Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #222

Page 8

8

ԻԱ տարի թիւ 2 [222] ◆ Փետրուար 2026

ԶՐՈՅՑ

CONVERSATION

«Հաճոյք գտէ՛ք հայկականին մէջ», խոհուրդ կու տան «Կեսարիա» հայագիտական հետազօտութիւններու եւ ակադեմական ծառայութիւններու ընկերութեան տնօրէնները Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան 1 նոյեմբերին, Նոր տարուան առիթով, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ձեռնարկած տարեկան տօնավաճառ-պազարի ուշագրաւ տաղաւարներէն մէկն էր «Կեսարիա» անուանումը կրող սեղանը, ուր բազմաթիւ հայերէն գիրքերով կազմուած երկու աշտարակներ, կանաչ գրամեքենայ մը, հայերէն գրութիւններ, թարգմանութիւններ ու հայ ընտանիքներու հին նկարներ բովանդակող տրցակներ, հայերէն սորվեցնելու եւ դասաւանդելու, թարգմանութիւններ կատարելու եւ այլ աշխատանքներ ցուցադրող ծանուցման սեղանին գլխուն կանգնած էին երիտասարդ զոյգ մը՝ թորոնթոհայ Տանիէլ Օհանեանն ու կողակիցը՝ Ճենիֆըր Մանուկեանը, որոնք հիմնադիրներն ու տնօրէններն էին «Կեսարիա» հայագիտական հետազօտութիւններու եւ ակադեմական ծառայութիւններու (Gesaria Armenian Research and Academic Services) այդ նոր ընկերութեան։ Հետեւաբար անհնար էր չհետաքրքրուիլը «Կեսարիա»-ով եւ անոր հիմնադիր տնօրէններով, որոնց հայասէր հոգւոյն, հայերէն լեզուի սիրով բաբախող սրտին եւ զարգացած արթուն մտքին տեսլականին արդիւնքն էր այդ հայաբոյր նախաձեռնութիւնը։ Ուստի այդ օրուան մեր հանդիպման յաջորդեց ջերմիկ հարցազրոյց մը՝ մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացնելու չափազանց կարեւոր, այժմէական եւ միեւնոյն ժամանակ օգտաշատ «Կեսարիա» ընկերութեան ծրագիրն ու անոր հիմնադիր տնօրէնները։ *** Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան- Բարեւ Տանիէլ, նախ ծանօթանանք ձեր կենսագրականին՝ յստակ պատկերացում մը ունենալու այն մասին, թէ ինչպէ՞ս սկսաւ հայագիտական ուղղութիւն ունեցող ձեր ճամբորդութիւնը։ Տանիէլ Օհանեան- Բարեւ, շնորհակալութիւն «Թորոնթոհայ»-ին՝ մեզի այս առիթը ընծայելուն համար: Ծնած եմ Թորոնթօ եւ այնտեղ հասակ առած եմ։ Ուսանած եմ ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանին մէջ, ապա՝ տարբեր դպրոցներու, եւ վերջապէս York համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած եմ պսակաւորի եւ մագիստրոսի աստիճանները։ Ետքը տեղափոխուած եմ Պոլիս՝ Bilgi համալսարանէն ներս օսմանագիտութեան մէջ մասնագիտանալու եւ թրքերէն սորվելու համար։ ՏՄԿ— Իսկ դոկտորի կոչումը ո՞ւր եւ ե՞րբ ստացաք։ ՏՕ— Պոլիսէն ետք հաստատուեցայ Լոս Անճելոս եւ ընդունուեցայ UCLA։ Այնտեղ ինը տարի աշխատեցայ դոկտորական թեզը պաշտպանելու վրայ եւ 2025-ին աւարտեցի որպէս պատմութեան եւ հայագիտութեան դոկտոր։ Այդ ընթացքին,

2012-էն սկսեալ, արդէն կը գործակցէի Թորոնթոյի Sara Corning Centre for Genocide Education-ին հետ՝ որպէս հետազօտութիւններու տնօրէն։ Ներկայիս կ՚ապրիմ Նիւ Ճըրզի։ ՏՄԿ- Բարեւ Ճենիֆըր, ծանօթանանք ձեզի եւ իմանանք, թէ այս ուղղութեամբ ձեր ճանապարհը ո՞րկէ եւ ի՞նչպէս սկսաւ։ Ճենիֆըր Մանուկեան- Բարեւ։ Ծնած եմ

«Կեսարիա» հայագիտական հետազօտութիւններ եւ ակադեմական ծառայութիւններ ընկերութեան: Մեր կայքին հասցէն է www.gesariaservices.com: Իրականութեան մէջ «Կեսարիա»-ի ծնունդը եղաւ դանդաղ։ Մեր դոկտորական ուսանող եղած տարիներուն մարդիկ յաճախ կը դիմէին մեզի՝ դժուար ընթեռնելի ձեռագիր նամակներ, յուշեր, հին փաստաթուղթեր կարդալու կամ թարգմանելու համար։ Շատերը կ՚ուզէին հասկնալ իրենց ընտանիքի պատմութիւնը, բայց լեզուն խոչընդոտ կ՚ըլլար իրենց համար։

ՏՄԿ— Այսինքն՝ տարիներ առաջ արդէն կը կատարէի՞ք այս աշխատանքը։ ՃՄ— Ճիշտ այդպէս։ Մօտ տասը տարի, ոչ պաշտօնական կերպով, կը զբաղէինք թարգմանութիւններով, խմբագրումով, հետազօտութեամբ։ Երբ մեր դոկտորական ուսումը մօտեցաւ աւարտին, հասկցանք, որ ժամանակն է այս ամբողջ փորձը մէկ անունի տակ համախմբելու։ Այդպէս ալ ծնաւ «Կեսարիա»-ն, որովհետեւ ակադեմական շրջանակներէն դուրս մեծ Տանիէլ Օհանեանն ու Ճենիֆըր Մանուկեանը հետաքրքրութիւն կայ Նիւ Եորք։ Հայերէնը սորվեցայ չափահաս Հայոց պատմութեան հանդէպ, մասնաւորաբար՝ հասակիս, Rutgers համալսարանին մէջ, եւ ընտանեկան փաստաթուղթերու ընթերցման եւ այդ փորձառութիւնը շատ խոր ազդեցութիւն մեկնաբանման ուղղութեամբ։ ձգեց վրաս։ Rutgers-էն ստացայ պսակաւորի Մեր սեփական հետազօտական աշխատանքը աստիճանը, ապա՝ Columbia համալսարանէն՝ մեզի գործնական փորձ տուած էր նման մագիստրոսականը։ Աւելի ուշ տեղափոխուեցայ աղբիւրներու հետ աշխատելու մէջ։ «Կեսարիա»-ի Լոս Անճելոս եւ UCLA-էն ստացայ դոկտորականս՝ հիմնադրութիւնը մեզի հնարաւորութիւն տուաւ հայագիտութեան եւ արեւելագիտութեան մէջ, այս աշխատանքը համակարգուած դարձնելու 2023-ին։ Ունիմ թարգմանական աշխատանքներ։ եւ աւելի ամբողջական կերպով նուիրուելու մեր Վերջին տարիներուն անգլերէնի թարգմանեցի յաճախորդներու ծրագիրներուն։ Երբ մեր ուսումը Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի պարտէզները», կը մօտենար աւարտին, «Կեսարիա»-ի ստեղծումը ապա՝ Զարեհ Որբունիի «Թեկնածուն» վէպը։ բնական եւ տրամաբանական յաջորդ քայլ մըն էր Թարգմանութիւնը ինծի համար միայն լեզուական մեզի համար։ գործ չէ, այլ կամուրջ մը անցեալի եւ ներկայ ՏՄԿ— Ի՞նչ աշխատանքներ կ՚իրականացնէ ընթերցողին միջեւ։ «Կեսարիա» ընկերութիւնը։ ՏՄԿ- Որո՞նք են հիմնադիրները այս ծրագիրին։ Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ծնաւ «Կեսարիա» ընկերութեան գաղափարը։ ՏՕ- Ես ու կողակիցս հիմնադիր-տէրերն ենք

ՃՄ—Մենք հիմնականօրէն չորս ուղղութեամբ կ՚աշխատինք՝ թարգմանութիւն (արեւմտահայերէնէ եւ գրաբարէ՝ անգլերէն), պատմական եւ ընտանեկան հետազօտութիւններ, բնագիրներու


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #222 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu