնած մեր հայրենակիցներու, նամանաւանդ արցախահայ մեր քոյր-եղբայրներուն։ «Այսօր եւս, այս դժնդակ պայմաններում եւ ի տես ներկայի ցաւալի իրադարձութիւններին, մենք չենք կարող լուռ ու մունջ կանգնիլ եւ չօգնել բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներին, որոնք կորցրեցին իրենց տունը, զաւակներն ու հարազատները։ Հիմա, աւելի քան երբեւէ, արցախահայութիւնը սփիւռքին կարիքը ունի, եւ մենք միասին պետք է յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն», դիտել տուաւ Մարտոյեան։ Միացեալ խորհուրդին այս նախաձեռնութիւնը սկսած → 21
խաչբառ
vol. 18
→ 23
No 10[195]
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.