Nor Haratch

Page 1

NOR HARATCH

Journal trihebdomadaire en langue arménienne

Շաբաթ Նոյեմբեր 5

2011

Samedi 5 Novembre

Téléphone : 01 55 32 06 72 contact@norharatch.com Բ.տարի |  Թիւ 286  |   Գինը՝ 1,50 եւրօ

2e année |  No 286  | Prix unitaire : 1,50 €

ԱՆԱԿՆԿԱԼ զարգացում ՄԵԾ ՔՍԱՆԵԱԿԻ ԳԱՆՆԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԳՐԵԹԷ ԹԱՂԵՑ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ մասին ՀԱՆՐԱՔՈՒԷն Մինչ Գան­նի մէջ Հոկ­տեմբեր 3ին բա­ ցուե­ցաւ Մեծ Քսա­նեակի՝ G-20 վե­հաժո­ ղովը հա­մաշ­խարհա­յին նոր տագ­նա­պի սպառ­նա­լիք­նե­րու խեղ­դիչ մթնո­լոր­տի մը մէջ, Յու­նաստա­նի վար­չա­պետը քիչ մը թթուածին բե­րաւ: Ան յատ­կա­պէս հրա­ւիրուած էր՝ Եր­կուշաբ­թի օր իր ու­ նե­ցած մտա­հոգիչ յայ­տա­րարու­թե­նէն ետք, երբ ըսած էր, թէ կը մտադ­րէ հան­ րա­քուէով մը դի­մել իր ժո­ղովուրդին՝ տես­նե­լու հա­մար՝ կ՚ու­զէ՞ թէ չու­զեր գոր­ծադրել Եւ­րո­պայի մշա­կած փրկու­ թեան ծրա­գիրը: Ինչպէս գրած էինք, այս քայ­լը ինքնին պայ­թումի ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած էր. գլխա­ւորա­բար եւ­րո­պացի ղե­կավար­ նե­րը, հա­մայն աշ­խարհի տնտե­սական հիմ­նարկնե­րը, սա­կարան­նե­րը, բո­լորը իրար ան­ցած էին: Հինգշաբ­թի՝ Նո­յեմ­բեր 3ին, վե­

հաժո­ղովին մաս­նա­կից­նե­րուն առ­ջեւ Ժորժ Փա­փանտրէու յայ­տա­րարած է, թէ պատ­րաստ է հրա­ժարե­լու իր այդ մտադ­րութե­նէն եւ գի­տակից է, որ Յու­ նաստա­նը դէ­պի ելք առաջ­նորդե­լիք միակ մի­ջոցը՝ «փրկու­թեան ծրա­գիր»ն է: Պէտք է նշել, սա­կայն, թէ նա­խորդ իրի­կուն՝ Չո­րեք­շաբթի, Նո­յեմ­բեր 2ին, Սար­քո­զի եւ Մեր­քէլ խստօ­րէն սպառ­ նա­ցած էին իրեն՝ ըսե­լով, թէ Եւ­րո­պա այ­լեւս մէկ սան­թիմ իսկ պի­ տի չտրա­մադ­րէ Յու­նաստա­նին, եթէ հան­րա­քուէ տե­ղի ու­նե­նայ: Եւ ըսել, թէ 2010ին որո­շուած օժան­դա­կու-­ թեան առանց վե­ցերորդ մաս­նավըճա­րին, որ կը ներ­կա­յաց­նէ 8 մի­լիառ եւ­րօ, Յու­նաստան կա­տարեալ սնան­ կութեան կ՚առաջ­նորդուի մին­չեւ Դեկ­ տեմբեր 15: Բա­ցի տնտե­ սական այս տագ­նա­պէն, Փա­փանտրէու քա­ղաքա­կան ներ­քին ճա­կատի վրայ ալ շատ ծանր շրջան մը կ՚ապ­րի: Իր մե­ծամաս­նութիւ­նը պա­ռակ­տըւած է եւ կա­ռավա-­ րու­թիւնը կրնայ փուլ գալ որեւէ պահու: Ընդդի­մադիր գլխա­ւոր դէմքը՝ Ան­թո­նիս Սա­ մարաս կը պա­հան-­ ջէ իր հրա­ժարու­ մը եւ կան­խա­հաս Պուրքիի ծաղրանկարը լոյս տեսած՝ զուիցերական «24 Ժամ» թերթին մէջ ընտրու­թիւններ:

բաց

նամակ գարեգին բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսին նուպար սերովբեան

4

«յուշամատեան» նոր կայքէջ

հարցազրոյց վահէ թաշճեանի հետ տորք դալալեան

Կեանքի

5

խոհեր

Պատրաստեց՝ անայիս-մելինէ

7

«երկիր եւ մշակոյթ»ի գործունէութիւններէն

8

մարզական

լուրեր

եդուարդ մարտիրոսեան

9

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՄԱՄՈՒԼԸ՝ ՈՍՏԻՆԱԿԱՊԵՏ ԱԼԻԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻն ՄԱՍԻՆ

1in լրա­տուա­կան կայքը Նո­յեմ­բեր 2ին կը հա­ղոր­դէր, թէ Սերժ Սարգսեան Մոս­կո­ւայէն վե­րադար­ձին ոս­տի­կանա­ պետին տե­ղեկա­ցու­ցած է յա­ռաջի­կայ բուռն քա­ղաքա­կան շարժումներու մա­սին եւ նա­խազ­գուշա­ցու­ցած` պատ­ րաստ ըլ­լա­լու որեւէ զար­գացման՝ նոյնիսկ մին­չեւ ոս­տի­կանա­կան գոր­ ծո­ղու­թիւններու ձեռնարկելու Գա­գիկ Ծա­ռու­կեանի եւ անոր շրջա­պատին դէմ: Զգա­լով, որ ոս­տի­կանա­պետը դժկա­մու­թեամբ կ՚ըն­դունի յանձնա­ րարու­թիւնը՝ Սերժ Սարգսեան որո­շած է ձերբազատուիլ Ալիկ Սարգսեանէն: Ամեն պա­րագա­յի, նախ­կին ոս­տի­կանա­ պետը կը մնայ նա­խագա­հին խմբակին մէջ, քա­նի, ըստ որոշ լու­րե­րու, անոր առա­ջար­կած են տա­րած­քա­յին կա­ ռավար­ման նա­խարա­րի, նա­խագա­հի աշ­խա­տակազ­մի ղե­կավա­րի տե­ղակա­ լի կամ անոր խորհրդա­կանի պաշ­տօ­նը։ Ալիկ Սարգսեան յայ­տա­րարած է, որ (շար.ը էջ 2)


2 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2011, Նոյեմբեր 5 ՄԱՄՈՒԼԸ՝ ՈՍՏԻՆԱԿԱՊԵՏ ԱԼԻԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ… (շար. Ա. էջէն)

ամեն ին­չէն ան­կախ՝ մտա­դիր է մնալ Սերժ Սարգսեանի կող­քին. “Ես ու­րիշ ոչ

մէ­կի կող­մը չեմ: Իրա հետ աշ­խա­տելու եմ մին­չեւ վերջ, չաշ­խա­տեմ էլ՝ իրան հա­ւատա­րիմ, ես իրա կող­քը լի­նելու եմ: Գոր­ծի չլի­նեմ էլ, գոր­ծից էլ հա­նի՝ իրա կող­քը ծա­ռայե­լու եմ մին­չեւ վերջ”:

Այս առըն­չութեամբ «Հայ­կա­կան Ժա­մանակ»ը Նո­յեմ­բեր 2ին կը գրէր. «Ա-

լիկ Սարգսեան գոհ է, որով­հե­տեւ ին-  ­քը ոս­տի­կանու­թիւնից տե­ղափո­խուել  է նա­խագա­հական նստա­վայր՝ խորհըրդա­կանի կար­գա­վիճա­կով: Մինչդեռ կա­րող էր ոս­տի­կանու­թիւնից “ԵրեւանԿենտրոն” ՔԿՀ (Քրէակատարողական Հիմնարկ - ՆՅ) տե­ղափո­խուել՝ կա­ լանա­ւորի կար­գա­վիճա­կով, ին­չը տե­ղի է ու­նե­ցել գնդա­պետ Մար­գար Օհա­ն-  եանի եւ գե­ներալ Յով­հաննէս Թա­ մամեանի հետ…»: Նոյն թեր­թը Հոկ­

հայաստան

Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀ Առայժմ պարզ չէ, թէ ով պիտի գրաւէ Ազգային Ժողովի նախագահի պաշտօնը: Նո­յեմ­բեր 1էն լրա­տու մի­ջոց­ նե­րուն մէջ կը շրջէր պե­տաիրա­ւական հար­ցե­րու մշտա­կան յանձնա­ժողո­ վի նա­խագահ, Եւ­րոպայի Խորհուրդի Խորհրդա­րանա­կան վե­հաժո­ղովին մէջ Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րակու­թեան ղե­ կավար՝ Դա­ւիթ Յա­րու­թիւնեանի անու­ նը: Սա­կայն Նո­յեմ­բեր 2ին, Ազ­գա­յին Ժո­ղովին մէջ՝ լրագ­րողնե­րու հետ ճե­ պազ­րոյցին, Դ. Յա­րու­թիւնեան ըսած է. “Ազգային Ժողովի նա­խագա­հի պաշ­ տօ­նը դե­ռեւս թա­փուր չէ: Դեռ առիթ կը լի­նի հար­ցի քննարկման, սա­կայն այս պա­հի դրու­թեամբ՝ նման քննար­կում տե­ ղի չի ու­նե­ցել: Եթէ ձեզ հե­տաքրքրում են իմ նա­խասի­րու­թիւննե­րը, ապա դա ամե­նեւին չի մտնում իմ նա­խասի­րու­ թիւննե­րի մէջ, այդ պաշ­տօ­նով ես իս­ կա­պէս հե­տաքրքրո­ւած չեմ: Կար­ծում եմ՝ քո­րեքթ չէ այս պա­հին քննար­կել, բայց ես յու­սով եմ, որ ինձ նման առա­ ջարկ չի ներ­կա­յացո­ւի”։ Յա­րու­թիւնեան

տեմբեր 4ին կը ներ­կա­յաց­նէ հար­ ցազրոյց մը Ազգ. Ժողովի երես­փո­խան Ռա­ֆիկ Պետ­րո­սեանի հետ, որ բարձր կը գնա­հատէ նո­ր նշանակուած ոս­տի­ կանա­պետ Վլա­տիմիր (Վո­վա) Գաս­ պարեա­նի մասնա­գիտա­կան կա­րողու­ թիւննե­րը՝ յի­շեց­նե­լով, որ տա­կաւին 90ական­նե­րու առա­ջին կէ­սին, երբ կը բա­ցառէ, թէ Յ. Աբ­րա­համեանի Հա­յաս­տա­նի մէջ տա­րածո­ւած էր աւա­ հրա­ժարա­կանը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ նե­րզակու­թիւնը, Գաս­պա­րեան “մու­րացկա­ իշ­խա­նական հա­կասու­թիւննե­րու պատնի շո­րեր հա­գած, տար­բեր քա­ղաք­նե­ ­ճա­ռով՝ ըսելով, թէ եթէ այդ ըլլար րում որ­պէս հե­տախոյզ էր աշ­խա­տում պատճառը, ենթական նախընտրական եւ յայտնա­բերում գո­ղերին”: Իր կար­գին, շտապի պետ չէր դառնար: նոր ոս­տի­կանապետ Գաս­պա­րեան, քա­ «Առա­ւօտ» կը գրէր, որ քա­ղաքա­ նի մը օր առաջ պա­տաս­խա­նելով այն կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ կը նշո­ւի նաեւ հար­ցումին, թէ ինչ խնդիր­ներ պի­տի Սա­մուէլ Նի­կոյեանի անու­նը՝ որ­պէս դնէ իր առ­ջեւ, ըսած է. “Ես շա­րու­նա­ Ազգային Ժողովի ապա­գայ նախագահ:

կելու եմ մեկ­նարկած բա­րեփո­խումնե­ րը… Կը լի­նի օրէն­քի գե­րիշ­խա­նու­ թիւն, եւ բո­լորը կը լի­նեն հա­ւասար՝ օրէն­քի առ­ջեւ”:

NOR HARATCH

Journal trihebdomadaire en langue arménienne 83, rue d'Hauteville, 75010 Paris Téléphones : 01 55 32 06 72 09 52 14 33 69 contact@norharatch.com annonces@norharatch.com abonnement@norharatch.com Journal édité par SARL Nor Haratch Directeur de publication : Jiraïr Jolakian CPPAP : 1110 I 90193 ISSN : 2105-7672 Imprimé et distribué par SAS Inter Routage 49-55, rue des Écoles,   93321 Aubervilliers Cedex Prix d'Abonnement annuel (France) : 220 € Prix d'Abonnement annuel (Hors France) : 270 €

«շառլի-հեպտո»յի կայքէջին յարձակողները Թուրքեր են «Նու­վէլ Օպ­սերվա­թէօր» թեր­թին ղրկուած ել­գի­րով մը՝ կայ­քա­հէն­նե­ րու թրքա­կան «Աքըն­ճը­լար» խմբա­կը, որու ան­դամնե­րը իրենք զի­րենք կը հա­ մարեն սի­պէր-ռազ­միկներ, ստանձնած է «Շառ­լի-Հեպ­տո»յի կայ­քէ­ջին դէմ գոր­ծուած յար­ձա­կու­մը: Խումբը յայ­­տա­­­րարած է, թէ այդ քայլին դիմած է յա­նուն «բա­­րոյա­­կան ար­­ժէքնե­ր»ու եւ պատ­­րաստ է ամեն բա­­ն ընելու՝ Իս­լա­մի համար: Նշենք նաեւ որ «Աքըն­ճը­լար» թրքե­ րէնով կը նշա­նակէ «յարձակողներ»:

ՄԱՀ ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐԷՆ ՀԱՆՐԻ ԳԱՐԱՅԵԱՆԻ Իր մահ­կա­նացուն կնքած է Մի­սաք Մա­նու­շեանի ապրող վեր­ջին ըն­կերնե­ րէն՝ Հան­րի Գա­րայեան: Ինք եւս մեծ դի­մադ­րա­կան, Պա­տւոյ Լե­գէոնի Աս­պե­տի կո­չու­մին ար­ժա­ նացած էր:

Թաղումը կը կա­տարուի Նո­յեմ­բեր 8, ժա­մը 11.15ին Իսի-լէ-Մու­լի­նոյի գե­րեզ­ մա­նատան մէջ:

Վալանսի մէջ տեղի ունեցաԾ է Կոմիտասի կիսանդրիի բացումը Ֆրան­սա­կան Վա­լանս քա­ղաքի Ս. Սա­հակ եկե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ, Հոկ­ տեմբեր 23ին բա­ցու­մը կա­տարո­ւած է Կո­միտա­սի կի­սանդրիին։ Հե­ղինակն է՝ ծա­նօթ քան­դա­կագործ Թո­րոսը, որ բաց­ման իր խօս­քին մէջ նշած է, որ իր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը

կը նո­ւիրէ մօր եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­ռապան­քը կրած բո­լոր Հա­յերու յի­ շատա­կին։ Կի­սանդրիի բաց­ման արա­րողու­թե­ նէն առաջ Ս. Սա­հակ եկե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տարագ մա­տու­ցո­ւած է` ի յի­շատակ Մեծ Եղեռ­նի զո­հերուն։


2011, Նոյեմբեր 5

2012ի նախագահական ընտրութիւններ

ՍԱՐՔՈԶԻ Եւ ՀՈԼԱՆՏ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔՈՒԷԻ ԿՌՈՒԱԽՆՁՈՐԻՆ ՇՈՒՐՋ «Մարիան» շա­բաթա­թեր­թը, Նո­յեմ­ բեր 3ին, իր կայ­քէ­ջին վրայ վե­րոն­շեալ նիւ­թին նուիրուած եւ կա­ցու­թեան բա­ ւական ամ­բողջա­կան պատ­կե­րը տուող յօ­դուած մը զե­տեղած էր: Հե­ղինա­կը՝ Թե­ֆի Ատ­րիամա­նանա, նախ կ՚ընդգծէ, թէ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահն ալ, Ըն­կերվա­րական կու­ սակցու­թեան թեկ­նա­ծուն ալ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը պատ­ժող օրի­նագի­ծի գա­ղափա­րը պաշտպա­ նելով, կ՚ու­զեն հրա­պու­րել հայ քուէար­ կո­ղը, սա­կայն եր­կուքն ալ այդ դիր­քո­ րոշ­ման ընդդի­մադիր­ներ ու­նին իրենց ճա­կատին մէջ: Իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող մե­ ծամաս­նութեան վեր­ջին նա­խաճա­ շին ըն­թացքին՝ Ֆրան­սա­յի ղե­կավա­րը կրկին պաշտպա­նած է Հա­յոց Ցե­ղաս­ պա­նու­թեան ժխտու­մը պատ­ժող օրէն­ քին անհրա­ժեշ­տութիւ­նը, ինչպէս ար­ դէն ըրած էր Հոկ­տեմբե­րի սկիզ­բը Հա­ յաս­տան կա­տարած իր այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին: Ծա­նօթ է, որ ըն­կերվա­րական­նե­րու նա­խաձեռ­նութեամբ պատ­րաստուած այդ օրի­նագի­ծը, որ վա­ւերա­ցում ստա­ ցած է Ազ­գա­յին Ժո­ղովէն, ի զօ­րու չէ դար­ձած, որով­հե­տեւ չէ վա­ւերա­ցուած Ծե­րակոյ­տին կող­մէ: Ար­դա­րեւ, մին­չեւ հի­մա կա­ռավա­ րու­թիւնը կ՚ընդդի­մանար այդ օրի­ նագի­ծին՝ ներ­կայ օրէնսդրու­թիւնը բա­ւարար գնա­հատե­լով: Բա­ցի ատ­կէ, Սար­քո­զիի առաջ­նա­կարգ կու­սա­կից­ նե­րը կը մտա­ծէին, թէ նման քայլ պի­ տի վնա­սէր Թուրքիոյ հետ յա­րաբե­րու­ թիւննե­րուն, երբ ֆրան­սա­կան մեծ ըն­ կե­րու­թիւններ ներդրումներ կա­տարած են այդ երկրին մէջ: Յօ­դուա­ծագի­րը կը նշէ այլ մտա­վախու­թիւն մըն ալ, որ շատ աւե­լի դժուար «ար­դա­րանա­լի» կը թուի քան նա­խորդնե­րը. կը գրէ, թէ վախ կար նաեւ, որ այդպի­սի օրէնք մը ըն­դունե­լով, Ֆրան­սա­յի յա­րաբե­րու­ թիւննե­րը կրնա­յին վատ­թա­րանալ Գեր­ մա­նիոյ հետ եւս, ուր կ՚ապ­րի թրքա­կան կարեւոր հա­մայնք մը: Ատ­րիամա­նանա կը գրէ նաեւ, թէ Մե­ծամաս­նութեան պա­տաս­խա­նատու­նե­րը կը մտա­ծեն, թէ փոր­ձել Հա­յերը հրա­պու­րել՝ ամեն պա­ րագա­յի անօ­գուտ է, ի տես այդ բնա­ գաւա­ռին մէջ Հո­լան­տի ար­դէն կտրած ճամ­բուն:

Ապա կը գրէ, թէ Ֆրան­սա­յի մէջ ծա­ գու­մով Հա­յերու թի­ւը կը գնա­հատուի 500 հա­զար, բայց երբ նկա­տի առ­նուին զոյգ քա­ղաքա­ցիու­թեան տէ­րերը, Հա­ յաս­տանցի­ները, որոնք քուէար­կե­լու իրա­ւունք չու­նին, նաեւ անոնք որոնք միայն ծա­գու­մով հայ են բայց այ­լեւս գրե­թէ կապ չու­նին հա­յու­թեան հետ, հարկ կ՚ըլ­լայ այդ թի­ւը լուրջ վե­րատե­ սու­թեան են­թարկել. այ­նուամե­նայ­նիւ, կ՚ըսէ լրագ­րո­ղը, նո­րէն ալ ան­դին կը մնայ քուէար­կողնե­րու կո­կիկ բազ­ մութիւն մը: Կը գրէ, թէ հա­մայնքա­պաշտ Սար­քո­ զիի շրջա­նակին մէջ, Աքուայէ եւ Պո­քէլ ար­դէն յայտնե­ցին իրենց վե­րապա­հու­ թիւնը այս օրէն­քին նկատ­մամբ: Բայց կայ իր­մէ աւե­լի հա­մայնքա­պաշ­տը՝ Հո­լան­տը, որ տա­րինե­րէ ի վեր լաւ յա­ րաբե­րու­թիւններ կը մշա­կէ ֆրան­սա­ հայու­թեան հետ: Լրագ­րո­ղը կը յի­շեց­նէ նաեւ, որ Ըն­կերվա­րական նախ­նա­կան ընտրու­թիւննե­րուն, Հ. Յ. Դաշ­նակցու­

թիւնը իր զօ­րակ­ցութիւ­նը բե­րաւ Ֆրան­ սուա Հո­լան­տին՝ ընդդէմ Օպ­րիի: Այս առ­թիւ կը յի­շէ, որ Սեպ­տեմբե­ րի վեր­ջա­ւորու­թեան Հո­լանտ այ­ցե­լեց Ալ­ֆորվիլ, մաս­նակցե­ցաւ Դաշ­նակցու­ թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած զօ­րակ­ ցութեան հան­րա­հաւա­քի մը, ուր ըն­ կերվա­րական թեկ­նա­ծուն խոս­տա­ցաւ, որ այ­լեւս ըն­կերվա­րական մե­ծամաս­ նութիւն ու­նե­ցող Ծե­րակոյ­տը պի­տի քուէար­կէ այդ օրի­նագի­ծը, որ հինգ տա­րի է սպաս­ման մէջ է: Սա­կայն լրագ­րո­ղը դի­տել կու տայ, թէ օրի­նագի­ծին շու­տով քննար­կումը քիչ մը դժուար պի­տի ըլ­լայ՝ նկա­տի ու­ նե­նալով օրա­կար­գին ծան­րա­բեռ­նուած վի­ճակը: Ըն­կերվա­րական­նե­րը, որոնք Ծե­րակոյ­տէն ներս մե­ծամաս­նութիւն ձեռք ձգե­լու այս յա­ջողու­թեան կը սպա­ սէին, բա­ւական թղթած­րարներ ու­նին սե­ղանին վրայ: Անոնցմէ գլխա­ւորն է օտար­նե­րու քուէար­կութեան իրա­ւունք

| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 3

շնոր­հե­լու վե­րաբե­րողը, որու քննար­ կումը պի­տի սկսի Դեկ­տեմբեր 8ին: Հո­լան­տի բա­րեկամ­նե­րէն՝ ըն­կերվա­ րական ծե­րակու­տա­կան­նե­րու ղե­ կավար Ռեպ­սա­մէն կ՚ըսէ՝ “Կան ու­րիշ նա­խապատ­ւութիւններ: Կա­րելի պի­տի չըլ­լայ Յու­նուարէն առաջ: Ժա­մանա­ կացոյ­ցի հարց է”: Լրագ­րո­ղը ապա կը ներ­կա­յաց­նէ Հո­ լան­տի եւ Հ. Յ. Դաշ­նակցու­թեան սերտ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը որոնք սկսած են 2004ին: Բայց ար­դեօք իս­կա­պէս նա­խագա­ հական թեկ­նա­ծուի մը դե՞րն է տուեալ հա­մայնքի մը դա­տը պաշտպա­նելը, հարց կու տայ լրագ­րո­ղը ու կը շա­րու­ նա­կէ. Ֆրան­սուա Ռեպ­սա­մէն այս մա­սին կ՚ըսէ, թէ Հո­լան­տի ըրա­ծը մար­դորսու­ թիւն չէ, այ­լեւ դի­ւանա­գիտու­թիւն: Ըն­ կերվա­րական ծե­րակու­տա­կանը կը յի­շեց­նէ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչու­մը “պայ­մաննե­րէն մէկն է Եւ­ րո­պական Միու­թեան Թուրքիոյ ան­ դա­մակ­ցութեան”: Ռեպ­սա­մէնի կար­ ծի­քով, նման օրի­նագի­ծի պաշտպա­ նու­թիւնը այլ բան չէ եթէ ոչ “ձե­ւով մը Թուրքիոյ պար­տադրել, որ աշ­խա­տանք տա­նի ինքնիր վրայ”: Յօ­դուա­ծագի­րը ապա կը յի­շէ, թէ Թուրքե­րը բնա՛ւ ալ չեն բաժ­ներ այդ կար­ծի­քը եւ բո­ղոքի հարկ եղած բո­լոր քայ­լե­րուն դի­մեցին ար­դէն, իրենց դժգո­հ ու­թ իւնը յայտնե­լու հա­մար Հո­լան­տի վեր­ջին խոս­տումնե­րուն առ­թիւ: Վեր­ջ ա­ւ որու­ թեան, Ատ­րիամանանա կ՚անդրա­դառ­ նայ այլ երեւոյ­թի մը: Ակ­նար-կե­լով Հա­ յերուն, կ՚ըսէ, թէ Հո­լան­տի հա­մակիր­նե­ րը վրէժխնդիր չեն ու կը յի­շէ, թէ անոր գլխա­ւոր եր­կու զօ­րակից­նե­րէն Մոս­քո­ վիսի 2008ին, Տէ­վէճեանի դիր­քո­րոշու­ մը քննա­դատող ար­տա­յայ­տութիւններ ու­նե­նալով ըսած էր. “Չա­փը կ՚ան­ցը­ նէ իր վար­քով, յար­ձա­կողա­կան կե­ ցուած­քով (…) Ին­չո՞ւ: Որով­հե­տեւ Հայ է: Որով­հե­տեւ իրեն հա­մար կա­րեւոր է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչու­մը”: Իսկ երկրոր­դը՝ Լանկ, 2009ին զայ­րա­ ցու­ցած էր Հա­յերը երբ տե­սահո­լովա­կի մը մէջ ար­տա­յայ­տած էր՝ «չա­կեր­տեալ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» խօս­քե­րը: Բայց, կ՚ըսէ լրագ­րո­ղը, Հա­յերու այ­սօր Հո­լան­տի ցոյց տուած զօ­րակ­ցութիւ­նը լա­ւագոյն փաստն է, որ յա­ջող ներ­կա­ յացու­ցիչ մը կրնայ մոռցնել իր շրջա­ նակէն հնչած ման­րուք նա­խադա­սու­ թիւնները:


4 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2011, Նոյեմբեր 5

Ինքնամաքրման հրամայականը կամ ալ ձայն բարբառոյ յանապատի

Բաց նամակ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ՆՈՒՊԱՐ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ Վեհափա՛ռ Հայր, Մեծ հե­տաքրքրու­թեամբ կար­դա­ ցի 2011 Հոկ­տեմբեր 13ին «Նոր Յա­ ռաջ»ի մէջ լոյս տե­սած «Հա­յաս­տա­նի Կրօ­նական Մթնո­լոր­տը Բա­ցայայ­տող Կարգ մը Հար­ցեր» խո­րագ­րով Ձեր հար­ ցազրոյ­ցը : Ու­շադրու­թեամբ կար­դա­լէ ետք Ձեր խօս­քե­րը, Ձե­զի հետ սրտբաց զրոյց մը ու­նե­նալու մեծ ցան­կութիւն մը յա­ ռաջա­ցաւ մէջս, սա­կայն քա­նի որ այդ կարելիու­թիւնը չու­նիմ, որո­շեցի «Նոր Յա­ռաջ»ի մի­ջոցաւ Ձեզ ներ­կա­յաց­նել իմ մտքերս եւ մտա­հոգու­թիւններս: Նախ եւ առաջ փոր­ձեմ քա­նի մը տո­ ղերով ներ­կա­յաց­նել ինքզինքս: Ես, ազ­գիս հա­մեստ զա­ւակ­նե­րէն մէկն եմ, ին­ծի հա­մար Հա­յաս­տա­նեայց Առա­ քելա­կան Եկե­ղեցին (ՀԱԵ) ոչ թէ միայն ազ­գա­յին ար­ժէք եւ սրբու­թիւն է, այլեւ մեր ազ­գի ինքնու­թեան դա­րաւոր ող­նա­ սիւ­նը : Ես մօտ 35 տա­րինե­րէ ի վեր կ’ապ­րիմ Ֆրան­սա­յի Նիս քա­ղաքը, որ նոյնքան հրա­պու­րիչ է որ­քան գայ­թակղեց­նող: Մենք մեր քա­ղաքին մէջ ու­նինք Ցե­ղաս­ պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած առա­ջին սե­ րունդին կող­մէ 1928 թուակա­նին կա­ ռու­ցուած մա­տուռ մը որուն շուրջ մօ­ տաւո­րապէս եր­կու տա­րիէ ի վեր ծայր առած ճգնա­ժամը, ցա­ւօք, դեռ մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կուի ու հա­սած է նոյ­ նիսկ ֆրան­սա­կան իրա­ւական ատեան­ նե­րը*: Սկզբնա­կան շրջա­նին, Ֆրան­սա­յի առաջ­նորդը նկա­տի առ­նե­լով ՀԱԵ շա­ հերը, ինչպէս նաեւ մեր ապ­րած երկրի կարգն ու կա­նոնը, փոր­ձեց այս խնդի­ րը լու­ծել հա­ւասա­րակ­շիռ եւ կա­ռու­ցո­ _____ * Այս տա­րուան Մարտ ամ­սուն, նկա­տի առ­նե­լով առ­կայ ան­հասկա­ցողու­թիւննե­ րու ծալ­քերն ու դրդա­պատ­ճառնե­րը, փոր­ձե­ցի «Նոր Յա­ռաջ»ի մէջ հա­մես­ տօ­րէն ներ­կա­յաց­նել իմ կար­ծիքս Նի­սի եկե­ղեց­ւոյ շուրջ ծայր առած տա­րօրի­ նակ եւ տա­րաբ­նոյթ ան­հա­ճոյ իրա­դար­ ձութիւննե­րուն մասին:

ղական ոճով, նե­րըն­տա­նեկան փոխհաս­կա­ցողու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ: Բայց եւ այնպէս որոշ ան­հատնե­րու ան­յայտ եւ ոչ եկե­ղեցա­կան գեր-շա­հերը խան­գա­րեցին ճգնա­ժամի լու­ծումը. եւ ինչպէս գի­տէք՝ հաս­ցուցին այ­սօ­րուան ցա­ւալի կա­ցու­թեան, ֆրան­սա­կան իրա­ ւական ատեան­նե­րու առ­ջեւ տա­նելով խնդի­րը։ Եթէ կայ հայ­րե­նիքի մէջ ան­կա­խու­ թե­նէն ի վեր ահա­ւոր աղան­դա­ւորա­ կան մո­լորե­ցու­ցիչ շար­ժում, Սփիւռքի այս ան­կիւնին մէջ մենք կ՚ապ­րինք մեծ մա­սամբ ապազ­գա­յին եւ ապաք­րիստո­ նէական մար­դոցմով շրջա­պատուած մի­ջավայ­րի մը մէջ: Տա­րաբ­նոյթ մտա­ծելա­կեր­պեր եւ դա­ ւանանքներ իրենց ահ­ռե­լի աւե­րը գոր­ ծած են մեր հա­մայնքնե­րէն ներս, եւ ՀԱԵ-ն մեր ժո­ղովուրդին մէջ շատ յա­ ճախ չ՚ըն­կա­լուիր իր ճշգրիտ իմաս­տով, եւ դար­ձած է լոկ ծի­սական ձե­ւակեր­ պութիւն: Սա՛ է Նի­սի ցա­ւալի մի­ջադէ­պերու հիմ­նա­կան պատ­ճառնե­րէն մէ­կը, բայց ո՛չ միակը, եւ մենք՝ իբր եկե­ղեցա­կան սրբու­թիւններ պաշտպա­նող­ներս, բո­ լորս ենք մե­ղաւոր։ Հի­մա սրտանց կ՚աղօ­թենք որ մօտ ապա­գային Նի­սի ՀԱԵ եւ իր թե­մական կա­ռոյ­ցը գո­նէ օր առաջ գտնէ իր ան­դորրը եւ կա­րենայ իրա­գոր­ծել իր ազ­գօ­գուտ առա­քելու­ թիւնը, խա­ղաղ մթնո­լոր­տի մը մէջ: Մեղ­քը հա­կաեկե­ղեցա­կան ան­ձե­րու կամ մի­ջավայ­րի մէջ փնտռե­լէ առաջ, նախ եւ առաջ քննենք մենք զմեզ, թէ ար­դեօք ո՞ր աս­տի­ճանի առողջ ենք դի­ մագ­րա­ւելու հա­մար մեր դէմ ծա­ռացած մար­տահրա­ւէր­նե­րը, այ­սօր եւ ապա­ գային: Եթէ մեր միտքն ու մար­մի­նը, այ­սինքն մեր եկե­ղեցա­կան ամբողջ կա­ռոյ­ցը պէտք եղա­ծին չափ առողջ է, ու­րեմն մենք եր­բեք չենք վա­րակուիր օտար եւ չար­չա­րող մո­լու­թիւննե­րէ:

ւօք սրտի, ամեն Աս­տուծոյ օր ակա­ նատես ենք մեր հայ­րե­նաբ­նակ ազ­գի խոր աղ­քա­տու­թեան, ար­տա­գաղ­թին, եւ ամե­նացա­ւալին՝ մեր ժո­ղովուրդը կորսնցու­ցած է վստա­հու­թիւնը իր երկրի, իր ապա­գայի, ինչպէս նաեւ իր եկե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ: Ինչպէս մեր երկրի ժո­ղովուրդի գե­ րակ­շի՛ռ մե­ծամաս­նութիւ­նը, նոյնպէս ալ ֆրան­սա­հայ երի­տասարդ սե­րունդը ընդհան­րա­պէս հա­կակ­րօ­նական եւ մաս­նա­ւորա­պէս հա­կահո­գեւո­րական տրա­մադ­րութիւննե­րու մէջ են, որով­ հե­տեւ ոչ միայն եր­կար տաս­նա­մեակ­ ներ զրկուած են հո­գեւոր եւ կրօ­նական դաս­տիարա­կու­թե­նէ՝ բայց նաեւ չեն ու­նե­ցած իրենց կոչ­ման վա­յել հո­գեւո­ րական­ներ: Առա­ւել եւս, այս վեր­ջին եր­կու տաս­ նա­մեակ­նե­րուն, մեր հայ­րե­նիքը հա­զիւ ազա­տած սո­վետա­կան անաս­տուած գա­ղափա­րախօ­սու­թե­նէն, ին­կած է վայ­րի կա­պիտա­լիս­տա­կան հա­մակար­ գի մը ճի­րան­նե­րը, որ նոյնքան կ՚ան­տե­ սէ Աստծոյ խօս­քը եւ քրիս­տո­նէու­թեան սկզբունքնե­րը, եւ ափ­սոս, ահա կրկին կ՚իշ­խեն ու­ժա­յին յա­րաբե­րու­թիւնը, նիւ­թա­պաշ­տութիւնն ու անձնա­պաշ­ տութիւ­նը: Այ­սօր մեր հանրու­թեան բազ­մա­թիւ խա­ւերուն ու ազ­գա­յին կա­ռոյցնե­րուն մէջ քրիս­տո­նավա­յել ապ­րե­լակեր­պի եւ խղճի փո­խարէն կը տի­րէ բա­ցար­ ձա­կապէս «պիզ­նեէս»ի հաս­կա­ցողու­ թիւնը: Այս պատ­ճա­ռով, այս իրա­վիճա­կէն դուրս ել­լե­լու հա­մար մենք բո­լորս, ամե­ նու­րէք կա­րօտը ու­նինք ընդհան­րա­պէս մար­դա­վայել ու քրիս­տո­նավա­յել հա­նրու­թեան եւ ամե­նակա­րեւո­րը՝ նոյ­նա­ տիպ հո­գեւո­րակա­նի մը կեր­պա­րին:

Վե­հափա՛ռ Հայր, Հա­ւատա­ցէք, ես ան­գի­տակից չեմ Ձեր կրած ծանր պա­տաս­խա­նատ­ ւու­թեան, եւ շատ յա­ճախ կը փոր­ձեմ երե­ւակա­յել Ձեր Աթո­ռի պա­տաս­խա ­նատ­ւու­թեան ծան­րութիւ­նը: Այս իրա­վիճա­կէն դուրս ել­լե­լու հա­ մար, ճի՛շդ է որ պէտք են նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ, կազ­մա­կերպչա­կան ամուր կա­ռոյց, պե­տական հո­վանա­ւորու­թիւն: Շա­տեր լաւ կը ճանչնան ձեր վար­չա­կան կա­րողու­թիւննե­րը ու նուիրա­տւու­ թիւններ հայ­թայթե­լու յատկու­թիւնը. բայց ի՞նչ իմաստ ու­նին նո­րակա­ռոյց եկե­ղեցի­ները, կա­ռոյցնե­րը, եւ կա­լւած­նե­րը, եթէ մենք տա­կաւին չենք կա­ րողա­ցած կա­ռու­ցել մեր ժո­ղովուրդի Վե­հափա՛ռ Հայր, Ինքնա­խաբէու­թեան կա­րիք չկայ եւ հո­գինե­րու եկե­ղեցին: Առա­ւել եւս, ան­շուշտ հասկնա­լի է, պէտք է խոս­տո­վանիլ թէ այ­սօր, ցա­


2011, Նոյեմբեր 5

թէ որ­պէսզի կա­րենաք յա­ջողց­նել Ձեր ստանձնած առա­քելու­թիւնը՝ Դուք նկա­տի պի­տի առ­նէք նաեւ տա­րաբ­նոյթ նրբու­թիւններն ու երկրի օրուան քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րու դիր­ քո­րոշումնե­րը: Բայց Վե­հափա՛ռ Տէր, չէ՞ որ Դուք Սուրբ Էջ­միած­նի Ամե­նայն Հա­յոց 132րդ Կա­թողի­կոսն էք, այլ ոչ թէ մեր երկրի ժա­մանա­կաւոր իշ­խա­ նու­թիւննե­րուն «կրօ­նական գոր­ծե­րու նա­խարա­րը»։ Մեր աշ­խարհասփիւռ եւ մաս­նա­ ւորա­պէս հայ­րե­նաբ­նակ ժո­ղովուրդը կա­րօտն ու­նի իր Վե­հափառ Հօր ար­ դա­րատենչ եւ ճշմա­րիտ խօս­քին եւ շունչին, ամե­նու­րէ՛ք. ոչ միայն ցան­ կութիւննե­րու ոճով կամ լո­զունգնե­րով՝ այլեւ իր ամուր եւ ու­ղիղ կե­ցուած­քով. ոչ միայն երե­ւելի­ներու շրջա­պատի մէջ՝ այլեւ մեր ազ­գի ամե­նահա­սարակ, սո­ վորա­կա՛ն զա­ւակ­նե­րու սրտե­րուն մէջ: Ներ­կա­յիս մեր ժո­ղովուրդը օրի­նակե­ լի ու իս­կա­կա՛ն հո­վուա­պետի պէտք ու­նի, ժո­ղովուրդի ցա­ւերը կի­սող ու հայ­րա­կան սի­րով ու իմաս­տութեամբ ճիշդ ու­ղին ցոյց տուող առաջ­նորդի մը: Վե­հափառ Տէր, վստահ եղէք եթէ դուք հայ­րա­կան սի­րով գրա­ւէք մեր սրտե­րը, մենք պատ­րա՛ստ ենք ձեզի հե­տեւե­լու: Վեր­ջա­պէս, նա­մակս աւար­տե­լէ առաջ, պահ մը կրկին վե­րադառ­նանք ֆրան­սա­հայ մեր իրա­կանու­թեան: Ու­ շա­ցած՝ բայց շատ ճիշդ որո­շում էր Ֆրան­սա­յի թե­մի ստեղ­ծումը: Թեմ ըսե­ լով՝ մենք նկա­տի ու­նինք, գոր­ծակցու­ թեան նոյն ոգին ֆրան­սա­յի 22 եկե­ ղեցի­ներուն եւ ծու­խե­րուն հետ: Բայց իմ հա­մեստ կար­ծի­քով՝ նոյ­նիսկ եթէ Նի­սի կնճռոտ հար­ցը օր մը լու­ծուի ի նպաստ մեր եկե­ղեց­ւոյ, եթէ Ֆրան­սա­յի թե­մը չյա­ջողի բո­վան­դա­կու­թիւն տալ իր առա­քելու­թեան, թե­մը պի­տի մնայ միայն թուղթի վրայ գրուած կա­նոնագ­րութիւն։ Ո՞րն է ու­րեմն բա­լասա­նը որ պի­տի մարմնա­ւորէ եւ իս­կա­կան հո­գի տայ Ֆրան­սա­յի մեր թե­մին: Պա­տաս­ խա­նը՝ գո­նէ իմ կար­ծի­քով, շատ յստակ է: Նախ եթէ ֆրան­սա­հայ եկե­ղեցին չմաք­րուի անցնող տաս­նա­մեակ­նե­րու իր կեղ­տե­րէն, շատ դժուար պի­տի ըլ­ լայ մեր նոր կա­ռոյ­ցին թռիչք առ­նելն ու նուաճումնե­րու հաս­նի­լը: Այ­սօ­րուան պա­տաս­խա­նատու­նե­րը որ­քան ալ ճիգ թա­փեն, չեն կրնար կարճ ժա­մանա­կաշրջա­նի մը մէջ վերցնել մեր եկե­ղեց­ւոյ շուրջ տաս­նա­մեակ­ներ տե­ ւած ան­յա­րիր եւ ան­բա­րոյ երե­ւոյթնե­րը: Մա­քուր, հայ­րե­նասէր եւ եկե­ղեցա­ սէր Ֆրան­սա­հայու յի­շողու­թե­նէն դեռ վերջնա­կանա­պէս չեն սրբուած

| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 5

ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՋ

«ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ» ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ՀԱՅԱԲՆԱԿ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՇՏԵՄԱՐԱՆ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ

ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆԻ ՀԵՏ 2010 թուականէն ի վեր Պէրլինի մէջ կը գործէ «Յուշամատեան» միութիւնը, որու ծրագիրներէն հիմնականը նոյնանուն կայքէջին ստեղծումն էր՝ որպէս ժամանակակից Թուրքիոյ նախկին հայահոծ բնակչութեամբ տարածքներուն վերաբերեալ հանրագիտական շտեմարան։ Այսօր արդէն կայքէջը իրականութիւն է եւ կը գտնուի զարգացման ու կատարելագործման փուլին մէջ (www. houshamadyan.org)։ Կայքէջին առընչուող տարաբնոյթ խնդիրներու շուրջ հարցազրոյց մը ունեցանք ծրագրի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր, պատմաբան Վահէ Թաշճեանի հետ։ Հ.- Պարոն Թաշ­ճեան, ե՞րբ եւ ինչ-  ու­սա­նողա­կան տա­րիքին է, որ այս աշ­ պէս յղա­ցաք կայ­քին գա­ղափա­րը։ Ո՞րն խարհին հետ սերտ կա­պի մէջ մտած ենք, բայց այ­սօր շա­տերու նման մենք է գլխա­ւոր նպա­տակը։

Պ.- Օս­մա­նեան կայսրու­թեան Հա­ յերու պատ­մութեան ու անոնց առօ­րեայ կեան­քի զա­նազան երե­ւոյթնե­րուն նոր ար­ժէք մը տա­լու գա­ղափա­րը ար­դէն տա­րինե­րէ ի վեր կար իմ ու կարգ մը մտե­րիմ­նե­րու միտ­քին մէջ. ներ­կա­յաց­ նել օս­մա­նեան Հա­յերու առօ­րեայ կեան­ քը, անոնց ըն­կե­րային մի­ջավայ­րը, տե­ ղական պատ­մութիւնն ու մշա­կոյ­թը։ Հար­ցը այն էր, թէ ի՞նչ ձե­ւով ներ­կա­յաց­ նել այս բո­լորը։ Գա­ղափա­րը կը քննէինք տար­բեր-տար­բեր մաս­նա­գիտու­թիւննե­ րու տէր մար­դոց հետ։ Հա­մացան­ցը այս իմաս­տով անխուսափելի նկատուեցաւ Ի վեր­ջոյ, կ՚ապ­րինք նոր ժա­մանակ­նե­ րու մէջ։ «Յու­շա­մատեան»ը յղա­ցող­նե­ րը գրե­թէ նոյն սե­րունդի մար­դիկ են։ Մեր առա­ջին քայ­լե­րը հա­մակար­գիչնե­ րու աշ­խարհին մէջ չենք առած՝ միայն

հանգստեան կո­չուած բայց տա­կաւին հրա­պարա­կէն չքա­շուած կամ մին­չեւ օրս սպա­սար­կող՝ - Ան­բա­րոյ հո­գեւո­րակա­նի տի­պարը, - Ծոյլ եւ մա­կաբոյծ ծխա­կան խոր­ հուրդի ան­դա­մը, - Ազ­գա­յին եւ անձնա­կան քսակ­նե­ րը կա­մայ թէ ակա­մայ շփո­թող, բայց եւ այնպէս իրենց կուրծքե­րուն վրայ բարձր ատեան­նե­րու պա­տուոյ շքան­ շաննե­րը կրող բա­րերար­նե­րը։ Վե­հափա՛ռ Հայր, Ինչպէս Դուք կ՚ըսէք, մեր հո­գու փրկու­թեան ճամ­բան ստի­պողա­բար

ալ այս աշ­խարհին մէջ խո­րացած ենք ու կը գի­տակ­ցինք անոր դե­րին ու միահե­ ծանու­թեան։ Ու­րեմն մտա­ծեցինք, որ ան­կա­րելի չէ նաեւ գի­տական լուրջ նիւթ մը, լուրջ ծրա­գիր մը ներ­կա­յաց­ նել՝ ամ­բողջո­վին հա­մացան­ցով։ Հ.- Առա­ջինը ըլ­լա­լու վա­խը կամ վերապահու­թիւնը չկա՞ր։

Պ.- Ան­շուշտ, ար­կա­ծախնդրու­թիւն կար մեր այս քայ­լին մէջ, քա­նի որ մեր ծրա­գիրը ըն­դարձակ է, եւ միաժա­ մանակ՝ զայն պէտք չէր ներ­կա­յաց­նել բարդ ձե­ւով։ Կայ­քէջ մը երբ կը ստեղ­ ծուի, զայն առա­ջին հեր­թին պէտք է հա­ ղոր­դա­կան, հմա­յիչ, պարզ ու գործնա­ կան դարձնել։ Երբ այս կէ­տերէն մէկն ու մէ­կը պա­կաս է կամ թե­րի, կայ­քէ­ ջի ծրա­գիրը շատ արագ կը ձա­խողի։

կ՚անցնի ինքնա­մաքրման կա­րեւոր հանգրուանէն: Մենք իբր հա­սարակ մահ­կա­նացու­ ներ՝ դա­տաւոր­ներ չենք, բայց եւ այնպէս ան­համբեր կը սպա­սենք ձեր ար­դար կամ­քին ու ձայ­նին, որ­պէսզի մեր ազ­ նիւ եկե­ղեցա­սէր հա­յոր­դի­ները կրկին վե­րադառ­նան հին աղ­տե­րէն մաք­րը­ ւած առողջ եկե­ղեցա­կան եւ հայ­կա­կան մի­ջավայր: Եթէ ոչ մեր խօս­քը պի­տի մնայ ձայն բար­բա­ռոյ յա­նապատի։ ՆՈՒՊԱՐ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ 2011 Հոկտեմբեր, Նիս


6 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2011, Նոյեմբեր 5 Այսպի­սի ձա­խողու­թիւննե­րով լե­ցուն է հա­մացան­ցը։ Կը կար­ծեմ, որ գո­նէ մեր այս առա­ջին մար­տահրա­ւէրին մէջ մեծ մա­սամբ յա­ջողած ենք, եւ «Յու­շա­ մատեան»ը իր ձե­ւաւո­րու­մով ու պար­ զութեամբ յա­ջողու­թիւն մըն է։ Հ.- Կը պատ­մէ՞ք, թէ ո՛րոնք են նա­ խաձեռ­նողնե­րը, եւ ի՛նչ աշ­խա­տակազմ ու­նիք։

Պ.- Ծրագ­րին յղա­ցու­մին յա­ջոր­դե­ցին շարք մը գործնա­կան քայ­լեր, որոնք կո­չւած էին ամուր եւ վստա­հելի հու­նի մը մէջ դնե­լու մեր եր­թը։ Առա­ջին առի­ թով, 2010ին, Պէր­լի­նի մէջ հիմ­նուեցաւ «Յու­շ ա­մ ատեան» ոչ-շա­հ ու­թ ա­բ եր միու­թիւնը, որ փաս­տօ­րէն ամ­բողջ մեր ծրա­գիրը տնօ­րինողն է։ Միու­թեան նա­ խագահն է Էլ­քը Հարթմանն, իսկ փոխնա­խագահ՝ Մե­լինէ Փեհ­լի­ւանեան։ Կայ­ քէ­ջը ներ­կա­յիս՝ լիաժամ դրու­թեամբ մէկ պաշ­տօ­նեայ ու­նի, ունի ձե­ ւաւո­րու­մի եւ հա­մակարգչա­յին մաս­նա­գէտ մը որ կը վարձատուի, հա­յերէն-անգլե­րէն թարգմա­նիչ, յօ­դուա­ծագիր աշ­խա­տակից­ներ։ Մեր նպա­տակն է՝ կազ­մը աւե­լի ընդլայ­նել եւ մեր աշ­խա­տանքնե­ րուն աւե­լի արագ կշռոյթ մը տալ։ Բայց այս, ան­շուշտ, կը պա­հան­ջէ նիւ­թա­կան յա­ւելեալ մի­ջոց­ներ, դրա­մական նոր աղ­բիւրներ։ Հ.- Իսկ ներ­կա­յիս աջա­կից­ նե­րու մա­սին կրնա՞ք տե­ղեկու­ թիւններ տալ։

Պ.- Պէտք է շեշ­տել, որ մին­ չեւ այ­սօր մեր ֆի­նան­սա­ւոր­ ման աղ­բիւրնե­րը ան­հա­տական նուիրա­տւու­թիւններն են։ Ու­ նինք գլխա­ւոր նուիրա­տու մը, որ հա­մաձայ­նած է հինգ տա­րինե­ րու վրայ նիւ­թա­պէս աջակ­ցիլ ծրագ­րին։ Տա­րեկան դրու­թեամբ կա­տարուող՝ անոր դրա­մական փո­խան­ցումնե­րը ամեն տա­ րի կը լրաց­նեն մեր տա­րեկան պիւտճէին մօտ 65%ը։ Այլ խօս­ քով՝ դրա­մական աջակ­ցութիւննե­ րու կա­րիքը տա­կաւին մեծ է։ Նոյնպէս աջակ­ցութիւն կը հա­մարեմ բո­լոր այն քա­ջալե­րական նա­մակ­նե­ րը, զորս կը ստա­նանք մեր այ­ցե­լու­նե­ րէն։ Եթէ այս ծրա­գիրը մե­զի հա­մար, առա­ջին հեր­թին, պատ­մա­գիտա­կան անհրա­ժեշ­տութիւն մըն էր, հի­մա ար­ դէն հա­մոզուած կրնամ ըսել, որ ամ­ բողջ հան­րութեան մը հա­մար այս մէ­կը նաեւ մշա­կու­թա­յին ու ժա­ռան­գա­կան կարիք մըն էր։ Կը զգանք, մեր այ­ցե­լու­ նե­րու ար­ձա­գանգ­նե­րը կը վկա­յեն, որ

մեր կայ­քէ­ջը այս իմաս­տով կա­մուրջի դեր մը կը խա­ղայ ան­ցեալին ու ներ­կա­ յին մի­ջեւ՝ հի­նին, մոռ­ցուածին ու ան­ տե­սուա­ծին ու այ­սօ­րուան մի­ջեւ։

քան ալ որ մեր առօ­րեան հեւ­քոտ ըլ­լայ, աշ­խա­տան­քին ստեղ­ծած գո­հու­նա­կու­ թիւնը կար­ծեմ ամենէն կա­րեւորն է։ Այս է, որ կը ստեղ­ծէ դրա­կան մթնո­լորտ մը՝ ներ­կայ ու գա­լիք դժուարու­թիւննե­րուն Հ.- Ի՞նչ դժուարու­թիւննե­րու եւ խո­ դէմ դնե­լու նպա­տակով։

չըն­դոտնե­րու հան­դի­պեցաք աշ­խա­տան­ քի ըն­թացքին։

Պ.- Դժուարու­թիւններ եւ խո­չըն­ դոտներ, կը կար­ծեմ, որ միշտ կան «Յու­շա­մատեան»ի օրի­նակով ըն­ դարձակ ծրա­գիր­նե­րու հա­մար։ Նիւ­ թա­կան դժուարու­թիւններ, որա­կեալ աշ­խա­տակից­նե­րու որո­նում՝ կար­ծեմ բա­ներ են, որոնք ծրագ­րին ամ­բողջ տե­ւողու­թեան ալ գո­յու­թիւն պի­տի ու­նե­նան։ Բայց կա­րեւո­րը՝ ծրագ­րին նկատ­մամբ իմ ու գոր­ծա­կից­նե­րուս խան­դա­վառու­թիւնն է։ Յա­ճախ այն տպա­ւորու­թիւնը ու­նինք, թէ կոր­սուած բան մը, մոռ­ցուած բան մը կա­ռու­ցե­

Հ.- Որո՞նք են ձեր տե­ղեկու­թիւննե­րու հիմ­նա­կան աղ­բիւրնե­րը։

Պ.- Հիմ­նա­կան աղ­բիւրնե­րը 1930ական թուական­նե­րէն սկսեալ՝ Սփիւռքի զա­նազան գա­ղութնե­րուն մէջ լոյս տե­սած յու­շա­մատեան­ներն են։ Այ­ սինքն՝ այն գիր­քե­րը, որոնք Օս­մա­նեան կայսրու­թեան հա­յաբ­նակ զա­նազան գիւ­ղե­րու կամ քա­ղաք­նե­րու հայ­րե­նակ­ ցա­կան միու­թիւննե­րը կը հրա­տարա­ կէին Սփիւռքի մէջ՝ իրենց հայ­րե­նի բնա­կավայ­րին յի­շողու­թիւնը ան­մար պա­հելու նպա­տակով։ Այս գիր­քե­րը յա­ ճախ գրուած են ոչ-ար­հեստա­վարժնե­ րու կող­մէ, բայց եւ այնպէս՝ մեր ծրագ­րին սկզբնաղ­բիւրներն են՝ նկա­տի ու­նե­նալով, որ մե­ծապէս հա­րուստ են ան­ցեալ ժա­ռան­ գութեան վե­րաբե­րող ամեն տե­ սակ տե­ղեկու­թիւննե­րով։ Կան նաեւ այլ հրա­տարա­կու­թիւններ՝ 19րդ դա­րուն տպուած՝ Հա­յերու յու­շեր, հան­դէսներ, Հա­յաս­տա­նի մէջ տպուած մաս­նա­գիտա­կան գոր­ծեր, որոնք բո­լորն ալ օգ­տա­ կար են մեր ծրագ­րին։ Հ.- Ար­դեօք այս աղ­բիւրնե­րը հա­սանե­լի՞ են։

Պ.- Այստեղ պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ, որ ծրագ­րին բուն նպա­ տակ­նե­րէն մէկն ալ՝ հայ­կա­կան աղ­բիւրնե­րը ար­ժե­ւորե­լը եւ զա­ նոնք ոչ-հա­յախօս հան­րութեան մատ­չե­լի դարձնելն է։ Այ­սինքն՝ «Յու­շա­մատեան» կայ­քէ­ջին ճամ­ բով կը ձգտինք ներ­կա­յաց­նել օս­ մա­նեան Հա­յերու կեան­քը՝ հիմ­ նուած հա­յատառ աղ­բիւրնե­րու վրայ։ Հա­մոզուած ենք նաեւ, որ մեր այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը պի­ տի նպաս­տէ Օս­մա­նեան պատ­ մութիւ­նը բազ­մակրթանք ու­ լու եւ վե­րակա­ռու­ցե­լու ըն­թացքին մէջ սումնա­սիրու­թեան են­թարկե­լու ընդհա­ ենք։ Այս մէ­կը կ’ընենք՝ թեքսթեր գրե­ նուր ճի­գերուն։ լով, հին լու­սանկար­ներ հա­ւաքե­լով, ձայ­նագրու­թիւններ կեան­քի կո­չելով, Հ.- Ար­դեօք կա­րելիու­թիւն ու­նի՞ք ֆիլ­մեր գտնե­լով։ Կա­ռու­ցե­լու այս գոր­ ստու­գե­լու կայ­քին յա­ճախորդնե­րու թի­ ծընթա­ցին կը մաս­նակցին նաեւ «Յու­ ւը՝ ըստ օրե­րու եւ աշ­խարհագ­րա­կան շա­մատեան»ի բա­րեկամ­նե­րը, կայ­քէ­ջին վայ­րե­րու։ այ­ցե­լու­նե­րը՝ իրենց ու­ղարկած նիւ­թե­ Պ.- Այո՛, հա­մացան­ցա­յին ար­հեստա­ րով, փո­խան­ցած տե­ղեկու­թիւննե­րով։ գիտու­թիւնը հնա­րաւո­րու­թիւն կու տայ Մէկ խօս­քով՝ հա­մագոր­ծակցա­յին ծրա­ մե­զի այս ձե­ւի «գաղտնիք­ներ» գիտ­նա­ գիր մըն է։ Եւ վեր­ջա­ւորու­թեան, որ­ լու։ Մի­ջին հա­շուով՝ օրա­կան 150էն 200


2011, Նոյեմբեր 5

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 7

Մահ ծանօթ դաշնակահար րաֆֆի պետրոսեանի

(1875-1957)

ԿԵԱՆՔԻ ԽՈՀԵՐ

Ֆրան­սա­հայ ծա­նօթ արո­ւես­տա­գէտ, դաշ­նա­կահար Րաֆ­ֆի Պետ­րո­սեան իր մահ­կա­նացուն կնքած է Հոկ­տեմբե­ր Ոչինչ է մարդը՝ փոշի փոշու մէջ, 27ին Փա­րիզեան շրջա­նին մէջ, 86 տարեկանին: Իր ցաւը, սակայն, տիեզերքից մեծ: Ծնած էր 1925ին, Ֆրան­սա: Մաս­նա­ 1947 Նոյեմբեր 9, Երեւան գիտա­կան իր կրթու­թիւնը ստա­ցած է *** Փա­րիզի Երաժշտա­նոցին մէջ: Աշա­կեր­ տած է փրոֆ. Ռե­մոն Դի­պեր­ժին: Հա­զիւ Արեւի տակ սոսկ մի օր է լինելու, 9-10 տա­րեկան հասակին՝ հա­մերգներ Որ ինձ համար բախտաւոր է լինելու, տո­ւած է եւ­րո­պական շարք մը քա­ղաք­ Բայց այդ օրը զգալու չեմ ես, աւա՜ղ, որովհետեւ մեռած օրս է նե­րու մէջ: Երաժշտա­նոցը աւար­տե­լէ լինելու: ետք հա­մերգներ տո­ւած է Ֆրան­սա­յի, Հո­լան­տա­յի, Պել­ճի­քայի, Անգ­լիոյ, Ամե­ 1932, Փարիզ րիկա­յի, Պարսկաս­տա­նի, արա­բական *** որոշ եր­կիրնե­րու, Հնդկաս­տա­նի, Փա­ քիս­տա­նի եւ այլ եր­կիրնե­րու մէջ: Հռչա­ Ապրած իմ կեանքից կաւոր ղե­կավար­նե­րու հետ նո­ւագած է Մի սուրբ երազի Լիս­թի, Պէթ­հո­վէնի՝ դաշ­նա­կի հա­մար Բուրմունքը մնաց քոն­ չերթօ­ները, նաեւ Արամ Խա­չաՍրտումս անմոռաց — տ­ ը րեանի եւ այլ հայ յօ­րինող­նե­րու Այն որ՝ ջերմ լացի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւններ: Առանց տանջանքի,

(Նոյեմբեր 1ի առիթով՝ ննջեցելոց յիշատակին) Տիեզերքն այս անսահման Իր ծանրութեամբ ահագին Կախուած է սոսկ մի մազից,— Եւ այդ մազն է իմ հոգին: 1932, Փարիզ

*** Շա՛տ եմ տանջուել այս աշխարհում, Շա՛տ եմ լացել այս աշխարհում, Այն աչքերը, որ չեն լացել, Բան չեն տեսել այս աշխարհում: 1954

*** Հեռու անտառում ծաղկում է հպարտ, Ցնծում է զուարթ այն կաղնին հիմա, Որ պիտի դառնայ դագաղըս մի օր: Եւ մահըս մօտ է, մօտիկ է ա՜յնքան, Որ ամեն անգամ հոգուս ականջով Լսում եմ կաղնու սօսափիւնը խոր… 1928 Մայիս 28, Երեւան

*** Ամեն ինչ ունայն, երազ անցաւոր, Աստղ էլ որ լինես՝ պիտ՚ հանգչիս մի օր:

այ­ցե­լու­ներ ու­նինք։ Այ­ցե­լու­նե­րու մե­ ծագոյն խումբը Միացեալ Նա­հանգնե­ րէն է։ Ապա կու գայ Թուրքիան, ուրկէ մեր կայ­քէ­ջը այ­ցե­լող­նե­րը յա­ճախ ներ­քին գա­ւառ­նե­րու բնա­կիչ­ներ են։ Այ­սինքն՝ բնա­կիչ­նե­րը այն վայ­րե­րուն, որոնք «Յու­շա­մատեան» ծրագ­րին հե­տազօ­ տու­թեան առար­կա­ներն են։ Երե­ւոյ­թը կա­րեւոր է ու հե­տաքրքրա­կան։ Այնպէս որ, ժա­ռան­գա­յին ու մշա­կու­թա­յին այս կարիքը կը վե­րաբե­րի նաեւ Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցինե­րուն։ Հա­մոզուած եմ, որ անոնք եւս կ’ու­զեն իմա­նալ այս ան­ ցեալին, կ’ու­զեն կար­դալ այս մա­սին թեքսթեր, տեսնել նկար­ներ, լսել եր­գեր ու պատ­մութիւններ։ Այս բո­լորը մեզ մղած են նաեւ մեր կայ­քէ­ջին թրքե­րէն տար­բե­րակը առաջ­նա­հեր­թութիւն մը հա­մարելու։ Կը փնտռենք դրա­մական աղ­բիւրներ՝ կայ­քէ­ջին թեքսթե­րը թրքե­ րէնի թարգմա­նելու համար։

Խորունկ սիրեցի Առանց տենչանքի… 1907, Թիֆլիս

Պատրաստեց՝

ԱՆԱՅԻՍ ՄԵԼԻՆԷ

գա­ցու­մը կ’ապ­րի։ Անի­կա շա­բաթէ շա­ բաթ աւե­լի հան­րա­ճանաչ կը դառ­նայ, վստա­հու­թիւն մը կը հաս­տա­տուի մեր ու մեր այ­ցե­լու­նե­րուն մի­ջեւ։ Այս բա­նը կը նպաս­տէ, որ հետզհե­տէ աւե­լի շատ նիւ­թեր ստա­նանք նոյն այս այ­ցե­լու­ նե­րէն։ Աս­կէ զատ, մեր աշ­խա­տան­քին առու­մով՝ ար­դէն իսկ գրե­թէ աւար­տած են մեր առա­ջին բնա­կավայ­րին՝ Բա­լուի (քա­ղաքն ու գիւ­ղե­րը) մա­սին աշ­խա­ տան­քը. բո­լոր նիւ­թերը ար­դէն առ­ցանց են։ Այժմ նիւ­թեր կը ներ­կա­յաց­նենք Մա­ րաշի շրջա­նին մա­սին։ Շու­տով նիւ­թեր պի­տի ներ­կա­յաց­նենք Վա­նի ու Խար­ բերդի մա­սին։ Բա­ցի կայ­քէ­ջէն, «Յու­ շա­մատեան» միու­թեան ծրա­գիր­նե­ րուն մէջ կան նաեւ ցու­ցա­հան­դէսներ, գիր­քի հրա­տարա­կու­թիւններ։ Բայց ասոնք ար­դէն յե­տագայ ծրա­գիր­ներ են. առայժմ կեդ­րո­նացած ենք մեր կայ­քէ­ ջին վրայ։

Խորհրդա­յին շրջա­նին այ­ցե­լած է նաեւ Երե­ւան եւ Հայ­ֆիլհար­մո­նիայի դահ­լի­ճին մէջ տո­ւած է հա­մերգներ, նը­ ւագած է Պա­խի, Սքար­լաթթիի, Լիս­թի, Շո­փէնի, Սքրիապի­նի եւ այլ յօ­րինող­նե­ րու գոր­ծե­րը, ինչպէս նաեւ Ա. Խա­չատը­րեանի «Թոք­քա­թա»ն: Նշենք նաեւ որ ող­բա­ցեալը 70-80ական թո­ւան­նե­րուն, փա­րիզա­հայ ար­ւես­տի շրջա­նակի հան­րա­ծանօթ այլ դէմ­քի մը՝ Գրի­գոր Համ­բարձու­մեանի գլխա­ւորու­թեամբ ստեղ­ծո­ւած՝ ՔԱԹ­ ՐԱ արո­ւես­տա­սէր­նե­րու խմբա­կին կազ­ մակեր­պած գեղարուեստական ձեռ­ նարկներուն անշրջան­ցե­լի դէմքն էր: Րաֆֆի Պետ­րո­սեանի յու­ղարկա­ ւորու­ թիւնը կա­տարո­ւած է Նո­յեմ­բեր - Ձե­զի կը մաղ­թենք բա­րեյա­ջող ըն­ 3ին, փա­րիզեան շրջա­նի Պրի-սիւռՀ.- Ի՞նչ հե­ռան­կարներ եւ զար­ թացք եւ նոր նուաճումներ։ Մառն քա­ղաքը, ըն­տա­նեկան սեղմ գացման ծրա­գիր­ներ կը տես­նէք՝ կայ­ քին առընչուող։ Հարցազրոյցը վարեց՝ շրջա­նակի մէջ եւ մարմինը ամփոփուած՝ Պ.- Կայ­քէ­ջը ար­դէն իր բնա­կան զար­ ՏՈՐՔ ԴԱԼԱԼԵԱՆ տեղւոյն գերեզմանատունը:


8 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2011, Նոյեմբեր 5 «ԵՐԿԻՐ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ կատարած վերանորոգութեան աշխատանքներէն ետք՝

ՍԻՒՆԻՔԻ ԵՂՎԱՐԴ ԳԻՒՂԻ սուրբ աստուածածին եկեղեցին այժմ գոր­ծօն եկե­ղեցի է եւ կը սպա­սէ իր մնա­յուն քա­հանա­յին «Նոր Յա­ռաջ»ի թիւ 283ին մէջ, Եր­ կիր եւ Մշա­կոյթ Կազ­մա­կեր­պութեան Հոկ­տեմբեր 30ին կա­յանա­լիք տե­ ղեկա­տուա­կան հա­ւաքոյ­թին վե­րաբե­րեալ գրու­թեան կից, հրա­տարա­կած էինք Եղվար­դի եկե­ղեց­ւոյ լու­սանկա­ րը։ Սա­կայն սխա­լած էինք պատ­կե­րին ընտրու­թեան ժա­մանակ, հրա­տարա­

կելով Արա­գածոտ­նի Եղվարդ գիւ­ղի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեց­ւոյն լու­ սանկա­րը։ Ար­դա­րեւ, Հա­յաս­տա­նի մէջ կայ Եղվարդ անու­նով եր­կու գիւղ։ Գրու­թեան մէջ նշո­ւածը՝ Սիւ­նի­քի հա­ րաւա­յին մա­սը գտնո­ւողն է, որուն եկե­ ղեցին ալ նոյնպէս կը կո­չուի Սուրբ Աս­տ­ւածա­ծին։ Խնդրոյ առար­կայ սխա­լը ուղղե­լու առի­թով հա­մառօտ տե­ղեկու­թիւն մը կու տանք նաեւ Սիւ­նի­քի Եղվարդ գիւ­ ղին, եւ անոր եկե­ղեց­ւոյն նո­րոգու­թեան մա­սին։ ***

Տապանաքար մը,   գիւղէն քիչ մը դուրս,   միջնադարեան գերեզմանոցին մէջ

Եղվարդ գիւ­ղը կը գտնո­ւի Կա­պանի հիւ­սի­սը, 1135 մեթր բարձրու­թեան վրայ։ Բնակ­չութիւ­նը, մօ­տաւո­րապէս 350 հո­գի, կը զբա­ղի հո­ղագոր­ծութեամբ եւ անաս­նա­բու­ծութեամբ։ Եղվարդ, Դա­ւիթ Պէ­կի զի­նակից­նե­րէն Թո­րոս Իշ­խա­նին գիւղն է։ Անոր տա­ պանա­քարը կը գտնո­ւի գիւ­ղի եկե­ ղեցիին քո­վը։ Եր­կիր եւ Մշա­կոյթ կազ­մա­կեր­ պութիւ­նը, գիւ­ղա­ցինե­րուն փա­փաքին հե­տեւե­լով, 2007 թո­ւակա­նին յանձն առած է գիւ­ղի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեցիին նո­րոգու­թիւնը։ 1700 թը­ ւակա­նին կա­ռու­ցո­ւած եկե­ղեցիին շուրջ կը գտնո­ւին հին տա­պանա­քարեր,

Եղվարդի եկեղեցին վերանորոգութենէն առաջ՝ 2007ին

խաչքարը՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ

ինչպէս նաեւ 13րդ դա­րու խաչ­քար մը։ Նո­րոգու­թեան ժա­մանակ, պա­տերուն մէ­ջէն հա­նուած են եր­կու այլ տա­ պանա­քարեր եւս։ Եկե­ղեցիին նո­րոգու­ թիւնը եւ շրջա­պատին կար­գա­ւորու­մը աւար­տած է 2011ի ամ­րան եւ Օգոս­տոս 20ին ալ կա­տարո­ւած՝ անոր վե­րաբա­ ցու­մը։ Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեցին այժմ գոր­ծօն եկե­ղեցի է եւ կը սպա­սէ իր մնա­յուն քա­հանա­յին նշա­նակո­ ւելուն։ Մինչ այդ, Կա­պանի կղե­րական­ նե­րը կ՚ապա­հովեն ծի­սակա­տարու­ թիւննե­րը։ Նո­րոգու­թիւննե­րէն առաջ Եղվար­ դի եկե­ղեց­ւոյ շրջա­կայ­քը կա­տարւած հնա­գիտա­կան աշ­խա­տանքնե­րով յայտնա­բերո­ւած են 13-14րդ դա­րերու գե­րեզ­մա­նոց­ներ։ Պե­ղումնե­րը դեռ կը շա­րու­նա­կուին։

Վերանորոգութենէն ետք՝ 2011ին


2011, Նոյեմբեր 5

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

ԿՌՓԱՄԱՐՏ Աղջիկ­նե­րու Եւ­րո­պայի ախո­յեանու­ թեան մրցումնե­րուն, որոնք տե­ղի ու­նե­ ցան Հոկ­տեմբեր 17էն 22 Ռո­թեր­տա­մի մէջ, Հա­յաս­տա­նէն Ար­մի­նէ Սնա­պեան

Ար­մի­նէ Սնա­պեան

րու­թիւնեանէ, Ար­ման Մի­քայէ­լեանէ եւ Զոհ­րա Ապ­րե­սեանէ: Հայ­րե­նի խումբը առա­ջատար դիր­քի վրայ կը տա­նէր մրցա­շար­քը մին­չեւ 8րդ փուլ: Եր­րորդ եւ չոր­րորդ տե­ղերը գրա­ւեցին Իրան եւ Ազէր­պայճան: Նշենք, որ Հա­յաս­տան ախո­յեան դար­ձած էր 2010ին, իսկ 2009ին՝ գրա­ւած էր եր­րորդ դիր­քը: ՖՈՒԹՊՈԼ Ֆրան­սա­հայ եր­կու ակումբնե­ րը՝ Մար­սի­լիոյ Է.Իւ.Ժէ.Ա. Ար­ծի­ւը եւ Իւ.Ժէ.Ա. Լիոն-Տէ­սինը, որոնք Պա­տուոյ դա­սակար­գին մէջ կը մրցին, որա­կուե­ ցան Ֆրան­սա­յի Բա­ժակի 7րդ շրջա­նին, յա­ջոր­դա­բար դուրս ձգե­լով՝ Փէ­նը (որ կը մրցի Մի­ջերկրա­կանի լի­կայի Պա­տուոյ դա­սակար­գին մէջ) 5-1 ար­դիւնքով, եւ Գրէյս-Մո­րես­թէ­լը (Շրջա­նային Պա­տ§ ւոյ Փրո­մոսիոն դա­սակարգ) 3-1 ար­ դիւնքով:

-64 քկ. դա­սակար­գին մէջ նո­ւաճեց ար­ծա­թեայ մե­տալ, մինչ իր հայ­րե­ նակից­նե­րը՝ Հայ­կուհի Նա­հապե­տեան (51 քկ.), Կա­րինէ Գէոր­գեան (57 քկ.) եւ Աշ­խէն Սի­մոնեան (75 քկ.) մրցա­շար­ քէն դուրս մնա­ցին 1/8րդ աւար­տա­կան­ նե­րուն: Երե­ւան ծնած 26ամեայ Ար­մի­ ԾԱՆ­ՐԱ­ԲԱՐ­ՁՈՒԹԻՒՆ նէ Սնա­պեան կը բնա­կի Շո­ւէտ, որու Ար­գի­լեալ խթա­նիչ­նե­րու գոր­ծա­ ախո­յեան դար­ձած էր Փետ­րո­ւար 6ին, ծու­թեան պատ­ճա­ռով չի­նացի Հո­ւի Սանսվա­լի մէջ: Լիայո­յի (կա­խակա­յուած՝ մին­չեւ 2014 Սեպ­տեմբեր 30) եւ ռու­մա­նացի Նի­նէլ Մի­քոլես­քույի (յան­ցանքի կրկնու­թեան ԲԱԶ­ԿԱ­ՄԱՐՏ Հա­յաս­տա­նէն Վլա­տիմիր Մնա­ցակա­ն- պատ­ճա­ռով՝ ցկեանս կա­խակա­յուած) եան հան­դի­սացաւ բազ­կա­մար­տի «Նէ­ անա­տակ (disqualifiés) հռչա­կուե­ միրոֆ» հա­մաշ­խարհա­յին բա­ժակի լէն ետք, 69 քկ. դա­սակար­գի 2010ի մրցա­շար­քի յաղ­թա­կան: Մրցումնե­րը ախո­յեանու­թեան տիտ­ղո­սը տրո­ւեցաւ տե­ղի ու­նե­ցան Հոկ­տեմբեր 13էն 15 Լե­ թուրք Մե­թէ Պի­նային, որ բարձրա­ցու­ հաս­տա­նի մէջ: Մնա­ցակա­նեան ախո­յ- ցած էր 335 քի­լօ: Այսպէ­սով՝ երկրորդ եան դար­ձաւ աջ բա­զու­կով՝ 70 քկ. դա­ տե­ղն ալ գրաւեց Ռու­սաստա­նէն Ար­ սակար­գին մէջ, եւ երկրորդ՝ ձախ բա­ մէն Ղա­զարեան 329 քի­լօ ար­դիւնքով (148+181): զու­կով: +95 քկ. դա­սակար­գի աջ բա­ Միւս կող­մէ, զու­կով մրցումնե­րուն՝ Ար­մէն Չա­պու­խՀ ա ­յ ա ս ­տ ա ­ն ի եան գրա­ւեց 8րդ տե­ղը, իսկ Ճա­նիծան­րա­բար­ձու­ բեկ Ղա­զարեան՝ 9րդ տե­ղը, ձախ բա­ թեան դաշ­նակ­ զու­կով: ցու­թիւնը բո­ղոք ն ե ր ­կ ա ­յ ա ց ո ւ ­ ՃԱՏ­ՐԱԿ ցած է պրոն­զԵւ­րո­պայի դպրո­ցական ախո­յեանու­ եայ մե­տալա­ թե­նէն ետք, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հոկ­ կիր՝ Գէ­որգ Պօ­ Արմէն Ղազարեան տեմբեր 11էն 19 Ան­թա­լիայի մէջ, միայն ղոսեանի (Եւ­րօ Թուրքե­րու, Ազէ­րինե­րու եւ քա­նի մը 2011ին, 94 քկ. դա­սա­կարգ) եւ Էլէն Ռու­սե­րու մաս­նակցու­թեամբ, Հոկ­ Գրի­գորեանի (Եւ­րո­պայի 2011ի փոխ տեմբեր 24էն 31 Գո­ճաէլի քա­ղաքին ախո­յեանու­հի, 53 քկ. դա­սակարգ) դէմ մէջ կա­յացան -16 տա­րեկան­նե­րու հա­ Մի­ջազ­գա­յին դաշ­նակցու­թեան վճռած մաշ­խարհա­յին ողիմ­պիական­նե­րը, 10 պատ­ժա­կան մի­ջոց­նե­րուն հա­մար: փու­լով: Խմբո­վին ախո­յեանու­թիւնը շա­հեցաւ Ռու­սաստան. երկրորդ տե­ ղը գրա­ւեց Հա­յաս­տա­նի խումբը որ կը ԺԻՒ­ՏՕ բաղ­կա­նար Կա­րէն Գրի­գորեանէ, Յով­ Լո­ռէն շրջա­նի (Ֆրան­սա) պա­տանի­ հաննէս Քա­պու­զեանէ, Տիգ­րան Յա­ ներու բաց մրցա­շար­քին, որ տե­ղի ու­

| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 9

նե­ցաւ Մէց քա­ղաքին մէջ, Հոկ­տեմբեր 22ին, լա­ւագոյն ար­դիւնքնե­րը ձեռք ձգած հայ մար­զիկնե­րը եղան՝ Սթրազ­ պուրկէն Խա­չիկ Յով­սէ­փեանը, Մար­ սի­լիայէն Ռազ­միկ Եղիազա­րեանը եւ Լո­ռէնէն Ռազ­միկ Գո­ճապա­շեանը: Առա­ջինը 100 քկ. դա­սակար­գին մէջ նո­ւաճեց ախո­յեանու­թիւնը, երկրոր­ դը եւ եր­րորդը՝ յա­ջոր­դա­բար 66 եւ 90 քկ. դա­սակար­գե­րուն մէջ արծաթեայ մե­տալ­ներ շա­հեցան, դա­սուե­լով երկրորդ: Իսկ Գոր­մէյ լը Ռո­ւայա­լի պա­տանի­ ներու մրցա­շար­քին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ նոյն օրը, Ռե­մոն Յով­հաննի­սեան 3րդ հան­դի­սացաւ -90 դա­սակար­գին մէջ: ԸՄԲՇԱ­ՄԱՐՏ Սամ­փօ ոճի հա­մաշ­խարհա­յին ախո­յեանու­թեան, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հոկ­ տեմբեր 13էն 17, Ռի­կայի մէջ, յա­ջողու­ թիւն ձեռք ձգած հայ մար­զիկնե­րու՝ նա­ խապէս մեր նշած անուննե­րուն պէտք է աւելցնել -18 տա­րիքի մրցա­շար­քին, Հա­յաս­տա­նէն Գրի­գոր Մխի­թարեանի­նը (48 քկ.), որ դար­ձաւ ախո­յեան (Ռու­ սաստա­նէն Ար­թիւր Զա­կորո­տողեան ալ գրա­ւեց եր­րորդ տե­ղը) եւ դար­ձեալ Ռու­սաստա­նէն՝ Էտ­կար Մղտի­սեանի­նը (60 քկ.): Հա­յաս­տան 5րդ տե­ղը գրա­ւեց 16 եր­կիրնե­րու մէջ՝ -20 տա­րիքի դա­ սակար­գին մէջ, եւ 17 խումբի մէջ 7րդը՝ -18 տա­րիքի դա­սակար­գին: ՌԸԿ­ՊԻ Հոկ­տեմբեր 23ին, Հա­մաշ­խարհա­ յին բա­ժակի աւար­տա­կան մրցու­մին 7-8 պար­տո­ւելէ ետք Նոր Զե­լան­տա­ յէն, Ֆրան­սա­յի հա­ւաքա­կանը դար­ձաւ աշ­խարհի փոխ ախո­յեան, իր կազ­մին մէջ ու­նե­նալով տը­մի տը մէ­լէ Տի­միթ­ րի Եաշ­վի­լին, որ մօ­րը՝ Ժեր­մէն Մա­ կարեանի կող­մէ Հայ է: Եաշ­վի­լի կը խա­ղայ Պիարի­ցի խումբին մէջ: ԹԵՔ­ՎԱՆՏՕ Եւ­րո­պայի պա­տանի­ներու ախո­յեանու­թեան մրցումնե­րուն, որոնք տե­ ղի ու­նե­ցան Հոկ­տեմբեր 6էն 9, Հա­յոց մէջ լա­ւագոյն ար­դիւնքը ձեռք ձգո­ղը եղաւ Սեր­կէյ Ավա­նէսով, որ 45 քկ. դա­ սակար­գին մէջ շա­հեցաւ պրոն­զեայ մե­ տալ, մինչ 48 քկ. դա­սակար­գին մէջ՝ Լե­ ւոն Մա­տաթեան առա­ջին շրջա­նէն իսկ դուրս մնաց, պար­տո­ւելով Գո­րէացիէ մը, որ դար­ձաւ այս դա­սակար­գին ախոյեանը: ԵԴՈՒԱՐԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ


10 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2011, Նոյեմբեր 5 CROIX BLEUE DES ARMÉNIENS DE FRANCE ֆրանսահայ կապոյտ խաչ

Section «Araxe» de Lyon Villeurbanne

vous invite à son repas mensuel le dimanche 13 Novembre à 12h à la Maison de la Culture Arménienne de Villeurbanne 68 avenue Marcel Cerdan 69100 Villeurbanne

Nous vous offrons une occasion de plus de vous retrouver, de parler du passé et du présent et de déguster la spécialité typique de la journée le «MANTE». Réservation : - CBAF :06 76 35 63 64 - MCAV: 04 78 26 28 10 PAF: 15 Euros Լիոն-Վիլէօրպանի «Արաքս» մասնաճիւղը կը հրաւիրէ ձեզ իր ամսական ճաշին Կիրակի Հոկտեմբեր 13, ժամը 12ին Վիլէօրպանի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ: «Մանթը»ի Օր Եկէք համեղ «Մանթը»ի սեղաններու շուրջ զրուցելու ձեր հին օրերէն, ներկայէն: Շուտով ապահովեցէք ձեր տեղերը, հեռաձայնելով՝ - ՖԿԽ.- 06 76 35 63 64 - ՎՀՄՏ.- 04 78 26 28 71 թիւերուն: Մասնակցութիւն 15 եւրօ ***

Vous cherchez quoi offrir à votre enfant pour Noël ? Mais... un billet pour le spectacle de Taline ! La section ASTRIG du Val d'Oise et la section A. DJAMALIAN de Décines vous annoncent

le retour de TALINE en France.

EXCEPTIONNEL !

• Samedi 14 janvier 2012 :

Deux représentations auront lieu dans la même journée, à 14h et à 17h, à la Mairie du 9e – Salle Rossini 6, rue Drouot - Paris. Pour réservation : Anet : 01 39 85 17 89 07 61 06 19 65

• Dimanche 15 janvier 2012 : une représentation à 15h

au Toboggan, 14, ave Jean Macé - 69150 Décines. Pour réservation : - Lisa : 06 49 57 18 29 - Varténie : 06 21 74 43 50 TALINE, est la seule artiste consacrée aux enfants et reconnue « star » aux Etats-Unis. Elle va se produire à Paris et à Décines. Ne manquez pas son nouveau spectacle chanté et dansé. Participation aux frais : 15 €

BOURSE D’ÉTUDES SUPÉRIEURES

(Sous conditions de ressources) Le candidat devra être inscrit en 2ème année d’études supérieures (université, IUT, grandes écoles...) et être agé de moins de 30 ans Dossier à télécharger sur site internet : www.croixbleue-france.com A compléter et à envoyer à la CBAF 17 rue Bleue 75009 PARIS Tél. : 01 53 34 18 18 e-mail : cbaf@wanadoo.fr Date limite : 30 novembre 2011


2011, Նոյեմբեր 5

| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 11

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի վարչութիւնը կը կազմակերպէ՝

ՈՒՐԱԽ ԵՐԵԿՈՅԹ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, ժամը 20էն սկսեալ, «Տիամանթէր» ճաշարանին մէջ 60 rue La Fayette, 75009 Paris Տեղերը ապահովելու համար կը խնդրուի հեռաձայնել հետեւեալ թիւին՝ 06.83.42.86.88.

Péniche ANAKO des peuples et cultures du monde

CSCRA ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՎԱՅՐԸ

MOIS de NOVEMBRE À l’occasion du 150e anniversaire de la naissance de FRIDTJOF NANSEN

Dzovinar Kévonian

Du 2 au 20 novembre Exposition de photographies du Mouvement social chilien par Charlotte Mathivet et Claudio Pulgar Pinaud Dimanche 6 novembre accueil musical à 11 Brunch ethnomusika: Les Ilamadas de tambours candombe à Montevideo - Entrée libre Brunch oriental 8€

Maître de conférences à l’Université Paris X spécialiste des réfugiés et de la diplomatie humanitaire présentera l’œuvre de celui qui institua le Passeport Nansen Vendredi 18 Novembre à 20h45

de

Dimanche 6 novembre à 15 heures Contes - « À l’ombre des Moai » avec Céline Ripoli Tarif plein 8€ / réduit 6€ à partir de 6 ans Mardi 8 novembre à 20h précises Documentaires géopolitiques d'ICTV La Révolution des casseroles, la faillite de l’État et la révolte des Argentins de Philippe Claude et Philippe Lachambre Tarif plein 8€ / réduit 6€ (À suivre) http://peniche.anako.com Bassin de la Villette Face au 61 Quai de la Seine, 75019, Paris Métros, Riquet, Stalingrad ou Jaurès

9 rue de Madrid 94140 Alfortville (RER D – Alfortville-Vert-de-Maisons) Rens. : tél 01 43 76 55 89 mca-alfortville@gmail.com

Nara NOÏAN présente son nouvel album

ORIENTAL EXPRESS Concert accompagné d'une exposition de photographies prises par Philippe Simon lors des derniers voyages de Nara en Arménie, Egypte et Syrie.

Les YP Marseille - Jeunes Professionnels Arméniens vous proposent :

Samedi 19 novembre à 20h Salle de l'UGAB Marseille

327, Bd Michelet, MARSEILLE 8e

En l'honneur du bicentenaire de la naissance du célèbre compositeur Frantz Liszt,

Anahid Ter-Boghossian et

Bourgois Nikoyan

s'exécuteront au piano pour vous présenter des morceaux choisis du virtuose. Venez profiter d'un concert de Piano et déguster quelques-uns des meilleurs vins de Provence. N'hésitez pas à venir accompagné, accueil chaleureux garanti! Entrée: 20 €

Nara NOÏAN en concert

à l'UGAB le vendredi 9 décembre à 20h30 118, rue de Courcelles, 75017 PARIS Renseignements et réservations : 06 07 15 35 28 Nombre de places limité Placement libre - Bar Tarif plein : 20 € / Etudiant : 15 € Piano & chant : Nara Noïan Guitare : Tigran Ter Stepanian Doudouk : Vardan Hovanissian


12 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2011, Նոյեմբեր 5 մահազդ Պարոն Րաֆ­ֆի Մոմ­ճեան եւ զաւակնե­րը՝ Մի­քայէլ եւ Առ­նօ խոր ցա­ւով կը գու­ժեն իրենց մօր եւ մեծ-մօր՝ ԱՅ­ՐԻ ՏԻ­ԿԻՆ ՍՈ­ՆԱ ՄՈՄ­ՃԵԱՆի մա­հը, որ պա­տահե­ցաւ Եր­կուշաբ­ թի, Հոկ­տեմբեր 31ին: Յու­ղարկա­ւորու­թիւնը կը կա­տար-  ւ­ի Երեք­շաբթի, Նո­յեմ­բեր 8, ժա­ մը 10.30ին, Փա­րիզի Սուրբ Յով­ հաննէս-Մկրտիչ Մայր Տա­ճարին մէջ՝ 15 rue Jean-Goujon, Paris 8e:

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ Կապոյտ Խա­չի Իսի-լէ-Մու­լի­նոյի «Տի­րու­հի Սէ­րէն­կիւլեան» մաս­նա­ճիւ­ ղը իր­մէ յա­ւէտ բաժ­նուած ըն­կե­րու­ հի­ներուն յի­շատա­կին հո­գեհան­գիստ կա­տարել կու ­տայ Կի­րակի, Նո­յեմ­ բեր 6ին, Իսի-լէ-Մու­լի­նոյի Ս. Մա­ րիամ Աս­տուածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ, 6 avenue Bourgain: Հո­գեհանգստեան արա­րողու­թեան կը յա­ջոր­դէ հո­գեճաշ մը՝ եկե­ղեց­ւոյ «Նուրհան Ֆրէն­կեան» սրա­հին մէջ: Տե­ղերը ապա­հովե­լու հա­մար հե­ ռաձայ­նել՝ Ալի­սին.- 01 46 42 90 68 Իս­կուհիին.- 09 54 65 53 00:

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ-ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ Շաբաթ Նոյեմբեր 5 Սրբոց Հրեշտակապետացն՝   Գաբրիէլի եւ Միքայէլի եւ ամենայն երկնային զօրացն

Սկիզբ ժամերգութեանց՝ ժամը 9-ին, Պատարագ՝ ժամը 10.30-ին:

Շաբաթ Նոյեմբեր 19 Տօն Ամենայն Սրբոց

GRANDE BRADERIE ANNUELLE AU COLLEGE SAMUEL MOORAT à Sèvres

Les 3 & 4 Décembre

Սկիզբ ժամերգութեանց՝ ժամը 9-ին, Պատարագ՝ ժամը 10.30-ին:

Երկուշաբթի Նոյեմբեր 21 Ընծայումն Ս. Աստուածածնի   երից ամաց ի տաճարն

Սկիզբ ժամերգութեանց՝ 8.30ին, Պատարագ՝ ժամը 10.30-ին:

Նկատի ունենալ

ժամը

Réservez votre week-end

ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՄԵԾ ՎԱՃԱՌՔ ՍԵՒՐԻ ՍԱՄՈԻԷԼ-ՄՈԻՐԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Շէն Ֆրանսա Շաբաթ, Կիրակի Դեկտեմբեր

3 ին

եւ

4 ին


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.