Հայ Կեանք թիւ 20(81) 08-11-2019

Page 32

Հայ Կեանք

Էջ 32

Ուրբաթ, 8 Նոյեմբեր 2019

«Հեռուստամարաթոն-2019»-ի միջոցները պիտի ուղղուին խմելու ջուրի մատակարարման եւ արեւային ուժանիւթի կիրառման ծրագիրներուն Նոյեմբեր 28-ին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պիտի իրականացնէ ազգային նուիրատւութեան 22-րդ հեռուստամարաթոնը՝ «Ես իմ անոյշ Հայաստանի․ կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներուն» խորագրի տակ, որ ուղիղ հեռարձակումով պիտի սկսի Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեամբ՝ ժամը 22:00-ին։ 12-ժամեայ համահայկական ձեռնարկին առաջին 4 ժամը այս տարի պիտի իրականացուի Երեւանի մէջ, իսկ յաջորդ 8 ժամը պիտի հեռարձակուի Լոս Անճելըսէն։ «Հեռուստամարաթոն-2019»-ի ընթացքին հաւաքուած միջոցները պիտի նպատակաուղղուին խմելու ջուրի մատակարարման եւ արեւային ուժի կիրառման ծրագրերու իրականացման Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երէք մարզերու մէջ՝ Տաւուշ, Լոռի եւ Շիրակ։ Ընդհանուր առմամբ հարիւրէն աւելի համայնքներ պիտի դառնան ծրագրերու շահառուներ եւ պիտի ապահովուին շուրջօրեայ ջրամատակարարմամբ, անվճար ջեռուցմամբ ու ելեկտրականութեամբ։ «Կոչ կ’ընենք համայն հայութեան մասնակցելու համահայկական դրամահաւաքին եւ միասնական ջանքերով զարգացնելու մեր համայնքները։ Գործարկուած է առաջատար գիտարուեստով զի նուած եւ նորամուծութիւններով լի մեր նոր կայքը նոյն հասցէով, որ Հիմնադրամի աշխատանքները կը դարձնէ լիովին թափանցիկ ու հաշուետու համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ առցանց նուիրատւութիւններ կատարելու ձեր նախընտրած ձեւաչափով։ Նոր կայքի հընա րաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ առցանց նուիրատւութեան մեքենականութիւններուն կրնաք ծանօթանալ՝ այցելելով https://www.himnadram.org/hy/donate»,- կը յայտնեն հիմնադրամէն։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան 100-րդ տարեկան համաժողովը Ուաթըրթաունի մէջ Շարունակութիւն էջ 30-էն

խնդրելով Անոր առաջնորդութիւնը ապագայի համար։ Յատուկ շնորհակալութիւն Ուաթըրթաունի եկեղեցիի հովիւ՝ վեր. Դոկտ. Աւետիս Պոյնէրեանի եւ եկեղեցիի անդամներուն՝ ԱՀԱԸ-ի 100-րդ տարեկան համաժողովի օրերուն իրենց ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութեան եւ պատրաստած համեղ ճաշերուն համար: Թող Աստուած շարունակէ օրհնել այս եկեղեցին Իր փառքին համար։

Որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, ԱՀԱԸ-ը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ ԱՀԱԸ-ը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ԱՀԱԸ-ի կայքէջը www.amaa.org, Լուիզա Ճանպազեան

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ Քիչ մը լեզուաբանութիւն Շարունակութիւն էջ 31-էն

թացքին յունական այդ B-β տառը իր հնչումը՝ արտասանութիւնը, փոխեց ու դարձաւ V եւ ի հետեւումն՝ երբեմնի Բոսփորը սկսաւ յունարէնի մէջ արտասանուիլ Վոսփոր, եւ հայը հետեւեցաւ այս նոր արտասանութեան ու ինք ալ գրեց Վոսփոր: Միւս կողմէ՝ հայերէնը իր կարգին կրեց հետեւեալ հնչիւնափոխութիւնը. բառասկիզբի մեսրոպեան Ո տառը որ միշտ ու ամէն տեղ կ’արտասանուէր Օ (օրինակ՝ ոսկի=օսկի), սկսաւ արտասանուիլ

ՎՕ (օրինակ՝ ոսկի=վօսկի), հետեւաբար փոխանակ գրելու Վո-սփոր՝ հնարամիտ արեւմտահայը սկսաւ գրել Ո-սփոր ու կարդալ Վոսփոր: Եւ ինչո՞ւ չէ, արտասանական տարբերութիւն ունի՞ն՝ Վոսփոր եւ Ոսփոր[3]: Այսպէս է որ արար աշխարհ կը ճանչնայ հին Bospor-ը եւ նոր Vospor-ը միայն, որոնց դիմաց հայը կը ճանչնայ՝ Բոսփոր-ը, Վոսփոր-ը եւ Ոսփոր-ը: [3] Նոյն արտասանութիւնը ունին նաեւ ոհմակ (արեւելահ.) եւ վոհմակ (արեւմտահ.):


Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.