Nor Haratch 2

Page 1

NOR HARATCH

Journal trihebdomadaire en langue arménienne

Հինգշաբթի Յուլիս 26

2012

Jeudi 26 Juillet

Téléphone : 01 55 32 06 72 contact@norharatch.com Գ.տարի | Թիւ 394| Գինը՝ 1,50 եւրօ

3e année | No 394| Prix unitaire : 1,50 €

Ա Ր Ց Ա Խ - ՀԱ ՅԱՍՏԱ Ն

ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԹԻՒԵՐ Ինչպէս­ գրած­ էինք­ մեր­ նա­խորդ­ թի­ւով,­թէեւ­անցեալ­անգամէն­նուազ­ ձայներով,­այնուամենայնիւ՝­մեծ­տար­ բե­րու­թեամբ­ (66,7%)­ Ար­ցա­խի­ նա­ խագահ­վե­րընտրո­ւած­է­պաշ­տօ­նավա­ րող­նա­խագա­հը՝­Բա­կօ­Սա­հակեան։­Լեռ­ նա­յին­Ղա­րաբա­ղի­Հան­րա­պետու­թեան­ Կեդ­րո­նական­ ընտրա­կան­ յանձնա­ ժողո­վի­ վերջնա­կան­ ար­դիւնքնե­րուն­ հա­մաձայն՝­ ԼՂՀ­ի­ 99.227­ ընտրող­նե­ րէն՝­ քո­ւէար­կութեան­ մաս­նակցած­ են­ 72.958­ հո­գի։­ Բա­կօ­ Սա­հակեանի­ ի­ նպաստ­քո­ւէար­կած­է­47.095­հո­գի,­Վի­ տալի­Բա­լասա­նեանի`­22.967,­Ար­կա­դի­ Սո­ղոմո­նեանի՝­593:­2.302­քո­ւէաթեր­ թիկ­ան­վա­ւեր­նկա­տուած­են:­Անճշդու­ թեանց­տո­կոսն­է`­4%:

որ­ կը­ վերաբե­րի­ գրող­հրա­պարա­ կախօս,­ ներ­քին­ գոր­ծոց­ նախ­կին­ նա­ խարար,­ երե­ւանի­ նախ­կին­ քա­ղաքա­ պետ­ Վա­նօ­ Սի­րադե­ղեանը­ «հայ­րե­նիք­ վե­րադարձնե­լու­առա­ջար­կ»ին։­Ստո­րա­ գ­րա­հաւա­քի­ գլխա­ւոր­ նա­խաձեռ­նողն­ է՝­լրագ­րո­ղու­հի­Վարդ­Սի­մոնեան,­որուն­ ե­տին­կանգնած­քա­ղաքա­կան­որոշ­ու­ ժեր­ կան,­ անշուշտ։­ Մաս­նա­ւորա­բար,­ ան­ցեալ­ շա­բաթ՝­ ստո­րագ­րա­հաւա­քին­ միացած­է­նաեւ­«Ազատ­դե­մոկ­րատներ»­ կու­սակցու­թիւնը,­որուն­ղե­կավար­նե­րը­ վեր­ջերս­ան­ջա­տուած­են­ՀՀշ­էն­եւ­«Հայ­ ազ­գա­յին­գոնկրէս»­դա­շին­քէն։ Յի­շեց­նենք,­որ­12­տա­րիէ­ի­վեր՝­Վա­նօ­ Սի­րադե­ղեան­կը­փնտռուի՝­ծրագ­րուած­ սպա­նու­թեանց­կազ­մա­կերպման­մե­ղադ­ րանքով։­Ռո­բերտ­Քո­չարեանի՝­իշ­խա­նու­ թեան­գա­լէն­ետք՝­1998ին,­Վ.­Սի­րադե­ ղեանի­դէմ­քրէական­դատ­բացուեցաւ,­ իսկ­ 2000ին՝­ Ազ­գա­յին­ Ժո­ղովը­ զին­քը­

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԳՈՆԿՐԷՍԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄՆԵՐ ՆԱԽԱՏԵՍՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Միացեալ­ նա­հանգնե­րու­ ներ­կա­ յացու­ցիչնե­րու­ Տու­նը,­ Յու­լիս­ 23ի­ իր­ նիս­տին­ մեր­ժած­ է­ այն­ բա­նաձե­ ւը,­ որ­ Միացեալ­ նա­հանգնե­րու­ բնիկ­ ցե­ղախումբե­րու­ հա­կակ­շի­ռին­ տակ­ գտնուող­շրջան­նե­րուն­հետ­առեւտրա­ կան­մե­նաշ­նորհումներ­կը­նա­խատե­սէր­ Թուրքիոյ­հա­մար: Միացեալ­ նա­հանգնե­րու­ Գոնկրէ­սի­ Հայ­կա­կան­ հար­ցե­րու­ հա­մախմբու­մի­ հա­մանա­խագահ­Ֆրենք­Փա­լոն,­ինչպէս­ նաեւ­ ճան­ Սար­պէյնս­ ու­ Գե­րոլայն­ Մը­լոնի­ բա­նաձե­ւին­ դէմ­ տպա­ւորիչ­

ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Ար­տա­քին­ գոր­ծոց­ նա­­խարար­ էդ­­ ւ­ արդ­ նալ­­բանդեա­ն,­ Յու­լիս­ 24ին,­ երկօրեայ­ այցելութեան­ մը­ համար­ Փարիզ­ ժամանեց:­ Ինչպէս­ կը­ յայտա­ րարէր­ Ար­տա­քին­ գոր­ծոց­ նա­խարա­ րու­թեան­մա­­մու­­լի,­տե­­ղեկատ­­ւութեան­ եւ­ հա­ն­րութեան­ հետ­ կապի­ վար­­ չութիւնը,­նա­­խատե­սուած­էին­հան­­դի­­ պումնե­ր­Ֆրան­­սա­յի­Ար­տա­քին­Գոր­ծոց­ նա­­խարար­Լօ­ռան­Ֆա­­պիիւ­­սի­եւ­պաշ­­ տօ­­նատար­այլ­ան­­ձե­րու­հետ:

Ձախին՝ Ճան Սարպէյնս, աջ կողմը, վերը՝ Ֆրենք Փալոն եւ Գերոլայն Մըլոնի

Վանօ Սիրադեղեան

զրկեց­ երեսփոսանական­ ան­ձեռնմխե­ լիու­թե­նէն։­Այդ­տա­րիէն­ի­վեր՝­Սի­րադե­ ղեան­մի­ջազ­գա­յին­հե­տախուզման­մէջ­ է։­ներ­քին­գոր­ծոց­նախ­կին­նա­խարա­ րին­ուղղուած­մե­ղադ­րանքնե­րէն­գլխա­ ՎԱՆՕ ՍԻՐԱԴԵՂԵԱՆԷՆ՝ ւորը­այն­է,­որ­ան՝­1992ի­ամ­րան,­զի­ն­ եալ­յան­ցա­խումբ­մը­կազ­մա­ւորած­է՝­Ար­ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մէն­Տէր­Սա­հակեանի­գլխա­ւորու­թեամբ,­ ՎՏԱՐԱՆԴԻԻ ԿԵՐՊԱՐ ՄԸ որուն­ կը­ յանձնա­րարուէր­ իրա­գոր­ծել­ տար­բեր­ յար­ձա­կումներ­ եւ­ սպա­նու­ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՓՈՐՁ թիւններ:­ Մաս­նա­ւորա­բար,­ Վա­նօ­ Սի­ «Դիմագիրք»ին­ (Facebook)­ վրայ­ րադե­ղեանին­ վե­րագ­րուած­ է­ Աշ­տա­ «ելք»­ անուանու­մով­ խումբ­ մը­ նա­ րակի­ շրջա­նի­ նա­խագահ­ Յով­հաննէս­ (Շար. էջ 3) խաձեռ­նած­ է­ ստո­րագ­րա­հաւա­քի­ մը,­

ելոյթներ­ու­նե­ցած­են­քննարկման­ըն­ թացքին: Ող­ջունե­լով­ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու­ տան­այս­որո­շու­մը՝­Ամե­րիկա­յի­Հայ­Դա­ տի­ յանձնա­խումբի­ գոր­ծա­դիր­ վա­րիչ­ Արամ­Համ­բա­րեան­յայ­տա­րարած­է,­թէ­ Թուրքիոյ­հա­մակիր­ներ­այս­բա­նաձե­ւը­ առաջ­կը­մղէին՝­ստեղ­ծե­լու­հա­մար­այն­ տպա­ւորու­թիւնը,­ թէ­ Ան­գա­րա­ նե­ցուկ­ կը­ կանգնի­ Միացեալ­ նա­հանգնե­րու­ բնիկ­ցե­ղախումբե­րուն,­մինչ­միւս­կող­ մէ՝­ Թուրքիա­ կը­ շա­րու­նա­կէ­ ու­րա­նալ­ Հայ­կա­կան­ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը,­ տար­ րա­կան­ իրա­ւունքներ­ կը­ զլա­նայ­ իր­ երկրի­փոք­րա­մաս­նութեանց,­կը­շա­րու­ նա­կէ­հա­լածել­Քիւրտե­րը­եւ­գրա­ւուած­ կը­պա­հէ­հիւ­սի­սային­Կիպրոսը:


2 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2012, Յուլիս 26

THE GENEX ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄԸ ՆԱԽԱԳԻԾ

Ըստ­Գալիֆորնիոյ­մեր­պաշ­տօ­նակից­ «Աս­պա­րէզ»ին,­ԱՄն­ու­մէջ­2013ին­պի­ տի­ սկսին­ Հա­յոց­ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան­ նիւ­թով­ շար­ժանկա­րի­ մը­ ար­տադրու­ թեան­ նախ­նա­կան­ աշ­խա­տանքնե­րը։­ «Տը­ճե­նեքս»­(The Genex)­խո­րագ­րով­ ֆիլ­մին­ նա­խագ­ծին­ մա­սին­ յայտնած­ են­ բե­մադիր­ Սե­ւատա,­ բե­մագիր­ար­ տադրող­ Ալըն­ Քեթց­ եւ­ ար­տադրող­ Կար­պիս­Թի­թիզեան։­Ըստ­անոնց՝­այս­ շար­ժանկա­րը­պի­տի­ըլ­լայ­ամե­րիկեան­ էքշըն­թրիլըր­ տե­սակի­ ժա­պաւէն­ մը,­ որ­ Սել­լի­ Սո­լոմո­նի­ պատ­մութիւնն­ է:­ 2013ին,­սոյն­ժա­պաւէ­նի­իրա­գործման­ նպա­տակով՝­ծա­նօթ­դե­րասան­նե­րու­հե­ տապնդու­մը­պի­տի­կա­տարո­ւի:­Ինչպէս­ որ­պատ­մութիւ­նը՝­նկա­րահա­նումնե­րը­ նոյնպէս նա­խատե­սուած­են­նիւ­եոր­քի,­Ֆրէզ­ նո­յի­եւ­երե­ւանի­մէջ: Սե­ւատա­ Հա­յաս­տա­նի­ մէջ­ բե­մադ­ րած­է­քա­նի­մը­կար­ճա­չափ­ֆիլ­մեր,­ի­ շարս­որոնց՝­եռա­մաս­«Իբ­րեւ­Սկիզբ»,­ «Մի­քոշ»­եւ­«Տը­Ռոփ»­ժա­պաւէն­նե­րը։­ Ինչ­կը­վե­րաբե­րի­Կար­պիս­Թի­թիզեանի,­ ան­ մշտա­պէս­ նե­ցուկ­ կանգնած­ է՝­ Սփիւռքէն,­Հա­յաս­տա­նէն­եւ­Ար­ցա­խէն­ արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու,­ յատ­կա­պէս՝­ Լոս­ Ան­ճը­լըսի­մէջ­«Հո­րիզոն»­հե­ռատե­սիլի­ աշ­խա­տանքնե­րուն:­Կ.­Թի­թիզեան­ար­ տադրած­ է­ բազ­մա­թիւ­ ժա­պաւէն­ներ,­ ի­շարս­որոնց­դե­րասան­Մի­քայէլ­Պօ­ ղոսեանի­գլխա­ւոր­կա­տար­մամբ­ֆիլմ­ մը։

NOR HARATCH

Journal trihebdomadaire en langue arménienne 83, rue d'Hauteville, 75010 Paris Téléphones : 01 55 32 06 72 09 52 14 33 69 contact@norharatch.com abonnement@norharatch.com Journal édité par SARL Nor Haratch Directeur de publication : Jiraïr Jolakian CPPAP : 1110 I 90193 ISSN : 2105-7672 Imprimé et distribué par SAS Inter Routage 49-55, rue des Écoles, 93321 Aubervilliers Cedex Prix d'Abonnement annuel (France) : 220 € Prix d'Abonnement annuel (Hors France) : 270 € Pour les virements bancaires : Société Générale - Paris Saint Vincent Paul IBAN-FR76 3000 3033 2000 0205 8187 329 BIC : SOGEFRPP

ՄԱԿ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱԶԷՐՊԱՅՃԱՆԻ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒՄԸ ԳԼԽՈՒ ՊՏՈՅՏ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ԹԻՒԵՐ

Աւելի­ քան­ ամիս­ մը­ առաջ,­ ՄԱԿ­ի­ լսա­րանին­ առ­ջեւ՝­ Ար­տա­քին­ գոր­ծոց­ նա­խարար­ էդուարդ­ նալ­բանդեան­ կը­ դա­տապար­տէր­ Ազէր­պայճա­նի­ ռազ­ մա­կան­ամա­վար­կի­տպա­ւորիչ­եւ­մտա­ հոգիչ­աճը­եւ­դի­տել­կու­տար­այդ­երե­ ւոյ­թին­ներ­կա­յացու­ցած­սպառ­նա­լիքը՝­ տա­րածաշրջա­նին­ կա­յու­նութեան­ եւ­ ապա­հովու­թեան­տե­սան­կիւնէն:­ ՄԱԿ­ի­ ընդհ.­ քար­տուղա­րը՝­ Պան­ Քի­Մուն,­Յու­լիս­23ին­բաշ­խուած­տե­ ղակագ­րին­մէջ,­ինք­ալ­նոյն­ձե­ւով­կը­դա­­ տապար­տէ­Պա­քուի­սպա­ռազին­ման­խօլ­ ար­շա­ւը:­Ան­թէեւ­առանց­գոր­ծա­ծելու­ այս­բա­ռամ­թերքը,­կը­թուէ­ըն­կա­լեալ­ ու­ժե­րու­(forces conventionnelles)­մասին­ եւ­րո­պական­հա­մաձայ­նագրե­րու­բռնա­ բար­ման­պա­րագա­ները­Ազէր­պայճա­նի­ կող­մէ­«դէպի­սպա­ռազին­ում՝­բացայայ­ տօրէն­վտան­գա­ւոր­իր­երթ»ին­մէջ:­

Մ Ի Ջ Ա Զ Գ Ա ՅԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

ՍՈՒՐԻԱ

ԱՊՍՏԱՄԲՆԵՐԸ ՀՈՂ ԿԸ ՇԱՀԻՆ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ Մինչ­նա­խագահ­Պա­շար­ալ­Ասա­տի­ ու­ժե­րը­սկսած­են­հետզհե­տէ­իրենց­հա­ կակշռին­տակ­առ­նել­Դա­մաս­կո­սը,­ան­ դին՝­Յու­լիս­24ին,­Հա­լէպի­բազ­մա­թիւ­ թա­ղամա­սեր­ապստամբնե­րուն­ձեռ­քը­ ան­ցած­ են:­ Կ՚ըսուէր­ թէ­ Սու­րիոյ­ բա­ նակին­կող­մէ­ղրկուող­օժան­դակ­ու­ժե­ րը­չէին­կրնար­տեղ­հաս­նիլ,­բա­խելով­ ապստամբնե­րու­ ար­գե­լակ­ման:­ Ըստ­ Մարդկա­յին­իրա­ւանց­սու­րիական­դի­ տարա­նին՝­միայն­Յու­լիս­24ին՝­ամ­բողջ­ երկրին­տա­րած­քին­մե­ռեալ­նե­րու­թի­ւը­ կը­գե­րազան­ցէր­80ը,­որոնց­49ը­պարզ­ քա­ղաքա­ցիներ­էին: *** Կայ­նաեւ­շատ­մտա­հոգիչ­այլ­հարց­ մը,­ որ­ Սու­րիոյ­ քի­միական­ զէն­քե­րու­ պա­րագան­ է:­ 1970ական­ թուական­ նե­րուն,­ռու­սա­կան­օժան­դա­կու­թեամբ­ սկսած­ քի­միական­ զէն­քե­րու­ ար­ տադրու­թիւնը­եւ­ստեղ­ծուած­զի­նանո­ ցը­ այ­սօր­ կա­տարեալ­ սպառ­նա­լիք­ մը­ կը­հան­դի­սանան:­Մէկ­կող­մէն­կայ­այն­ վտան­գը,­ թէ­ սու­րիական­ իշ­խա­նու­

Ար­դա­րեւ,­2012­Յու­նուար­1էն­ի­վեր,­ Ազէր­պայճան­լայ­նօ­րէն­գլած­ան­ցած­է­ մի­ջազ­գայնօ­րէն­ճշդուած­սահ­մաննե­րը,­ յատ­կա­պէս­ հրա­սայ­լե­րու,­ հրե­տազօր­ քի,­ յար­ձակման­ ուղղա­թիռ­նե­րու­ եւ­ ռազ­մա­կան­ զրա­հապատ­ կառ­քե­րու­ թի­ւերուն­մէջ:­Պարզ­օրի­նակ­մը­տա­լու­ հա­մար,­մինչ­հրա­սայ­լե­րու­թի­ւը­սահ­ մա­նափա­կուած­է­220ով,­Ազէր­պայճան­ ու­նի­381­հրա­սայլ:­նոյնպէս՝­հրե­տանիի­ պա­րագա­յին.­ար­տօ­նուած­թիւն­է­285,­ ազէր­պայճա­նական­ բա­նակը­ տէր­ է­ 516­հրե­տանիի:­Միայն­2011ին­ար­դէն,­ անոնց­ թի­ւը­ աւել­ցած­ է­ 47­ նո­րերով:­ նոյնն­է­նաեւ­ուղղա­թիռ­նե­րու­եւ­զրա­ հաւոր­նե­րու­ պա­րագան:­ Մինչ­ անոնք­ ար­դէն­լայ­նօ­րէն­կը­գե­րազան­ցէին­ար­ տօ­նուած­սահ­մաննե­րը,­2011ին­5­նոր­ ուղղա­թիռ­ներ­եկած­են­միանալ­նախ­ կիննե­րուն,­ ինչպէս­ նաեւ՝­ 106­ զրա­ հապատ­կառ­քեր­(այս­կառ­քե­րու­թի­ւը­ կը­հաս­նի­287ի,­փո­խանակ­ար­տօ­նեալ՝­ 220ին):­ եզ­րա­փակե­լու­հա­մար­նշենք,­որ­2012­ ին­ Ազէր­պայճա­նի­ ռազ­մա­կան­ ամա­ վար­կը­կազ­մած­է­3,47­մի­լիառ­տոլար: թիւննե­րը­ զան­գուածա­յին­ ոչնչաց­ման­ այս­զէն­քե­րը­կրնան­գոր­ծա­ծել­իրենց­ իսկ­բնա­կիչ­նե­րուն­դէմ,­եւ­միւս­կող­մէն­ ալ­ այն­ մտա­վախու­թիւնը,­ թէ­ Ասա­տի­ վար­չա­կար­գին­ անկման­ պա­րագա­յին,­ անոնք­կրնան­ցրուիլ­աջ­ու­ձախ,­իյ­նա­ լով­անբաղձալի­ձեռ­քե­րու­մէջ:­ քանի ՄԸ ՏոՂոՎ

ՀԱ­ՐԻՐԻԻ­ սպա­նու­թեան­ կա­պակ­ ցութեամբ­կեղծ­վկա­յու­թիւն­կա­տարած­ անձ­ մը­ ցոյց­ տրուած­ է­ լի­բանա­ն­ եան­ հե­ռատե­սիլէն,­ Յու­լիս­ 22ին:­ Ան­ յայտնա­բերուած­ եւ­ ձեր­բա­կալուած­ է­ Սու­րիոյ­ ապստամբնե­րուն­ կող­մէ:­ են­ թա­կան­խոս­տա­ցած­է­իր­գիտ­ցած­բո­ լոր­ «գաղտնիք»նե­րը­ բա­ցայայ­տել:­ Կ՚ըսուէր­թէ­Ասա­տի­լրա­հաւաք­գոր­ծա­ կալու­թեան­աշ­խա­տակից­նե­րէն­է:­ «ՖՐԱնՍ­ՍՈՒԱՐ»ի­ հա­մար­ հա­սած­ է­ վեր­ջա­կէտը­ դնե­լու­ պա­հը:­ Գրա­ւոր­ մա­մու­լի­անուն­մը­եւս­կ՚ան­հե­տանայ,­ անուն­ մը­ որուն­ սիւնակներուն­ մէջ­ ճաճանչած­ են­ Ժո­զէֆ­ Քէ­սէլի,­ Լիւ­ սիէն­ Պո­տարի­ կամ­ Ժան­Փօլ­ Սարթրի­ նման­ անձնա­ւորու­թիւննե­րու­ ստորա­ գրութիւնները:­Թեր­թը­70ական­թուա­ կան­նե­րէն­ ի­ վեր­ ան­կումի­ մէջ­ էր:­ 2009ին,­ռուս­մի­լիառատէր­Ա.­Փուկա­ չեւի­բերած­նեցուկն­ալ­բանի­չծառայեց՝­ խուսափելու­համար­անխուսափելիէն:


2012, Յուլիս 26

ՎԱՆՕ ՍԻՐԱԴԵՂԵԱՆԷՆ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ… (Շար. Ա. էջէն)

կան­ ու­սումնա­րանի­ դե­րասա­նական­ բա­ժինը,­որ­մէ­ետք­սկսած­է­աշ­խա­տիլ­ Կա­պանի­պե­տական­թատ­րո­նին­մէջ: Այ­նուհե­տեւ­ եր­կար­ տա­րիներ­ ան­ աշ­խա­տած­է­«Սունդու­կեան»,­Գիւմրիի­ «Վար­դան­Աճէ­մեան»,­երե­ւանի­«Հրա­չ­ եայ­ Ղափ­լա­նեան»,­ Սօս­ Սարգսեանի­ գլխա­ւորած­ «Հա­մազ­գա­յին»­ թատ­ րոննե­րուն­մէջ: Կեան­քի­ վեր­ջին­ տա­րինե­րուն­ ան­ «Պա­րոնեան»­ երաժշտա­կան­ եր­գի­ ծական­թատ­րո­նի­դե­րասա­նու­հի­էր: Կա­լիա­ նո­վենց­ հայ­կա­կան­ շար­ ժանկար­բե­րած­է­հայ­կնոջ­կեր­պա­րը,­ անոր­ տա­ռապանքներն­ ու­ լուռ­ հե­ ծեծանքնե­րը:

Սու­քիասեանի­ սպա­նու­թեան­ պա­տուի­ րու­մը,­Հա­յաս­տա­նի­եր­կա­թու­ղիի­վար­ չութեան­ պետ­ Համ­բարձում­ Ղան­դի­լ­ եանի,­իր­վա­րորդ­Յա­կոբ­Ու­նի­կեանի­եւ­ ու­ղե­ւոր­ Ժո­րա­ Իսա­հակեանի­ սպա­նու­ թեան­կազ­մա­կեր­պումը,­ՀՀ­դա­տախա­ զու­թեան­քննչա­կան­վար­չութեան­պետ­ Ար­թուր­ Յա­կոբեանի­ դէմ­ մա­հափոր­ձի­ նա­խապատ­րաստումն­ ու­ կազ­մա­կեր­ պումը։­Յատ­կանշա­կան­է,­որ­ինք՝­Վա­նօ­ Սի­րադե­ղեան,­եր­բեք­չէ­հեր­քած­այս­մե­ ղադ­րանքնե­րը,­այլ­միայն­հե­ռատե­սիլի­ իր­ծանօթ­­հար­ցազրոյ­ցին­մէջ­ըսած­է,­ թէ­ինք­չի­փա­փաքիր­բո­լորին­փո­խարէն­ «քա­ւու­թեան­նո­խազ»­դառ­նալ։ Յու­լիս­20ին,­ԱԻՄ­ի­նա­խագահ­Պա­ րոյր­ Հայ­րի­կեան,­ լրագ­րողնե­րու­ հետ­ հան­դիպման­ ժա­մանակ­ անդրա­դառ­ նա­լով­ վե­րոն­շեալ­ ստո­րագ­րա­հաւա­ քին,­ ըսած­ է.­ “Ընդհան­րա­պէս,­ որեւէ­ ար­տաքսեալ­ կամ­ փա­խած­ Հա­յի­ վե­ րադարձ­ ես­ ցան­կա­լի­ երե­ւոյթ­ եմ­ հա­ Կալիա Նովենց մարում:­ ես­ կողմ­ եմ,­ որ­պէսզի­ Վա­նօ­ Ան­ստանձնած­է­աւե­լի­քան­50­դեր՝­ Սի­րադե­ղեանը­ոչ­թէ­վե­րադառ­նայ,­այլ­ մէջ­տեղ­գայ:­եթէ­պէտք­է՝­դա­տուի,­եթէ­ թատ­րո­նի,­ռա­տիօբե­մադ­րութիւննե­րու,­ վա­ղեմու­թեան­ ժամ­կէտ­ կայ՝­ ազա­տ­ հա­րիւ­րէ­ աւե­լի­ կրկնօ­րինա­կումնե­րու­ մէջ:­Բայց­այս­բո­լորի­կող­քին,­դե­րասա­ ւի”: նու­հիին­մե­ծագոյն­ներ­կա­յու­թիւնը­շար­ ժանկա­րի­մէջ­եղած­է,­ուր­ան­նկարա­ Ռ. ՔՈՉԱՐԵԱՆ ւած­է­«Բա­րեւ,­ես­եմ»,­«Մենք­ենք,­ ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ՄԱՐՍԻԼԻԱ՞ հանո­ մեր­ սա­րե­րը»,­ «Այս­ խաչ­մե­րու­կում»,­ «Հին­ օրե­րի­ եր­գը»,­ «նա­հապետ»,­ ԿՈՒ ԳԱՅ «Չոր­րորդ­ինքնիշ­խա­նու­թիւն»­թեր­ «Մեր­ ման­կութեան­ տան­գօն»,­ «Գի­ թը­գրէ­թէ,­Հա­յաս­տա­նի­քա­ղաքա­կան­ քորը»,­«Սպի­տակ­անուրջներ»,­«Կտոր­ շրջա­նակ­նե­րու­մէջ­վեր­ջերս­շրջող­լու­ մը­եր­կինք»,­մօտ­երեք­տաս­նեակ­շար­ րե­րու­հա­մաձայն,­նախ­կին­նա­խագահ­ ժանկար­նե­րու­մէջ: Ռո­բերտ­Քո­չարեան­Օգոս­տո­սի­սկիզբը­ Մար­սի­լիա­ կու­ գայ:­ Ան­ հան­դի­պում­ կ՚ու­նե­նայ­ գոր­ծա­րար­ շրջա­նակ­նե­րը­ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ներ­կա­յաց­նող­երես­փո­խան­նե­րու­հետ:­ երես­փո­խան­նե­րէն­ զատ­ այղ­ հան­ ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ դիպումին­կը­մաս­նակցին­նաեւ­ներ­կա­ յի­տե­ղական­ղե­կավար­նե­րէն­մի­քա­նին,­ ՀԱՍՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ որոնք­իրենց­քա­ղաքա­կան­աս­պա­րէզը­ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԿԱՊԻ սկսած­են­Քո­չարեանի­օրով:

ՄԱՀ՝ ԾԱՆՕԹ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ԿԱԼԻԱ ՆՈՎԵՆՑԻ

Յուլիս­ 22ին,­ 75­ տա­րեկա­նին,­ յետ­ ծանր­հի­ւան­դութեան՝­մա­հացած­է­հայ­ թատ­րո­նի­եւ­շար­ժանկա­րի­ծա­նօթ­դե­ րասա­նու­հի­Կա­լիա­նո­վենց: Անոր­ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան­ կեն­ սագրու­թիւնը­սկսած­է­1958ին`­աւար­ տե­լով­ երե­ւանի­ պե­տական­ թա­տերա­

ՅԱՏՈՒԿ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 3

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գերմա­նական­ Deutsche Welle թեր­թը­ Հա­յաս­տա­նի­ մէջ՝­ տնտե­սական­ պատ­ ճառնե­րով­ անձնաս­պա­նու­թիւննե­րու­ թի­ւի­աճին­նո­ւիրո­ւած­յօ­դուած­մը­հրա­ պարա­կած­է:­Թեր­թը­կը­գրէ­թէ,­վեր­ջին­ կէս­ տա­րուան­ ըն­թացքին­ ար­ձա­նա­ գ­րո­ւած­47­անձնաս­պա­նու­թիւննե­րը­եր­ կու­ան­գամ­աւե­լի­են,­քան­2011ի­նոյն­ ժա­մանա­կահա­տուա­ծին­ ար­ձա­նագ­ րո­ւածները։­ Յղում­ ընե­լով­ Հայ­կա­կան­ ըն­կե­րաբա­նական­ ըն­կե­րակ­ցութեան­ նա­խագահ­ Գէորգ­ Պօղոսեանին՝­ յօ­դ­ ւա­ծին­մէջ­կը­նշո­ւի,­որ­աշ­խարհի­մէջ­ կա­տարո­ւող­անձնաս­պա­նու­թեանց­թի­ւը­ ամէն­տա­րի­գրե­թէ­կա­յուն­կը­մնայ,­սա­ կայն­եթէ­որե­ւէ­երկրի­մէջ­նշանակալից­ աճ­նկա­տուի,­այդ­կը­վկա­յէ­ըն­կե­րային­ դաշ­տին­մէջ­տե­ղի­ու­նե­ցող­փո­փոխու­ թեանց­մա­սին։­Հա­յաս­տա­նի­պա­րագան­ կը­ վե­րաբե­րի­ այս­ վեր­ջի­նին,­ քա­նի­ երկրին­մէջ­գոր­ծազրկու­թիւնը­կը­կազ­մէ­ 40%,­ինչ­որ­ԱՊՀ­եր­կիրնե­րու­մէջ­ամե­ նէն­բարձր­ցու­ցա­նիշ­նե­րէն­է։­Որոշ­տո­ ւեալ­նե­րու­հա­մաձայն՝­ար­տասահմանի­ մէջ­աշ­խա­տող­նե­րը­ներ­կա­յիս­աւե­լի­քիչ­ դրամ­ կ՚ու­ղարկեն­ Հա­յաս­տա­նի­ իրենց­ ազ­գա­կան­նե­րուն։­երկրին­բնակ­չութեան­ 30%ը­կ՚ապ­րի­չքա­ւորու­թեան­մէջ,­իսկ­ երի­տասար­դութեան­ մե­ծամաս­նութիւ­ նը­իր­ապա­գան­չի­տես­ներ­Հա­յաս­տա­նի­ մէջ։­2011ին­Հա­յաս­տա­նի­մէջ­անձնաս­ պա­նու­թեան­650­փորձ­կա­տարո­ւած­է,­ որոնցմէ­195ի­պա­րագա­յին՝­կարելի­չէ­ եղած­փրկե­լ­կա­տարող­նե­րը.­ասոնց­մեծ­ մա­սը­գոր­ծա­զուրկներ­եղած­են,­կ՚եզ­րա­ կաց­նէ­գեր­մա­նական­թերթը։ կան­ վե­րապատ­րաստման­ մէջ­ եւ­ յե­ տագա­յին՝­ հա­մապա­տաս­խան­ աշ­խա­ տանք­կը­գտնեն: Ժա­մանած­Սու­րիահա­յերուն­աշ­խա­ տանք­ապա­հովե­լու­նպա­տակով,­ներ­ կա­յիս­ կը­ գոր­ծէ­ յա­տուկ­ գրա­սենեակ­ մը,­ որ­ թէ՛­ կ՚ար­ձա­նագ­րէ­ Հա­յաս­տան­ հա­սած­Սու­րիահա­յերը­եւ­անոնց­տը­ւ­ եալ­նե­րը­ կը­ փո­խան­ցէ­ ձեռ­նարկու­ թիւննե­րուն,­եւ­թէ­կ՚ար­ձա­նագ­րէ­այն­ ձեռ­նարկու­թիւննե­րը,­ որոնք­ մաս­նա­ գէտ­նե­րու­կա­րիքը­ու­նին,­կամ­կրնան­ վե­րապատ­րաստել­ ժա­մանած­ներ­ եւ­ անոնց­ օգ­նել­ աշ­խա­տանք­ գտնե­լու­ գծով: Գրա­սենեակի­ հե­ռաձայ­նի­ թիւն­ է՝­ +374­(10)­574812,­ իսկ­ել­գի­րի­հաս­ցէն՝­

Սուրիոյ­ իրա­դար­ձութիւննե­րուն­ պատ­ճա­ռով,­ ապ­րե­լու­ եւ­ աշ­խա­տելու­ հա­մար­ Հա­յաս­տան­ տե­ղափո­խուե­լու­ ստի­պուած­Սու­րիահա­յերու­որ­պէս­թիւ­ կը­ տրո­ւի­ 2էն­ 3­ հա­զար:­ Կ՚ըսո­ւի­ թէ­ անոնք­իրենց­ար­հեստնե­րուն­մէջ­վար­ պետ­ են,­ մաս­նա­գէտ­ներ­ են:­ Անոնցմէ­ ոմանք­ար­դէն­սկսած­են­աշ­խա­տիլ­Հա­ յաս­տա­նի­ձեռ­նարկու­թիւննե­րուն­մէջ: Որոշ­ ձեռ­նարկու­թիւններ­ ալ­ Սու­ րիահա­յերուն­ կ՚օգ­նեն­ մաս­նա­գիտա­ toarmenia@gmail.com


4 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2012, Յուլիս 26

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ, 37 °. ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՆՁԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ Վահէ Թաշճեան Հաւա­նաբար շա­տեր նոյն այս զգա­ ցու­մը ու­նե­ցած են. կ՚ապ­րիս ծննդա­ վայ­րէդ հե­ռու ու շատ տար­բեր ըն­ կե­րային մի­ջավայ­րի մը մէջ եւ ամէն ան­գամ որ առի­թը ներ­կա­յանայ վե­ րադառ­նա­լու ծննդա­վայրդ, կը սկսիս մտա­ծել, ծրագ­րել թէ ին­չեր ու ին­չեր պի­տի ընես այնտեղ՝ մէյ մը որ հաս­նիս։ Խան­դա­վառ ես գա­լիք ճամ­բորդու­ թեամբդ, երե­ւակա­յու­թիւնդ թե­ւեր կ՚առ­նէ, կը սկսիս մտքիդ մէջ ծրա­գիր­ ներ կազ­մել՝ հին ու նոր բա­րեկամ­նե­ րու հետ հան­դի­պումնե­րու, ծա­նօթ ու ան­ծա­նօթ վայ­րեր այ­ցե­լու­թիւննե­րու, հա­րազատ ու հա­մադամ ճա­շեր ու­տե­ լու, եւայլն։ Կը հաս­նիս ծննդա­վայրդ ... ու յան­կարծ դէմ առ դէմ կ՚ել­լես նոյն վայ­րին ժխտա­կան կող­մե­րուն, որոնք կար­ծես մոռ­ցուած էին սկզբնա­կան խան­դա­վառու­թեանդ մթնո­լոր­տին մէջ։ Յի­շողու­թե­նէդ վրի­պած այս բա­ները կրնան ըլ­լալ ծննդա­վայ­րիդ ահ­ռե­լի աղ­մուկը, եր­թե­ւեկա­յին աննկա­րագ­րե­ լի խճո­ղու­մը, սար­սա­փելի տաքն ու խո­ նաւու­թիւնը եւ վստա­հաբար տա­կաւին ու­րիշ բա­ներ։ Հե­տեւան­քը այն կ՚ըլ­լայ որ ծրագ­րածնե­րէդ քի­չեր կ՚իրա­կանաց­ նես եւ այդ քի­չով ալ բա­ւարա­րուած ու գոհ՝ կը վե­րադառ­նաս եր­կիրդ։ Կար­ծես նոյն այս զգա­ցումնե­րով Պէր­լի­նէն Պէյ­րութ ճամ­բայ ելած էի։ Լի­բանա­նեան եր­կու շա­բաթեայ այ­ցե­ լու­թեանս նպա­տակ­նե­րէն մէկն էր՝ Յու­ շա­մատեան կայ­քէ­ջին հա­մար Օս­մա­ն-­ եան կայսրու­թեան օրե­րէն մնա­ցած հայ­կա­կան յի­շողու­թեան առար­կա­ներ հա­ւաքե­լը։ Աւե­լի քան մէկ տա­րի է որ մեր կայ­քը կը գոր­ծէ եւ մեր նպա­տակն է՝ յօ­դուած­նե­րու, լու­սանկար­նե­րու, ձայ­ նագրու­թիւննե­րու ու բազ­մա­մետիա այլ գոր­ծիքնե­րու ճամ­բով վե­րականգնել օս­մա­նեան Հա­յերու ան­ցեալի հա­րուստ ժա­ռան­գութիւ­նը։ Այս նպա­տակով ալ, ան­ցեալ Փետ­րուարին երբ դար­ձեալ Լի­բանան էի, Հայ­կա­զեան Հա­մալ­սա­ րանի տնօ­րէն Վեր. Փօլ Հայ­տոսթեանին եւ նոյն հա­մալ­սա­րանի Հայ­կա­կան Սփիւռքի Ու­սումնա­սիրու­թեան Կեդ­րո­ նի տնօ­րէն Անդրա­նիկ Տա­գէսեանին հետ միասին որո­շեցինք այս ամառ կազ­մա­կեր­պել երեք օրե­րու վրայ եր­կա­

րող ձեռ­նարկ մը՝ Պուրճ Հա­մու­տի Հայ Աւե­տարա­նական Շամ­լեան-Թա­թիկեան երկրոր­դա­կան վար­ժա­րանին մէջ։ Ձեռ­ նարկը Յու­շա­մատեանի եւ Հայ­կա­զ-­ եան հա­մալսարա­նին մի­ջեւ հա­մագոր­ ծակցու­թիւն մը պի­տի ըլ­լար։ Այսպէս, մեր խումբը առ­տուայ ժա­մերէն մին­չեւ երե­կոյ պի­տի նստէր այստեղ եւ պի­ տի սպա­սէինք որ Հա­յեր ներ­կա­յանա­ յին մե­զի՝ իրենց հետ բե­րելով յի­շողու­ թեան առար­կա­ներ։ Մեր խումբը նոյն այս նիւ­թե­րը պի­տի լու­սանկա­րէր ու վե­րադարձնէր իրենց տէ­րերուն։ Ձեռ­ նարկին շուրջ հե­տաքրքրու­թիւն ստեղ­ ծե­լու հա­մար տպե­ցինք նաեւ յա­տուկ թռու­ցիկներ, որոնք բաժ­նուեցան հայ­ կա­կան եկե­ղեցի­ներու ու դպրոց­նե­րու մէջ։ Նաեւ ես ու Էլ­քը Հարթման­նը՝ կինս ու Յու­շա­մատեան միու­թեան նա­խագա­ հու­հին, պի­տի ներ­կա­յաց­նէինք եր­կու դա­սախօ­սու­թիւն՝ նիւթ ու­նե­նալով մեր կայ­քէ­ջը։ Ահա­ւասիկ այս էր ծրա­գիրը երբ հա­սանք Լի­բանան։ Խան­դա­վառող նա­ խաձեռ­նութիւն, որուն ար­դէն սկսած էինք հա­ւատալ ու յոյ­սեր կա­պել դեռ Լի­ բանան չհա­սած։ Եւ ար­դէն սկսած էինք մոռ­նալ երկրին միւս կող­մե­րը՝ տի­րող քա­ղաքա­կան ան­կա­յուն վի­ճակը, ահա­ւոր տաքն ու խո­նաւու­թիւնը, Սու­ րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցող պա­տ երազ­մ ին բազ­ մա­կող­մա­նի ազ­դե­ցու­ թիւննե­րը, տնտե­սական տագ­նա­պը։ Ասոնք բո­ լորն ալ ճնշիչ ներ­կա­յու­ թիւններ էին ամառ­նա­ յին այդ օրե­րու Լի­բանա­ նին մէջ։ Հա­կասու­թիւնը մեծ էր. եկած էինք Լի­բանա­նի հա­յու­թեան մօտ հե­ռաւոր ան­ցեալի մը հետ­քե­րով, երբ նոյն ժա­մանակ նոյն երկրին եւ անոր ժո­ ղովուրդին ներ­կան այնքան ալ փայ­ լուն չէր։ Յու­լիս 5 եւ առա­ջին մեծ յու­սա­ խաբու­թիւնը։ Այդ օրը նա­խատե­սուած է Յու­շա­մատեանի մա­սին դա­սախօ­ սու­թիւն մը Պէյ­րութի Հայ­կա­զեան հա­

մալ­սա­րանին մէջ։ Ես ու Էլ­քըն պի­տի խօ­սինք մեր կայ­քէ­ջին մա­սին։ Բայց ան­կա­րող ենք սրա­հին մէջ զե­տեղուած մեծ պաս­տա­ռին վրայ մեր կայ­քէ­ջը ցոյց տա­լու։ Պատ­ճա՞ռ. ամ­բողջ Լի­բանա­նի մէջ եր­կու օրէ ի վեր հա­մացան­ցի գի­ծը խան­գա­րուած է ու դադ­րած է գոր­ծե­լէ։ Այնպէս որ պի­տի խօ­սինք կայ­քէ­ջի մը մա­սին առանց որ կա­րելի ըլ­լայ կայ­քէ­ջը կեն­դա­նի կեր­պով ցոյց տալ։ Դրական կող­մը այն է, որ եկած են 50է աւե­լի ներ­կա­ներ, որոնք հե­տաքրքրու­թեամբ կ՚ունկնդրեն մեր դա­սախօ­սու­թիւնը։ Քա­նի մը օր ետք նոյն դա­սախօ­սու­ թեան կրկնու­թիւնը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այս ան­գամ Պուրճ Հա­մու­տի մէջ՝ հայ կա­թողի­կէ Մես­րո­պեան վար­ժա­րանի սրա­հին մէջ։ Նոյնքան ներ­կա­ներ եւ նոյն հե­տաքրքրու­թիւնը։ Future TV-ի հայ­կա­կան բա­ժինը ու Ռա­տիօ Սե­ւանը նոյնպէս հար­ցազրոյցներ կ՚ու­նե­նան մեր հետ։ Այս բո­լորը տե­ղի կ՚ու­նե­նան աւե­լի շատ մթնո­լոր­տը պատ­րաստե­լու հա­ մար բուն օրուան՝ Յու­լի­ս 10ին, այ­ սինքն Շամ­լեան Թա­թիկեան դպրո­ցին մէջ ծայր առ­նե­լիք մեր ձեռ­նարկին անդրա­նիկ օրուան։ Այդ Երեք­շաբթին չա­փազանց տաք առա­ւօտ մըն է։ Ան­թի­ լիասէն պէտք է ուղղուինք Պուրճ Հա­ մուտ։ Նա­խոր­դող գի­շերը յու­սա­խաբու­ թիւն մը եւս կ՚ապ­րինք, երբ կ՚իմա­նանք որ ծո­վեզե­րեայ մայ­րուղին՝ եր­կու վայ­ րե­րը զի­րար միաց­նող միակ ճա­նապար­ հը, պի­տի փա­կուի բո­ղոքի ցոյ­ցի մը պատ­ճա­ռով։ Այսպի­սի պայ­մաննե­րու մէջ ան­կա­րելի պի­տի ըլ­լայ կէ­սօրէն առաջ Պուրճ Հա­մուտ հաս­նի­լը։ Բայց

ցոյ­ցը տե­ղի չու­նե­նար ու ճիշդ ժա­մուն կը հաս­նինք Պուրճ Հա­մուտ։ Դպրո­ցին տնօ­րէնու­թիւնը մե­զի տրա­մադ­րած է կո­կիկ սե­նեակ մը, ուր ար­դէն նստած է Անդրա­նիկ Տա­գէսեանը։ Շու­տով մե­ զի կը միանան նաեւ մեր հետ կա­մաւոր աշ­խա­տող եր­կու ու­սա­նողու­հի­ներ՝ Սա­


2012, Յուլիս 26

նահի­նը եւ Արի­նը։ Աշ­խա­տան­քի վեր­ջին օրը մեր հետ կա­մաւոր պի­տի աշ­խա­ տէին նաեւ Լո­ռին եւ Շո­ղերը։ Առա­ջին «յա­ճախորդ»նե­րը չեն ու­ շա­նար, իրենց հետ բե­րելով յի­շողու­ թեան առա­ջին գան­ձե­րը։ Անոնց մէջ կայ փոք­րիկ զան­գակ մը, որ Մա­րաշէն աղջնա­կի մը խա­ղալի­քը եղած է։ Ան իր հետ փո­խադ­րած է այս առար­կան գաղ­թի ճամ­բա­ներէն ու զայն բե­րած է մին­չեւ Լի­բանան, ուր կը պահ­պա­ նուի ըն­տա­նիքին շա­ռաւիղ­նե­րուն կող­ մէ։ Բե­րուած առար­կա­ներուն մէջ կայ նաեւ Սի­սէն Աս­տուածա­շունչ մը։ Առա­ ջին լու­սանկար­ներն ու առար­կա­ները ոգե­ւորու­թեամբ կը լու­սանկա­րենք ու կը թուայ­նացնենք, ապա կը յանձնենք իրենց տէ­րերուն։ Ար­դէն կէ­սօր է։ Ջեր­մաստի­ճանը 37°։ Մեր սե­նեակին մէջ թէեւ ելեկտրա­կան երեք հո­վահար­ներ զե­տեղուած են, բայց կը տաք­նանք ու կը քրտնինք։ Ի՞նչպէս դի­մադ­րել պուրճ հա­մու­տեան ամառ­նա­յին այս խո­նաւու­թեան։ Սե­ն-­ եակին մէջ մնա­ցած են միայն մեր խումբին ան­դամնե­րը։ Հա­մոզուած ենք որ կէ­սօրուայ այս պա­հը աշ­խա­տան­ քա­յին դա­դար մը պի­տի ըլ­լայ։ Մտքիս մէջ ար­դէն ծրա­գիր­ներ կը կազ­մեմ թէ Պուրճ Հա­մու­տի ո՞ր խա­նու­թէն եւ ի՞նչ տե­սակի հա­մադամ սան­տուիչ­ներ պի­ տի ապսպրեմ։ Տա­կաւին չեմ վճռած սուճուխի (երշիկ - «ՆՅ») եւ սխտո­րով հա­ւի սան­տուիչ­նե­րուն մի­ջեւ։ Եր­կուքն ալ շատ կա­րօտ­ցած եմ։ Ճիշդ այդ պա­ հուն ներս կը մտնէ Ծո­վիկը, քիչ ետ­քը՝ Կա­րօն։ Եր­կուքն ալ ըն­կերներ են։ Երբ կը տես­նեն մեր «ան­գործու­թիւն»ը, իրենց ձեռ­քի հե­ռաձայ­ննե­րը ան­մի­ ջապէս կը հա­նեն, կը սկսին աջ ու ձախ հե­ռաձայ­նել, հարցնել բա­րեկամ­նե­րու թէ կը ճանչնա՞ն մեզ շա­հագրգռող նիւ­ թե­րու տէր ան­ձեր։ Կը գտնեն 3-4 ան­ ձեր, ամէն ան­գամ հե­ռաձայ­նը ին­ծի կը փո­խան­ցեն, որ­պէսզի անոնց հետ հա­ մաձայ­նիմ, նիւ­թե­րը մեր մօտ բե­րելու ձե­ւեր գտնեմ։ Ժա­մանա­կը կ՚անցնի, հա­մադամ սան­տուիչ­նե­րը ստի­պուած եմ մոռ­ նալ… Արագ քայ­լե­րով ներս կը մտնէ պա­ռաւ կին մը՝ Վ. Ա., ձեռ­քին բռնած մեր ծա­նուցման թռու­ցի­կը։ Ըն­տա­նիքը Սի­սէն է, ինք ամ­բողջ կեան­քը ապ­րած է Պուրճ Հա­մու­տի Նոր Սիս թա­ղամա­սը։ Սա­կաւա­խօս է։ Հե­տը բե­րած է սքան­ չե­լի երկու լու­սանկար­ներ. մէ­կը՝ Սի­ սի մէջ իր ամ­բողջ ըն­տա­նիքն է, իսկ միւ­սը՝ Ատա­նայի մէջ լու­սանկա­րուած մայրն է՝ իր եր­կու քոյ­րե­րուն հետ։ Սո­ վորա­կան հար­ցումներ կ՚ուղղենք լու­ սանկար­նե­րուն մէջ երեւ­ցող ան­ձե­րուն

ինքնու­թեան մա­սին, նոյն ժա­մանակ ալ պատ­կերնե­րը կը թուայ­նացնենք։ Նկար­նե­րուն մէջ երեւ­ցողնե­րէն շա­տեր սպան­նուած են 1915ին, տի­կին Վ. Ա. կը կրէ ըն­տա­նիքին այդ ան­մեղ զո­հերէն մէ­կուն անու­նը, ու­րիշ ան­դամներ Առա­ ջին Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մէն ետք մեկ­նած են Ար­ժանթին եւ Պրա­զիլ։ Այն տպա­ւորու­թիւնը ու­նինք, որ տի­ կին Վ. Ա.ի հա­մար ծանր է այս բո­լորին մա­սին վերստին խօ­սիլը։ Կը փու­թայ մեկ­նե­լու։ Կ՚աճա­պարենք իրեն վե­ րադարձնել լու­սանկար­նե­րը։ «Ես ի՞նչ պի­տի ընեմ այ­լեւս, թող մնայ ձեր քով», կը պա­տաս­խա­նէ ան։ Պա­պան­ձած ենք, շնոր­հա­կալու­թեան խօս­քեր ան­գամ չենք կրնար ար­տա­սանել։ Նոյն արագ քայ­լե­րով կը մեկ­նի ան… Իրա­րու կը նա­ յինք, յու­զիչ պահ մըն է բո­լորիս հա­մար։ Եր­կու լու­սանկար­ներ, եր­կու նշխար­ներ առան­ձին կը մնան սե­ղանին վրայ, բո­ լորս անոնց շուրջ, իսկ անոնց տի­րու­ հին մեկ­նած է ար­դէն, ան­վե­րադարձ. կար­ծես տի­կին Վ. Ա. տա­րինե­ր է կը սպա­սէր մե­զի, այս պա­հուն, երբ պի­տի յանձնէր մե­զի ըն­տա­նեկան իր այս մա­ սունքնե­րը ու… հե­ռանար։ Բա­րեբախ­տա­բար քիչ յե­տոյ կու գան Շո­ղերն ու Մով­սէ­սը եւ մե­զի դուրս կը հա­նեն այս ճնշող վի­ճակէն։ Եր­կուքն ալ Յու­շա­մատեան կայ­քէ­ջին բա­րեկամ­ ներն են, Լի­բանա­նէն են, իսկ ներ­կա­յիս կ՚ապ­րին Պրիւսէլ։ Հե­տեր­նին բե­րած են Կա­րոյեան­նե­րու՝ Մով­սէ­սին մօր ըն­ տա­նիքին, ըն­տա­նեկան ալ­պո­մը՝ Պէյ­ լա­նի եւ Քի­րիք­խա­նի մէջ, 1920ական եւ 1930ական թուական­նե­րուն լու­ սանկա­րուած հա­րուստ պատ­կերնե­ րով։ Մով­սէս հե­տը բե­րած է նաեւ Կա­ րոյեան­նե­րու պատ­կա­նող զա­նազան առար­կա­ներ։ Այս երկու վայ­րե­րը մաս կազ­մած են Ալէք­սանտրէ­թի սան­ ճա­քին (ներ­կա­յիս Հա­թայ) եւ միայն 1939 թուակա­նին ամ­բողջ տա­րած­քը միացած է Թուրքիոյ։ Կա­րոյեան­նե­ րը հա­զարա­ւոր այլ Հա­յերու նման կը ձգեն իրենց հայ­րե­նի բնա­կավայ­րը ու բնա­կու­թիւն կը հաս­տա­տեն Լի­բանա­ նի մէջ։ Մով­սէս կը փոր­ձէ լու­սանկա­ ներուն բա­ցատ­րութիւննե­րը ան­ձամբ տալ։ Դժուար առա­քելու­թիւն մը։ Տեղտեղ դար­ձեալ օգ­նութեան կը հաս­նի առձեռն հե­ռաձայ­նը, երբ Մով­սէս այս ճամ­բով կը դի­մէ իր ծե­րու­նի մօ­րաք­ րոջ ու ան­կէ բացատրութիւններ կը խնդրէ։ Յայտնա­պէս պա­տաս­խաննե­րը չեն բա­ւարա­րեր Մով­սէ­սը, որ վճռած է այդ օրը ըն­տա­նեկան ալ­պո­մին բո­ լոր «գաղտնիք»նե­րը մե­զի փո­խան­ցել։ Մօ­րաք­րոջմէն յու­սա­խաբ, ան նոր հե­ ռաձայն մը կ՚ընէ ու այս ան­գամ վճռա­

| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 5

կան ձայ­նով կ՚ըսէ. “Մա­մաս ի՞նչ կ՚ընէ կոր։ Ա՛ռ իրեն եւ հոս բե՛ր”։ Շատ կարճ ժա­մանակ ետք մայ­րը կը հաս­նի։ Ան իր քրոջ­մէն յա­րաբե­րաբար երի­տասարդ է, բայց եւ այնպէս կը յա­ջողի լու­ սանկար­նե­րուն մէջ երեւ­ցող դէմ­քե­րուն անուններ տալ, ինչպէս նաեւ անձնա­ կան յու­շեր աւելցնել։ Կա­րոյեան­նե­րու անձնա­կան ալ­պո­մին ընդմէ­ջէն կա­ րելի է վե­րականգնել սո­վորա­կան ըն­ տա­նիքի մը կեան­քը. ամուսնու­թիւն, ծնունդ, դաշ­տա­հան­դէս, ըն­տա­նեկան խրախ­ճանքներ, ապա գաղ­թի տխուր պա­հերը, Լի­բանա­նի մէջ նոր կեան­քի մը սկիզ­բը։ Մեր յա­ջորդ ժա­մադ­րութիւ­նը Յու­ լիս 12ին է։ Ծայ­րէ ծայր խճո­ղուած օր մը կ՚ըլ­լայ։ Մար­դիկ կը ներ­կա­յանան իրենց հետ բե­րելով լու­սանկար­ներ՝ Մա­լաթիայէն, Ատա­նայէն, Մա­րաշէն, Ուրֆա­յէն, Նիկ­տէէն, Կե­սարիայէն, ու­ րիշ մը կը բե­րէ հա­յատառ թրքե­րէն­ Աս­տուածա­շունչ մը, որ տպուած է Պո­ լիս, իսկ տէ­րը զայն իր հետ բե­րած է Մա­րաշէն։ Կու գայ նաեւ Պ. Ե.ը, որ ըն­ կեր մըն է եւ մե­զի կը յանձնէ հինգ հատ հին լու­սանկար­ներ, որոնցմէ մէ­կը Օս­ մա­նեան բա­նակի տա­րազով հայ եր­կու զի­նուոր­ներ են։ Պ. Ե. բո­լոր լու­սանկար­ նե­րը մե­զի կը նուիրէ ու կ՚աւելցնէ. “Երա­նի քա­նի մը տա­րի կա­նուխ եկած ըլ­լա­յիք։ Ահա­գին այլ լու­սանկար­ներ ու հին թուղթեր ար­դէն թա­փեցի”։ Զար­ մա­ցած ենք, բայց այսպի­սի նիւ­թեր թա­փելու խօս­քեր ար­դէն քա­նի մը օրէ ի վեր կը լսենք։ Պ. Ե.ի պա­րագա­յին առ­նուազն քա­նի մը լու­սանկար­ներ փրկուած են։ Յե­տոյ կը հան­դի­պիմ Ս.ին։ Ձեռ­քին ու­նի տոպ­րակ մը եւ վա­րանոտ կ՚ըսէ. “Շատ վստահ չեմ որ ասոնք ձեզ կը հե­տաքրքրեն, բայց մէյ մը նա­յէ”։ Տոպ­րա­կին մէջ դի­զուած են ոլո­րուն հաստ թուղթեր՝ 40է աւե­լի։ Մէկ հա­տը


6 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2012, Յուլիս 26 դուրս կը հա­նեմ եւ նոյն ժա­մանակ ալ մտիկ կ՚ընեմ Ս.ի բա­ցատ­րութիւննե­րը։ Մեծ հայ­րը Կե­սարիոյ մէջ եղած է գոր­գի գոր­ծա­րանա­տէր։ Քա­ղաքէն գաղ­թե­լու ժա­մանակ հե­տը դուրս հա­նած է նաեւ գորգ կա­րելու նմոյշնե­րը, նա­խատի­ պար­նե­րը։ Եւ ասոնք հի­մա ձեռ­քե­րուս մէջ են։ Հիանա­լի մա­սունքներ հին ար­ հեստէ մը մնա­ցած։ Հաստ թուղթե­րու վրայ գու­նա­ւոր ու գե­ղեցիկ գծուած են արե­ւելեան գոր­գի բազ­մա­թիւ նմոյշներ։ Այս գլուխ գոր­ծո­ցով մեր աշ­խա­տան­ քա­յին օրը կրնա­յինք բա­ւարա­րուած հա­մարել, բայց կէ­սօրէ ետք մե­զի կը սպա­սէր հա­ճելի այլ անակնկալ մը։ Դար­ձեալ ջեր­մաստի­ճանը հա­սած է 37°ի։ Պուրճ Հա­մու­տի ամէ­նէն տաք ժա­մերն են։ Թաք­սի մը կը մտնէ դպրո­ ցին բա­կը։ Արե­ւուն տակ շող­շո­ղացող ինքնա­շար­ժէն դուրս կու գայ ման­րա­ հասակ կին մը, քրտինքնե­րու մէջ թաթ­ խուած, ու կ՚ըսէ. “եկէ՛ք, օգ­նե­ցէ՛ք, այս տա­քուն խեն­թութիւն էր գա­լը, բայց Յու­շա­մատեանին հա­մար եկայ…”։ Բո­լորս կնոջ շուրջն ենք։ Թաք­սիին սնտու­կը բա­նալ կու տայ եւ այնտե­ ղէն դուրս կը հա­նենք ճամ­բորդա­կան խո­շոր ճամպրուկ մը, զոր կը բե­րենք ու կը տե­ղաւո­րենք մեր աշ­խա­տասե­ն-­ եակը։ Յա­ջոր­դող ժա­մերը եւ մին­չեւ երե­կոյեան պի­տի անցնէինք տի­կին Յ. Խ.ին ու անոր բե­րած գան­ձե­րուն հետ։ Շրջա­պատէն լսած էր մեր մա­սին, հա­ ւաքած էր Խար­բերդի իր պա­պերէն

մնա­ցած ժա­ռան­գութիւ­նը, անոնց վրայ աւել­ցուցած էր դրա­ցինե­րէ ու ազ­գա­ կան­նե­րէ հա­ւաքուած այլ առար­կա­ներ ու այս բո­լորը բե­րած՝ Պուրճ Հա­մու­տի մեր նստա­վայ­րը։ Գան­ձը հա­րուստ է, յա­ճախ 19րդ դա­րու առար­կա­ներ են, բո­լորն ալ սքան­չե­լիօրէն պահ­պա­ն-­ ւած. հին լու­­սանկար­­ներ, թա­­փու­­ներ

(թրքե­րէն՝ ան­շարժ գոյ­քի սե­փակա­ նատի­րու­թեան փաս­տա­թուղթեր - «ՆՅ»), 1654 թուակա­նէն սկսեալ ըն­ տա­նեկան ծառ մը, Խար­բերդէն հար­սա­ նեկան հա­գուստ մը, Վա­նէն ար­ծա­թեայ գօ­տի մը, կնո­ջական գդակ մը՝ իր զա­ նազան յար­դա­րանքնե­րով, Խար­բերդէն մե­տաք­սեայ փէշ մը, վզկապ մը, տպա­ ծոյ կտաւ մը, մկրտու­թեան տուփ մը։ Եր­րորդ օրը այ­լեւս գան­ձե­րու հետ­քե­ րով սո­վորա­կան դար­ձած օր մըն է։ Ա. Ֆ. մե­զի կը նուիրէ Սիս ծնած իր մօր հար­ սա­նեկան օժի­տէն մնա­ցած կտա­ւեայ երկու հա­գուստներ։ Մեր մօտ բե­րուած առար­կա­ներուն շար­քին կան Տար­սո­նի Սէնթ Փօլ գո­լէճէն շրջա­նաւարտ Հա­յու մը՝ շուրջ 60 սմ. եր­կա­րու­թեամբ վկա­ յակա­նը, Թո­մար­զա­յէն բե­րուած հա­ մեմ աղա­ցող ջա­ղացք մը, Պէյ­լա­նէն, Ուրֆա­յէն եւ Սի­սէն բե­րուած պղնձե­ ղէն­ներ։ Նուէր կը ստա­նանք նաեւ Կիւ­

րի­նի գործ շալ մը։ Բո­լոր այս նիւ­թե­րը իրենց ման­րա­պատ­մութիւննե­րը ու­նին։ Կ՚ար­ձա­նագ­րենք զա­նոնք կա­րելի բո­լոր ման­րա­մաս­նութիւննե­րով։ Գօ­տիի մը, շա­լի մը, հար­սա­նեկան հա­գուստի մը, լու­սանկա­րի մը, Աս­տուածա­շունչի մը

պատ­մութիւննե­րուն ընդմէ­ջէն կա­րելի է վե­րականգնել ամ­բողջ ըն­տա­նիքի մը եւ ին­չու չէ նաեւ ամ­բողջ գիւ­ղի մը, քա­ ղաքի մը ու հա­մայնքի մը ան­ցած ու­ղին։ Փաս­տօ­րէն իւ­րա­քան­չիւր առար­կայ իր մէջ կու­տա­կուած ու­նի կեան­քի երթ մը, ըն­տա­նեկան պատ­մութիւն մը, որոնց ար­մատնե­րը կ՚եր­կա­րին մին­չեւ հայ­րե­ նի բնա­կավայ­րը, ապա վրայ կը հաս­նի Մեծ Եղեռ­նը, առար­կան իր տէ­րերուն նման կը տե­ղափո­խուի, տէ­րերէն շա­ տեր կը սպան­նուին, իսկ ու­րիշնե­րու նման անի­կա ալ կը վե­րապ­րի ու վեր­ ջա­պէս բնա­կու­թիւն կը հաս­տա­տէ Լի­ բանա­նի մէջ։ Երեք օրեր տե­ւած մեր ձեռ­նարկը աւար­տած է ար­դէն։ Հրա­ժեշտ կ՚առ­ նենք Պուրճ Հա­մու­տէն ու Լի­բանա­նէն՝ մեր այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը մօ­տիկ ապա­գային կրկնե­լու վճռա­կամու­ թեամբ։ Օս­մա­նեան հայ­կա­կան գան­ձեր գտնե­լու մեր այս առա­ջին գոր­ծո­ղու­ թիւնը յա­ջողու­թիւն մըն էր։ Ոչ միայն մե­ ծաթիւ նիւ­թեր հա­ւաքած ենք, այլ նաեւ շա­տերու մօտ յա­ջողած ենք արթնցնել այսպի­սի ժա­ռան­գութիւններ փնտռե­լու գա­ղափա­րը, անոնց կա­րեւո­րու­թիւնը։ Հա­մոզուած ենք որ Լի­բանա­նի պէս վայ­ րի մը մէջ (նոյն բա­նը վստա­հաբար կա­ րելի է ըսել նաեւ Սու­րիոյ) գրե­թէ ամէն ըն­տա­նիքի մօտ կա­րելի է գտնել հայ­րե­ նի տու­նէն բե­րուած նշխար մը։ Շա­տեր կրնան առար­կել որ ան­ցեալի նիւ­թեր հա­ւաքե­լու այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը պէտք էր կա­տարուէր տաս­նա­մեակ­ներ առաջ։ Այո՛, մենք ալ հա­մաձայն ենք։ Բայց մեր երեք օրե­րու փոր­ձա­ռու­թիւնը բա­ւարար էր հա­մոզուելու, որ հի­մա ալ ուշ չէ։ Կան տա­կաւին թաք­նուած գան­ ձեր. պէտք է պե­ղել, գի­տակ­ցութեան հրա­ւիրել անոնց տէ­րերը, ցան­կագրել, թուայ­նացնել, ար­ձա­նագ­րել իւ­րա­քան­ չիւրին պատ­մութիւ­նը եւ մա­նաւանդ այս նիւ­թե­րը ան­մա­հաց­նե­լու, յա­ւերժ պահ­պա­նելու ձե­ւեր գտնել։ Լի­բանա­նէն մեր մեկ­նումէն ետք իմա­ ցանք որ ջեր­մաստի­ճանը 40°ի հա­սած է, Սու­րիոյ մէջ շա­րու­նա­կուող պա­տերազ­ մը աւե­լի սաստկա­ցած է, հա­զարա­ւոր գաղ­թա­կան­ներ Լի­բանան խու­ժած են։ Իսկ մեր փնտռած գան­ձե­րը տա­կաւին հոն են, լի­բանա­նահայ բազ­մա­թիւ ըն­ տա­նիք­նե­րու մօտ։ Նոյն ժա­մանակ գի­ տենք որ թա­փելու գոր­ծընթա­ցը կը շա­ րու­նա­կուի եւ թե­րեւս նաեւ այլ աղէտ­ ներ կրնան մէ­կընդմիշտ ոչնչաց­նել Օս­ մա­նեան կայսրու­թեան Հա­յերուն՝ մեր նա­խահայ­րե­րուն ժա­ռան­գութեան ու պատ­մութեան խորհրդա­նիշ­նե­րը հան­ դի­սացող այս գանձերը։ Վ. Թ.


2012, Յուլիս 26

| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 7

Կազ­մ ա­կ եր­պ իչնե­ր ը հիւրընկա­ լած էին երեք թուրք լրագ­րողնե­րու` ՇԱՐԺԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔ Պեր­քէ Կէօլ («Ալ­թեազը» ամ­սա­գիր), նայ Այ­տէ­միր («Ռա­տիքալ» օրա­ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Շէ­ թերթ), Օլ­քան Էօզեուրթ («Սա­պահ» թերթ), որոնք լու­սա­բանած են «Ոս­կէ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ծի­րան»ի եւ «Հա­յաս­տան-Թուրքիա շար­ժա­րուես­տի հիմ­նադրոյթներ»ուն Յուլիս 9էն 11, Երե­ւանի «Ոս­կէ Գա­գիկ Յա­րու­թիւնեան, հա­մա-ար­ ամ­բողջ ըն­թացքը: ծի­րան» շարժարուեստի մի­ջազ­գա­ տադրող՝ Սօ­նա Գրի­գորեան եւ Էօզ­լէմ Առ ի տե­ղեկու­թիւն՝ «Հա­յաս­ յին փա­ռատօ­նի շրջա­ծիրին մէջ տե­ Սա­րըեըլ­տըզ, (Հա­յաս­տան / Թուրքիա) տան-Թուրքիա շար­ժա­րուես­տի հիմ­ ղի ու­նե­ցած է «Հա­յաս­տան-Թուրքիա կի­ն ոպ­լ ատֆոր­մ »ի (շար­ժ ա­ր ուես­ 7. «Սա­լըմ Ապ­տիւլ-քա­րիմ», բե­ նադրույթներ»ը սկիզբ առած է տի հիմ­նադրոյթներ - «ՆՅ») կամ մադիր՝ Աշոտ Մկրտչեան, ար­տադրող՝ 2008ին, «Անա­տոլու Քիւլթիւր»ի եւ «Ոս­կէ ծի­րան»ի մի­ջեւ գոր­ծակցու­ ՀԹԿՊ աշ­խա­տաժո­ղովը, որուն՝ եր­ Անա­հիտ Մկրտչեան (Հա­յաս­տան) թեան իբ­րեւ ար­դիւնք` նպա­տակ ու­ կու դրա­ցի եր­կիրնե­րէն մաս­նակցած են 9 գոր­ծիչներ: ՀԹԿՊ նա­խընտրա­ 8. «Լուռ շի­րիմ­ներ», հա­մա-բե­ նե­նալով ստեղ­ծելու ընդհա­նուր ցանց կան յանձնա­ժողո­վը 25 ­դիմումնե­րէն մադիր/հա­մա-ար­տադրող Զէյ­նէլ Քոչ եւ մը, որուն մի­ջոցով եր­կու եր­կիրնե­րու ընտրած է շարժանկարի 9 նա­խագիծ Ճենք Օր­տուլու (Թուրքիա) շարժարուեստի-բե­մադիր­նե­րը պի­տի կա­րենան գոր­ծակցել եւ միասնաբար (4ը՝ Թուրքիայէն եւ 5ը՝ Հա­յաս­տա­նէն) 9. «Ծիածան», բե­մադիր՝ Տէ­րիա ժա­պաւէն­ներ ստեղ­ծել: Հիմ­նադրու­ մրցակ­ցե­լու 10.000 ԱՄՆ տո­լարի հա­ Տուրմազ, ար­տադրող՝ Եոէլ Մա­րեն­տա մէն ի վեր՝ ՀԹՊԿ-ն աջակ­ցած է մար: շարժարուեստի հայ եւ թուրք բե­մադիր­ (Թուրքիա) նե­րու 12 ժա­պաւէն­նե­րու ստեղծմա­ն: Մաս­նա­կից նա­խագի­ծերն են` Եռօ­ր եայ աշ­խ ա­տ աժո­ղ ովի ըն­ Վեր­ջին եր­կու տա­րինե­րու ըն­ 1. «Հին սօ­սիի ճիւղ», բե­մադիր՝ Մա­ թացքին ներ­կա­յացո­ւած են դեռ անա­ րիամ Օհա­նեան, ար­տադրող՝ Թունա ւարտ երկու շար­ժանկար­ներ` «Հո­ թացքին ՀԹՊԿ-ին աջակ­ցած է ԱՄՆյակապ է, շատ հրա­շալի- Ամե­րիկա­ ու ՄԶԳ-ն (Մի­ջազ­գա­յին զար­գացման Եըլ­մազ (Հա­յաս­տան) յէն Պիթ­լիս» (բե­մադիր՝ Լու­սին Տինք, գրասենեակ) կող­մէ գան­ձատրո­ւող 2. «Երկխօ­սու­թիւն», բե­մադիր/ար­ ար­տադրող՝ Սո­նէր Ալ­փէր) եւ «Յետ «Աջակ­ցութիւն Հա­յաս­տան-Թուրքիա տադրող Ար­սէն Առա­քելեան (Հա­յաս­ դէ­պի Կիւ­րիւն» (բե­մադիր՝ Ատ­րի­նէ յա­րաբե­րու­թեանց բա­րելաւ­ման» ծրա­ Գրի­գորեան, ար­ գիրը, որ կը գոր­ծէ «Եւ­րա­սիա գոր­ տադրող՝ Քա­րա ծակցու­թիւն» հիմ­նադրա­մի, Մարդկա­ Մարսթըն)։ Ատ­ յին զար­գացման մի­ջազ­գա­յին կեդ­ կէ բա­ցի, տե­ րո­նի, Երե­ւանի մա­մու­լի ակումբի եւ ղի ու­նե­ցած են Հա­յաս­տա­նի ար­դիւնա­բերող­նե­րու եւ ա ն ­հ ա ­տ ա կ ա ն գոր­ծա­րար­նե­րու (գոր­ծա­տու­նե­րու) հան­դ ի­պ ումներ միու­թեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ շար­ժ ա­ր ուես­տ ի գտնո­ւող շարք մը գոր­ծընկեր­նե­րու կող­ հայ եւ թուրք մէ՝ նե­րառեալ «Անա­տոլու Քիւլթիւր»ը: գ ո ր ­ծ ի չ ն ե ­ր ո ւ եւ դա­ս ըն­թ ա­ *** ցավար­նե­րու մի­ ջեւ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ու ՄԶԳ-ն եւ առեւտրա­յին ըն­կե­ ըն­թ երցո­ւ ած է րակ­ցութեան (consortium) ան­դամնե­րը դա­սախօ­սու­թիւն կ՚աջակ­ցին «Հա­յաս­տան-Թուրքիա» մը՝ Եւ­ր ո­պ այի յա­րաբե­րու­թեանց բա­րելաւ­ման` խթա­ մէջ շար­ժա­րուես­տի ար­տադրու­թեան նելով քա­ղաքա­ցիական հա­սարա­կու­ տան) 3. «Փնտռե­լով Մա­նու­կը», բե­մադիր՝ գան­ձատրման հայ­թայթման եւ աջակ­ թեան գոր­ծակցու­թիւնը, հիմ­նե­լով գոր­ Էր­տալ Պի­լիճի, ար­տադրող՝ Տի­լէք Այ­ ցութեան վե­րաբե­րեալ։ Այ­նուհե­տեւ ծա­րար­նե­րու եւ ար­հեստա­վարժնե­րու մաս­նա­կից­նե­րը ՀԹԿՊ դա­տակազ­մի ցան­ցեր եւ զար­գացնե­լով արդէն եղած տըն (Թուրքիա) ան­դամնե­րուն ներ­կա­յացու­ցած են գոր­ծակցու­թեան օրի­նակ­նե­րը, ինչպէս նաեւ սա­տարե­լով եր­կու ժո­ղովուրդնե­ 4. «Մա­նու­կի ճամ­բորդու­թիւնը», իրենց նա­խագ­ծե­րը։ րու մի­ջեւ փո­խըմբռնման ձե­ւաւոր­ման բե­մադիր՝ Էօզ­լէմ Սա­րըեըլ­տըզ, ար­ տադրող՝ Օս­ման Շիշ­ման (Թուրքիա) Յու­լիս 11ին, աշ­խա­տաժո­ղովը եզ­ եւ խո­րաց­ման՝ տա­րածաշրջա­նին մէջ րա­փակող մրցա­նակա­բաշ­խութեան խա­ղաղու­թեան եւ տնտե­սական հա­ 5. «Իմ եւ քո կի­րակին», բե­մադիր/ ըն­թացքին յաղ­թա­կան ճանչցո­ւած է մարկման հաս­նե­լու նպա­տակով: ար­տադրող՝ Գա­գիկ Ղա­զարէ (Հա­յաս­ «Մա­նու­կին ճամ­բորդու­թիւնը» նա­ Տե­ղեկատ­ւութիւ­նը տա­րածած է «Ոս­ տան) խագ­ծին հե­ղինակ՝ Էօզ­լէմ Սա­րըեըլ­տըզ, որ ար­ժա­նացած է 10.000 ԱՄՆ տո­լար կէ ծի­րան» շար­ժա­րուես­տի փա­ռատօ­նի մամ­լոյ ծա­ռայութիւնը: 6. «Մի կեանք, մի սէր», բե­մադիր՝ մրցա­նակին:


8 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2012, Յուլիս 26

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Հանրա­պ ետու­թ եան Նա­խ ագահ կրնայ ընտրուիլ երե­սունհինգ տա­րին լրա­ցած, վեր­ջին տա­սը տա­րուան մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան քա­ ղաքա­ցի հան­դի­սացող, վեր­ջին տա­սը տա­րին Հան­րա­պետու­թեան մէջ մշտա­ պէս բնա­կող եւ ընտրա­կան իրա­ւունք ու­նե­ցող իւ­րա­քան­չիւր ոք: Նոյն ան­ձը չի կրնար եր­կու ան­գա­ մէ աւե­լի անընդմէջ ընտրուիլ Հան­րա­ պետու­թեան Նա­խագա­հի պաշ­տօ­նին: Յօ­դուած 51. Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հը կ՚ընտրուի Սահ­մա­նադ­ րութեամբ եւ օրէն­քով սահ­մա­նուած կար­գով: Հան­ր ա­պ ետու­թ եան Նա­խ ագա­ հի ընտրու­թիւնը կը կա­տարուի անոր լիազօ­րու­թեանց աւար­տէն յի­սուն օր առաջ: Հան­ր ա­պ ետու­թ եան Նա­խ ագահ կ՚ընտրուի այն թեկ­նա­ծուն, որուն ի նպաստ քուէար­կած է բո­լոր թեկ­ նա­ծու­նե­րուն ի նպաստ քուէար­կած ընտրող­նե­րու թի­ւի կէ­սէն աւե­լին: Եթէ քուէար­կուած է եր­կուքէ աւե­ լի թեկ­նա­ծու, եւ անոնցմէ ոչ մէ­կուն ի նպաստ քուէար­կած են անհրա­ժեշտ թի­ւով ընտրող­ներ, ապա քուէար­ կութե­նէն ետք՝ տասնչոր­սերորդ օրը, կը կա­տարուի Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի ընտրու­թեան երկրորդ փուլ: Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի ընտրու­թեան երկրորդ փու­լին կրնան մաս­նակցիլ այն եր­կու թեկ­նա­ծու­նե­րը, որոնց ի նպաստ քուէար­կած են աւե­լի մեծ թի­ւով ընտրող­ներ: Երկրորդ փու­ լին Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ կ՚ընտրուի այն թեկ­նա­ծուն, որուն ի նպաստ քուէար­կած են աւե­լի մեծ թի­ ւով ընտրող­ներ: Մէկ թեկ­նա­ծու քուէար­կելու պա­ րագա­յին ան կ՚ընտրուի, եթէ անոր ի նպաստ քուէար­կած է քուէար­կութեան մաս­նա­կից­նե­րու կէ­սէն աւե­լին: Եթէ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի ընտրու­թեան ար­դիւնքնե­րուն վե­րաբե­ր-­ եալ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարա­նը բո­ղոք կ՚ըն­դունի քննու­թեան, ապա որո­շում պէտք է կա­յաց­նէ դի­մու­մը ստա­նալէն յե­տոյ՝ տաս­նօ­րեայ ժամ­կէ­ տի մէջ, իսկ սոյն յօ­դուա­ծով սահ­մա­ն-­ ւած ժամ­կէտնե­րը կը հաշ­ւուին դա­ տարա­նի որո­շումին ուժի մէջ մտնե­լու պա­հէն:

Եթէ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ չ՚ընտրուիր, ապա կը նշա­նակուի նոր ընտրու­թիւն, իսկ քուէար­կութիւ­նը կը կա­տարուի նոր ընտրու­թիւն նշա­նակե­ լէն յե­տոյ՝ քա­ռասու­նե­րորդ օրը: Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահն իր պաշ­տօ­նը կը ստանձնէ Հան­րա­պետու­ թեան նա­խորդ Նա­խագա­հի լիազօ­րու­ թեանց աւար­տին օրը: Նոր կամ ար­տակարգ ընտրու­ թեան մի­ջոցով ընտրուած Հան­րա­ պետու­թեան Նա­խագա­հը պաշ­տօ­նը կը ստանձնէ ընտրու­թե­նէն ետք՝ քսա­ ներորդ օրը: Յօ­դուած 52. Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի թեկ­նա­ծու­նե­րէն մէ­կուն հա­մար ան­յաղթա­հարե­լի խո­չըն­դոտներ յառա­ջանա­լու պա­րագա­յին Հան­րա­ պետու­թեան Նա­խագա­հի ընտրու­թիւնը կը յե­տաձ­գուի երկշա­բաթեայ ժամ­կէ­ տով: Ան­յաղթա­հարե­լի ճանչցուած խո­ չըն­դոտնե­րը չվե­րանա­լու պա­րագա­յին կը նշա­նակուի նոր ընտրու­թիւն, իսկ քուէար­կութիւ­նը կը կա­տարուի նշուած երկշա­բաթեայ ժամ­կէ­տը լրա­նալէն յե­ տոյ՝ քա­ռասու­նե­րորդ օրը: Մին­չեւ քուէար­կութեան օրը թեկ­նա­ ծու­նե­րէն մէ­կուն մա­հուան պա­րագա­ յին նոր ընտրու­թիւն կը նշա­նակուի, իսկ քուէար­կութիւ­նը կը կա­տարուի նոր ընտրու­թիւն նշա­նակե­լէն յե­տոյ՝ քա­ռասու­նե­րորդ օրը: Յօ­դուած 53. Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի հրա­ժարա­կանի, մա­ հուան, լիազօ­րու­թեանց կա­տար­ման անկարելիու­թեան կամ Սահ­մա­նա-­ դ­րութեան 57րդ յօ­դուա­ծով սահ­մա­ն-­ ւած կար­գով զայն պաշ­տօ­նանկ ընե­լու պա­րագա­յին կը նշա­նակուի Հան­րա­ պետու­թեան Նա­խագա­հի ար­տակարգ ընտրու­թիւն, իսկ քուէար­կութիւ­նը կը կա­տարուի Հան­րա­պետու­թեան Նա­ խագա­հի պաշ­տօ­նին թա­փուր մնա­լէն յե­տոյ՝ քա­ռասու­նե­րորդ օրը: Յօ­դուած 53.1. Ռազ­մա­կան եւ ար­ տա­կարգ դրու­թեան ատեն Հան­րա­ պետու­թեան Նա­խագա­հի ընտրու­թիւն չի կա­տարուիր, իսկ Հան­րա­պետու­ թեան Նա­խագա­հը կը շա­րու­նա­կէ իր լիազօ­րու­թեանց իրա­կանա­ցու­մը: Այս պա­րագա­յին, ռազ­մա­կան կամ ար­տա­ կարգ դրու­թեան աւար­տէն ետք՝ քա­ ռասու­նե­րորդ օրը, կը կա­տարուի Հան­ րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի ընտրու­

թիւն:

Յօ­դուած 54. Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հը պաշ­տօ­նը կը ստանձնէ օրէն­քով սահ­մա­նուած կար­գով՝ Ազ­ գա­յին ժո­ղովի յա­տուկ նիս­տին, ժո­ ղովուրդին տրուած հե­տեւեալ եր­ դումով. «Ստանձնե­լով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի պաշ­ տօ­նը՝ կ՚երդնում, ան­վե­րապա­հօրէն կա­տարել Սահ­մա­նադ­րութեան պա­ հանջնե­րը՝ յար­գել մար­դու եւ քա­ղաքա­ ցիի իրա­ւունքներն ու ազա­տու­թիւննե­ րը, ապա­հովել Հան­րա­պետու­թեան ան­ կա­խու­թիւնը, տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­ կանու­թիւնը եւ անվտան­գութիւ­նը՝ ի փառս Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­ թեան եւ ի բա­րօրու­թիւն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ժո­ղովուրդին»: Յօ­դուած 55. Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հը՝ 1) ու­ղերձով կը դի­մէ ժո­ղովուրդին եւ Ազ­գա­յին ժո­ղովին: 2) Ազ­գա­յին ժո­ղովի ըն­դունած օրէնքն ստա­նալէն յե­տոյ՝ քսան­մէ­ կօրեայ ժամ­կէ­տի մէջ կը ստո­րագ­րէ եւ կը հրա­պարա­կէ զայն: Այդ ժամ­կէ­տին մէջ կրնայ Ազ­գա­ յին ժո­ղովի ըն­դունած օրէնքն առար­ կութիւննե­րով, առա­ջար­կութիւննե­րով վե­րադարձնել Ազ­գա­յին ժո­ղովին՝ նոր քննար­կում պա­հան­ջե­լով: Հնգօ­րեայ ժամ­կէ­տի մէջ կը ստո­րագ­րէ եւ կը հրա­ պարա­կէ Ազ­գա­յին ժո­ղովի՝ վերստին ըն­դունած օրէն­քը: 3) Սահ­մա­նադ­րութեան 74.1րդ յօ­դ-­ ւա­ծով նա­խատե­սուած պա­րագա­ ներուն ու կար­գով կ՚ար­ձա­կէ Ազ­գա­յին ժո­ղովը եւ ար­տա­կարգ ընտրու­թիւն կը նշա­նակէ: 4) Ազ­գա­յին ժո­ղովին մէջ պատ­գա­ մաւո­րական տե­ղերու բաշխման եւ պատ­գա­մաւո­րական խմբակ­ցութեանց հետ խորհրդակ­ցութեանց հի­ման վրայ վար­չա­պետ կը նշա­նակէ պատ­գա­ մաւոր­նե­րու մե­ծամաս­նութեան վստա­ հու­թիւնը վա­յելող ան­ձը, իսկ եթէ այդ հնա­րաւոր չէ, ապա աւե­լի մեծ թի­ւով պատ­գա­մաւոր­նե­րու վստա­հու­թիւնը վա­յելող ան­ձը: Հան­ր ա­պ ետու­թ եան Նա­խ ագա­հ ը վար­չա­պետ կը նշա­նակէ կա­ռավա­ րու­թեան հրա­ժարա­կանի ըն­դունու­ մէն ետք՝ տասնօրեայ ժամկէտի մէջ: Կառավարութիւնը կը կազմաւորուի վարչապետի նշանակումէն ետք՝ քսանօրեայ ժամկէտի մէջ: Հանրա­պ ետու­թ եան Նա­խ ագա­հ ը վար­չա­պետին առա­ջար­կով կը նշա­ նակէ եւ կ՚ազա­տէ կա­ռավա­րու­թեան ան­դամները: (Շար. 7)


2012, Յուլիս 26

Սուրէն Չէքիճեան

- Պիտի չպատ­րաստուի՞ս, Սալ­բիին քով պի­տի ել­լենք ընթրի­քի։ - Շատ լաւ, - ըսի եւ ելայ փո­խուե­լու։ Վեր ել­լե­լէ առաջ քա­սէթը գրպանս սա­ հեցու­ցի։ Գէոր­գին տու­նը շատ լաւ կա­հա-­ ւո­րուած էր, բոլոր կա­րասի­ները գոյ­նով եւ ոճով իրա­րու կը յար­մա­րէին, մտա­ ծեցի որ հա­ւանա­բար մէ­կը բե­րած էին տու­նին տէ­քորը ընե­լու հա­մար։ Երբ տե­ղաւո­րուե­ցանք՝ Սալ­բիէն խնդրե­ցի որ հետս բե­րած քա­սէթս դնէ, ան շատ զար­մա­ցաւ բայց ան­մի­ջապէս կա­տարեց խնդրանքս։ Երաժշտու­թիւնը հա­զիւ սկսած էր երբ Գէոր­գը Սալ­բիին սաս­տեց։ - Ատ ի՞նչ տե­սակ քա­սէթ դրիր, քիչ մը ու­րախ բան մը դիր, քու սի­րած եր­գերդ ախոր­ժակս կը փախցնեն։ - Ատի­կա Վար­դա­նը հե­տը բե­րաւ, ինք ու­զեց որ դնեմ։ - Ան ալ քեզ­մէ ետ չի մնար, խելքս չի հաս­նիր որ ի՞նչ կը հասկնաք այս մե­ լամաղ­ձոտ եր­գե­րէն։ - Հո­գիիս թե­լերուն հետ կը խա­ղայ, - ըսի, - եր­բեմն պէտք ու­նիմ, երբ հո­գիս ալե­կոծի՝ երաժշտու­թիւնը զայն կը հան­ դարտեց­նէ։ Սալ­բիին աչք ըրի, ան ժպտե­ցաւ։ - Լաւ, լաւ, - ըսաւ Գէոր­գը, - օղի մը լեց­նե՞մ քե­զի, ճա­շէն առաջ, ախոր­ժակ կը բա­նայ։ - Այո։ - Ան­ժէ՛լ, քե­զի ի՞նչ կրնամ հրամցնել։ - Ճեր­մակ գի­նի, խնդրեմ։ - Սի­րով։ Կնի՛կ դուն ի՞նչ պի­տի խմես։ - Ես ալ ճեր­մակ գի­նի կը խմեմ, - ըսաւ Սալ­բին։ Գէոր­գը խմիչքնե­րը բե­րաւ, Սալ­բին մեզ սե­ղան հրա­ւիրեց, որուն վրայ ահա­ գին մէ­զէներ կա­յին, գլխա­ւորա­բար ձուկ եւ ու­րիշ ծո­վային կեն­դա­նիներ։ - Սալ­բի՛, այս ի՞նչ աղուոր բա­ներ պատ­րաստեր ես, ամէն սի­րած բա­ներս կան, շատ շնոր­հա­կալ եմ, - ըսի։ - Բա­րի եկար, ու­րախ եմ որ սի­րած բա­ներդ են, մա­մային հար­ցուցի եւ անոր հա­մեմատ գնումնե­րը ըրի։ Ամէն ինչ շատ հա­մով էր, երբ որ օղիի գա­ւաթը պար­պե­ցի, ու­զե­ցի գա­րեջու­րով շա­րու­նա­կել։ - Վստա՞հ ես, - ըսաւ Գէոր­գը, - լաւ չէ խառ­նե­լը։

- Օղին «ափե­րաթիֆ»ն է, դուն ըսիր որ ախոր­ժակ կը բա­նայ, անի­կա իր գոր­ ծը ըրաւ, հի­մա այս հա­մեղ ու­տե­լիք­նե­ րուն հետ կ՚ու­զեմ գա­րեջուր խմել, որով­ հե­տեւ խմե­լու մեծ փա­փաք ու­նիմ։ Գէոր­գը զուար­ճա­ցած ելաւ, եր­կու շիշ գա­րեջուր բե­րաւ, եւ շատ գե­ղեցիկ գա­ րեջու­րի գա­ւաթ մը։ Ես շատ կը սի­րեմ այդ ապա­կիէ, ծանր, խո­շոր գա­ւաթ­ նե­րը։ Գա­րեջու­րը լե­ցու­ցի եւ բա­ժակս բարձրա­ցու­ցի։ - Սե­ղան­նիդ մի՛շտ, կե­նաց­նուդ, - բա­ ժակ­նե­րը իրա­րու զար­կինք եւ խմե­ցինք, - պռա­ւօ Գէորգ շատ գե­ղեցիկ տուն մը շտկած էք, շատ հա­ճելի է հոս եւ ես լաւ կը զգամ այստեղ։ Պէտք է ըսեմ որ ատի­ կա քիչ կը պա­տահի։ - Ու­րախ եմ որ եկաք, - ըսաւ Գէոր­ գը քիչ մը պաշ­տօ­նական ձե­ւով, իսկ Սալ­բիին դէմ­քը կը փայ­լէր։ Բա­ժակս բարձրա­ցու­ցի իրեն եւ ան ալ իր բա­ ժակը բարձրա­ցուց եւ խմե­ցինք։ Ան­կէ ետք լե­զու կտրուեցայ, եւ անընդհատ խօ­սեցայ։ Լէօ Ֆէր­րէն եւ «քու­նեմ կեան­ քը» կե­ցուած­քը իր ար­դիւնքը տուաւ, կա­պանքնե­րէս ազա­տուե­ցայ։ - Պզտիկ եղ­բայրս է, Գէոր­գը, - ըսի Ան­ ժէ­լին, - բայց ինձմէ աւե­լի չա­փահաս է, այն իմաս­տով որ կեան­քը կար­գի դրած է, եւ գի­տէ ինչ կ՚ընէ։ Ես այդ բախ­տա­ ւորու­թիւնը չեմ կրցած ու­նե­նալ տա­ կաւին, հա­կառակ որ մեծ թուան­շա­նը հա­սայ, եւ այ­լեւս երի­տասարդ չեմ նը-­ կա­տուիր, բայց բնաւ տար­բեր չեմ զգար, ընդհա­կառա­կը աւե­լի փա­փաք ու­նիմ նոր բա­ներ փոր­ձե­լու, Պա­րոյր Սե­ւակին ըսա­ծին պէս «ծե­րանում եմ սա­կայն խել­քի չեմ գա­լիս»։ - «Բախ­տա­ւորու­թիւնը չեմ ու­նե­ցած» ըսիր, - ըսաւ Ան­ժէ­լը, - բայց այդ մէ­կը բախ­տի հետ կապ չու­նի, քու առած որո­ շումնե­րէդ կա­խեալ է եւ երկրորդ, շա­ տեր իրենք զի­րենք բախ­տա­ւոր պի­տի զգա­յին այս ըն­տա­նիքին մէջ ծնած ըլ­ լա­լու հա­մար։ Գէոր­գը եւ Սալ­բին զար­մա­ցած նա­յ-­ ւածք մը փո­խանա­կեցին, ես շատ լաւ տրա­մադ­րութեան մէջ էի եւ Ան­ժէ­լին ըսած­նե­րը փո­խանակ զիս նե­ղաց­նե­լու խթան եղան որ աւե­լի սրա­միտ դառ­նամ։ - Ապ­րի՛ս շատ ճիշդ է ըսածդ եթէ մա­ կերե­սին նա­յիս, սա­կայն բախ­տը չես կրնար ան­տե­սել, - ըսի - ես եւ Գէոր­գը

| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 9

նոյն ծնող­նե­րէն սե­րած ենք, նոյ­նիսկ նոյն դպրո­ցը յա­ճախած ենք, բայց իրար­մէ բո­լորո­վին տար­բեր խառ­նուածք ու­նինք։ Անոր հա­մար կեան­քը հե­տաքրքրա­կան է, քա­նի որ ապա­գան միշտ յղի է կա­րելիու­ թիւննե­րով՝ քան երբ ամէն ինչ դա­սաւո­ րուած է եւ գի­տես թէ տա­սը տա­րի ետք ո՞ւր պի­տի ըլ­լաս եւ ի՞նչ պի­տի ընես։ - Սա­կայն դուն, երբ ապա­գային կը նա­յիս անձկու­թեան կը մատ­նուիս, այդ ի մտի ու­նե­նալով ըսած­ներդ սրամ­տութեան տպա­ւորու­թիւնը կը թո­ղուն, - ըսաւ Ան­ժէ­լը։ - Այո՛, մատդ վէր­քին վրայ դրիր, արուես­տա­գէտը անա­պահով էակ մըն է, երախայի պէս է, միշտ գուրգու­րանքի եւ սի­րոյ կը կա­րօտի։ Այս մա­սին հե­ ռատե­սիլի հար­ցազրոյ­ցի մը ըն­թացքին զար­մա­նալի յայտնու­թիւն մը ըրաւ աշ­ խարհահռչակ անգլիացի դե­րասան Լո­ րընս Օլի­վիէն, որ յի­սուն տա­րի բե­մերու եւ ֆիլ­մե­րու փնտռուած դե­րասան եղած է, ըսաւ որ մին­չեւ այ­սօր բեմ ել­լե­լէ առաջ «ստա­մոք­սին մէջ թի­թեռ­նիկներ կ՚ու­նե­ նայ». անգլե­րէն դար­ձուածք մըն է որ բեմ ել­լե­լէն առաջ վա­խին կ՚ակ­նարկէ։ - Բայց ին­չո՞ւ հա­մար այդ անա­պահով կեան­քը պի­տի ապ­րիս, երբ որ կրնաս աւե­լի հան­գիստ կեանք մը ու­նե­նալ, - հե­տապնդեց Ան­ժէ­լը։ - Ին­չո՞ւ մար­դիկ ան­կարգե­լով օդա­ նաւէն կը ցատ­կեն, առան­ձին աշ­խարհի շուրջը կը նա­ւար­կեն, կամ այլ վտան­գա­ ւոր բա­ներ կը փոր­ձեն։ Մարդ արա­րածը հա­կամէտ է ար­կա­ծախնդրու­թիւններ ու­նե­նալու եւ շատ ան­գամ քայ­լեր կ՚առ­ նէ ոչ թէ դրամ շա­հելու՝ այլ իր ներ­քին իղ­ձե­րուն գո­հացում տա­լու հա­մար։ Յե­ տոյ չմոռ­նանք որ անո­րոշու­թիւնը եր­կու ար­դիւնք կրնայ ու­նե­նալ, մենք միշտ հա­ կամէտ ենք գէշ կող­մը տես­նե­լու, բայց լաւ կողմ ալ կրնայ ու­նե­նալ, երբ որ ազատ ես կրնայ նաեւ հրա­շալի բան մը պա­տահիլ քե­զի, եւ այդ առի­թը չես ու­նե­ նար եթէ լուրջ պար­տա­ւորու­թիւննե­րու տակ ես ար­դէն։ Նոյ­նիսկ այդ յոյ­սը կը բա­ւէ խան­դա­վառե­լու իմ հո­գիս։ Ան­ժէ­լը վեր­ջա­պէս դադ­րե­ցաւ հա­ կաճա­ռելէ, ոչ թէ որով­հե­տեւ հա­մոզե­ցի զին­քը, այլ քա­նի որ Գէոր­գը եւ Սալ­բին մեծ հե­տաքրքրու­թեամբ կը հե­տեւէին մեր խօ­սակ­ցութեան, եւ եթէ շա­րու­ նա­կէր, այն տպա­ւորու­թիւնը պի­տի ձգէր՝ թէ իմ բնա­ւորութեանս ծանօթ չէր։ Գէորգը քիչ մը յուսախաբ եղաւ, քանի որ իրեն համար զուարճալի էր մեր վէճը։ Քանի մը վայրկեան լռութիւն տիրեց, մինչ այդ Լէօ Ֆէրրէին քասէթին մէկ երեսը վերջացաւ, ելայ եւ դարձուցի երկրորդ երեսը։ (Շար.68)


10 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2012, Յուլիս 26 ԲԱՌԱՄԹեՐՔ

ՊԱՀՈՒԱԾ ԲԱՌ-8 կ ռ ա ց ն ա ց շ ն ա տ ա մ թ ն ա կ ա զ ե

ն ո ք ղ ա ն ց ծ կ փ մ ա ղ ա տ ն ա շ է ն

ի ւ տ շ պ ա ր ք ր ա ւ ւ ր ծ ի գ ա կ ա փ

ք ն ի ա ո ն մ ն ա ր ո ա ի մ ո ք ա ւ ո ր

ա ա ա կ ռ ր հ ա տ թ ս զ կ ր ա ւ ի ւ ն կ

ն յ ր ա ն ա ո ր ա ա ւ ա ա ա բ տ ս ա փ ա

ա ն ւ ի ր ա տ տ դ մ ո ն զ կ ք ո ա ե ա ն

փ ո ր մ ա յ ս ր ո ո ք ն ե ն ւ ւ տ կ ա ք

շ ն պ ա տ ա կ ե ո ւ գ ի ա մ ն ն ն ն ա լ

ա ի ն ա փ ո ր տ տ ւ մ խ ն ց ո կ ա դ ե ն

ն ն լ կ ր ո ղ ո ո ա ա ա լ խ ւ կ ն ե ր ն

կ ե ա ե ղ ե ր դ դ ճ կ տ ե ե ա ո կ ղ ա յ

ի ց ս մ ր տ ն ն ա ա ա ք ս ր ս ն ր ձ ս ն

ւ ն ո ա յ ա ա յ ն ր ն ի ա ա տ ա ղ ի տ ա

ն ա ւ տ յ ա փ պ ց ր ց ն պ մ պ ե պ ր ց ջ

տ ց ն ա տ ա մ ր ա ա ք ա ր ա դ ն ա ր դ ր

ս յ ա յ տ ա ր ա ր կ ր տ ա կ ա մ դ ո ա շ

ա ի ր ա ջ ա ք կ յ ն ն ա դ յ ա ա ւ ա ն դ

պ յ ա ճ ա խ ր դ ա ր պ ա ս լ ե ք ա ղ ո ց

ն ի կ ա ղ ե շ ա ղ կ ա պ ց ի ս ր ի կ ր ե

Պահուած բառը՝ «երկրակեղեւի մէջէն» (6 տառ) այեր անդամ անկիւն անցք ասուն ատամ արիւն արմատ արմատական աւազան աւանդ աւիւն դասարան դատարկ դարպաս

դարպասել*(2) դեղձ դեղձան դմակ դուքս եզական եզակի եղերդ երամակ երաստ երկիր երկրացի յաճախ յաճախանք

յամայր յամր յայտարար յանդուգն նախնիք նափորտ նկար­(2) նուաստ նպաստ նպաստաւոր նպատակ շաղկապ շեղակի շնատամ

շուառն շպար շրջան ողորկ որոտում ունայն ուսեալ ուսում ուսումնական տանիք տառատոկ տեսանկիւն տիար տնանկ

1.­ Վերի­ սիւնակներուն­ մէջ­ նշուած­ բառերը՝­ աղիւսակէն­ ներս­ կրնան­ կարդացուիլ­ հորիզոնական­գիծերու­վրայ՝­ձախէն­աջ­ու­աջէն­ձախ,­եւ­ուղղահայեաց­ու­շեղակի­ գիծերու­վրայ՝­վերէն­վար­ու­վարէն­վեր։ 2.­եթէ­բառին­քովը­նշուած­է­«2»,­ան­աղիւսակին­մէջ­տեղ­գտած­է­2­անգամ։ 3.­Աստղանիշով­բառերը­բացատրուած­են­«Բառամթերք»ին­մէջ։ 4.­Աղիւսակին­մէջ­բառերու­խաչաձեւման­պարագային՝­միեւնոյն­տառը­կը­գործածուի­ մէկէ­աւելի­բառերու­մէջ։ 5.­Դիւրութեան­համար՝­կարելի­է­սկսիլ­ընդգծելով­կամ­ջնջելով­երկար­բառերը։ 6.­ Տուեալ­ բոլոր­ բառերը­ ընդգծելէ­ կամ­ ջնջելէ­ վերջ՝­ աւելցած­ տառերով­ պէտք­ է­ կազմել­պահանջուած­պատասխանը։

այեր ­­օդ,­մթնոլորտ­(յուն.­aér) ասուն ­­խօսուն,­բանական աւիւն ­­կենսունակութեան­թափ, ոգեւորութիւն,­եռանդ դարպասել ­­1.քծնիլ,­2.կին­հետա­ պնդել­քաղցր­բառերով,­սիրահետել դեղձան ­­պայծառ­դեղին­գոյնի,­ոս­ կեգոյն,­խարտեաշ դմակ ­­ոչխարի­ճարպոտ­պոչ դուքս ­­բարձրաստիճան­ազնուական՝­ իշխանէն­ցած­եւ­կոմսէն­բարձր եղերդ(ն) ­­բանջար­մը՝­վայրի­հա­ զար,­ սեւ­ ծաղիկներով,­ դառնահամ­ արմատով.­ դառնիճ­ (Cichorium intybus),­ զոր­ կը­ գործածուի­ իբրեւ­ սուրճի­խառնուրդ­կամ­դեղանիւթ (ցիկորի),­ճարճատուկ երաստ ­­խումբ,­դաս,­ժողով,­ատեան յաճախանք ­­1.մղձաւանջ­դարձած մտածում,­2.յաճախում,­այցելութիւն յամայր ­­երկար(ատեւ),­օր՝­յամայր ամս­«շատ­տարիներ»­ յայտարար ­­կոտորակի­ստորին­թիւ նափորտ(ն) ­­եպիսկոպոսական­ու­ րար­(վերնաշապիկ)՝­յունարէնէ շնատամ ­­սուր՝­պատռող­ակռայ, ժանիք շուառն ­­շաւառ(ն)՝­ցորենի­ծղօտը շպար ­­դէմքի­արդուզարդի­ներկ տառատոկ ­­1.լայն­զինուորական վերարկու,­ 2.­ թաղիքէ­ վերարկու,­ այծենակաճ տնանկ ­­անտուն,­չքաւոր ցարասի ­­մանրատերեւ­թուփ փանաք(ի) ­­չնչին,­նուաստ,­անարգ փարելի ­­փաղաքշանքի­արժանի քաղոց ­­Հայոց­5րդ­ամիսը

տնաշէն տոհմ տունկ ցանկապատ ցանցառ ցանցենի ցարասի ցիրուցան ցլամարտ փակագիծ փանաքի

փաստ փաստաթուղթ փարթամ փարելի փրկանք քաղոց քաջարի քաւոր քղանցք քնար քնարական

Թիւ 7 Պահուած բառին պատասխանը՝

ՏՐՈՒՊ


2012, Յուլիս 26

| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 11


12 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2012, Յուլիս 26 ՎՐԻՊԱԿ Յուլիս 21ի մեր թի­ւի (392) 4րդ էջին լոյս տեսած՝ «Հար­ցազրոյց “Հա­յագի­տական Շա­բաթ”ի կազ­մա­ կեր­պիչնե­րուն հետ» նիւ­թի նե­րածա­ կանին վեր­ջին տո­ղը պէտք է կար­ դալ՝ «…ու Անի Օս­մանճեանի հետ» եւ ոչ թէ՝ Անի Մոմճեանի:

REPRISE DES ACTIVITÉS 2012–2013 Mercredi 19 Septembre 3 jours d’inscriptions en septembre : Mercredi 12 et Samedi 15 : 14h30 à 18h Vendredi 14 : 17h à 19h LANGUE ARMÉNIENNE (16 niveaux) de l’Eveil au langage au BAC 2013 BTS et pour adultes Attention futurs bacheliers, l’arménien s’étudie tout au long de la scolarité. CIVILISATION ARMÉNIENNE (2 niveaux) de l’Heure du conte à Eveil à l’identité et à la culture Nouveauté : Cours pour lycéens (BAC) MUSIQUE Piano – Violon – Guitare – Solfège DANSE ARMÉNIENNE (10 disciplines) de l’Initiation aux classes mixtes. De l’Académique (sur audition) à la danse de scène, au folklore et pour Jeunes gens. ARTS (4 niveaux) du Dessin à la peinture autour des arts plastiques Nouveauté : cours pour adultes ECHECS (2 niveaux) cours et tournois Egalement : MEDIAS RADIO sur AYP FM tous les mercredis de 10h20 à 11h30 BIBLIOTHEQUE DE PRET en langue arménienne pour adultes DIFFUSION LIVRES en langues arménienne et française Renseignements: tél 01 43 76 55 89 mca.alfortville@gmail.com


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.