Shogh Sunday Bulletin - Issue #18 - December 15, 2019

Page 1

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 15 DECEMBER, 2019 – No. 18

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN

Candle Holder – Holy Trinity Armenian Church - Toronto

This issue of “Shogh” is sponsored by

Ms ROSE AHARONIAN


Դ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ 38.1-8 ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 1.1-14 ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 17.1-10 ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝

Տ. ՀԱՅԱՐԻ ՔՀՆՅ. ԹԱՆԱՇԵԱՆ Հոգեւոր Հովիւի Օգնական FOURTH SUNDAY OF ADVENT SYNAXIS READINGS ISAIAH 38.1-8 HEBREWS 1.1-14 LUKE 17.1-10 Divine Liturgy at 10:30 AM Celebrated by:

REV. FR. HAYARI TANASHIAN Pastor’s Assistant

Choirmaster: Mr. Shahe Altounian Organist: Mrs. Sona Artinian

2


ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 1։1-14 Աստուած, որ վաղուց՝ շատ անգամներ ու շատ կերպերով՝ խօսած էր հայրերուն մարգարէներով, այս վերջին օրերը խօսեցաւ մեզի իր Որդիով, որ ժառանգորդ նշանակեց ամէն բանի եւ տիեզերքն ալ ստեղծեց անով: Ան իր փառքին շողն է ու իր էութեան նկարագրութիւնը, եւ իր զօրութեան խօսքով հաստատ կը բռնէ ամէն բան: Ի՛նք էր որ՝ մաքրելէ ետք մեր մեղքերը՝ բազմեցաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծափառութեան աջ կողմը, ա՜յնչափ գերադաս ըլլալով հրեշտակներէն, քանի որ անոնցմէ գերազանց անուն մը ժառանգեց: Արդարեւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք. «Դուն իմ Որդիս ես, ա՛յսօր ծնայ քեզ»: Եւ դարձեալ. «Ես Հայր պիտի ըլլամ անոր, ան ալ Որդի պիտի ըլլայ ինծի»: Դարձեալ՝ երբ Անդրանիկը կը մտցնէ երկրագունդը՝ կ՚ըսէ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ թող երկրպագեն անոր»: Նաեւ հրեշտակներուն մասին կ՚ըսէ. «Իր հրեշտակները հոգիներ կ՚ընէ, եւ իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց»: Իսկ Որդիին կ՚ըսէ. «Քու գահդ, ո՛վ Աստուած, կը կենայ դարէ դար՝՝. քու թագաւորութեանդ մականը ուղղամտութեան մական է: Դուն սիրեցիր արդարութիւնը եւ ատեցիր անօրէնութիւնը. Հետեւաբար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ օծեց քեզ ցնծութեան իւղով՝ ընկերակիցներէդ աւելի»: Նաեւ. «Տէ՛ր, դո՛ւն սկիզբէն դրիր երկրի հիմերը, ու քո՛ւ ձեռքերուդ գործն է երկինքը: Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն կը մնաս. բոլորը պիտի մաշին հանդերձի պէս: Պիտի ոլորես զանոնք ծածկոցի պէս, եւ պիտի փոխուին. իսկ դուն՝ միշտ նո՛յնն ես, ու քու տարիներդ պիտի չպակսին»: Եւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»: Միթէ անոնք բոլորը պաշտօն կատարող հոգիներ չե՞ն, ղրկուած սպասարկելու անոնց՝ որ պիտի ժառանգեն փրկութիւնը: 3


ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 17.1-10 Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չգան. բայց վա՜յ անոր, որուն միջոցով կու գան: Աւելի օգտակար պիտի ըլլար անոր, որ իշու ջաղացքի քար մը կախուէր իր վիզէն ու ծովը ձգուէր, քան թէ գայթակղեցնէր այս պզտիկներէն մէ՛կը: Ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի: Եթէ եղբայրդ մեղանչէ քեզի դէմ՝ յանդիմանէ՛ զայն. ու եթէ ապաշխարէ՝ ներէ՛ անոր: Եթէ օրը եօթն անգամ մեղանչէ քեզի դէմ, եւ օրը եօթն անգամ վերադառնայ քեզի ու ըսէ՝ “կ՚ապաշխարեմ”, ներէ՛ անոր»: Առաքեալները ըսին Տէրոջ. «Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը»: Տէրը ըսաւ. «Եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենայիք, կրնայիք ըսել այս թթենիին. “Արմատախի՛լ եղիր եւ տնկուէ՛ ծովուն մէջ”. ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի»: «Բայց ձեզմէ ո՞վ, ունենալով երկրագործ կամ հովիւ ծառայ մը, երբ ան տուն մտնէ արտէն՝ իսկոյն կ՚ըսէ անոր. “Գնա՛, սեղա՛ն նստէ”: Հապա չ՚ը՞սեր անոր. “Պատրաստէ՛ իմ ընթրիքս, ու գօտիդ կապած՝ սպասարկէ՛ ինծի, մինչեւ որ ես ուտեմ եւ խմեմ. յե՛տոյ դուն ալ կեր ու խմէ”: Միթէ շնորհապա՞րտ կ՚ըլլայ այդ ծառային՝ իրեն հրամայուած բաները ընելուն համար. չեմ կարծեր: Նոյնպէս դուք, երբ ընէք ձեզի հրամայուած բոլոր բաները՝ ըսէ՛ք. “Մենք անպէտ ծառաներ ենք. ըրինք ինչ որ պարտական էինք ընել”»: HEBREWS 1.1-14 In the past God spoke to our ancestors through the prophets at many times and in various ways, but in these last days he has spoken to us by his Son, whom he appointed heir of all things, and through whom also he made the universe. The Son is the radiance of God’s glory and the exact representation of his being, sustaining all things by his powerful word. After he had provided purification for sins, he sat down at the right hand of the Majesty in heaven. So he became as much superior to the angels as the name he has inherited is superior to theirs. For to which of the angels did God ever say, “You are my Son; today I have become your Father”? Or again, “I will be his Father, and he will be my Son”? And again, when God brings his firstborn into the world, he says, “Let all God’s angels worship him.” 4


In speaking of the angels he says, “He makes his angels spirits, and his servants flames of fire.” But about the Son he says, “Your throne, O God, will last for ever and ever; a scepter of justice will be the scepter of your kingdom. You have loved righteousness and hated wickedness; therefore, God, your God, has set you above your companions by anointing you with the oil of joy.” He also says, “In the beginning, Lord, you laid the foundations of the earth, and the heavens are the work of your hands. They will perish, but you remain; they will all wear out like a garment. You will roll them up like a robe; like a garment they will be changed. But you remain the same, and your years will never end.” To which of the angels did God ever say, “Sit at my right hand until I make your enemies a footstool for your feet”? Are not all angels ministering spirits sent to serve those who will inherit salvation? LUKE 17.1-10 Jesus said to his disciples: “Things that cause people to stumble are bound to come, but woe to anyone through whom they come. It would be better for them to be thrown into the sea with a millstone tied around their neck than to cause one of these little ones to stumble. So watch yourselves. “If your brother or sister a sins against you, rebuke them; and if they repent, forgive them. Even if they sin against you seven times in a day and seven times come back to you saying ‘I repent,’ you must forgive them.” The apostles said to the Lord, “Increase our faith!” He replied, “If you have faith as small as a mustard seed, you can say to this mulberry tree, ‘Be uprooted and planted in the sea,’ and it will obey you. “Suppose one of you has a servant plowing or looking after the sheep. Will he say to the servant when he comes in from the field, ‘Come along now and sit down to eat’? Won’t he rather say, ‘Prepare my supper, get yourself ready and wait on me while I eat and drink; after that you may eat and drink’? Will he thank the servant because he did what he was told to do? So you also, when you have done everything you were told to do, should say, ‘We are unworthy servants; we have only done our duty.’ ” 5


ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻԻ Ընդհանրական եկեղեցւոյ հեղինակաւոր սուրբերէն Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետը ծնած է Մծբին քաղաքին մէջ, այժմ՝ Նուսայպին-Թուրքիա: Հայկական աղբիւրներու համաձայն Ս. Յակոբը պարթեւական տոհմէն էր եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջը՝ Խոսրովուհիի որդին: Երբ Անակ Պարթեւի տոհմը կը բնաջնջուի, դայակները մանուկ Յակոբն ու Գրիգորը կը փախցնեն Կեսարիա, ուր կը դաստիարակուին քրիստոնէական ոգիով: Երիտասարդութեան առաջին տարիներուն Յակոբ կը նուիրուի ուսման: Ապա կ'երթայ Մծբին` ուր կը հանդիպի Մարուգէ ճգնաւորին, որը սրբակեաց կեանք կը վարէր: Շուտով Յակոբ անապատ կը քաշուի եւ ինքն ալ ճգնաւորի կեանք կը վարէ: Ս. Յակոբ օժտուած էր վարչական բազմաթիւ կարողութիւններով ու սիրուած էր ժողովուրդին կողմէ: Երբ կը վախճանի Մծբինի եպիսկոպոսը, Ս. Յակոբ Մծբինի աթոռի եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 320-ին: Անոր համար Ս. Յակոբ կը ստանայ Մծբնայ Հայրապետ կոչումը: Իր հանապազօրեայ ջերմեռանդ աղօթքներու եւ ճգնութիւններու համար Աստուծմէ կը ստանայ մարգարէութեան եւ հրաշագործութեան շնորհներ եւ շատ հրաշքներ գործելով կ'արժանանայ Սքանչելագործ անուան: Ս. Յակոբ մասնակցած է Նիկիոյ Տիեզերական Ա. ժողովին (325թ.) եւ ստացած է մեծ համբաւ: Ան խստօրէն դատապարտած է Քրիստոնէական եկեղեցւոյ ուղղափառութեան ընդդիմադիր 6


Արիոսի եւ արիոսականութեան գաղափարաները: Հայ ժողովուրդը, ի յիշատակ այս մեծ սուրբին, դարերու ընթացքին բազմաթիւ եկեղեցիներ կառուցած եւ նուիրած է անոր անուան: Ս. Յակոբի անունը կրող բոլոր եկեղեցիները մատաղօրհնէքով եւ եկեղեցական փառաշուք հանդիսութիւններով կը նշեն Ս. Յակոբայ Տօնը: Ընտանեկան յարկերու տակ եւս տեղի կ’ունենան ուրախ ընդունելութիւններ եւ այս առթիւ կը շնորհաւորեն Յակոբ անունը կրողները: Ս. Յակոբը հայ եւ ասորի եկեղեցիներու սիրուած սուրբերէն է: Հայ եկեղեցին սուրբի տօնը կը յիշատակէ Դեկտեմբեր 12-18-ին զուգադիպող Շաբաթ օրը, իսկ տօնին կանխող Յիսնակի շաբաթապահքը ծանօթ է Ս. Յակոբի պահք անունով:

ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնի առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ . Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Ս. Էջմիածնի Գանձատունէն Սքանչելագործ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի Ս. Մասունքը կը տեղափոխուի Ս. Յակոբի անունը կրող եկեղեցի մը: Հաւատացեալները հնարաւորութիւն կ'ունենան հաղորդուելու Ս. Մասունքին եւ արժանանալու Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի բարեխօսութեանը: Ս. Յակոբը կը համարուի հիւանդութիւններէ եւ փորձութիւններէ պահպանող բարեխօս սուրբ: Տօնին առթիւ Արարատի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի տօնական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Յաւարտ Ս. Պատարագի կը կատարուի Յակոբ անունը կրող անձանց եւ Յակոբեան գերդաստաններու օրհնութեան արարողութիւն, ինչպէս նաեւ մատաղօրհնէք: 7


DID YOU KNOW? On the Feast day of St. James (Hagop) of Nisibis, by the order of His Holiness Karekin II, Supreme Patriarch and Catholicos of All Armenians the relic of St. Jacob is taken to a church bearing his name. The faithful will have the opportunity to receive blessing of the relic and pray for St. James's intercession, as he is considered as a patron saint of protecting from diseases and temptations. On this occasion, a special Divine Liturgy will be celebrated in the St. James Church of Ararat. Following the Divine Liturgy there will be a blessing ceremony for everyone named Hagop and those with Hagopian last names.

ՅԱՒԱՐՏ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ, Ս. ՅԱԿՈԲԱՅ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՍԻՐՈՎ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԵՆՔ ՆԵՐՔՈՅԻՇԵԱԼ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ԿՐՈՂ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐԸ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ:

ՅԱԿՈԲ, ՅԱԿՈԲԻԿ, ԱԿՈԲԻԿ, ՃԱԳ, ՃԵՅՔՈՊ ՁԵՐ ԱՆՈՒՆՈՎ ԱՊՐԻ՛Ք ON THE OCCASION OF THE FEAST OF ST. HAGOP OF NISIBIS FOLLOWING NAMES ARE CELEBRATED: AGOP, AGOPIG, HAGOP, HAGOPIG, JAMES, JACK, JACOB FOLLOWING THE DIVINE LITURGY INDIVIDUALS WHO CARRY THE NAMES LISTED ABOVE ARE INVITED TO RECEIVE GOD’S BLESSING.

8


Ո՜վ անքնին բարձրեալ, հոգիներու բարի պետ, խաղաղութեան առաջնորդ, եւ անոխակալութեան սահման, ի բարին յիշէ նաեւ մեր մարդկային թշնամիները եւ ողորմութիւն ու քաւութիւն շնորհէ անոնց: Իմ պատճառովս մի՛ բարկանար անոնց, Տէր, եւ ներէ՛ իրենց յանցանքները, որոնք թերեւս իրաւունքով ալ յանցաւոր են մեզի հանդէպ: Ու մինչ ես Քեզմէ բարիք կը խնդրեմ զիս ատողներուն համար, Դուն ալ, քու մեծագործութեանդ համեմատ, անճառելի բարիքներ հրաշագործէ: Զիս թշնամանողները մի՛ ոչնչացներ, այլ բարեփոխէ՛: Իմ եւ անոնց մէջ ալ բարիք սերմանէ: Քու ձեռքովդ կը բաշխուին ամենուն կեանքին անհրաժեշտ պէտքերը, եւ Քեզի փա՜ռք կը վայելէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: Դուն՝ որ բոլորին պահապանն ես, Քրիստոս, Քու աջդ թող հովանի՛ ըլլայ իմ վրաս՝ գիշեր ու ցերեկ, տան մէջ նստած ատենս թէ ճամբան գացած ատենս, քնացած թէ արթնցած ատենս, որպէսզի երբե՛ք չսասանիմ. եւ ողորմէ՛ Քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս: Ամէն:

9


Requested by Mrs. Sona Mercimekoglu (Istanbul) Mr. Norman Muir Mr. & Mrs. David & Nicole Curtis Mr. & Mrs. Jirayr & Houry Aznavourian and family In Memory of

THE LATE HAROUTYUN YESAIAN On the occasion of 40th day of his passing

Requested by Mr. Kevork Hounanian and Family In Memory of

THE LATE GHAZAR HOUNANIAN (Passed away in California)

Requested by Mrs. Anahid Jamkochian Mrs. Mary Nerinians and son, Andranik Nerinians Mr. Luther Jamkochian and daughters, Lusine and Sona Jamkochian and Kandaharian families In Memory of

THE LATE SAMVEL JAMKOCHIAN On the occasion of 1st anniversary of his passing 10


Requested by Mr. & Mrs. Tony and Mayda Nersessian Mr. & Mrs. Yeghia and Vartouhi Kassabian Mrs. Anjel and daughter, Zapur Nakashian, And Kebabjian Sisters In Memory of THE LATE LOUSIN NERSISIAN’S On the occasion of 5th anniversary of her passing

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ Հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրելու համար հաճեցէք հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակ, Երկուշաբթիէն Հինգշաբթի, ժամը 9։00-էն 16։00 Tel: 416 431 3001 - info@TorontoArmenianChurch.com

REQUIEM SERVICE To register requiem services in memory of your loved ones, please contact Church office Monday-Thursday, 9:00 am to 4:00 pm

11


ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ (շարունակութիւն ՇՈՂ թիւ 17-էն)

....... եւ դուրս գալով Եգիպտոսի սահմաններէն կը սփռուի ողջ Հռոմէական կայսրութեան մէջ եւ կը սկսի լուրջ անհանգստութիւն պատճառել քաղաքական իշխանութիւններուն: Ստեղծուած իրավիճակը դադարեցնելու եւ խնդիրին լուծում մը գտնելու նպատակով Մեծն Կոստանդիանոս Կայսրը տիեզերական ժողով կը գումարէ 325 թուականին Նիկիոյ մէջ, հրաւիրելով այդ ժամանակուայ բոլոր նշանաւոր եպիսկոպոսները: Ժողովին կը մասնակցին 318 եպիսկոպոսներ: Նիկիոյ մէջ գումարուած ժողովը, որ ծանօթ է Ա Տիեզերական Ժողով անունով կը դատապարտէ Արիոսի վարդապետութիւնը եւ զայն հերետիկոսութիւն կը յայտարարէ: Նիկիոյ Ա Տիեզերական ժողովին կը մասնակցի նաեւ Հայոց Արիստակէս Եպիսկոպոսը: Ժողովի դաւանաբանական բանաձեւը, որ ծանօթ է ՆԻԿԻԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿ անունով, Արիստակէս Հայրապետ իր հետ Հայաստան կը բերէ եւ կը ներկայացնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին, եւ անոր կարգադրութեամբ կը դառնայ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանական կանոնը, եւ մինչեւ այսօր կ’ընթերցուի մեր եկեղեցւոյ ծիսակարգին մէջ: Արիստակէս Հայրապետ իր հետ կը բերէ նաեւ Նիկիոյ ժողովին ընդունուած եւ վարչական բնոյթ ունեցող 20 կանոնները, որոնք նմանապէս կը հաստատուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ: Արիոսականութիւնը թէեւ կը դատապարտուի Նիկիոյ մէջ, սակայն ոչ միայն չի վերանար, այլեւ քաղաքական իշխանութեան օգնութեամբ, շուրջ հինգ տասնամեակ ընդարձակ տարածութիւն կը գտնէ Հռոմէական կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն մէջ: Այդ ժամանակաշրջանին Հայաստան պետական ինքնուրոյնութիւն կը վայելէր, եւ այդ իսկ պատճառով ենթակայ չ’ըլլար Հռոմէական կայսրութեան քաղաքականութեան, եւ Արիոսականութիւնը չի 12


յաջողիր ձեռք ձգել Հայ Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը: Թէեւ պէտք է յիշել, որ Հայաստանի մէջ եղած են արիոսական Եպիսկոպոսներ, օրինակ Բասենի Տուրքի Եպիսկոպոսը եւ Սեբաստիոյ Եպիսկոպոս Եւստաթէոսը: Եւ պատահական չէ, որ 354 թուականին, Աշտիշատի ժողովին մէջ Հայ Եկեղեցին ամգամ մը եւս կը դատապարտէ Արիոսականութիւնը:

Կ. ՊՈԼՍՈՅ Բ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ Արիոսական Վիճաբանութիւններու վերջին փուլին, 370-380-ական թուականներուն, Եկեղեցւոյ առջեւ կը դրուի Սուրբ Հոգիին աստուածութեան հարցը՝ Սուրբ Հոգին Աստուա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Ս. Աթանաս 359 թուականին գրած իր նամակներէն մէկուն մէջ կը ջատագովէ Ս. Հոգւոյն համագոյութիւնը Հայր Աստուծոյ հետ: Այս վարդապետութիւնը կը որդեգրեն բազմաթիւ Եպիսկոպոսներ, սակայն կը ստեղծուի նաեւ հակադիր հոսանք մը, որ Կոստանդնուպոլսոյ Մակեդոն Եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ մը մերժէ Ս. Հոգւոյն աստւածութիւնը: Թէոդորոս Մեծ Կայսեր (379-395) հրամանով 381 թուականին կը գումարուի Կոստանդնուպոլսոյ Բ Տիեզերական Ժողովը, որ նախ կը հաստատէ Նիկիոյ դաւանութիւնը Որդւոյ մասին, ապա կը սահմանէ Ս. Հոգւոյն աստուածութիւնը, եւ Ս. Երրորդութեան համար կը որդեգրէ ՙՄԻ ԱՍՏՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ, ԵՐԵՔ ԱՆՁԻՆՔ՚ բանաձեւը, եւ Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակին վրայ կ’աւելցնէ նաեւ Ս. Հոգւոյն հատուածը: Հայ Եկեղեցին կ’ընդունի Կոստանդնուպոլսոյ Բ Տիեզերական Ժողովի դաւանաբանական բանաձեւը եւ կանոնները:

(շարունակելի) 13


List of Donations to Holy Trinity Armenian Church - Dec. 6 to 13, 2019 91st Anniversary of HTAC (continuation of last week) Mr. Garik Gevorkian $5000 Mr. & Mrs. Ohan & Anita Ohanessian $3000 Mr. & Mrs. Andre & Seza Nazarian: $3000 Mr. & Mrs. Wahe & Noor Wartan: $2500 Armenian General Belouvenant Union: $1000 Mr. Yesai Libarian: $1000 Mr. & Mrs. Sogomon & Areknaz Sakarya $1000 Mr. & Mrs. Brock & Elsie Grant: $300 Mr. Ara Muradyan $300 Mr. & Mrs. Tom & Alvart Siraki $300 Mr. & Mrs. Hagop & Betty Minassian $300 Mr. & Mrs. Migirdic & Ani Migirdician $250 Dr. Arpi Panossian Muttart $200 Mr. & Mrs. Varoujan & Vergine Karabulut: $100 Mrs. Ani Sarvarian $100 Mr. Shahan Deirmenjian $100 Mr. & Mrs. Alexan & Nora Baltayan $100 Mrs. Jayran Martin $100 Mrs. Rita Musluyan $100 Mrs. Ayda Kesisyan $50 Shogh Sunday Bulletin & Altar Flowers: Ms Rose Aharonian $275 Women’s Guild: Mrs. Azaduhi Torus: $100 Membership: Mr. & Mrs. Brock & Elsie Grant: $140 Mr. & Mrs. Zaven & Mary Kalaydjian: $140 Endowment Fund: Mr. Antranik Tchelanguerian: $500 Mr. Abraham Chilingirian $150, Mr. Vatche Chilingirian $100 Mr. & Mrs. Sevag & Taline Tchilinkerian $100, Mr. Zohrab Chilingirian $75, Mr. Viken Chilingirian $60, Mrs. Shoghig Darakjain $50 Funeral: Bedrossian & Borgs Families 14


Ս. Սեղանի ծաղիկներու եւ ՇՈՂ Կիրակնօրեայ Թերթիկի նուիրատու՝

ՌՈԶ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ Ի Յիշատակ Թանկագին Ծնողքին

ՆՆՋԵՑԵԱԼ` ՇԱՒԱՐՇ ԵՒ ՅԱՍՄԻԿ

ԱՀԱՐՈՆԵԱՆՆԵՐՈՒ Ս. Խորանի Ծաղիկներու պատրաստում “Ann’s Flowers”

The Altar Flowers and “Shogh” Sunday Bulletin

are sponsored by

Ms ROSE AHARONIAN In memory of her beloved parents, the late SHAVARSH & HASMIGUE AHARONIAN Altar Flowers provided by “Ann’s Flowers”

APPRECIATION We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration. Tel: 416-431-3001 Email: info@TorontoArmenianChurch.com

15


ՍԲ. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԲԱՐԵՒ ԿԵԴՐՈՆԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ ԿԻՐԱԿԻ Ս. Պատարագ – Իւրաքանչիւր Կիրակի առաւօտ 9:30 ժամերգութիւն եւ Բժշկութեան Աղօթք Հիւանդներու համար 10:30 Սուրբ Պատարագ 12:00 Հոգեհանգիստ 10:30 - 13:00 «Մարիօ Կիւմուշճեան» Հոգեւոր Գրադարան 10:30 - 12:30 Կիրակնօրեայ Վարժարան (3-14 տարեկաններու համար) ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ Երեկոյան ժամը 8:00-ին՝ Աստուածաշունչի Սերտողութիւն (Անգլերէն) 19:00 - 20:00 «Սասուն» պարախումբի կրտսերներու փորձ 20:00 - 22:00 «Սասուն» պարախումբի աւագներու փորձ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ 10:30 - Առաւօտեան Ժամերգութիւն, Բժշկութեան Աղօթք Հիւանդներու համար 11:00 Աստուածաշունչի Սերտողութիւն (Հայերէն) ՈՒՐԲԱԹ 19: 30 -ին Ժամերգութիւն եւ Բժշկութեան Աղօթք Հիւանդներու համար 20:00 -ին Զրոյց Քահանայի հետ 20:00 - 22:30 Ընտանեկան Երեկոյ (Potluck, խաղեր, երաժշտութիւն) 19:00 - 20:00 «Սասուն» պարախումբի կրտսերներու փորձ 20:00 – 22:00 «Սասուն» պարախումբի աւագներու փորձ ՇԱԲԱԹ 9:30-13:30 - Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարան 13:30-14:30 – Արտադասարանային ծրագիր (գծագրութիւն, մարզանք, պար, ճատրակ) Վայր՝ 25 Forest Manor Rd, North York. 16


HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH AND BAREV CENTRE’S WEEKLY SCHEDULE OF ACTIVITIES SUNDAY Divine Liturgy – Every Sunday 9:30 am Morning Service & Prayer for the sick 10:30 am Divine Liturgy 12:00 pm Requiem Service 10:30 am to 12:30 pm “Mario Gumushdjian” Christian Library 10:30 am to 12:30 pm Sunday School for 3 to 14 years old children TUESDAY 8 pm to 9:30 pm Bible Study in English 7:00 pm to 8:00 pm “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Juniors) 8:00 pm to 10:00 pm “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Seniors) THURSDAY 10:30 am - Morning Service & Prayer for the Sick 11:00 am - Bible Study in Armenian FRIDAY 7:30 to 8:00 pm 8:00 to 9:00 pm 8:00 to 10:30 pm 7:00 to 8:00 pm 8:00 to 10:00 pm

Evening Vesper & Prayer for the Sick Conversation with Clergy Family Gatherings (Potluck, games, music & more) “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Juniors) “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Seniors)

SATURDAY 9:30 am to 1:30 pm - St. Sahag and St. Mesrob Armenian Saturday School 1:30 pm to 2:30 pm - After school programs (Arts, Sports, Dance, Chess) Location: 25 Forest Manor Rd, Toronto www.armenianschool.ca

17


18


Holy Trinity Armenian Church’s WOMEN’S GUILD 2019-2020

19


Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան

Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian

Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան

Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian

Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 20


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.